Անդրադարձ

Տարեվերջի Խմբագրական Նիւթեր (Ա.)  «Հայ Մամուլի Տարի»-ն Եւ «Ազդակ»-ը

Տարեվերջի Խմբագրական Նիւթեր (Ա.) «Հայ Մամուլի Տարի»-ն Եւ «Ազդակ»-ը

Անցնող տարին «Հայ մամուլի տարի» էր: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հռչակած «Հայ մամուլի տարի»-ն առիթ էր հանգամանօրէն եւ միացեալ ձեւաչափով հայ մամուլին առջեւ ծառացած բազմատեսակ խնդիրները քննարկելու: Սփիւռքի նախարարութեան վերաձեւափոխումով անցումային ժամանակաշրջան յառաջացած էր, որ իր կարգին լրատուամիջոցներու համախմբուած աշխատանքները առկախած էր: «Հայ  մամուլի տարի»-ն լիարժէք ծառայեց նաեւ այդ համախմբումի վերականգնման: Այս առիթով Անթիլիասի մէջ կազմակերպուած համահայկական ժողովը յաջողեցաւ համախմբել...

Նշմար.  Թրքամէտ Եւ Հակաթուրք Ուժերու  Հակամարտութիւնը

Նշմար. Թրքամէտ Եւ Հակաթուրք Ուժերու Հակամարտութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լուսարձակները Սուրիայէն կը տեղափոխուին Լիպիա: Արդարեւ, Ռուսիոյ աջակցութիւնը վայելող Սուրիոյ բանակը յառաջխաղացք կ՛արձանագրէ եւ, ըստ էմիրաթական «Խալիժ» օրաթերթին, Իտլիպի ազատագրման գործողութեան շղթայազերծման առաջին չորս օրերուն ընթացքին յաջողած է ազատագրել աւելի քան 40 գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ` շուրջ 320 քառակուսի քիլոմեթր տարածք մը: Թուրքիան, Իտլիպի մէջ իրեն համար ոչ բարենպաստ եղող այդ զարգացումին լոյսին տակ, սկսած է թրքամէտ զինեալներն ու...

Սլաք.  Մեր «Տժվժիկ»-ները

Սլաք. Մեր «Տժվժիկ»-ները

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ Ընդհանրապէս տհաճ եւ խրտչեցնող է երախտիք մը յիշեցնելու երեւոյթը: Ատրպետի «Տժվժիկ»-ը հրաշալի մեղադրական կամ դատապարտում է այդ ախտին: Մեր ամէնօրեայ գործածութեան մէջ մտած բառերէն, արաբական ծագումով եւ թրքական ածանցաւորումով «միննեթճի» բառն ալ նոյնքան կը դատապարտէ այդ թերութիւնը: Բայց հարցում մը. ո՞րն է աւելի ընդվզեցուցիչը` երախտագիտութիւն պահանջե՞լը, թէ՞ ապերախտութիւնը: Այս առնչութեամբ բոլոր տեսակէտները յարգելով հանդերձ, անգամուան մը համար ես ինծի...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Տարին Կը Փակուի Տագնապին Չփակուող Թղթածրարով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Տարին Կը Փակուի Տագնապին Չփակուող Թղթածրարով

2019-ն յատկանշուեցաւ սուրիական տագնապին վրայ ազդեցութիւն ունեցող արտաքին ուժերու շահերուն բախումով: Սուրիական պատերազմին շիջումը աւետող տարեմուտէն քանի մը շաբաթ անց բացասական զարգացումներ գլուխ ցցեցին: Միացեալ Նահանգներու կողմէ պարտադրուած տնտեսական շրջափակման հետեւանքով սուրիական դրամանիշը նկատառելի անկում կրեց, որուն պատճառով ալ աճ արձանագրեցին անգործութեան եւ սղաճի տոկոսները: Թրքական ուժերուն ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջաններ` կրկին տեղահանութեան ենթարկեց շրջանի բնակչութիւնն ու վերաշխուժացուց ահաբեկչական խումբերու...

Ակնարկ.  Գաղտնաբառի Աւանդական  Ոճն Ու Իրաւական Պետութիւնը

Ակնարկ. Թէ՛ Մասնագէտ, Թէ՛ Քաղաքագէտ

Վարչապետի նշանակումը կամ նախատօնական փուլը տակաւին լաւատեսութիւն չեն հաղորդած լիբանանցի ժողովուրդին, որ ընդամէնը ճգնաժամի ընթացքի մէջ դադարի (թայմ աութ) իրականութեան առջեւ գտնուելու համոզումը ունի: Նշանակուած վարչապետը ճիգի մէջ է սեղմ ժամանակի մէջ սեղմ կազմով կառավարութիւն ձեւաւորելու: Իր պատկերացումին համաձայն անիկա պիտի ըլլայ փոքրաթիւ եւ անկախ: Եթէ փոքրաթիւի սահմանները կարելի է պատկերացնել, ապա անկախ բնութագիրի ընկալումն ու իրականացումը նոյնքան պարզ չեն:...

