ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Ապրիլ ամիսը տրտում եւ տխուր յիշատակներ կը վերապրեցնէ, որովհետեւ արդի համաշխարհային պատմութեան մէջ ապրիլ ամիսը կը ներկայացնէ անցեալ դարու առաջին` Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը:
Այս անպատիժ մնացած Ցեղասպանութիւնը դուռը բացաւ այլ ցեղասպանութիւններու. իբրեւ մարդկային տարրական յարգանք` պէտք է պահ մը կանգ առնենք, թէկուզ մէկ անգամ յիշենք` խոնարհելով հրեաներու, Քամպոտիայի եւ Ռուանտայի ցեղասպանութեանց զոհերու յիշատակին առջեւ:
Հայոց ցեղասպանութենէն մօտ վաթսուն տարի ետք սփիւռքահայութիւնը անգամ մը եւս ցնցուեցաւ ապրիլ ամսուն, երբ Լիբանանի մէջ սկսաւ երկար եւ ահաւոր «քաղաքացիական պատերազմը»: Տակաւին Հայոց ցեղասպանութենէն յիշատակները շատ մը տարեցներու միտքէն չէին մաքրուած, երբ արդէն պատերազմի եւ տարագրութեան ուրուականը պատեց Լիբանանի երկինքը:
Հայութիւնը, ինչպէս նաեւ այլ համայնքներ, երբեք պատրաստ չէին դիմագրաւելու այս մղձաւանջը: Համայնքային անհանդուրժելիութիւնը ընդհանրացաւ, խլրտումները վերածուեցան զինեալ բախումներու, իսկ զինեալ պայքարը վերածուեցաւ պատերազմի:
Անշուշտ հայութիւնը այն քիչ համայնքներէն էր, որ բախտաւորուած էր իր պատմական-ազգային կուսակցութիւններով, որոնք իսկոյն կազմակերպուեցան եւ կարճ ժամանակի մէջ թաղային պաշտպանութեան եւ երիտասարդներու զինավարժութեան ձեռնարկեցին: Ծանր էր կացութիւնը: Հայութիւնը քաղաքին մէջ մեծ զանգուած մըն էր, բայց հեռաւոր շրջաններու մէջ ալ բազմաթիւ հայեր կը բնակէին: Նոյնիսկ հայաւան Պուրճ Համուտը խիստ վտանգուած էր իր յարակից «վտանգաւոր» աւաններուն պատճառով: Զինեալ սուր բախումներու հետեւանք էր Պէյրութ քաղաքի բաժանումը երկուքի` արեւելեան եւ արեւմտեան բաժիններու:
Ահռելի դժուար ու վտանգաւոր էր կացութիւնը, որովհետեւ այս քաղաքացիական կամ եղբայրասպան կոչուած պատերազմը տխուր նորութիւն մըն էր ամբողջ շրջանին համար:
Այդ ատեն ես, ինչպէս նաեւ ինծի պէս փոքր պատանիներ, տասը տարեկանը նոր ամբողջացուցած, մօտէն կը փորձէինք մտիկ ընել մեր ծնողներուն, բարեկամներուն, ազգականներուն խօսակցութիւնները` ջանալով բան մը հասկնալ, եթէ կարելի էր հասկնալ:
Հայկական ակումբները սկսան դասախօսութիւններ կազմակերպել` ժողովուրդը տեղեկացնելու, իրազեկ պահելու այս նոր իրավիճակին մասին, ինչպէս նաեւ դրամահաւաք կատարելու` զէնք եւ զինամթերք ապահովելու, նաեւ ակումբ հրաւիրելու ատակ երիտասարդները զինավարժութեան դաստիարակութեան` նպատակ ունենալով պաշտպանել հայ համայնքը: Շատ կարճ ժամանակուան մէջ դրամահաւաքը կատարուեցաւ, մեր վեհ տղաքը ընդառաջեցին ազգին խնդրանքին, եւ ակումբները դարձան զօրանոցներ:
Չէք կրնար երեւակայել այն հմայքը, երբ մանուկ հասակիս կը տեսնէի հայ զինեալ երիտասարդը. ինծի համար ան մարմնացումն էր հայ հերոսի, թէեւ` աշխարհագրական ամբողջովին տարբեր տուեալներով, բայց ան վստահաբար հայապաշտպան ներկայի ֆետային էր:
Այդ օրերուն երբեմն կը լսէինք հայ երիտասարդ զինեալի մը քաջագործութիւնը: Ան կը դառնար ինծի նման պատանիներու ներշնչումի, հպարտանքի եւ ուրախութեան աղբիւր: Անհամար էին հայ քաջ տղաքը: Բայց հերոսներուն հերոսը, տիպարներուն տիպարը «առաջին» նահատակն էր, յիշատակը անթառամ, շիրիմը լուսաւոր, վաստակաւոր եւ անմահ հերոս ընկեր Սերժ Թովմասեանին: Սերժիկը, ինչպէս ճանչցուած էր, եկած էր հեռաւոր Պարսկաստանէն` ծառայելու, օգտակար դառնալու, մարզելու, զինավարժութիւն սորվեցնելու հայ երիտասարդներուն: Ազգին ծառայութեան համար ան տոգորուած էր ամենավտիտ եւ ամենաբիւրեղ զգացումներով: Դժբախտաբար վաղ երիտասարդ տարիքին, երբ ան կը մարզէր խումբ մը տղաք, յանկարծ ռումբին սլաքը աշխատեցաւ, եւ հերոս Սերժիկը` նախատեսելով բազմաթիւ աշակերտներու կեանքի կորուստը, փաթթուեցաւ ռումբին` նահատակուելով, բայց փրկելով իր ընկերները:
Ահաւասիկ աւելի քան քառասուն տարի ետք այդ հերոսական արարքէն, երբ նստած գրասեղանիս առջեւ` կը փորձեմ յիշատակներս թուղթին յանձնել, տակաւին աչքերս կը թրջուին` յիշելով վսեմ մաքրամաքուր ընկեր Սերժիկը: Անշուշտ բառերը կը պակսին արտայայտելու խոնարհանքի եւ փառաբանանքի յորդաբուխ զգացումներս: Ընկե՛ր Սերժիկ, դուն եղար իմ հերոսը, դուն եղար մեր բոլորին հերոսը, ջահակիրը ներկայ նահատակներու:
Կեանքին մէջ ի՞նչ կայ աւելի մեծ բան, քան` ազգիդ համար զոհաբերումը կամ նահատակ դառնալը:
Տարիներ ետք դուն էիր ներշնչումը բազմաթիւ հայ ֆետայիներու, կոչենք զանոնք մարտիկներ թէ տեռորիստներ, մեզի համար անոնք կը մնան հայ հերոսներ:
Մեր ազգը հարուստ է հերոսներով. քաղաքացիական պատերազմները մեզ չեն վախցներ: Երէկ Լիբանան, այսօր` Սուրիա, հզօր ենք մենք անձնուէր երիտասարդներով, Սերժիկն էր առաջնորդը, բայց բիւրաւոր էին հետեւողները:
Եթէ մենք այսօր կանք իբրեւ ազգ, իբրեւ անկախ հայրենիք, ազատագրուած Արցախ, վստահաբար, անտարակոյս կը պարտինք այս ամէնը մեր Սերժիկին նման անհամար հերոսներու:
Յիշելով հատուած մը մեր ազգային քայլերգէն` Միքայէլ Նալբանդեանի խօսքերով.
«Ամենայն տեղ մահը մի է
Մարդ մի անգամ պիտ մեռնի,
Բայց երանի, որ իւր ազգի
Ազատութեան կը զոհուի»:
Յարգա՛նք ձեր մայրերուն, յարգա՛նք ձեր հայրերուն, մեր նահատա՛կ եղբայրներ, դուք զոհուեցաք, որ մենք ապրինք, ապրինք ազատ, ապրինք հայօրէն: