Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պատմական իրադարձութիւնները եւ անոնց մէջ մարդոց ստանձնած դերերը եւ որդեգրած ընթացքը ոչ միայն պէտք չէ մոռնալ, այլ` անոնց լոյսին տակ ընդունիլ եւ տէր ըլլալ մեր ներկային:
Հայ եկեղեցականը ազգի անդամ է, հետեւաբար նաեւ` պատասխանատու: Այս գիտակցութեան երկու օրինակներու մասին պէտք է խօսուի, երբ Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հարիւրամեակի առիթով ժողովներ պիտի գումարուին, քիչ մը ամէն տեղ տօնակատարութիւններ պիտի ըլլան: Ազգային օրինակելի եւ բարձր գիտակցութիւն ունեցողներ եկեղեցականներ եղած են եւ կան, այս ըսել` յօրինակ այլոց:
Ինչ ալ ըլլան մեր տեսական ըմբռնումները կրօնի եւ եկեղեցիի մասին, ոչ ոք կրնայ խուսափիլ այն իրողութենէն, որ Հայ եկեղեցին, պատմութեան ընթացքին եղած է Հայոց եկեղեցի, ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդին համար: Համբակներ միայն կրնան խորհիլ, որ եկեղեցին աւելորդ է հայ կեանքին մէջ, անոր հետ գործ չունինք: Կրկնութիւն պիտի ըլլար ըսել, որ ինքնութեան պահպանման եւ մշակութային ժառանգութեան ստեղծման եւ պահպանման մէջ անուրանալի եղած է անոր դերը: Այս գիտակցութեամբ է, որ հայ ժողովուրդը միշտ աւելիին ակնկալութիւնը ունեցած է եւ ունի իր եկեղեցիէն եւ եկեղեցականէն:
Օրինակելի եկեղեցականներ եղած են եւ կան, որոնք ծէսով չեն բաւարարուած, չեն բաւարարուիր, ոչ ալ` ճոխութեամբ: Անոնք ազգի երախտագիտութեան արժանի համարուած են միայն իրենց գործով, եւ ոչ` տիտղոսներով կամ հանգամանքով, եպիսկոպոսի, պատրիարքի կամ կաթողիկոսի կարգով:
Յաճախ յիշուած է անունը Գարեգին Ա. Յովսէփեանց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գիտնական կաթողիկոսին: 1918-ի մայիսեան ճակատագրական կռիւներու ընթացքին երբ դեռ եպիսկոպոս էր, գտնուած է հայկական բանակի զինուորներու կողքին, ճակատի գիծերուն վրայ: Որքան օգտակար պիտի ըլլար, որ այս տարուան ընթացքին, անոր օրինակը ներկայացուէր մեր ժողովուրդին, երիտասարդութեան, լուսանկարներով` բանակի կողքին, տալով մեր միասնութեան օրինակը: Գիտնական, դասախօս, կրօնական, դրամատէր, հաւաքաբար պատասխանատու պիտի ըլլայինք եւ պիտի ըլլանք հայրենիքի եւ ազգի իրաւունքի պաշտպանութեան, ոչ միայն խօսքով, ոչ միայն բարեսիրութեամբ, այլ նաեւ` ներկայութեամբ, մանաւանդ` պատմութեան հանգուցային պահերուն:Արցախի ծնունդ Գարեգին գիտնական եպիսկոպոսը չէ մտածած, որ վանքի կամ գրասենեակի մէջ մնալով` աւելի օգտակար կրնար ըլլալ հայրենիքին, ինչպէս ոմանք կը խորհին, Ֆլորիտա, Պեւըրլի Հիլզ կամ Փարիզ նստելով` աւելի օգտակար կ՛ըլլան հայրենիքին, հայրենիք կը պաշտպանեն: Ազգի գոյութենական պայքարը կրնար լուծուիլ հայ զինուորի կողքին ըլլալով, ոչ թէ` հեռուէն դիտելով եւ յուզուելով:
Այս տեսակէտէն օրինակելի եղած է Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գէորգ Ե. Սուրէնեանցը: 1918-ի ճակատագրական կռիւներու օրերուն, երբ թրքական բանակները կը սպառնային հասնիլ Էջմիածին եւ Երեւան, թրքական թնդանօթները հեռու չէին, զինուորական իշխանութիւնները կը թելադրեն, որ կաթողիկոսը եւ կաթողիկոսութիւնը, ապահովական նկատումներով, հեռանան Էջմիածինէն, երթան աւելի ապահով վայր: Կաթողիկոսը կը մերժէ հեռանալ մայրավանքէն, կը մնայ ժողովուրդին հետ եւ տէր` մայրավանքին, օրինակ ըլլալով օրհասական կռիւ մղող բանակին:
Պատմութիւնը կը վկայէ նաեւ այլ քաջ եկեղեցականներու մասին, Աւարայրի Ղեւոնդ երէցէն մինչեւ Խրիմեան Հայրիկ, որուն մասին այնքա՜ն խօսուած եւ գրուած է:
Մեր օրերուն ալ կան ծառայութեան ազգային-քաղաքական բարձր գիտակցութեամբ եկեղեցականներ, որոնք իրենց ժողովուրդին հետ եւ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար կը պայքարին:
Յաճախ կը յիշեմ ֆրանսացի մեծ գրող Սթանտալին կատարած մէջբերումը, ըստ որուն, առաքինի եւ չդաւող եկեղեցական մը նախախնամութիւն է գիւղին համար: Առաքինի հայ եկեղեցականը նախախնամութիւն եւ օրհնութիւն եղած է հայ ժողովուրդին: Անոնց մասին ալ հարկ է խօսիլ` զինուորականներու, քաղաքական գործիչներու եւ ազգաշէն մեծերու շարքին: Կրկնենք` յօրինակ ժամանակակիցներու եւ գալիքներու:
Հայ եկեղեցականները ուսադիրներ չունէին, բայց կռիւներուն բերած են յաղթանակի հասնելու համար էական ոգեշնչումը, որ այնքան կարեւոր է, օրինակի արժէքով: Անոնք չեն մտածած կեանքի ճոխութեան եւ պերճանքի մասին: Անոնց օրինակը ճամբացոյց պէտք է ըլլայ հայ կրօնականին եւ ընդհանրապէս վկայականներով զինուած սերունդին, այսօր եւ վաղը, անոնց օրինակով պէտք է դատել գիտնալ, անցեալի դրականը բերել ներկայի մէջ:
Այսինքն հայ եկեղեցականներ ժողովուրդին հետ մնացած են վտանգի պահուն` տալով ղեկավարին համար այնքան կարեւոր հայրենատիրութեան փաստը:
Այս տողերը ընդհանրապէս եկեղեցականութիւնը ջատագովելու միտում չունին: Պարզապէս պէտք է ըսել եւ կրկնել, որ ազգի տոկալու եւ տեւելու պայքարը հաւաքական ճիգ կը պահանջէ, վտանգին կուրծք տալու հաւաքական պատասխանատուութիւն:
Պահ մը փորձենք երեւակայել, որ Գէորգ Ե. Սուրէնեանց կաթողիկոսը լսէր թելադրութիւնները եւ հեռանար Էջմիածինէն, այդ բնական կրնար համարուիլ այդ օրերուն եւ այսօր: Բայց ժողովուրդին հետ մնալու որոշումը այսօր կը յիշուի որպէս յանձնառութեան օրինակելի ընթացք, սերունդներու աչքին չէին մեծնար ո՛չ Գարեգին եպիսկոպոսը եւ ո՛չ ալ Սուրէնեանց կաթողիկոսը, հպարտութեան աղբիւր չէին ըլլար, եթէ ապաստանած ըլլային ապահով անկիւններ:
Ժողովուրդները պէտք ունին խորհրդանիշներու: Հարիւրամեակի առիթով, գիտական-ուսումնասիրական հարստացումներու կողքին, պէտք է մտածել խորհրդանիշներու մասին, որպէսզի հայ մարդոց հպարտութիւնը վերականգնի, ոչ սնապարծութիւնը` գեղեցիկ ինքնաշարժի, ադամանդի, ապարանքի, լողաւազանի:
Հայրենատիրական այդ հպարտութիւնը դարման է արտագաղթի ախտին դէմ, հայրենադարձութեան ոգեշնչում, փոխան ապարանքներու կառուցման` հայրենիքի արդիւնաբերութեան զարգացում, որպէսզի ժողովուրդ մնայ հողին վրայ:
Որպէսզի հայը տեւէ` փոխանակ հեռուներ երթալու, ինքնութիւն կորսնցնելու եւ նոյնհետայն բազմացնելու ուրիշները:
Հայոց կաթողիկոսը չէ հեռացած իր մայրավանքէն, ինչպէս որ հայը պէտք չէ հեռանայ իր հայրենիքէն:
Ազգը երախտապարտ պէտք է ըլլայ այսօր եւ վաղը` հերոսի ոգիով ապրած զինուորականին, քաղաքացիին եւ կրօնականին:
Հարիւրամեակը այս ըմբռնումով պէտք է հասնի հեռու եւ մօտ աշխարհներու իւրաքանչիւրին` իր յարկին տակ:
Որպէսզի ազգային ողջմտութիւնը դառնայ մեր բոլորին իմաստութիւնը:
15 յունուար 2018, Նուազի-լը-Կրան