Անդրադարձ

«Էներգետիկա»ն՝ Որպէս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնների Առանցք. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի Դիտարկումները

«Էներգետիկա»ն՝ Որպէս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնների Առանցք. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի Դիտարկումները

ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆ «Մեղրի» ազատ տնտեսական գօտու աշխատանքների մեկնարկը եւս մէկ քայլ է հայ-իրանական յարաբերութիւնների՝ ընդհանրապէս, իսկ տնտեսական յարաբերութիւնների՝ յատկապէս առաւել զարգացման համար: «Ալիք»ի հետ զրոյցում նման կարծիք յայտնեց Իսլ. խորհրդարանում Թեհրանի եւ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեանը: «Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններն բաւականին հետաքրքիր դինամիկա (զարգացում-Խմբ.) են ունեցել վերջին տարիներին, եւ բաւականին հետաքրքիր փոփոխութիւններ կան յարաբերութիւններում», նշեց պատգամաւորը՝ յաւելելով. «Դա առնչուած է...

Կաղանդ Պապուկի Մտահոգութիւնն Ու Ծիծեռնակին Խոստումը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Նամակս կը գրեմ որպէս դպրոցական պարտականութիւն: Գիտեմ, որ չար մանուկներու ցուցակդ  լեցուն է, իսկ հնազանդ մանուկներունը` դատարկ: Կեանքդ նոյնպէս դատարկ է: Դուն չես գիտեր, թէ ինչպիսի խնդիրներէ անցած եմ կեանքիս ընթացքին: Ցտեսութիւն: Ես քեզ կը սիրեմ: Կաղանդ պապուկին ուղղուած ամերիկացի վեցամեայ մանուկի մը նամակը: (Համացանց - Թուիթըր) Միշտ չէ, որ պէտք է գանգատիլ համացանցի անպատեհութիւններէն, հակառակ յոռի եւ...

Լքուած Տան Մահը (Ամանորի Առիթով)

Լքուած Տան Մահը (Ամանորի Առիթով)

ՎԱՀԷ ՍԱՐԳՍԵԱՆ - Բարի՛ լոյս, հարեւա՛նս: Ինչպէ՞ս ես: Օրդ ինչպէ՞ս սկսեցիր: - Բարի՛ առաւօտ, հարեւա՛նս, որ ասեմ` լաւ, կը հաւատա՞ս: Մանաւանդ էս օրն իմ համար վառ յիշողութիւնների, տխուր ապրումների, յոյզերի օր է: - Էլի տիրոջդ հե՞տ է կապուած: - Հա՛, բա էլ ո՞ւմ: Է՜հ, հարեւա՛նս, պատմել, սիրտս բանալ եմ ուզում, թէ չէ մէկ էլ տեսար` անհանգիստ շարժումներիցս պատերս փուլ եկան:...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.   Նոր Տարին Չմարող Երազանքով

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Նոր Տարին Չմարող Երազանքով

Արցախի ներքաղաքական կեանքը 2017 թուականին յագեցած էր բուռն իրադարձութիւններով: 2017-ի սկզբին ԱՀ սահմանադրութեան փոփոխութիւնների հանրաքուէի մեկնարկը տրուեց, ամրանը 3 տարի անցումային ժամանակաշրջանի համար ընտրուեց ԱՀ նախագահ, իսկ աշնան սկզբին կազմաւորուեց կառավարութիւն` ԱՀ նախագահի գլխաւորութեամբ: ՀՅԴ Արցախի կառոյցն աշխուժ մասնակցութիւն ունեցաւ ներքաղաքական բոլոր իրադարձութիւններին: Դժուար, բայց սկզբունքային որոշմամբ ՀՅԴ-ն դէմ էր սահմանադրութեան փոփոխութիւնների տարբերակին, սակայն դա չխանգարեց մնալ որպէս իշխանական հիմնական...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դէպի Ո՞ւր, Հա՛յ Ժողովուրդ

Ամանորեայ Մտորումներ

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Տարիներ առաջ, երբ 6-րդ դասարան էի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը որոշեց «արեւելեան» Պէյրութի շրջանի աշակերտները ընդունիլ Կենաց ազգային վարժարանին մէջ, Տըպպայա, այժմ` Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարան: Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ շատ մեծ ճիգ մըն էր` փորձել ամէն գնով քանի մը ամսուան մէջ տարեշրջանը փրկելու: Այս ժամանակաշրջանին շատ մը դպրոցներ իրենց դռները փակ...

