2018 Երիտասարդութեան Հայկականացման Տարի
Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Տարեմուտի մեր խոհերուն մէջ ու յատկապէս հայկականութեան եւ ազգային արժէքներու վերադարձի անհրաժեշտութեան ինքնապարտադրումին դիմաց, նախ եւ առաջ մեր հայեացքն ու յոյսը կ՛երթան բնականաբար հայ երիտասարդութեան: Վայրագ համաշխարհայնացումի անհատակեդրոն, նիւթապաշտական եւ ազգային մշակոյթը քանդելու յորձանուտին առաջին հասանելի զոհերը երիտասարդներն են անտարակոյս: Նոյն վայրագ համաշխարհայնացումը իր ստեղծած անդրազգային ու անդրհայրենիք գաղափարները կը տարածէ տեղեկութեանց անկաշկանդ (բայց ոչ միշտ ազատ) փոխանակման...



