Սուրբ Ծնունդի Պատգամ.  Քրիստոսի Ծնունդով` Աստուծոյ  Շնորհքը  Յայտնուեցաւ

Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս Պատրիարքին Ս. Ծննդեան Պատգամը. «Ան Ճշմա՛րտապէս Աշխարհ Եկաւ Եւ Մարդացաւ` Անկեալ Մարդը Վերականգնելու Ու Փրկելու

«Հրեշտակը ըսաւ հովիւներուն. Մի՛ վախնաք, ահա մեծ ուրախութիւն մը կ՛աւետեմ ձեզի. Փրկի՛չ մը ծնաւ այսօր ձեզի» (Ղկ 2, 11) Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր, Համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը հռչակէ այսօր մեծագոյն եղելութիւնը, որ տեղի ունեցած է աստուածային արարչագործութենէն ետք, երբ հրեշտակները հռչակեցին, թէ աշխարհ եկած է աշխարհի Փրկիչը, Բեթղեհէմ կոչուած անծանօթ գիւղի մը մէջ, մինչ բուռ մը հովիւներ, գիշերանց, հեռու աշխարհի...

Անդրադարձ.  «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

Ապրի՛ Լիբանանահայութիւնը

ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ Հայկական երեսփոխանական պլոքի «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» նախաձեռնութեան յայտարարութիւնը եղած էր արդէն: Ինչքան ալ հաւատքը մեծ էր այդ հսկայ գործին յաջողութեան, այնուամենայնիւ կը մնար այն փոքր մտավախութիւնը, որ մէկ-մէկ ալ տարբեր հարցադրումներով կը փորձէր պղտորել միտքերը: Այո՛, նման նախաձեռնութիւն նորութիւն չէր լիբանանահայ գաղութին համար, բայց տնտեսական վատ պայմաններու սարսափելի հարուածէն անմաս չէին մնացած հայ ընտանիքները եւ հայկական...

Ծանր Աշխատանքը Հիմա Կը Սկսի

Անաչառութեան եւ Ներքին Դիւանագիտութեան Բացը

ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ Դեկտ. 19, 2019 Գաղտնիք չէ, որ հայ ժողովուրդը ընդհանրապէս չէ կարողացած քաղաքական միասնակամութիւն ցուցաբերել։ Տխո՛ւր իրողութիւն է, որ անցած դարուն, իբրեւ ազգ, մեզ միաւորող գլխաւոր եւ մնայուն ազդակը եղած է Ցեղասպանութիւնը։ Ատկէ դուրս, հազուադէպ եւ կարճատեւ եղած են պատմական այն ժամանակամիջոցները երբ հայ ժողովուրդը կրցած է միանալ, եւ նոյնիսկ այդ բացառութիւնները պատահած են, երբ մենք մեզ գտած ենք...

Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներուն Տօնին Ընդառաջ

Սուրբ Պետրոս Եւ Սուրբ Պօղոս Առաքեալներուն Տօնին Ընդառաջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւն ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ Այս տարի Հայ առաքելական եկեղեցին Ս. Պետրոս եւ Ս. Պօղոս առաքեալներուն յիշատակի օրը կը տօնէ հինգշաբթի, 26 դեկտեմբերին: Գեղեցիկ աւանդութիւն եւ առիթ մըն է` շնորհաւորելու բոլոր անոնք, որոնք այս երկու ականաւոր սուրբերուն անունները կը կրեն, եւ` յիշելու անոնց օրինակելի կեանքերը: Յաճախ, երբ սուրբերու մասին խօսինք, կը կեդրոնանանք անոնց կեանքի այն դէպքերուն, իրագործումներուն եւ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ. Թրամփ Յանցապարտ. Յետոյ Ի՞նչ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ու պատահեցաւ... սպասելին. չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերի երեկոյեան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունը որդեգրեց երկու բանաձեւ, որոնց հիմամբ նախագահ Տոնըլտ Թրամփ պաշտօնապէս ամբաստանուեցաւ իր պաշտօնը անձնական շահերու ծառայեցնելու եւ անոնց շուրջ խորհրդարանական քննութիւնները խափանելու յանցանքներով: Այսպիսով, Սպիտակ տան պետը պատմութեան կ՛անցնի իբրեւ ամենալուրջ սխալները գործող` յանցապարտ նախագահ, անկախ այն հարցումէն, թէ յառաջիկայ յունուարին ծերակոյտը իր ձայնը պիտի միացնէ՞ Ներկայացուցիչներու տան,...

