ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Տարիներ առաջ, երբ 6-րդ դասարան էի, Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով Նշան Փալանճեան ճեմարանի տնօրէնութիւնը որոշեց «արեւելեան» Պէյրութի շրջանի աշակերտները ընդունիլ Կենաց ազգային վարժարանին մէջ, Տըպպայա, այժմ` Եղիշէ Մանուկեան ազգային վարժարան: Տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմին կողմէ շատ մեծ ճիգ մըն էր` փորձել ամէն գնով քանի մը ամսուան մէջ տարեշրջանը փրկելու: Այս ժամանակաշրջանին շատ մը դպրոցներ իրենց դռները փակ պահեցին, ինչպէս նաեւ` շատ ուրիշներ յատուկ կարգադրութիւններ ըրին տարեշրջանը փրկելու նպատակով:
Մենք այդ ձմեռը, ինչպէս նաեւ` շատ մը հայ ընտանիքներ, ամառնային գիւղագնացութենէն ետք, ստիպուած, գիւղ մնացած էինք, որովհետեւ քաղաքի տուներնիս կը գտնուէր սահմանամերձ վտանգաւոր շրջանի մը մէջ էր` սահմանագիծ «արեւելեան» եւ «արեւմտեան» Պէյրութներուն միջեւ: Հայրս մեծ ճիգով մեզ ամէն օր գիւղէն Տըպպայա` Կենաց վարժարան կը տանէր, որպէսզի հեռու չմնանք մեր նախապէս յաճախած սիրելի ճեմարանէն:
Խիստ գնահատելի էր ի մասնաւորի ուսուցչական կազմին նուիրումը. ամէն գնով կ՛ուզէին քանի մը ամսուան մէջ դպրոցական տարեշրջանը փրկել: Այդ օրերուն նաեւ ունեցանք այլ ազգային վարժարաններէ աշակերտներ, որոնք եկած էին մեզի միանալու: Ամէն ինչ նորութիւն էր մեզի համար` նոր տարեշրջան, նոր դպրոցի վայր, նոր դասարաններ, նոր ընկերներ, նոր քաղաքական իրավիճակ… Պէտք էր համակերպէինք:
Այսօր, երբ կը փորձեմ յիշել այդ դժուար տարին, միայն դէպք մը անաղարտ կը մնայ մտքիս մէջ. հայերէնի պահուն մեր սիրելի ուսուցիչը` Եդուարդ Բատոյեան, մեզի Արփիար Արփիարեանի «Կարմիր ժամուցը» բարձրաձայն կը կարդար, երբ հասաւ այս տողերուն. «Դրամի պէտք ունինք, բայց դրամ չկայ, որ զէնք գնենք պաշտպանութեան համար», ան կեցաւ, ձայնը խռպոտեցաւ, ապա աչքերը ջրոտեցան, եւ սկսաւ լուռ արտասուել: Բառերը կը պակսին այդ յուզիչ պահը նկարագրելու համար: Ուսուցիչդ «դրամ չկայ զէնք գնելու պաշտպանութեան համար» տողը կը կարդայ եւ կ՛արտասուէ: Թերեւս մանուկ էինք կամ պատանի, հաւանաբար` ոչ շատ խելահաս, բայց այդ տեսարանը եւ այդ դէպքը բաւարար էին, որ մեր երակներուն մէջ սրսկուէր Վարդանի, Արամի, Նժդեհի եւ հազարաւոր հերոսներու արիւնը: Այդ օրը պատանիի հոգեվիճակով մտած էինք դասարան, բայց անկասկած երիտասարդներ ելանք դասարանէն: Նման առիթներ անկասկած մեր մէջ հայութիւնը կը կռանեն եւ մեզ կը փոխադրեն տարբեր հոգեկան ոլորտներ:
Այսօր, այդ դէպքէն մօտ 40 տարիներ ետք, դժբախտաբար, տակաւին հարցը նոյնն է, մեր ազգային կառոյցները, դպրոցները, կազմակերպութիւնները, հաստատութիւնները դրամի պէտք ունին գոյատեւելու համար, եւ մենք ընդհանրապէս կը մնանք անտարբեր: Շատ յաճախ կը մոռնանք մեր անցեալը, կը մոռնանք, որ եթէ այսօր Լիբանան կամ Սուրիա կը գտնուինք, զբօսաշրջութեան համար չէ, որ մեր հայրերը եկած են հոս: Անոնք ձեռք-ձեռքի կառուցեցին այս գաղթակայանները` իրենց եկեղեցիներով, դպրոցներով, ակումբներով, որոնք դարձան հայապահպանման ամրոցներ: Այսօր, Ցեղասպանութենէն աւելի քան հարիւր տարի ետք, երբ ունինք կազմակերպուած սփիւռք, անկախ հայրենիք ու Արցախ, ընդհանրապէս մեր ազգային կառոյցները դրամ «կը մուրան» իրենց գոյատեւման համար: Ամօ՛թ մեզի, դրամը չէ, որ կը պակսի մեզի, այլ` դրամ տալու դաստիարակութիւնը: Պէտք է բախենք մարդոց քարացած սիրտերուն դռները, պէտք է պատռենք մարդոց աչքերուն թանձրացած վարագոյրները: Այսօր մեր ժողովուրդի այս վճռորոշ օրերուն պէտք է բոլորանուէր նուիրուածութեամբ ծառայենք անխտիր եւ օգնենք մեր ազգին: Երբ տակաւին թուրքը մեր ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները կը մերժէ, երբ տակաւին Ազրպէյճանը Երեւանը կը նկատէ Պաքուի արուարձան մը, երբ տակաւին ձուլման ճերմակ ջարդի դամոկլեան սուրը մեր գլխուն վրայ կախուած է, մեր արեան պարտքն է մեր ազգային կառոյցները առաւել ու առաւել ամրապնդել: Արթննանք, հայրենակիցնե՛ր, մինչեւ այն ատեն որ տակաւինք կանք:
1. Կենացը ազգային դպրոց չէր, այլ բողոքական, այսինքն աւետարանական
2. …որովհետեւ քաղաքի տուներնիս կը գտնուէր սահմանամերձ վտանգաւոր շրջանի մը մէջ էր`- ասիկա առած եմ վերի գրութենէն. ասիկա հայերէ՞ն է. եթէ գրողը սխալ ըրեր է, խմբագիրին գործը ի՞նչ է. ինչո՞ւ աւելորդ բայը չէ հանած: 3. Եթէ աս գրութիւնը 15 տարեկան մէկը գրած ըլլար, պրաւօ կ’ըսէի. գրողը տոկտոր է, յայտնի է որ բաւական հասուն մէկն է. աժան քարոզէն աւելի բան մը չիտեսայ մէջը: ասանկ գրութիւններ դնելը չի վայլեր, տեղին ալ մեղք է, կարդացողներուն ալ մեղք է. ուսուցիչը լացե՜ր է… յետոյ ի՞նչ. այդ օրը մուրացկանութիւն ընող կա՞ր