Անդրադարձ

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

«Հայոց Պետականութեան Վերածնունդի 100 Էջերը» Ալպոմի Շնորհահանդէս Եւ Վաւերագրական Լուսանկարներու Ցուցադրութիւն Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պարոյր  Սեւակ» մասնաճիւղին, շաբաթ, 22 սեպտեմբեր 2018-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններու անկախութեանց  27-րդ տարեդարձներուն առիթով  ու Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին նուիրուած  «Հայոց պետականութեան վերածնունդի  100  էջերը» ալպոմի  շնորհահանդէս եւ վաւերագրական  լուսանկարներու  ցուցադրութիւն: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Յակոբ Այնթապլեան: Ան ըսաւ, որ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան 100-ամեակին...

Վկայաբանութիւն Սուրբ Գէորգ Զօրավարի Եւ Նրանց, Ովքեր Նրա Հետ Նահատակուեցին (Ըստ Յայսմաւուրքի)

Վկայաբանութիւն Սուրբ Գէորգ Զօրավարի Եւ Նրանց, Ովքեր Նրա Հետ Նահատակուեցին (Ըստ Յայսմաւուրքի)

Գրաբարից թարգմանեց ԱՆՆԱ ԿԻՇԻՆԵՒՍԿԱՅԱՆ ՍԵԵՄ լրագրողական ակումբ Ս. Գէորգը` Քրիստոսի քաջամարտիկ մարտիրոսը, արի նահատակը, մարտիրոսների պարծանքի թագը եւ Քրիստոսի յաղթող զօրականը, կապադովկացիների գաւառից էր, որ հայերը Գամիրք էին կոչում: Նրա անունը թարգմանւում է «մշակ», «հողագործ»: Նա մեծատուն ծնողների առաքինի զաւակ էր` ազատների եւ քաջերի ազգից: Ս. Գէորգը տարիքով երիտասարդ էր, վայելուչ էր հասակով եւ տեսքով գեղեցիկ: Լինելով արեւելեան զօրագնդի զօրավար`...

Մեր Հաւաքական Շահերը` Ամէն Բանէ Վեր

Մեր Ազգային Կեանքի Որակական Բարեփոխման Ի Խնդիր

ՄԱՐՏԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի հայութեան պարզած վիճակը եւ յատկապէս վերջին տարիներու Սուրիոյ պատերազմին պատճառով սուրիահայութեան պարզած պատկերը բոլորիս ծանօթ է: Այս կացութիւնը եւ անոր հետեւանքները աւելի քան մտահոգիչ են, մանաւանդ երբ նկատի ունենանք, որ երկար տարիներ Հայ դատի հետապնդման պայքարին մէջ առանցքային ի՛նչ կարեւորութիւն տուած ենք Միջին Արեւելքի հայկական համախումբ կեանքին: Մանաւանդ` Հայաստանի Հանրապետութեան ու բռնագրաւեալ հայկական տարածքներուն մերձ...

«Մենք Խոնարհ Ժողովուրդ Ենք»

Ամէնէն Երկար Թռիչքը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Հաւատացի արդարութեան արժէքին, քանի շատ անարդարութիւն տեսայ, երբ կը մեծնայի»: Իմ աշխատանքային ասպարէզիս վերջին երեսուն տարիները, մինչեւ այսօր, եղած են ճամբորդութիւններով լեցուն: Եթէ ճամբորդութիւնները ընդգրկեցին աշխարհի տարբեր կողմերը` ներառելով թռիչքներ տարբեր ուղղութիւններով եւ ժամերով, բայց չէի կրնար պատկերացնել, որ նաեւ պիտի կատարէի ամէնէն երկար թռիչքը` ըստ վիճակագրական տուեալներու: Քաթարէն մինչեւ Նոր Զելանտա` աւելի քան տասնութ ժամ: Այս...

Անդրադարձ.  Կանաչ Լոյսն Ու Թրամփեան Այլ Կեցուածքներ

Անդրադարձ. Կանաչ Լոյսն Ու Թրամփեան Այլ Կեցուածքներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ծիրին մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Իտլիպի մէջ ահաբեկիչներուն կարելի է վերջ տալ` քաղաքայիններու շարքերուն մէջ նուազագոյն կորուստներով: Ան ըսաւ, թէ Փոմփէոյին եւ Պոլթընին հրամայած է միլիոնաւոր քաղաքային զոհերու արձանագրումը չարտօնել` ընդգծելով. «Ատիկա չի նշանակեր, թէ սուրիական բանակը չի կրնար զգուշ կերպով վարուիլ, այդտեղ մուտք գործել եւ ահաբեկիչներուն...

