ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Մեր դասընկերներէն մէկուն կանխահաս մահուան առիթով, տարիներ առաջ մահախօսական մը գրած էր Յակոբը: Այդ տարիներուն չկար համացանցի դրութիւն, եւ, բնականաբար, կարդալու առիթը չէի ունեցած: Տարիները անցան, եւ շնորհիւ արհեստագիտութեան բարիքներուն` վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերներէն շատերը, որոնց կարգին` Յակոբ Եափուճեանը, որուն հետ դասընկերներ եղած էինք մանկապարտէզի օրերէն: Երկար տարիներու բացակայութեան պակասը լեցնելու միտումով էր կարծես, որ գրեթէ ամէնօրեայ կապի մէջ էինք: Իրարու շահեկան գրութիւններ կը փոխանակէինք, եւ օր մը ուղարկեց մեր հանգուցեալ դասընկերոջ` Նազարէթ Մուսքաճեանի մասին իր գրած մահախօսականը: Յուզիչ եւ տպաւորիչ էր, սակայն, սովորութեանս համաձայն, տխուր վիճակէս դուրս ելլելու միտումով, կատակելով գրեցի Յակոբին.
«Շատ լաւ գրութիւն է: Օր մը եթէ մեռնիմ, իմ մասին ալ քանի մը տող գրելու մի՛ մոռնար, եւ ես հանգիստ սրտով կը հեռանամ այս աշխարհէն, վստահ, որ գէթ մէկ հոգի պիտի անդրադառնայ իմ մասիս»:
Խնդացինք, սակայն հարցը հոն չվերջացաւ:
«Միտքդ հանգիստ «ճամբորդէ,-ինքն ալ իր կարգին կատակեց:- Քանի այնքան հաւնեցար գրութիւնս, կը խոստանամ քանի մը տող ալ քու մասիդ գրել, սակայն` մէկ պայմանով: Եթէ ե՛ս քեզմէ առաջ մահանամ, դուն ալ իմ մասին մահախօսականով մը անդրադառնալու չմոռնաս»:
«Կէս կատակ, կէս լուրջ», մեր խոստումը չմոռցանք, թէեւ ոչ ոք կրնայ կռահել, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ առաջին «մեկնողը», եւ ո՞վ պիտի ըլլայ գրողը: Ներկայիս մէկ բան յստակ է: Սիրելի ընկերս` Յակոբը, ինձմէ աւելի արագ շարժեցաւ` ծանր պարտականութիւն մը դնելով ուսերուս վրայ:
Ամենադժուար բանն է մօտիկ ընկերոջ մը մասին մահախօսական գրելը: Եթէ իրարու խոստացած ըլլայինք հին օրերու յուշերէն քանի մը հատը վերյիշել, շատ աւելի դիւրին պիտի ըլլար այդ ծանր պարտականութիւնը կատարելը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ամենաահեղ տարիներուն Յակոբ պատնէշի վրայ էր, իսկ ես լքելով ծննդավայրս` հաստատուեցայ Լոս Անճելըս: Երկար տարիներ մեր կապը կտրուեցաւ, մինչեւ` համացանցի գիւտը, որուն միջոցով վերագտանք մեր «կորսուած» ընկերները:
Յակոբին հետ ամէնօրեայ սովորութիւն դարձաւ իրարու նամակագրութիւնը, իսկ շաբաթ օրերը, իմ քովս առաւօտ, իր քով` երեկոյ, հեռաձայնային զրոյց:
«Բարի լոյս»-իս կը պատասխանէր «Բարի իրիկուն»-ով, իսկ երբ ի՛նք ըլլար հեռաձայնողը, իմ կարգիս, կարծես որպէս «հակառակութիւն», իր «բարի իրիկուն»-ին կը պատասխանէի «բարի լոյս»-ով: Իրարու հետ միշտ «անհամաձայն» կը թուէինք ըլլալ, սակայն խորքին մէջ այնքա՜ն համակարծիք էինք:
Դասընկերներով կազմած ենք ե-նամակի խմբակ մը: Յակոբը` Պէյրութի մեր ներկայացուցիչն էր: Բոլորս տեղեակ կը պահէր մեր ծննդավայրի հայկական բոլոր անցուդարձերուն մասին: Մշակութային, գրական, թատերական, մարզական, Համազգային, Ճեմարան, ո՞ր մէկը յիշեմ: Կ՛ուղարկէր «Ազդակ»-ի «50 տարի առաջ» սիւնակէն մեզ հետաքրքրող դէպքերէն վերյիշումներ, նաեւ մեզ կը «փոխադրէր» մեր մանկութեան ու պատանեկութեան տարիները:
«Քիչ առաջ Սուրբ Նշան յուղարկաւորութեան գացի: Կրնա՞ք երեւակայել, ամբողջութեամբ մահմետական քաղաքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէ, սեւ, երկար հագուստներով լաչակաւոր կիներ, մարդիկ փողոցները նստած` կլկլակ կը ծխեն, մանուկները կը վազեն:
Մեր «ֆուլճին», ուր երբեմն, երբ դրամ չունենայինք, ճերմակ ֆասուլիա կ՛ուտէինք, տակաւին տեղն է:
Պարոն Սագոյէն առաջ կարծեմ տիսք կամ ռատիօ ծախող մը կար, երբ Ատոմենց տունէն դէպի մզկիթ գայիր ու աջ դառնայիր, այդ մէկը չկայ, սակայն քովի «վերմակճին» տակաւին հոն է:
Մուսթաֆան շատոնց մահացած է:
Ահա ձեզ մինչեւ Զոքաք Պլաթ տարի»:
Յակոբ:
* * *
Յակոբը կը սիրէր անձի մը թաքնուած արժէքները յայտնաբերել:
Մեր «խմբակի» նամակագրութիւններով յաճախ կը յիշէինք մեր դպրոցական երջանիկ տարիներէն դէպքեր, դրուագներ, եւ օր մը գրած էի «Ճեմարանի փոստա»-ին մասին, որ ամէն օր մեզ կը հասցնէր մեր սիրելի դպրոցը:
Յակոբին սրտին խօսած էր գրութիւնս, եւ ներկայացուցած էր «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագրին: Վերջինս հետաքրքրական գտած էր եւ առաջարկեց հրատարակել: Նաեւ քաջալերեց, որ ուղարկեմ տարբեր գրութիւններ: Անշուշտ ուրախութեամբ ընդունեցի առաջարկը, եւ շնորհիւ Յակոբին եւ «Ազդակ»-ի խմբագիրի քաջալերանքին` «Ճեմարանի փոստա»-ն պատճառ դարձաւ, որ դառնամ յօդուածագիր:
Երկուքիս գրութիւններուն մասին, նախքան` հայկական թերթերու մէջ հրատարակուիլը, յաճախ իրարու հետ կարծիքներ կը փոխանակէինք: Իրեն գրած էի, որ թրքերէն եւ թրքաբարոյ երգերու մասին յօդուած մը գրած եմ եւ շուտով պիտի ուղարկեմ:
Իր սրտին խօսող նիւթ մըն էր:
«Մի՛ կենար, շո՛ւտ ղրկէ»: Բառացիօրէն ճիշդ այսպէս եղաւ իր պատասխանը:
Գրութիւնս լոյս տեսաւ… իր մահէն շաբաթ մը ետք:
* * *
Գերերջանիկ էր երէց տղուն` Վարանդին հայ ընտանիք կազմելուն: Անբացատրելի հրճուանքի մէջ էր իր առաջին թոռնիկին` Արմէնին ծնունդով:
«Մէյ մը Հայկս ալ հայ ընտանիք կազմէր, ուրիշ բան չեմ ուզեր», կը կրկնէր յաճախ:
Թոռնիկին ծնունդը շատ բան փոխեց իր կեանքի ընթացքին մէջ: Երկու մտքի էր: Մոնրէա՞լ հաստատուիլ, թէ՞ մնալ Պէյրութ: Երկու քաղաքներուն մէջ ալ ընելիք շատ ունէր` ազգային, կուսակցական, մշակութային: Շատ բան տուած էր ազգին եւ պատրաստ էր շարունակելու իր «սուրբ գործը», սակայն…
Հրայր Մարուխեանի եւ Սարգիս Զէյթլեանի յօդուածներով սկսած հիանալի գործը պիտի շարունակէր Սագօ Սարգիսեանով, ինչպէս նաեւ` այլ դաշնակցական նուիրեալներով:
Աւա՜ղ: Իր շատ մը ծրագիրներուն նման, այս մէկն ալ չկրցաւ իրականացնել:
«Զաւարեան» ուսանողական միութիւն, Համազգային, Ն. Փալանճեան Ճեմարան, ԼԵՄ, ՀՅ Դաշնակցութիւն եղած են իր կեանքի հիմնական մտահոգութիւնները:
Գործէն վերադարձին, ազատ ժամերը, տունէն աւելի, կ՛անցընէր ազգային գործերով: Իր կրտսեր տղուն մանկութեան տարիներուն, երբ ընկերներէն մէկը կը հետաքրքրուի իր հօրը զբաղումով, Հայկ կը պատասխանէ.
– «Պապաս ակումբ կ՛աշխատի»:
Կարելի՞ է երեւակայել անձ մը, որ իր կեանքի ու մահուան ճակատամարտի վերջին փուլին, «մոռցած»` իր անհատական կամ ընտանեկան մտահոգութիւնները, աւելի առաջնահերթ կը նկատէ Համազգայինն ու Ճեմարանը: Իր եղբօր` Մկոյին, հազիւ լսելի, մարած ձայնով կը փսփսայ` «Ճեմարան» ու յաւերժ կը փակէ իր աչքերը: Այո՛, այսպիսի անձնաւորութիւն մըն էր մեր սիրելի Յակոբը:
Յակոբին հետ մանկապարտէզի նստարաններէն դասընկերներ եղած ենք եւ մեր երկար տարիներու անկեղծ բարեկամութեան շարունակութիւնը վերջ գտաւ միայն … իր կորուստով:
Վերջնական հանգիստը գտաւ այնքա՜ն սիրելի ծննդավայրին մէջ, սիրելի ծնողքին կողքին:
Ննջէ՛ հանգիստ, սիրելի՛ դասընկերս, գաղափարակից ընկերս, գրչեղբայրս, նոյնիսկ չեմ վարանիր ըսելու` հարազատ եղբայրս:
Լոս Անճելըս, 2018