Անդրադարձ.  Էրտողանի Թունուզեան  Յայտարարութեան Մասին

Անդրադարձ. Էրտողանի Թունուզեան Յայտարարութեան Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան չորեքշաբթի, 27 դեկտեմբերին Թունուզ իր այցելութեան ընթացքին յայտարարեց. «Ասատ ահաբեկիչ է, Սուրիան քանդեց, եւ կարելի չէ զինք լուծումին մասնակից դարձնել»: Ան մէկ ամիս առաջ` 24 նոյեմբերին յայտարարած էր, որ Սուրիոյ քիւրտերուն հարցով Ասատի հետ հաղորդակցութեան մէջ մտնելը կարելի չէ բացառել` աւելցնելով. «Քաղաքականութեան դռները միշտ բաց են մինչեւ վերջին պահ»: Թրքական դիւանագիտութեան պետ Մեւլութ...

Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 35-ամեակ

Աբօ Աշճեանի Առեւանգման 35-ամեակ

- 29 դեկտեմբեր 1982-ին Աբօ Աշճեան կ՛առեւանգուի Պէյրութի մէջ, Լիբանան, թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ: Ընկեր Աբոյի ազատագրման նպատակով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը ձեռնարկէ փնտռտուքներու: Տեղի կ՛ունենան խորհրդակցական հանդիպումներ, դատապարտում, հաղորդագրութիւն, կոչ, այցելութիւններ, հաւաք, հանդիպումներ, տեսակցութիւններ եւ ամբաստանութիւն: - 12 յունուար 1983. «Ազդակ» լոյս կ՛ընծայէ «Հեղինակը եւ նպատակը» խորագիրով խմբագրականը, որ կը հաստատէ, թէ արարքին հեղինակը թրքական պետութիւնն է: -...

Հայ Դատի Ուժական Պայքարի Տարածման Անձնդիր Առաջնորդը

Հայ Դատի Ուժական Պայքարի Տարածման Անձնդիր Առաջնորդը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ընկեր  Աբօ: Պարզ եւ խոնարհ անուն մը: Դաշնակցական մարտիկի անզուգական անձնաւորութիւն մը եւ մարտական առասպելատիպ ղեկավար մը: Լիբանանի քաղաքացիական կռիւներուն հայութեան ինքնապաշտպանութեան եւ ապահովութեան ռազմական վէմը: Դաշնակցութեան յեղափոխական աւանդներու վերընձիւղման եւ Հայ դատի ուժական պայքարի տարածման անձնդիր առաջնորդը: Միայն ընկ. Աբոն կրնար այս բոլոր արժանիքները միատեղ մարմնաւորել` իր հեզութեամբ, համբերութեամբ, յանդգնութեամբ, խստապահանջութեամբ եւ անուշ ժպիտով: Այս հանգրուանին դժուար...

Կարօ Յովհաննէսեան. «Երիտասարդութիւնը Վախցողը Չէ».

Կարօ Յովհաննէսեան. «Երիտասարդութիւնը Վախցողը Չէ».

18 յունուար 1983-ին կազմակերպուած համաժողովրդային բողոքի միթինկին Կարօ Յովհաննէսեանի արտասանած խօսքէն հատուած: Թուրք զինուորական եւ քաղաքական պատասխանատուները, այլ մանաւանդ թրքական կառավարութիւնը` արտաքին եւ ներքին ճակատի վրայ, առիթ չեն փախցներ իրենց հակահայ թթու տրամադրութիւնները յայտնելու: Անցնող տարիներուն ընթացքին, չեղաւ օր մը, երբ թրքական մամուլը, ձայնասփիւռն ու պատկերասփիւռը չանդրադառնան գլխացաւանք պատճառող Հայկական հարցին եւ յատկապէս հայկական ահաբեկչութեան: Այս առթիւ դարձեալ, Թուրքիա աշխատանք...

Հրաչ Տասնապետեան.  «Դաշնակցութիւնը Երբեք Պիտի Չընկրկի Հայ Ազատագրական Պայքարի Ճամբուն Վրայ»

Հրաչ Տասնապետեան. «Դաշնակցութիւնը Երբեք Պիտի Չընկրկի Հայ Ազատագրական Պայքարի Ճամբուն Վրայ»

18 յունուար 1983-ին կազմակերպուած համաժողովրդային բողոքի միթինկին Հրաչ Տասնապետեանի արտասանած խօսքէն հատուած: Հրաչ Տասնապետեան Պատմութիւնը կը շարունակուի: ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կ. կոմիտէի անդամ ընկ. Աբրահամ Աշճեանի առեւանգումը նորագոյն մէկ օղակն է դաւերով, խաբէութիւններով, ահաւոր ճնշումներով եւ զանգուածային սպանդներով յատկանշուած պետական այն ահաբեկչութեան, որ թուրք բռնակալ սուլթաններու, ապա իթթիհատական Թուրքիոյ համաթուրանական վարիչներուն եւ վերջապէս Թրքական Հանրապետութեան ֆաշական ղեկավարութեան կողմէ գործադրուած է...

