Անցած ամիս թրքական կառավարութեան կողմէ ստեղծուած էր կայք մը, ուր Թուրքիոյ քաղաքացիները կրնային որոնել իրենց արմատները` հասնելով մինչեւ 1850-ականներու կէսերը: Տպագիր ու ընկերային ցանցերու մէջ հրապարակուած են հարիւրաւոր պատմութիւններ, որոնք ցնցում յառաջացուցած են Թուրքիոյ մէջ ու անոր սահմաններէն դուրս: Կան նաեւ քանի մը պատմութիւններ թուրքերու մասին, որոնք յայտնաբերած են, որ ունին ալպանական, արաբական, Պոնտոսի յոյներու, եւ որ ամենավատն է` հայկական արմատներ: Անոնք անգամ նիւթեր ունին, ուր կը գրեն, որ ծայրայեղ ազգայնական ու ցեղապաշտական կուսակցութիւններու որոշ անդամներ դուրս վտարուած են կամ կորսնցուցած են իրենց կոչումները, ճնշումի ենթարկուած եւ նոյնիսկ` ինքնասպանութիւն գործած, երբ իմացած են իրենց հայկական արմատներուն մասին:
Արդեօք այս պատմութիւնները ճի՞շդ են, թէ՞ չափազանցուած: Այնուամենայնիւ, ծագման խնդիրը որոշ պարագաներու նոյնիսկ մահացու է Թուրքիոյ մէջ: Վերջին դէպքը կապուած է Հրանդ Տինքին հետ, որ անընդհատ կը հալածուէր, կը հետապնդուէր «թրքութիւնը վիրաւորելու համար» եւ ի վերջոյ սպաննուեցաւ, երբ բացայայտեց, որ Քեմալ Աթաթուրքի որդեգիր դուստր և Թուրքիոյ առաջին կին ռազմական օդաչու Սապիհա Կէօքչենը իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով որբացած հայ աղջիկ մը եղած է: Մէկ այլ պարագայի, Թուրքիոյ նախորդ նախագահը խորհրդարանի մէջ ընդդիմադիր կուսակցութեան անդամին դատի տուած էր, որովհետեւ վերջինս պնդած էր, որ` «ան կը սերի Կեսարիոյ հայկական ընտանիքէ մը»:
Դեռ աւելի՛ն. երկրի մը մէջ, ուր հայկական ապրանք վաճառելն անգամ ամենամեծ մեղքը կը յամարուի, կան բազմաթիւ փաստագրուած ու փաստեր չունեցող պատմութիւններ` հայկական ծագում ունեցող յայտնի թուրքերու մասին, որոնց շարքին` Թուրքիոյ նախորդ նախագահը, նախկին նախագահներէն մէկուն կինը եւ քանի մը ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ: Փաստագրուած պատմութիւններէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ ընդդիմութեան ծայրայեղ ազգայնական նախկին առաջնորդին ընտանիքը իրականութեան մէջ սեւծովեան շրջանի իսլամացած հայ ընտանիքներէն եղած է, եւ այդ ընտանիքի հայ ժառանգները հիմա կ՛ապրին Քանատա:
Երբ ծագումնաբանական այս կայքը պաշտօնապէս հանրայնացուեցաւ, զիս անմիջապէս հետաքրքրեց, թէ ինչպէ՛ս ծպտեալ հայերու (հայերն ու անոնց ժառանգները, որոնց բռնի կրօնափոխ ըրած են Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին) ծագումը նշուած է այնտեղ: Այդ արագ հետազօտութիւնը ցոյց տուաւ, որ անոնցմէ եւ ոչ մէկը նշուած էր որպէս հայ: Անոնց ընտանեկան պատմութիւնը կը սկսէր արդէն իսլամացած ու իսլամական անուն կրող նախնիներու անունէն: Հակառակ անոր որ կան ապացոյցներ, որ կառավարութիւնը մանրամասն արձանագրութիւններ կը պահէ թուրքերու եւ քիւրտերու մէջ իսլամացած հայերու վերաբերեալ, սակայն այդ արձանագրութիւնները չեն հանրայնացուած կամ առկայ չեն այս նոր կայքին մէջ: Հետաքրքրական է, որ ապացուցուած է, թէ բազմաթիւ հայեր սպաննուած են, կորած կամ տեղահանուած են Ցեղասպանութեան ընթացքին, սակայն անոնք այդ կայքին մէջ տակաւին կը նշուին ողջերու շարքին: Բազմաթիւ հայ ընտանիքներ, որոնք գիտեն հիմնականին մէջ մինչ 1850-ական թուականներուն ծնած իրենց տատիկ-պապիկներու ողբերգական ճակատագրին մասին, այս կայքին մէջ կը յայտնաբերեն, որ այդ մարդիկ, համաձայն կայքին առկայ կեղծ տուեալներուն, դեռ հրաշքով կենդանի են:
Ես կը ցանկայի ներկայացնել ծագման հետ կապուած երկու հետաքրքրական եւ քիչ յայտնի պատմութիւններ:
1880-ական թուականներուն Մալաթիոյ գիւղերէն մէկուն մէջ հարուստ հայ ընտանիք մը կ՛ապրէր: Շրջանը անընդհատ ահաբեկութեան ու ոտնձգութիւններու կ՛ենթարկուի քիւրտ ցեղախումբերուն կողմէ, անոնք անընդմէջ կը յարձակէին շրջանի գիւղերուն վրայ: Այդ ժամանակ հայերը կը սկսին կազմել պաշտպանական ուժեր ու համախմբել ֆետայիները, որպէսզի պաշտպանեն հայկական գիւղերը: Հայ ֆետայի առաջնորդներէն մէկը անգամ մը կը դիմէ այդ հարուստ ընտանիքի նահապետին եւ գումար կը խնդրէ զէնք ու ձիեր գնելու համար: Այդ հարուստ հայը կը պատասխանէ, որ երկու օրուան ընթացքին կ՛որոշէ` տա՞լ այդ գումարը, թէ՞ ոչ: Երկու օր անց հայ ֆետային կը վերադառնայ, եւ հարուստ հայը կը մերժէ անոր գումար տալ: Ֆետային առանց վարանելու` կը կրակէ ու կը սպաննէ զայն: Անոր այրին նորածին որդիին հետ կը փախչի Զմիւռնիա, ուր ան իսլամութիւն կ՛ընդունի եւ կը մեծցնէ իր որդին` հայերու նկատմամբ ծայրայեղ ատելութիւն սերմանելով: Այդ տղան Իսմեթ Ինէօնիւն (1884-1973) է` Թուրքիոյ երկրորդ նախագահը` Քեմալ Աթաթուրքէն ետք. ան, ըստ երեւոյթին, եղած է հայերու ու Թուրքիոյ մէջ բնակող փոքրամասնութիւններու թշնամիներէն մէկը` իթթիհատական առաջնորդներէն ետք:
Ինէօնիւն օրակարգ կը բերէ 1942 թուականին «Ունեցուածքի հարկի» (Varlik Vergisi) մասին օրէնքը: Ակնյայտ էր, որ սոյն օրէնքը կը հրապարակուէր օգնելու համար Թուրքիոյ` յաղթահարել պատերազմական տարիներու տնտեսական դժուարութիւնները եւ նպատակ ունէր կործանել ազգային փոքրամասնութիւնները: Հարկերը կը գանձուէին ըստ ազգային ծագման. հարկին չափը, ընդհանուր ունեցուածքի համեմատած, հայերուն համար կը կազմէր 232 տոկոս, 184 տոկոս` հրեաներու, 159 տոկոս` յոյներու համար, իսկ թուրքերու համար` միայն 4,9 տոկոս: Վճարելու համար անոնց կը տրուէր 15 օր, եւ ան, որ չէր կրնար վճարել, կը ձերբակալուէր եւ կ՛ուղարկուէր երկրի արեւելեան շրջաններ` աշխատելու քարհանքերու մէջ ու կառուցելու ճանապարհներ կամ փապուղիներ: Սա փաստօրէն կը նշանակէր փոքրամասնութիւններէն հարստութեան փոխանցում թուրքերուն:
Բազմաթիւ հայեր իրենց գործերը չափազանց աժան գիներով վաճառելէ ետք կը սնանկանային, սակայն միեւնոյնն է, չէին կրնար հաւաքել պահանջուած գումարը եւ ուղարկել աշխատաւորական ճամբարներ ու կը մահանային այնտեղ: 1964 թուականին` Կիպրոսի ճգնաժամի ժամանակ, Ինէօնիւ կրկին կը ճնշէ յոյները: Մօտ 45.000 յոյն տեղահանել կու տայ. անոնք միաժամանակ Թուրքիոյ ու Յունաստանի քաղաքացիներ էին: Անոնց տրուած էր 10 օր, որ ձգեն իրենց աշխատանքները, ունեցուածքը եւ լքեն երկիրը: Անոնց թուլատրուած էր իրեց հետ վերցնել միայն 20 տոլար ու 20 քկ իր: Ինէօնիւի հայկական ծագման մասին պատմութիւնը կը հաստատէ նաեւ յայտնի պատմաբան փրոֆեսոր Փարս Թուղլաճըն (Բարսեղ Թուղլաճեանը) (1933-2016), որ Ինէօնիւի ընտանիքի բարեկամն էր:
