ՅԱԿՈԲ ՊԱՐՈՅՐ ՆԱԶԱՐԷԹԵԱՆ
Տարիներէ ի վեր մեծ մարմաջ ունէի արձանագրելու սոյն պատմութիւնը եւ յանձնելու հանրութեան: Սակայն յարմար ժամանակին կը սպասէի…
Ամէնօրեայ դրութեամբ ծարաւով կը կարդամ գաղութիս օրաթերթերը: Հայրենիքիս լուրերը երբեմն կ՛ալեկոծեն հոգիս, երբեմն հոգիով կը փոխադրեն զիս այնտեղ, ուր պէտք է ըլլանք բոլորս, շատ յաճախ կ՛ուզեմ պոռթկալ անիրաւութիւններուն դէմ եւ Թուրքիոյ յայտնել, որ` «Դո՛ւն չես տէրը այն հողին, որուն վրայ իմ պապերս աշխատեցան, կառուցեցին»… Արիւնը գլուխս խուժեց, երբ կարդացի Քարաման քաղաքի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ մասին գրուած յօդուածը…
Քարամանը 1300 թուականին աշխարհագրականօրէն մաս կազմած էր Կիլիկիոյ թագաւորութեան:
Քարամանի հայկական Ս. Աստուածածին եկեղեցին կառուցուած է 17-18 դարերուն, ուրկէ տարիներ շարունակ բուրվառներու ճօճումով աղօթքներ բարձրացած են առ Աստուած, խունկի պարոյրով «Սուրբ Աստուած» շարականը խանդավառած է երկնային թագաւորութիւնը, մոմերու լոյսէ արցունքներով Աստուածաշունչի հատուածներ կարդացուած են, հայ մամիկներն ու պապիկներ ծնրադիր, լայնատարած բազուկներով «Տէր ողորմեա» երգած են` խնդրելով խաղաղութիւն, սէր, միութիւն… Այդ շարականները երգողներէն եւ աղօթքներ առ Աստուած բարձրացնողներէն մին եղած է ուստա դերզի Ակոբ Արապօղլու (Արապեան)…
Մեծ մօրս հայրը` Ակոբ Արապեան, Քարամանի Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղապետութեան ատենապետ, շրջանի մեծահարուստ վաճառականներէն մէկը եղած է: Օսմանեան կայսրութեան օրերուն, Գոնիա նահանգի Քարաման քաղաքի մէջ, օգտուելով 1860-ի Ազգային սահմանադրութեան ընդձեռնած պարբերական ազատութենէն, օրինական փաստաթուղթերով տէր դարձած է կալուածի` Օսմանեան կայսրութեան բնակիչ, ազգութեամբ հայ, վարպետ դերձակ Յակոբ Սարգիսի զաւակ անունով:
1920-ին թուրք ոստիկանները կը խուժեն ուստա Ակոբին խանութը, ուր կը գտնեն մեծ քանակութեամբ սննդամթերք, պղնձեայ իրեր եւ կը բռնագրաւեն բոլորը, զայն կը խոշտանգեն եւ կարմիր մոմով կը փակեն խանութը …
Թուրքին հասցուցած ցաւը անտանելի էր. ցաւ մը, որ կու գար աւելնալու քանի մը տարի առաջ դառն վիշտին, երբ 21 փետրուար 1919-ին երկաթուղիի կայարանի պայթումին իբրեւ հետեւանք զոհուած էին կինը` Մարիձան եւ տասնեօթը տարեկան պատանի որդին` Պարոյրը: Հարուածը ծանր էր, յաջորդ օրն իսկ ուստա Ակոբ աչքերը բաց կ՛աւանդէ հոգին… Պէտք էր տանէին զինք Թալաս` իր ծննդավայրը, սակայն քաղաքական անկայուն վիճակին պատճառով չկարողացան հասնիլ եւ զայն թաղեցին Քարամանի Ս.Աստուածածին եկեղեցւոյ բակը:
Ակոբին աչքերը բաց պէտք չէր թողուր իր աղա Կարապետ զաւակը: Էսկիշեհիր քաղաքի երկաթուղիի կայարանի փոխտնօրէն Կարապետ Ակոբին դատը կը հասցնէ Գոնիայի դատարան, ուր տեղի ունեցած դատավարութեամբ կը յաջողի դրամի ճնշումով վերաբանալ խանութը, որուն եկամուտով պիտի ապրէին Ակոբին միւս զաւակները, որոնցմէ մէկն էր մեծ մայրս` Զարուհին:
Նոյեմբեր 1920 թուականն էր: Քաղաքական իրավիճակը բաւականին շիկացած էր: Զարուհին լուր կը ստանայ, որ մօտեցած էին իրենց բռնագաղթի օրերը…
Պէտք էր պատրաստուիլ… Պէտք էր հաւաքել անհրաժեշտ պիտոյքները եւ փախուստի դիմել… Պէտք էր անձնական շահերէն վեր մտածել…