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Տօնակատարութիւններ

ՀՅԴ-ի 127-ամեակի Տօնակատարութիւններ

Նոր Ջուղա Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 14 դեկտեմբերին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ նշուեցաւ ՀՅԴ-ի 127-ամեակը: Օրուան բանախօսն էր Հայաստանէն ժամանած, ՀՅԴ Բիւրոյի Տնտեսական հետազօտութիւններու գրասենեակի ղեկավար Սուրէն Պարսեան: Ան իր խօսքին մէջ` նշեց, որ վերջին 27 տարիները Դաշնակցութեան համար եղան հայրենաշինութեան ժամանակաշրջան, որուն շրջագիծին մէջ` յանուն այսօրուան ազատ, անկախ եւ վաղուան միացեալ Հայաստանի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Դեկտեմբեր Գ.- Միացեալ Նահանգներու Նախագահին Որոշումին Շարժառիթը

Երուսաղէմի կարգավիճակը ճշդող եւ զայն Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող Միացեալ Նահանգներու նախագահին յայտարարութիւնը քաղաքական ակնկալելի քայլ մըն էր, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը 1995-ին նման որոշում մը սերտած էր արդէն, սակայն երկրի յաջորդական նախագահները յաճախ յետաձգած էին անոր իրագործումը ու խուսափած նման քայլէ` երկրին համընդհանուր շահերը նկատի ունենալով: Վերլուծաբաններ, սակայն, դիտել կու տան, որ  Թրամփ հաւանաբար արաբական աշխարհի ներկայ ալեկոծ իրավիճակը յարմար...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Դ.) Քննադատութիւններ

«Ազդակ»-ի հասցէին կատարուած քննադատութիւններու ներքեւի կէտերը հիմնուած են նախ գրաւոր մեզի հասած ելեկտրոնային նամակներու, ֆէյսպուքեան տարածքներու վրայ շրջանառուող տեսակէտներու, ժողովական միջավայրերու մէջ հնչած կարծիքներու եւ ընկերական զրոյցներու վրայ: Մեր ակնկալածը, որ տարբեր առիթներով փոխանցուած է, այն է, որ քննադատութիւնները կամ առաջարկները կարելիութեան պարագային ուղղակի փոխանցուին տնօրէնութեան կամ համապատասխան խմբագրական կամ վարչական պատասխանատուներու ուշադրութեան: Ուղղակի հանդիպումները եթէ կարելի են լաւագոյն ձեւն...

Ազգային Ինքնութեան Ամրապնդման Ֆոնտ 18 Դիմումի Ընդառաջում Սեպտեմբերին Հնգամսեայ Հաշուեկշիռ` 132 Պարագայ

Րաֆֆի Պչաքճեան Սերունդի 10 Նորագիրներ կը միանան ՀՅԴ Աւստրալիոյ Շարքերուն

Սիտնի և Մէլպուրն.- Դեկտեմբեր 2017-ին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Աւստրալիոյ կառոյցը համալրուեցաւ 10 նորագիրներով, որոնք կատարեցին իրենց կուսակցական երդումը Աւստրալիոյ Սիտնի եւ Մելպուրն քաղաքներուն մէջ: ՀՅԴ Աւստրալիոյ Կեդրոնական Կոմիտէն 2017 թուականին շարքերը փոխանցուած սերունդը անուանակոչեց Հալէպի հայկական թաղերու պաշտպանութեան ղեկավար Րաֆֆի Պչաքճեանի անունով, որ նահատակուեցաւ 2016 թուականին Հալէպի հայահոծ շրջաններու պաշտպանութեան ժամանակ: Ընկալուած սովորութիւն էր որ նորագիրներուն շարքերը ընդունէր կնքահայր մը,...

Նամակ` Յիսուս Պապային

Նամակ` Յիսուս Պապային

ՎԱՐԴԱՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Թերեւս տարօրինակ թուի, որ երեսունը անց երիտասարդ մը ամէն առիթով նամակ գրելու մասին կը մտածէ. սակայն, ներշնչուելով 21 սեպտեմբեր, 1897-ին, «Նիւ Եորք Սան»-ի մէջ լոյս տեսած խմբագրականէն` «Ի՞զ տեր Սենթա քլոզ» եւ մանաւանդ հայ համբաւաւոր բանաստեղծ Մուշեղ Իշխանի «Նամակ Կաղանդ պապային» գործէն, ուզեցի ձեռնարկել հետեւեալ նամակին` այն յոյսով, որ բարին տակաւին վառ կը մնայ մեր սրտերուն մէջ, եւ...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Գ.)  Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Գ.) Լսարանային Հարթակ Եւ Մարդուժի Պատրաստութիւն

Հակառակ երբեմն ընդառաջումի ոչ ակնկալուած թիւերուն, «Ազդակ»-ի լսարանները այս տարի եւս շարունակուեցան գրեթէ ամսական կշռոյթով եւ պահեցին հետեւողականութիւնը: Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններէն, ինչպէս նաեւ սփիւռքեան տարբեր շրջաններէ պետական դէմքեր, գիտահետազօտողներ, վերլուծաբաններ, ակադեմիայի տնօրէններ եկան հարստացնելու «Ազդակ»-ի հարթակը` համահայկական ամէնէն այժմէական հնչեղութիւնը ներկայացնող խնդիրներու ներկայացման, պարզաբանման միջոցով: Ներկաներու քանակը կայուն պատկեր չպարզեց: Պէտք է նշել, որ «Ազդակ»-ի լսարանները այ՛ս ձեւաչափով եւ...

Կաթիլային Ներարկումներ

Լուրերու Աշխարհէն

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ «Ինչո՞ւ այսքան մեծ տեղ կու տաք հայաստանեան լուրերու», կը հարցնէ ընթերցող մը: Նախ` հարցումը ցնցող է. պէ՞տք է բացատրել կամ արդարացնել, թէ ինչո՛ւ մեր յայտարարած, ընդունած գերագոյն արժէք` հայրենիքի՛ լուրերուն լայն տեղ կու տանք թերթին մէջ: Յաղթահարելով ներքին անհանգստութիւնը` փորձենք բացատրե՛լ: Մեր պատասխանը ընթերցողին. հայաստանեան լուրերուն պատճառով տուեալ որեւէ օր համահայկական նշանակութեան որեւէ լուր դուրս չի ձգուիր թերթի...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Ինքնորոշման Համար Պայքարը Վառ Մնաց

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ 21  դեկտեմբեր 2017-ին տեղի ունեցան Քաթալոնիոյ ընդհանուր ընտրութիւնները` յառաջացնելու համար նոր խորհրդարան մը (Քաթալոնիոյ անկախութեան հանրաքուէին պատճառով Սպանիոյ վարչապետ Մարիանօ Ռախոյի կողմէ նախկին խորհրդարանին լուծարումէն ետք): Խորհրդարանական ընտրութիւնները քաթալան ժողովուրդին համար երկրորդ առիթ մը հանդիսացան` արտայայտելու իրենց ազգային ինքնորոշման իրաւունքը եւ որոշելու իրենց հայրենիքին ճակատագիրը: Ընտրական պայքարին մէջ ընդգրկուած ուժերը կը բաղկանային երկու ճակատներէ. առաջինը կը ձգտի անկախանալ...

«Կ՛ուզեմ Հայրս Տեսնել»

«Կ՛ուզեմ Հայրս Տեսնել»

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ Տարլին ինը տարեկան աղջիկ մըն է: Կ՛ապրի Էլ Սալվատորի փոքր քաղաքներէն մէկուն` Սան Վինսենթէի մէջ, ուր կը մասնակցէի միջեկեղեցական համագումարի մը եւ կը խօսէի Աստուածաշունչի ընկալումի տարբեր բնութագրումներուն մասին` անգլերէն լեզուով: Չնշմարեցի, որ խումբին մէջ կայ նաեւ Տարլին, որ մեծ հօրը հետ եկած էր համագումարին: Կէսօրուան ճաշի դադարին մօտեցաւ ինծի եւ անգլերէնով ըսաւ. «Կ՛ուզեմ հետդ անգլերէն խօսիլ,...

Խմբագրական.  Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

Խմբագրական. Տարեփակի Խոհեր (Բ.) «Ազդակ»-ի Աշխարհագրութիւնը

«Ազդակ»-ի կայքի այցելուներու թիւին եւ այցելուներու վայրին մասին կատարուած ուսումնասիրութիւնները կը խօսին հասանելի ընթերցանութեան մը ընդլայնուած աշխարհագրութեան մասին: Ամերիկեան ցամաքամասէն մինչեւ Աւստրալիա, Եւրոպա, Հայաստանի Հանրապետութիւն, Արցախ, միջինարեւելեան երկիրներէն մինչեւ նոյնիսկ Չինաստան` «Ազդակ»-ի կայքը օրական կշռոյթով տասնեակ հազարաւոր ընթերցողներ ունի: Ընթերցողներու աշխարհագրութեան վրայ պէտք է աւելցնել նաեւ աշխատակցողներու աշխարհագրութիւնը: Ո՛չ միայն «Ազդակ»-ի բացառիկ համարները, այլ նաեւ օրաթերթի աշխատակիցներու ցուցակը կարեւոր մասամբ...

Page 569 of 806 1 … 568 569 570 … 806

Արխիւներ