ԶԱՒԷՆԸ

ԶԱՒԷՆԸ

ՍԵԴԱ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ-ԽՏԸՇԵԱՆ Զաւէնին հետ առաջին հանդիպումս եղած  է 1956-1957 թուականներուն, երբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետ Զարեհ Ա.  հովուական այցելութիւն մը պիտի տար Թրատ թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Կաթողիկոսական պատուիրակութիւնը պիտի անցնէր Թոմարզա թաղէն, մեր տան առջեւէն, եւ ուրեմն սովորութիւն էր  բարի գալուստի կամարներով դիմաւորել ազգի առաջնորդը, որ նախագահի կամ թագաւորի հանգամանք ունէր  այդ օրերուն: Հայրիկս շինեց շատ գեղեցիկ բարձր...

Զաւէն Խտըշեանի Անդարձ Մեկնումին Առիթով.  «Յաւերժութեան Ճամբորդ»-ը

Զաւէն Խտըշեանի Անդարձ Մեկնումին Առիթով. «Յաւերժութեան Ճամբորդ»-ը

Անդարձ մեկնումը Զաւէն Խտըշեանի նման կայացած քանդակագործի մը` խիստ ցաւալի է անշուշտ: Սակայն, տրուած ըլլալով, որ անոր արուեստը իր բնոյթով ու վեհաշուք ուրոյն գեղեցկութեամբ հպարտութիւն կ՛առթէ թէ՛ մեզի` լիբանանահայերուս, եւ թէ՛ առհասարակ Լիբանանի հասարակութեան, ան արժանի էր արժանապատիւ ու առնուազն համագաղութային հրաժեշտի: Եւ տրուած ըլլալով, որ այս տաղանդաշատ կերպարուեստագէտը թէեւ ունէր զարտուղի նկարագրային գիծեր ու շեղումներ, այնուամենայնիւ ան խիստ մարդկային...

Հայ Դպրոցը` Հայակերտման Ամրոց

ՔՐԻՍՏԱՓՈՐ ԻՍԿԷՆՏԷՐԵԱՆ Ապագայ լրագրող Հայ դպրոցին առաքելական դերը հայկական գաղութներուն մէջ միշտ եղած է ու պէ՛տք է մնայ անմիջական: Հայ դպրոցը հարազատ տունն է հայ մանուկին: Հայ դպրոցը տունն է նաեւ միա՛յն նուիրեալ հա՛յ ուսուցիչին եւ ո՛չ թէ հայկականութենէ զուրկ ու միայն նիւթական շահեր հետապնդող «ուսուցիչ»-ին: Հայ դպրոցը սոսկ ուսումնարան չէ, հայ դպրոցը սոսկ քարաշէն կառոյց չէ, հայ դպրոցը հայակերտման...

«Նէլսըն Մանտէլան Խորհրդանիշ Կը Մնայ Բռնութիւնը Ոչ Բռնի Միջոցներով Յաղթահարելու Քրիստոնէական Սկզբունքին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նէլսըն Մանտէլան Խորհրդանիշ Կը Մնայ Բռնութիւնը Ոչ Բռնի Միջոցներով Յաղթահարելու Քրիստոնէական Սկզբունքին» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Քանի մը օրեր առաջ, ՄԱԿ-ի կազմակերպութեամբ, Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Նէլսըն Մանտէլայի յիշատակին նուիրուած համագումար մը` իր ծննդեան 100-ամեակին առիթով: Նկատի ունենալով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անձնապէս ճանչցած Նէլսըն Մանտէլան եւ հանդիպում ունեցած է անոր հետ, Cilicia TV-ն դիմեց վեհափառ հայրապետին` որոշ տեղեկութիւններ քաղելու ու իր տպաւորութիւնները ունենալու ափրիկեան այս մեծ անձնաւորութեան մասին: Նորին սրբութիւնը հետեւեալը...

Սիրոյ Բացակայութեան

Մերն Ուրի՜շ Է…

ԿԱՐՕ ԹԱՇՃԵԱՆ 1982 ապրի՞լ. ժամը երեքին կը սկսի պատերազմը, եթէ... Իսրայէլ վերջնագիր տուած է Սուրիոյ... Այսքան բան կը յիշեմ: Գիւղի պահակ տղաքը ինքնաշարժներով կը շրջին Այնճարի փողոցները եւ բարձրախօսներով կը յիշեցնեն մեզի, որ պէտք է տուներուն մէջ փակուիլ: Փողոցները ամայացած են, ամէն մարդ կը սպասէ ժամը երեքին... Ժամը երեք. ահաւոր հռնդիւնով իսրայէլեան օդանաւերը կը յարձակին` ոչնչացնելով սուրիական հակաօդային պաշտպանութեան մեծ...

Ակնարկ.  Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

Ակնարկ. Արտաքին-Ներքին Նոր Հանգամանքներ` Կազմելու Համար Նոր Կառավարութիւնը

Լիբանանի կառավարազուրկ իրավիճակը կը թուի, որ երկիրը ընդհանուր անդամալուծման չէ առաջնորդած: Ընթացիկ հարցերու կառավարումը շարունակող նախարարներու խումբը նման կարգավիճակի մէջ թէկուզ սահմանափակ իրաւասութիւններով կը շարունակեն գործադիր իշխանութեան ընթացիկ գործունէութիւնը: Աշխուժութիւն ցոյց տուաւ խորհրդարանը, որ օրինագիծեր որդեգրելով անցում կատարեց նաեւ տնտեսութեան բարելաւման միտող օրակարգերու քննարկումին: Մինչ հանրապետութեան նախագահը ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի համար Նիւ եորք կատարած իր այցելութեան շրջանակներուն մէջ միջնախագահական հանդիպումներու...

Խաչիկ Տէր Ղուկասեան ներկայացուց իր աշխատութիւնը Միջին Արեւելքի տագնապին մասին

«Արիւնոտ Դրօշ»-Էն «Յաղթանակի Վարդեր» Ու Դաշնակցութեան Կարմիրը

Խ. ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թաւշեայ Յեղափոխութեան յաջորդած հայաստանեան քաղաքական նոր հանգրուանի առաջին ընտրութիւնները տեղի ունեցան ի դէմս քաղաքամայր Երեւանի Աւագանիի ընտրութիւններուն: Անկախ անոնց վերջնական արդիւնքէն եւ քաղաքական նոր դաշտի կազմաւորման իմաստով թելադրած անհրաժեշտ խորհրդածութենէն, կասկած չկայ, որ ընտրապայքարը ինքնին լուսարձակի տակ առնուելու առանձին երեւոյթ է: Անոր ամենաշատ աղմուկ հանած իրադարձութիւններէն մէկը եղաւ վարչապետ Փաշինեանի սատարած թեկնածուին՝ Հայկ Մարութեանի «սեւ-ու-սպիտակ» ելոյթը: Այդ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ, Դէպի Ապագայ – Դ. – Լուսանցքայնացուած Աւանդներ, Իրագործումներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի վերանկախացումէն առաջ ալ Հայաստանի անկախ հանրապետութեան ու անոր ներկայացուցիչներուն կողմէ իրագործուած են այնպիսի քայլեր, որոնք անդրանիկ հանրապետութեան օրերուն բիւրեղացած արժէքներուն մարմնաւորման ենթահողը կը կազմէին եւ, սակայն, միջազգային քաղաքական մրցակցութիւններու եւ խաղերու պատճառով, լուսանցքայնացուած են, մինչեւ իսկ մենք` այդ արժէքներուն տէրերս, որոշ կասկածով կամ անվստահութեամբ մօտեցած ենք անոնց կամ կը դիտենք զանոնք` ընդհանրապէս տարուելով նոյնինքն այլոց հաշիւներէն բխող...

Գրողի Անկիւն.  Լեղի Իրականութիւնը

Գրողի Անկիւն. Լեղի Իրականութիւնը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Շատ տարիներ առաջ, Միջին Արեւելքէն նոր տեղափոխուելով ու այս երկիրը հաստատուելով, երեք եղբայրներով հազիւ տուն տեղ եղած էինք, երբ յանկարծ, ակամայ, պայմաններու բերումով, իրարմէ կը բաժնուէինք: Ամէն մէկս Միացեալ Նահանգներու տարբեր նահանգներու մէջ կը սկսէինք շարունակել մեր կեանքը: Յուզումնախառն բաժանումի այդ օրերուն երեքով որոշած էինք գոնէ տարին անգամ մը եւ յատկապէս երկար շաբաթավերջի մը զուգադիպող արձակուրդին իրարու քով...

Խմբագրական «Ազատ Արցախ»-ի. – Հերթական Հանդիպում. Դարձեալ Հերթապա՞հ

Մամուլում արդէն ազդարարուել է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործերի նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Էլմար Մամետեարովի առաջիկայ հանդիպման մասին, որը պէտք է տեղի ունենայ յաջորդ շաբաթ Նիւ Եորքում բացուող ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 73-րդ նստաշրջանի շրջանակներում: Շատերն են հարցնում` արժէ՞ այդ հանդիպումից ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման շուրջ լուծումներ ակնկալել, առաւել եւս` ճեղքումային: Պատասխանն առաւել քան ակնյայտ է` ո՛չ: Յայտնի ճշմարտութիւն է` ամէն ինչ...

