Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Արդէն Ուշ Էք…»

Ապրիլ 14, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Պահրէյնի թագաւորութեան գիրքի միջազգային տասնութերորդ ցուցահանդէսը ունեցաւ բաւական յատկանշական դրուագներ: Նախ` Պահրէյնի Մուհարաք քաղաքը հռչակուած է 2018 տարուան Իսլամական մշակոյթի մայրաքաղաք: Ցուցահանդէսը տեղի ունեցաւ մարտ 28-էն մինչեւ 7 ապրիլ  2018, նոյն քաղաքին մէջ եւ նուիրուեցաւ իսլամական մշակոյթին: Բայց կար նաեւ Աստուածաշունչի ընկերութեան մեր մասնակցութիւնը` պետական ու պաշտօնական հրաւէրով եւ աւելի քան չորս հարիւր հրատարակչատուներու կողքին, որոնք կու գային մօտաւորապէս քսանհինգ տարբեր երկիրներէ: Աստուածաշունչի ընկերութեան մասնակցութիւնը կը դառնար միակ քրիստոնէական ներկայութիւնը, որ կու գար ապացուցելու շրջանին մէջ մէկ կողմէ ներկայութիւն, բայց նաեւ` անհրաժեշտութիւն:

Տաղաւարին վրայ կար աստուածաշունչերու մեծ հաւաքածոյ մը` գլխաւորաբար արաբերէն լեզուով, նկատի ունենալով, որ ցուցահանդէսին մեծ տոկոսով կը ներկայացուէին արաբերէն լեզուով հրատարակութիւններ, բայց նաեւ կային պատմական-բացատրական ցուցակներ: Ցուցակները կ՛ընդգրկէին արաբերէն եւ անգլերէն լեզուներով Աստուածաշունչի պատմականը, բայց նաեւ` անոր ընկերա-մշակութային կեանքին մէջ մեծ ներդրումը: Ցուցահանդէսի բացման օրը, երբ պահրէյնցի երիտասարդ տղոց հետ կը ներկայացնէի ցուցահանդէսի բովանդակութիւնը, Խալետը ըսաւ. «Պահրէյնի համար մեծ հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք` մեր մէջ: Այս մէկը ցոյց կու տայ մեր երկրին բազմակրօն եւ բազմամշակութային կազմուածքը եւ ներդաշնակութիւնը: Ներկայ օրերուն որքա՜ն անհրաժեշտ է, որ մարդիկ առիթ ունենան բացուելու աշխարհին եւ ճանչնալու զիրար»: Ան նաեւ ըրաւ կատակ-հաստատում մը: Եթէ դէմքին վրայ կար քմծիծաղ`«չարաճճի» խառնուածքով, ատոր ետին կը տեսնէի իրագործուելիք մարտահրաւէր. «Յուսամ շուտով նաեւ մուտք կը գործէք Սէուտական Արաբիա»:

Չեմ գիտեր` պահրէյնցի Խալետին եւ Սալեհին միջեւ որեւէ առնչութիւն կա՞ր, թէ՞ պարզապէս պատահականութեան արդիւնք էր: Սալեհը կու գայ Սէուտական Արաբիայէն: Տեսած էր մեր տաղաւարը ցուցահանդէսի բացման օրը, բայց չէր մօտեցած` տեսնելով, որ զբաղած էինք: Բայց որոշած էր անպայման հանդիպիլ: Շաբթուան ընթացքին ան մօտեցաւ մեզի: Սալեհը երիտասարդ մըն է, որուն մասնագիտութիւնը եւ ասպարէզը կ՛ընդգրկէ տեղեկատուութեան աշխարհը` իր տարբեր ենթաբաժանումներով: Յստակ էր, որ իր երիտասարդական ներշնչումով կ՛ուզէր խօսիլ, իմանալ, բայց նաեւ` ծանօթանալ: Ծանօթացումը պիտի ընդգրկէր նաեւ «ուրիշ»-ը, եւ իր պարագային` ոչ իսլամը: Հարցումներ ուղղեց Աստուածաշունչի բովանդակութեան մասին, եւ շուտով անդրադարձայ, որ հետը շատ հաճելի խօսակցութեան մը մէջ մտած էի: «Այս խօսակցութիւնը քու հետդ Աստուածաշունչի այս յարկին տակ ասկէ առաջ չէի կրնար ընել»,- ըսաւ ան:- Մեզի համար անընդունելի էր: Բայց հիմա շատ բան փոխուեցաւ, եւ այլեւս չենք ուզեր, որպէս սէուտցիներ, մեր գոց պատեանին մէջ ապրիլ»:

Սկսած էի տեսնել, թէ կը խօսիմ երիտասարդի մը հետ, որ կ՛ուզէ աշխարհին բացուիլ: Եւ այդ աշխարհին մէջ ան կ՛ուզէ տեսնել, թէ կան նաեւ մարդիկ, որ «իրեն» պէս չեն, տարբեր են, բայց որուն հետ կարելի է նաեւ «ապրիլ»: «Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած բոլոր ներկայի բարեկարգութիւնները իրական են: Մենք հիմա սկսանք աշխարհին բացուիլ», ըսաւ ան:

Սալեհին ըսի, որ հայ եմ եւ լիբանանցի: «Երեւանը շատ գեղեցիկ քաղաք է», ըսաւ ան: Եւ հոս աւելցաւ մէկ նոր զմայլելի իրականութիւն մը` մեր արդէն իսկ շատ հետաքրքրական հանդիպումին վրայ:

Սալեհը երկու անգամ այցելած էր Հայաստան: Ան սիրած էր Հայաստանը եւ սիրահարած` Արարատին: Իր սէրը եւ սիրահարութիւնը մղած են զինք սերտելու հայուն պատմութիւնը: « Ձեր կեանքը շատ դժուար եղած է», ըսաւ ան:

Սալեհը կը գիտակցի, որ Հայաստանը շատ կարողականութիւններ ունեցող երկիր է, եւ որ` շատ հնարաւորութիւններ կան Սէուտական Արաբիոյ հետ գործակցութեան: «Աւելի ճիգ պէտք է թափենք երկու երկիրներու յարաբերութիւնները զարգացնելու համար», ըսաւ ան:

Սալեհին հետ մեր կուռ խօսակցութիւնները պէտք էր ամփոփէինք: Արդէն զրուցեցինք աւելի քան մէկ ժամ: «Շուտով եկեղեցին,Աստուածաշունչը եւ դուն` Սէուտական Արաբիոյ մէջ», ըսաւ ան որպէս ցտեսութիւն:

Կրնայ՞ ըլլալ…

Դոկտ. Մունան չափահաս տարիքի կին մըն է: Ան ծնած է Դամասկոս, բայց երիտասարդ տարիքին ամուսնացած է պահրէյնցի մարդու մը հետ եւ իր ամբողջ կեանքը մինչեւ օրս կը շարունակէ այս կղզիին մէջ: «Արաբերէն հնչիւնիս մէջ շատ բան չմնաց Սուրիայէն», ըսաւ ան ժպտալով: Մունան դասախօս է Պահրէյնի համալսարանին մէջ եւ ընկերաբանական եւ կրօնական նիւթեր կը դասաւանդէ:

Մունան բաւական ժամանակ անցուց մեր տաղաւարին մէջ: Յստակ էր, որ ըսելիք ունէր եւ կ՛ուզէր խօսիլ:

«Հայրս շատ զարկ տուաւ մեր կրթութեան եւ դաստիրակութեան,- ըսաւ ան: – Մեզ Լիբանան ղրկեց, որպէսզի ուսում առնենք, եւ նախընտրեց, որ մենք քրիստոնեայ մարոնի համայնքի քոյրերուն դպրոցը սորվինք»:

Սկսած էի տեսնել, որ մեր խօսակցութիւնը սկսած էր նոր թափ մը ստանալ: Եւ քաջալերուած Մունայի համարձակութենէն` ես ալ եկայ աւելցնելու իր խօսքին վրայ. «Ինչպէ՞ս կը զգաս այսօր, որ քրիստոնեայ դպրոցի մէջ ուսումդ ստացած ես», եղաւ իմ քիչ մը կտրուկ հարցումը:

Մունային պատասխանը շատ պարզ էր եւ յստակ: Ան դասախօս մը ըլլալով հանդերձ, չուզեց դասախօսութիւն մը կարդալ ինծի: «Իմ կեանքս դասաւորեց եւ կազմակերպեց»,- ըսաւ ան: «Շփոթութեան մէջ էի երիտասարդական տարիներուս, եւ իրենց կրթութիւնը յստակատեսութիւն տուաւ ինծի, թէ ի՛նչ պէտք է ընեմ իմ կեանքիս ընթացքին»:

Մունան այսօր կ՛աշխատի իր երկրորդ դոկտորական ատենախօսութեան վրայ: Իր ուսումնասիրութիւնները կ՛ընդգրկեն տարբեր կրօններու եւ անոնց պաշտամունքներու դերը եւ կարեւորութիւնը մարդուն ներքին կեանքի համերաշխութեան համար: Եւ այս իմաստով ան հետաքրքրուած է ոչ միայն իսլամական կրօնով, այլ նաեւ` քրիստոնեայ աստուածաբանութեան ու, տակաւին, անոնց յարաբերութիւններուն եւ մարդկային կեանքին համար անոնց նպաստով: Ան ուզեց աւելի ժամանակ անցընել մեզի հետ, քանի որ հետաքրքրուած էր Աստուածաշունչի ներդրումին եւ անոր նպաստին միջկրօնական յարաբերութիւններու մէջ նիւթով:

Եւ չուշացաւ իմ հետաքրքիր այլ հարցումս. «Ինչպէ՞ս կը տեսնես մեր ներկայութիւնը այս ցուցահանդէսին»: Մունային դէմքին վրայ գծուեցաւ պզտիկ ժպիտ մը: «Արդէն ուշ էք»,- ըսաւ ան:- Դուք տասնութ տարի առաջ պէտք էր հոս ըլլայիք», եղաւ իր հաստատ եւ վճռական պատասխանը:

Չեմ գիտեր, թէ Մունան այս պատասխանը տուաւ որպէս մարտահրաւէ՞ր: Իր հաստատումը անձնական նախաձեռնութիւն էր, թէ՞ հաւաքական պահանջ: Բայց կրնայի տեսնել իր համոզմունքը: «Մեր հաւաքականութիւնները այսօր շատ պէտք ունին սորվելու համակեցութիւն եւ փոխյարաբերութիւն` որպէս տարբեր համայնքներ եւ կրօններ: Ձեր ներկայութիւնը մեծապէս կարեւոր եւ օգտակար է: Եւ այս իմաստով ալ հոս պէտք էր ըլլայիք ասկէ առաջ», եզրափակեց Մունան:

Մունային եւ անոր «ուշ» ըլլալու հաստատումը մտածել տուին ինծի: «Ուշ»-ը ունի նաեւ իր տուեալները եւ պարունակը: Բայց նաեւ ունի իր գիտակցութիւնը: Մարդկային ու հաւաքական կեանքին մէջ պատմութիւնը կը կերտուի դրուագներով, եւ այդ դրուագները եթէ կը կերտեն, բայց նաեւ կը քանդեն ու տակաւին հետք(եր) կը ձգեն: Պատմութեան դրուագներն ու անոնց պատեհութիւնները ճիշդ ձեւով օգտագործելը անհրաժեշտ գրաւականներ են: Քաջալերական էր տեսնել Պահրէյնի մէջ մարդիկ, որոնք կրնան արժեւորել քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր կարեւոր ներդրումը` տարածաշրջանի պատմութիւնը իր տարբեր դրուագներով կերտելու գիտակցութեան մէջ: Այս իմաստով, Մունային «արդէն ուշ էք»-ը առի որպէս երկկողմանի մարտահրաւէր-գիտակցութիւն: Գիտակցութիւնը Մունային` որպէս իսլամի: Ուշին ետին կան պատճառներ, որոնց ինք ու իր համայնքը նաեւ պէտք է գիտակցին, որ` մարդկային կեանքերը ու անոնց պատմութիւնները լաւապէս կը կերտուին գոյակեցութեամբ եւ համակեցութեամբ: Բայց նաեւ` իմ գիտակցութիւնը, թէ տակաւին, որքա՛ն կարեւոր է քրիստոնեայ ներկայութիւնը եւ անոր առաքելութիւնը նոյնինքն մարդկային կեանքի պատմութիւնը եւ անոր դրուագները կերտելու եւ շինելու համար: Որքան անհրաժեշտ է գուրգուրալ մեր քրիստոնեայ աստուածաբանութեան եւ անոր բերած կարեւոր մեծ աւանդին մեր հաւաքական ու անհատական կեանքերուն համար:

«Ուշ ենք»`այո՞…Եւ կան պատմական ու քաղաքական տուեալներ, որոնք կրնան ցոյց տալ, որ «արդէն ուշ ենք»:

Մարդկային կեանքի մեր պատմութեան մէջ գործադրուեցան շատ աւերներ, որոնք թերեւս կարելի էր կանխել…Ու տակաւին, մեր տարածաշրջանին մէջ կան ու եղան անկիւնադարձային աղէտներ, որոնք ձգեցին հետքեր` շատ մը հաւաքականութիւններու վրայ: Արդէն «ուշ ենք» ըսելու եւ ցանկալու, որ երանի այդ բոլորը տեղի չունենային…

«Արդէն ուշ ենք»…Երեւի…Թերեւս…Բայց ոչ երբեք ուշացած:

Քանի կայ պատմութեան կրկնուող յաջորդականութիւնը, որ աւերէն ետք պիտի գայ վերականգնումը, եւ քանդումէն ետք` շինարարութիւնը: Անհասկացողութիւններուն մէջէն կարելի է գտնել համերաշխութիւնը: Եւ անհանդուրժող հոգին կարելի է վերածել հանդուրժողականութեան: Մարդիկ Պահրէյնի մէջ վկայեցին իրենց հանդուրժողականութիւնը`«մեզի համար հպարտութիւն է, որ դուք հոս էք»:

Եւ «հոս ենք», որովհետեւ կը հաւատանք, որ միասին կրնանք նորը շինել: Նորը, որ կրնայ ընդգրկել մարդկային կեանքեր` հիմնուած հանդուրժողականութեան վրայ, ուր «ուրիշ»-ը կը ճանչնաս եւ կրնաս ապրիլ անոր հետ` իր տարբերութիւններով:

Տարածաշրջանի ու, տակաւին, ընդհանրական այս բոլոր «թոհ ու փոհին» մէջէն եւ անկէ ետք պիտի կարենա՞նք տեսնել, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն մարդիկ կրնա՞ն զիրար ընդունիլ:

«Արդէն ուշ էք»,  բայց անպայմանօրէն ուշացած չենք հաւատալու եւ գործելու, որ պիտի կերտենք նորը: Հոն, ուր մարդիկ կրնան զիրար ճանչնալ, բայց նաեւ ընդունիլ եւ, տակաւին, ապրիլ համերաշխութեամբ` իրենց տարբերութիւններով հանդերձ:

Խալէտը, Սալէհը, Մունան ու, տակաւին, Պահրէյնի փորձառութիւնը ցոյց տուաւ, որ®ուշ ենք, բայց…ուշացած չենք: Թէ` կարելի է տարբերութիւնները տեսնել, ընդունիլ ու նաեւ ապրիլ անոնց հետ:

 

 

 

Նախորդը

Իմ Հերոսը

Յաջորդը

Թրքացած Հայերու Ծագման Հարցի Պատճառով Յառաջացած Այլ Ողբերգական Պատմութիւններ

RelatedPosts

Never Again!
Անդրադարձ

Never Again!

Սեպտեմբեր 30, 2023
Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն
Անդրադարձ

Կողքիդ Ենք` Արցա՛խ, Կողքիդ Ենք` Արցախահայութի՛ւն

Սեպտեմբեր 30, 2023
Տեսակէտ.  Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի  Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը.  Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը
Անդրադարձ

Տեսակէտ. Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց Տեղի Ունեցած Ցոյցին Գլխաւոր Դասը. Մե՛նք Կ’որոշենք Մեր Գործողութիւններուն Սկիզբն Ու Աւարտը

Սեպտեմբեր 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In