Ալի Քեմալը եղած է Օսմանեան կայսրութեան մէջ յայտնի լրագրող, ինչպէս նաեւ` «Իքտամ» պարբերականի խմբագիրը` 1910-ական թուականներուն: Ան նաեւ ընդդիմադիր Ազատութիւն եւ համաձայնութիւն (HՖrriyet ve Itilaf) կուսակցութեան անդամ էր ու իշխող կուսակցութեան` Միութիւն եւ յառաջադիմութիւն սուր քննադատը: Ան բուռն կերպով կը քննադատէր ղեկավար կուսակցութեան` պատերազմի մէջ մտնելու որոշումը եւ իր իսկ հայ քաղաքացիներուն նկատմամբ «պատերազմական յանցագործութիւններ ու ջարդեր» իրականացնելը: Անոր խմբագրականներն ու ի պաշտպան հայերու քաղաքական ելոյթներն այնքան ազդեցիկ էին, որ իթթիահատամէտ մամուլը զայն կ՛անուանէր «Արթին Քեմալ» (Արթինը հայկական անուն է, Յարութիւնի կրճատ տարբերակը):
Պատերազմէն ետք, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը պարտութիւն կրեց, իթթիհատական առաջնորդները փախան երկրէն, սուլթանը նոր կառավարութիւն նշանակեց, եւ Քեմալը կարճ ժամանակ մը դարձաւ ներքին գործերու նախարար: Քեմալը անխնայ կը պահանջէր դատապարտել ու պատժել իթթիհատական առաջնորդները: Ան կը շարունակէր իր սուր քննադատութիւնը իթթիհատական առաջնորդներուն վերաբերեալ ու հանդէս գալ հայերու իրաւունքներու պաշտպանութեան դիրքերէն, այդ պատճառով իր բրիտանացի կնոջ ու երեխաներուն անվտանգութեամբ մտահոգ` զանոնք կ՛ուղարկէ Անգլիա: Ցաւօք սրտի, ալիքը կը շրջի դէպի ան, երբ Աթաթուրքը ապստամբութիւն կը բարձրացնէ, Անգարայի մէջ իշխանութիւնը իր ձեռքը կը վերցնէ ու գահընկէց կ՛ընէ սուլթանը եւ Պոլսոյ կառավարութիւնը: Ալի Քեմալը Պոլիս գտնուող Թոքաթլըեան հիւրանոցին մէջ տեղակայուած վարսայարդարի խանութին մէջ կը ձերբակալուի: Իսկ երբ զայն կը տանին Անգարա` դատելու, Աթաթուրքի հրամանատարներէն մէկը` «արիւնարբու» Նուրէտտին փաշան (զայն արիւնարբու կը կոչէին իր կարմիր մօրուքին, ինչպէս նաեւ ահաւոր դաժանութեան համար), կը պատուիրէ իր զինուորներուն լինչի դատաստան տեսնել Քեմալի հետ: Զայն մաս-մաս կ՛ընեն դեռ ողջ վիճակի մէջ:
Քեմալին ընտանիքը բնակութիւն կը հաստատէ Բրիտանիա: Անոր մեծ թոռը Պորիս Ճոնսընն է, որ եղած է Լոնտոնի քաղաքապետը, իսկ հիմա արտաքին գործոց նախարարն է: Որպէս հմուտ դիւանագէտ` Ճոնսընը Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին շարունակաբար կ՛ըսէ, որ Մեծն Բրիտանիան կ՛ընէ ամէն հնարաւոր բան, որպէսզի Թուրքիան անդամ դառնայ Եւրոմիութեան, բայց միեւնոյն ժամանակ կը պաշտպանէ Պրեքսիթը (Միացեալ Թագաւորութեան հեռացումը Եւրոպական Միութենէն «Ակունք»-ի խմբ.)` պնդելով, որ եթէ Թուրքիան մտնէ Եւրոպական Միութիւն, Բրիտանիան կ՛ողողուի թուրք գաղթողներով:
Թերեւս այս քաղաքականութիւնը ծիծաղելի կ՛ըլլար, եթէ այս պատմութիւնները այդքան ողբերգական չըլլային:
Անգլերէնէ թարգմանեց`
ԱՆԻ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
«Ակունք»