Արամ Մանուկեան. Սպասուած Վերադարձ Հայրենի Եզերք

Պաքուն Փորձում Է Քանդել Հակամարտութեան Կծիկը: Ինչպէ՞ս

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Թելի կծիկը, ինչպէս գիտենք, երկու ծայր ունի, մէկը գնդի ներսում է, միւսը` երեսին: Բնականաբար կծիկը քանդելու համար քաշում են թելի ոչ թէ ներսի, այլ երեսի ծայրից: Հակառակ դէպքում` կծիկը կը խճողուի, եւ այն քանդելու միակ միջոցը կը մնայ թրի մէկ հարուածով առաջացած «գորդեան հանգոյցը» երկու կէս անելու Մակեդոնացու միակ նախադէպը: Դատելով մեր տարածաշրջանում առկայ ռազմաքաղաքական լարուած...

Էրտողանին Նախապայմանը Յստակ Է

Էրտողանին Նախապայմանը Յստակ Է

Ա. Ա. Հայաստան-Թուրքիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու կարգաւորման մասին Ցիւրիխեան փաստաթուղթը չեղեալ հռչակուելէն ի վեր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան այսքան անկեղծ եւ յստակ յայտարարութիւն չէր կատարած: Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ կայացած հանդիսութեան ընթացքին, որ նուիրուած էր Կովկասեան իսլամական բանակին կողմէ Պաքուի «ազատագրման» հարիւրամեակին, Էրտողան յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին լուծումը կենսական պայման մըն է, որպէսզի Անգարա դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատէ Երեւանի հետ: Ան նաեւ...

Ակնարկ. Միջազգային Վարկի Ապահովման Դիտակէտով

Ակնարկ. Միջազգային Վարկի Ապահովման Դիտակէտով

Վարագոյրը իջաւ Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւններուն վրայ: Ներհայաստանեան առումով տակաւին կը քննարկուի մասնակցութեան համեմատութիւնը. Ճշգրիտ տուեալներու հիման վրայ կը ներկայացուին քաղաքապետական նախորդ ընտրութիւններու մասնակցութեան քանակը, համապետական ընտրութիւններու եւ համայնքային ընտրութիւններու մասնակցութեան շարժառիթներու տարբերութիւնները եւ իւրաքանչիւր քաղաքական ուժի նախապէս ապահոված քուէներու չափն ու յետյեղափոխական իրավիճակին մէջ իւրաքանչիւրին նկատմամբ ժողովրդային ընկալելիութեան խնդիրները: Անկախ ներքին հարթութեան վրայ տարատեսակ մեկնաբանութիւններէն, կայ մանաւանդ արդար ընտրութիւններու մասնակցած...

Արարատի Գագաթին Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ…  Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

Արարատի Գագաթին Եռագոյն Պարզել Կ՛ուզեմ… Իրականացած Փափաք Եւ Շօշափելի Երազ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Ու կը շարունակենք հոգեպէս բարձրանալ արարատագնացներուն հետ. «Յուլիս 11 - Աւելի ցից ու ժայռոտ էր ճամբան, գրեթէ 5 ժամ քալեցինք ու  բարձրացանք 3200 մեթրէն մինչեւ մօտաւոր 4200 մ, օդը արեւոտ էր, կապոյտ երկինք,  քիչ մը աւելի ցուրտ: Հակառակ ցից ըլլալուն` աւելի դիւրին կրցանք բարձրանալ: Հասանք 2-րդ բանակավայրը, քիչ մը հանգիստ ըրինք, եւ հոն մեզի ըսուեցաւ, որ պէտք էր...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Բ. –  Ո՞վ Պիտի Տուժէ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Սեպտեմբեր Բ. – Ո՞վ Պիտի Տուժէ

Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան եւ Յատուկ քննչական ծառայութեան ղեկավարներու հեռաձայնային զրոյցին գաղտնալսումը ապօրինի ու դատապարտելի է անտարակոյս: Անոր բովանդակութիւնը չ’արդարացներ կատարուած օրինախախտումը: Միեւնոյն ժամանակ, սակայն, դատական համակարգի անկախութիւնը խախտող մտահոգիչ երեւոյթ մը երեւան կը բերէ: Երեւոյթ մը, որ արդարանալի չէ Հայաստանի կառավարման համակարգը ժողովրդավարութեան հիմքին վրայ հաստատել փորձող կողմերու ճիգերուն մէջ: Համակարգը փոխելու համար նախ քաղաքական դաշտին մէջ գործող ուժերուն առարկայական...

Page 505 of 806 1 … 504 505 506 … 806

Արխիւներ