Ժամանակ չկար մտածելու, անմիջապէս հօրմէն ստանձնած Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ բանալին առնելով` կը փութայ եկեղեցի եւ այնտեղէն իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը վերցնէ եկեղեցւոյ թանկագին իրերը` զոյգ մը քշոց, մոմակալներ, սկիհ, խնկամաններ, քահանայական զգեստներ եւ արծաթապատ նախշաւոր Աստուածաշունչը…
Պատրաստ էին օրհնեալ ու օծեալ իրերը, որոնք երկար ու քարքարոտ ճամբաները պիտի հարթէին` բարով հասնելու ապահով վայր…
Զարուհիին ամուսինը` ֆետայի Արթին Նազարէթ Նազարէթեան, լեռներէն, կիրճերէն փախստական ճանապարհներով կ՛ուղեկցի կնոջը, քառասուն օրուան մանչին` հօրեղբօրս` Նազարէթին եւ տասնմէկ ընտանիքներուն մինչեւ Մերսին քաղաք: Ֆետայի Արթին նաւահանգիստ ապահով հասցնելէ ետք, իր ճամբան ձիերով կը շարունակէ, իսկ ընտանիքները նաւով կը փոխադրուին Ալքսանտրեթ: Ալեքսանտրեթի մէջ կը միանան իրարու եւ ծովային ճանապարհով մէկ շաբաթ ետք նաւը խարիսխ կը նետէ Պէյրութ…
Կեանքի «նոր» փուլ մը պէտք էր սկսէր, պէտք էր շարունակել ապրիլ նոյն հաւատքով, սակայն` դառն ու կսկիծով լի յիշատակներով: Անհրաժեշտ էր հաւատքի, յոյսի ուժը վառ ու ամուր պահել, միեւնոյն ժամանակ անխուսափելի էր մոռնալ յիշատակը բոլոր ննջեցեալներուն…
1930 թուականն էր, երբ մեծ մայրս` Զարուհին, հաստատ քայլերով ուղղուեցաւ Անթիլիասի մայրավանք: Ան իր դողդոջուն ձեռքերով շալկած էր Քարամանի Ս. Աստուածածին եկեղեցէին իրեն հետ բերած գոյքերը: Յուզուած` ներկայացաւ օրուան վեհափառին` Սահակ կաթողիկոսին:
Վեհափառը մեծ յուզումով ընդունեց այդ իրերը` զետեղելու համար Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ, փոխարէնը` առաջարկեց Լիբանանի մէջ թաղամաս մը գնուի եւ Քարաման կոչուի… Սակայն մեծ մայրս մերժեց այդ առաջարկը եւ խնդրեց, որ ամէն Կանաչ կիրակի Քարամանի բոլոր` հին եւ նոր ննջեցեալներու հոգիներուն համար յատուկ Ս. պատարագ եւ հոգեհանգիստ մատուցուի` վերակենդանացնելու համար Քարամանի հայութեան յիշատակը: Քարամանցիները ամէն Կանաչ կիրակի կը կատարէին յատուկ ծէսեր, ապա անոնք կը խմբուէին եկեղեցւոյ կողքին գտնուող բակին մէջ եւ աւանդական տօնակատարութեամբ կ՛անցընէին օրը:
Ցայսօր աւանդութիւն դարձած է, եւ ամէն Կանաչ կիրակի Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ մէջ կը համախմբուին փոքրաթիւ քարամանցիներ` իրենց փոխանցուած կտակը վառ պահելու…
Ի պատասխան Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան նախարարին` ըսենք, Քարամանի Ս. Աստուածածին եկեղեցին փաստօրէն եւ փաստաթուղթերով իր տէրերը ունի, այնտեղ մկրտուած են տոհմիս բոլոր երեխաները, հոն թաղուած են պապերուս աճիւնները… Մինչեւ 1920 թուականը Հայոց առաքելական եկեղեցին սրբութեամբ օծուած աղօթավայր էր: Վերածեցին բանտի, այժմ` զբօսաշրջութեան միջոցով եկամտաբեր աղբիւրի:
Արմատէն չէ խլուած յիշատակը Քարամանի, թէեւ քարամանցիները մեծաւ մասամբ նահատակուեցան, բայց կենդանի փաստերով, ձեռագիր յուշագրերով կու գամ պատմութեան յանձնելու իմ ընտանեկան ծառիս արմատներու ծննդավայրը, ուրկէ ծիլ առած, այսօր կը գոյատեւեմ` սնանելով հողիս բարքերով եւ ոգեշնչուելով նահատակ մեծ հայրերուս անմահ հոգիներով…
Հանգիստ ննջեցէ՛ք, Քարամանի եւ հայոց աշխարհի անմե՛ղ զոհեր, քանզի արդարութիւնը պիտի գերիշխէ, եւ ձեր փառքը պիտի յայտնուի երկնային դատաստանի մէջ…
Փա՛ռք ու պատիւ` ձեր հզօր ու խիզախ ոգիին… Խոնարհութիւն` ձեր անթառամ յիշատակին…
Պէյրութ, 23 փետրուար 2018