Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Գ. – Արտաքին Հին-Նոր Վտանգներ
Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութկեան 100-ամեակի նշումը եթէ առիթ է վերադառնալու անոր ստեղծած ու անկէ ժառանգ մնացած արժէքներուն, անժամանցելի աւանդներուն, նոյն ատեն հրաւէր է քաղաքական շրջահայեացութեան եւ իրազեկ ըլլալու այդ օրերէն ի վեր մեր հայրենիքը պաշարող վտանգներուն ու մարտահրաւէրներուն, որոնք կապ ունին Հայաստանի ու մեր ժողովուրդի ճակատագիրին, լինելութեան հետ: Հանրապետութեան արարման նախօրեակին, անոր կեանքի օրերուն թէ անկումէն ետք, շատ աւելի բացայայտ...
















