Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կաղանդ Պապուկի Մտահոգութիւնն Ու Ծիծեռնակին Խոստումը (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

Դեկտեմբեր 30, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նամակս կը գրեմ որպէս դպրոցական պարտականութիւն: Գիտեմ, որ չար մանուկներու ցուցակդ  լեցուն է, իսկ հնազանդ մանուկներունը` դատարկ: Կեանքդ նոյնպէս դատարկ է: Դուն չես գիտեր, թէ ինչպիսի խնդիրներէ անցած եմ կեանքիս ընթացքին: Ցտեսութիւն: Ես քեզ կը սիրեմ:

Կաղանդ պապուկին ուղղուած ամերիկացի վեցամեայ մանուկի մը նամակը:

(Համացանց – Թուիթըր)

Միշտ չէ, որ պէտք է գանգատիլ համացանցի անպատեհութիւններէն, հակառակ յոռի եւ փշաքաղիչ երեւոյթներու առկայութեան եւ տարածումին: Արդի համաշխարհային լեզուն` համացանցը, ունի նաեւ գնահատելի «երես»-ներ, որոնց մէկ դրսեւորումն է վերեւ յիշուած գողտրիկ նամակը, որ կը պատկանի բարի, անուշիկ եւ ազնուասիրտ մանուկի մը գրիչին:

Ի դէպ, մանուկը իր նամակը յանձնած է ուսուցիչին, իսկ մայրն է, որ զայն տեղադրած է թուիթըրի իր էջին վրայ, եւ լաւ ըրած է, որպէս կեանքի բաբախուն երակ, ապրուած ցաւի մը ճիչը, խոր վէրքի մը պատճառած անդոհանքն ու ներքին տառապանքի մը բացայայտ արտայայտութիւնը:

Պիտի ըսուի, հաւանաբար, որ վեցամեայ մանուկ մը, որքանո՞վ գիտակից է վերեւ յիշուած մտահոգութիւններու ընդհանուր պարունակին, որպէսզի կարենայ այդ բոլորը վերագրել Կաղանդ պապուկին եւ զայն մեղադրել անաչառ չըլլալուն համար:

Այլ խօսքով` մանուկի մը ներաշխարհը որքան ալեկոծ պէտք է եղած ըլլայ, որ ան անդրադառնայ բարիի ու չարի անվերջանալի պատերազմին, յամեցող յոռի  երեւոյթներու, արդար ակնկալութիւններու թէ ընդհանրապէս վատացած առօրեայի մը մասին, եւ ի սրտի իր խօսքը ուղղէ Կաղանդ պապուկին, որ համայն մարդկութեան կողմէ ընդունուած է իբրեւ գթասիրտ, առատաձեռն, արդարադատ, անկողմնակալ, խինդ ու ժպիտ բաշխող, քաջասիրտ, անկարին ու աղքատին պաշտպան, նուիրեալ ու բարեգործ առաքեալ մը, որ կ՛ապրի դարերէ ի վեր, յանուն մարդ արարածի երջանկութեան ու խաղաղութեան:

Ճիշդ է, որ նման համամարդկային յոյզեր ու խոհեր պարփակող նամակներ ու անդրադարձներ ողողած են համացանցի տարբեր ոլորտներ, այդուամենայնիւ, հազուագիւտ են նմանօրինակ գրութիւններ, որոնք կարծես գրուած ըլլային բոլորիս կողմէ, բոլորիս անունով եւ ուղղուած անոր, զոր շատ սիրած ենք մեր մանկութեան օրերէն ի վեր ու ցարդ կը շարունակենք սիրել զայն:

Ըսուածին փաստը, ստորեւ ներկայացուած հեքիաթն է, որ կ՛առնչուի Կաղանդ պապուկի մերօրեայ մտահոգութիւններուն եւ ծիծեռնակի մը տուած խոստումին:

Կը պատմուի, թէ անտառի մէջ ապրող երկար տարիներու բարեկամներ էին անոնք` Կաղանդ պապուկն ու ծիծեռնակները: Զիրար լաւ ճանչցած էին եւ շատ անգամ կը զրուցէին իրարու հետ տարբեր նիւթերու շուրջ:

Աւելի՛ն. Կաղանդ պապուկը, ընդհանրապէս, «դուրսի աշխարհի» լուրերը կը ստանար ծիծեռնակներէն, որոնք թռչելով աշխարհի չորս ծագերը, մօտէն կը շփուին մարդոց հետ, կը տեղեկանան անոնց ցաւերուն ու պահանջներուն, եւ ամբողջացնելէ ետք իրենց շրջապտոյտը, կը վերադառնան բեւեռային անտառներ, ուր եւ կը բնակի բոլորիս սիրելի Կաղանդ պապուկը:

Սակայն այդ օր ծիծեռնակ մը կը նշմարէ, թէ իր վաղեմի բարեկամը` Կաղանդ պապուկը, տխուր է: Ան նստած կը հանգչի երկար ծառի մը շուքին՝ մտածկոտ վիճակի մէջ, աչքերը ուղղած հորիզոնին, դանդաղօրէն կը շոյէ իր սպիտակ մօրուքը եւ առանց բառ մը արտասանելու, կարծես կը սպասէ մայրամուտին:

Ինչպէս սովոր է միշտ, Կաղանդ պապուկը հագած էր իր ամէնօրեայ զգեստը` կարմիր պարեգօտը, մէջքին կապած լայն սեւ գօտին, գլխուն կը կրէր փայլփլուն գլխարկը եւ ոտքերը կը ծածկէին անոր մոխրագոյն մոյկերը, ամբողջական տարազ մը, որ ձեւով մը կ՛արտացոլէր Կաղանդ պապուկի ուրախ ներաշխարհը:

Ծիծեռնակը կը թռչի ու կը թառի իր բարեկամին քով: Ան մեղմօրէն կը հարցնէ անոր տխրութեան պատճառը, կ՛ուզէ իմանալ, թէ որեւէ անախորժ բան պատահա՞ծ է, արդեօք զինք նեղացնող լուրե՞ր ստացած է, եւ կամ մտահոգութիւննե՞ր պատած են զինք, որոնք ծանր կը կշռեն, մանաւանդ Ամանորի պատրաստութիւններու այս շրջանին, երբ Կաղանդ պապուկը լծուած է հսկայական աշխատանքի` հազարաւոր նամակներ ընթերցելու, պատուիրուած նուէրներ ապահովելու եւ եղջերուներու հոգատարութիւն եւ սնունդ տրամադրելու, առ ի պատրաստութիւն Նոր տարուան շրջապտոյտին:

Կաղանդ պապուկի կարմրուկ այտերը աւելի կը ջերմանան, երբ ան կը լսէ ծիծեռնակի հարցադրումը: Փաղաքշական նայուածքով մը կը նայի ծիծեռնակին, ժպիտ մը կ՛ուրուագծուին անոր այտերուն եւ կ՛ուզէ յայտնել իր մտահոգութեան պատճառը: Այդ միջոցին, Կաղանդ պապուկի շուրջ կը հաւաքուին այլ ծիծեռնակներ, որոնք կու գան մտիկ ընելու եւ ի հարկին իրենց օժանդակութիւնը յայտնելու անոր:

Իր խօսքին մէջ, Կաղանդ պապուկը կ՛անդրադառնայ նամակի մը, որ գրուած է եղեր հեռաւոր երկրի մը մէջ ապրող պատանի աղջնակի մը կողմէ: Նամակը վերջերս հասած է իրեն, ուր աղջնակը յայտնելէ ետք իր սէրն ու կարօտը Կաղանդ պապուկին, յանդուգն ոճով մը կը մեղադրէ զայն, թէ ան` Կաղանդ պապուկը, այլեւս դադրած է ներշնչելէ մանուկներն ու պատանիները, որովհետեւ ժամանակէ մը ի վեր ան զիջած է իր քաջարի պարտաւորութիւնները կատարելէ, բարիին թեւ ու թիկունք ըլլալէ, չարին ու վատին իսկութիւնը բացայայտելէ, մարդկային վեհ արժանիքներու տիրութիւն ընելէ, բայց մանաւանդ` ազնուասիրտ անհատներու երազները իրականացնելէ:

Աւելի՛ն. աղջնակը դառնացած սիրտով լոյսին կը բերէ իր առօրեայ կեանքին մէջ պատահած վատ երեւոյթները, երբ նիւթին ու անցողակի վայելքներու կառչած մարդիկ կը շարունակեն մոլորեցնել իրենց շրջապատը, երբ բախտախնդիր, պատեհապաշտ ու մոլութիւններով յղփացած մարդոց կեանքը կ՛ընթանայ «հեզասահօրէն», երբ աշխատասիրութիւնն ու նուիրումի ամէն արտայայտութիւն ծաղր ու ծանակի առարկայ են դարձեր, երբ բնութեան պաշտպան անհատներ մնացած են առանց պաշտպանեալի, եւ վերջապէս, երբ յոյսերու եւ երազներու իրականացման ջատագով Կաղանդ պապուկի տիպարը սոսկ պատկերի տեսք է ստացեր:

Ճիշդ է, որ Կաղանդ պապուկը հանդարտօրէն կը ներկայացնէր նամակի ամբողջ բովանդակութիւնը, սակայն զգալի էին անոր սրտին ահաւոր տրոփները, ներաշխարհին ալեկոծումը եւ այտերուն վրայ հոսող արցունքները, որոնք կայլակ առ կայլակ կը թրջէին հողը, որուն վրայ նստած էր ինք եւ կ՛ապրէր իր կեանքի մեծագոյն ափսոսանքը:

Ափսոսա՜նք, որ կը տանջէր հոգին եւ ցնցած էր ամբողջ էութիւնը:

Ափսոսա՜նք, որ Կաղանդ պապուկի տիպարը այլեւս կորսնցուցած է իր իմաստը եւ դադրած ներշնչելէ մանուկները, պատանիներն ու չափահասներն անգամ:

Պահ մը լռութիւնը համատարած էր: Օրը հասած էր իր լրումին: Կաղանդ պապուկը՝ յանձնուած իր սրտի ցաւին ու անսովոր յուզումին, կը խոկար, աչքերը յառած դէպի աստղազարդ երկինքը:

Սակայն, այդ օր, նոյնիսկ երկինքի աստղերը տարբեր կը պսպղային, տարբեր լոյսեր ու պատգամներ կը յղէին, կարծես հետամուտ էին մեղմելու ցաւն ու վիշտը այն տիպարին, որուն գոյութիւնը մարդկային երջանկութեան համար եղած է դարեր շարունակ:

Միւս կողմէ, ծիծեռնակներու երամը ոչ թէ միայն լռութեամբ հետեւած էին Կաղանդ պապուկի խօսքին, այլեւ, ապշած ու մտամոլոր անոնք կը մտածեն իրենց ընելիքին մասին: Չէ՞ որ ծիծեռնակները շինարարի, զուարճախօսի ու հաւատարիմ բարեկամի յատկութիւնը վաստկած էին եւ միշտ օգտակարութիւն ցուցաբերած շրջապատին:

Խորքին մէջ, իրենց լռութիւնը ցուցանիշ էր, որ անոնք կը մտածէին նաեւ հետագայ ընելիքին մասին: Յանկարծ երամի աւագ ներկայացուցիչը իր ձայնին ուժ տալով կ՛եզրակացնէ, թէ իրենք իբրեւ Կաղանդ պապուկի հաւատարիմ բարեկամներ, պարտաւոր են լծուիլ աշխատանքի, ճամբորդել աշխարհի չորս կողմը, եւ իբրեւ Կաղանդ պապուկի առաքելութեան ու տիպարի հաւատացող դեսպաններ, պիտի փորձեն վերակենդանացնել, վերաշխուժացնել եւ վերարմատաւորել սէրն ու յարգանքը, եռանդն ու խանդավառութիւնը, այլապէս` կարօտն ու հաւատքը Կաղանդ պապուկի հանդէպ, որպէս մարդկային գիտակցութեան ամենաբարձր դրսեւորում:

Անոնք կ՛երդուեն ի գին ամէն զոհողութիւններու տարածուիլ աշխարհով մէկ, այցելել բոլոր անոնց, որոնց մտքին ու հոգիին մէջ շիջած է այն զգացողութիւնը, չքացած է այն ապրումն ու հաւատքը, որ կը տածէին ժամանակ մը առաջ, հանդէպ մեծ նուիրեալին` Կաղանդ պապուկին, եւ ցոյց տալէ ետք իրենց վկայութիւնը, անպայման որ պիտի խրախուսէին բոլորը եւ զիրենք մղէին կարօտով սպասելու Ամանորին:

Կը պատմուի, որ ծիծեռնակները տիւ եւ գիշեր իրենց աշխատանքը կատարելէ ետք կը վերադառնան իրենց վաղեմի բարեկամին մօտ: Անոնք նկատած էին, որ հեռաւոր օճախներու մէջ վերականգնած էին տօնածառերը, գոյնզգոյն լոյսերը կը շողային, եւ ամէնէն կարեւորը` իւրաքանչիւր տան տօնածառի վրայ կախուած էին տարբեր չափի ամանորեան գուլպաներ, որոնք պիտի լեցուէին նուէրներով, Ամանորի իրիկունը, երբ Կաղանդ պապուկը տան ծխնելոյզէն իջնէր վար եւ ակնկալուած նուէրները զետեղէր գունաւոր գուլպաներուն մէջ:

Ի լուր ծիծեռնակներու պատմութեան եւ վկայութեան, Կաղանդ պապուկի ուրախութիւնը, խանդն ու եռանդը կը բազմապատկուի: Ան կը վերագտնէ իր երբեմնի աշխատանքի թափը եւ իր լրումին կը հասցնէ սրբազան աշխատանքը, սպասելով այն գեղեցիկ օրուան, երբ աշխարհով մէկ պիտի բաշխէ իր նուէրները:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն ուրախ պահերը կ՛ապրին եղջերուները, որոնց սեւ աչուկները կը սկսին աւելի փայլիլ, դունչերը մեծնալ, ոտքերու թամբը աւելի զօրանալ, գետնի հարուածները արագանալ, բայց անոնց համբերութիւնը հատնիլ: Անոնք ամբողջ տարի մը կը սպասէին այս օրուան, բարձր տրամադրութեամբ սլացք առնելու եւ շրջելու աշխարհով մէկ:

Վստահաբար, Կաղանդ պապուկի բազում սահնակները, լեցուած անհամար նուէրներով, ընթացք առած կը սուրան դէպի մարդկութիւն, տեղի չտալով ոչ բուքին, ոչ ցուրտին, ոչ ալ սառնամանիք կլիմային: Անոնք` եղջերուները, շնորհիւ իրենց տոկուն մարմնին ու անկոտրում կամքին պիտի կարենան իր լրումին հասցնել Կաղանդ պապուկի վսեմ առաքելութիւնը, աւելի պայծառացնեն անոր անունը եւ իրականացնեն բոլորիս երազանքը:

Բարի Ամանոր:

 

 

Նախորդը

Լքուած Տան Մահը (Ամանորի Առիթով)

Յաջորդը

«Էներգետիկա»ն՝ Որպէս Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնների Առանցք. Դոկտ. Կարէն Խանլարեանի Դիտարկումները

RelatedPosts

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ցաւակցագիրը Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով
Անդրադարձ

«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Գործադիր Տնօրէն Հայկակ Արշամեանի Ցաւակցագիրը` Նազարէթ Սապունճեանի Մահուան Առիթով

Մայիս 9, 2025
Կոչ
Անդրադարձ

Ցաւակցագիր

Մայիս 9, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?