Նաւասարդ Ճեպել Մուսայի Լերան Լանջին

Նաւասարդ Ճեպել Մուսայի Լերան Լանջին

ՊՕՂՈՍ ԱՐՄԵՆԱԿ ԼԱԳԻՍԵԱՆ «Միտքդ պահէ, որ դուն ճեպելմուսացի ես, այսինքն ապառաժներու առասպելատիպ լեռնաշխարհէն ծնած ես հողի մը վրայ, որ վերելք էր միայն ու շքեղութիւն, որ պայքար էր լոկ ու խանդավառ խոյանք, կռիւ էր Եւ ազատ ապրելու անբեկանելի վճիռ»                                                                                                                                                        ԷԴՈՒԱՐԴ  ՊՈՅԱՃԵԱՆ Նաւասարդ, հուր հրացայտ Նաւասարդ, աշխարհական մարդիկ Նաւասարդ են տօնախմբում:  Իրենց  աշխարհի լեռների քարայծների մորթուց պատած թմբուկներն են որոտում, փողեր...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Յաջող Հայ Երիտասարդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանի Մշտադալար Ճանապարհը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Հոկտեմբեր 17-ին Լիբանան թեւակոխեց տագնապալի առօրեայով լեցուն անկիւնադարձային փուլ մը: Ժողովրդային արդար պահանջը, որ պոռթկում մըն էր, ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու հետեւանք էր, ետքը զանազան տեսակի վերնագրեր առնելով` սկսաւ փողոցի ցուցարարներու առօրեան դառնալ: Լիբանանի սահմանադրութեան համաձայն, պահանջատիրութիւնը եւ երկրին բոլոր տարածքներուն վրայ ազատօրէն շրջագայիլը ժողովրդավարական արդար իրաւունք է: Այսօր, երբ ցուցարարները ճամբաները կը փակեն ժողովուրդի երեսին,...

Մինչեւ Ե՞րբ

Մնայունը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերջին շաբաթներուն, քիչ մը ցոյցերու մթնոլորտէն ազդուած, քիչ մը տօնական օրերէն խանդավառուած, քիչ մը ժողովուրդ սիրաշահելու նպատակներ ունենալով, Լիբանանի տարածքին լսատեսողական լրատուամիջոցներու, բարեսիրական, քաղաքական, կրօնական թէ ընկերային կազմակերպութիւններու կողմէ օգնութիւններ բաժնելու փառատօն մը տեղի կ՛ունենայ: Փառատօն կ՛ըսեմ, որովհետեւ բաժնողներուն համար բաժնելու, նկարուելու, օգնութեան ձեռք երկարելը ընկերային ցանցերով տարածելու աքթը աւելի կարեւոր կը նկատուի, քան լուռ, առանց ձայնի եւ...

Կատակը Մէկդի.  Ապաւինեցէ՛ք Հանճարներուն…

Չանհետացող Արժէքներ. Դար Մը Կեանքէ Դէպի Դարերու Անմահութիւն Ժագ Ս. Յակոբեանի Յիշատակին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ «...Ու կնքողս Նա ինքն եղաւ, որ սահմանեց ինձ պոէտ»: Յ. ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Աւելի քան 80 տարի առաջ հայ գրականութեան պարտէզին մէջ ծլարձակուեցաւ բանաստեղծ մը, որ 2019-ի նոյեմբերի առաջին օրերուն կնքեց աւելի քան մէկդարեան իր կեանքը եւ թեւակոխեց դարերու անմահութեան փուլը: Անունն էր Ժագ Ս. Յակոբեան, որ աւելի քան 40 հատորներու գրական վաստակով մը կերտեց վիթխարի կոթող մը եւ իր...

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ  Եւ Առաջին Մարտիրոս

Ս. Ստեփանոս Նախասարկաւագ Եւ Առաջին Մարտիրոս

ՍՏԵՓԱՆՈՍ ՎՐԴ. ՓԱՇԱՅԵԱՆ (Հոգեւոր Հովիւ Սելանիկի) Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն Նախնական եկեղեցին, ինչպէս գիտենք, մեր Տիրոջ` Յիսուս Քրիստոսի Համբարձումէն եւ Հոգեգալուստէն ետք շարունակեց իր գոյութիւնը: Հաւատացեալները ամէն անգամ համախմբուելով աշակերտներուն շուրջ, միասին կ’աղօթէին, սաղմոսներ կ’երգէին, կը ճաշէին, Աստուծոյ անունը կը փառաւորէին եւ ողջ ժողովուրդին կողմէ յարգանք կը վայելէին: Այսպիսով, անոնք առաքեալներու ուսուցման` Ս. Հաղորդութեան, հացի բեկման ու աղօթքներուն մէջ կը...

Յետ Այսու Գիւմրիէն Կարելի Է Անին Տեսնել Առանց Արգելքի.   Նորշէնի Միակ Բնակչուհին Ստացաւ Վարչապետին Շնորհակալագիրը Եւ Դրամական Պարգեւ

Յետ Այսու Գիւմրիէն Կարելի Է Անին Տեսնել Առանց Արգելքի. Նորշէնի Միակ Բնակչուհին Ստացաւ Վարչապետին Շնորհակալագիրը Եւ Դրամական Պարգեւ

Հայաստանի Շիրակի մարզպետ Տիգրան Պետրոսեան մարզպետական խորհուրդի տարեվերջի նիստին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ` հայրենի հողին անմնացորդ նուիրումին եւ երկարամեայ անխոնջ աշխատանքին համար, Շիրակի մարզի Նորշէն (նախկին` Խարկով, Անիի ամէնէն մօտիկը գտնուող շրջան) գիւղի բնակչուհի Վահանդուխտ Մխիթարի Մելքոնեանին յանձնեց շնորհակալագիր եւ 500 հազար դրամի պարգեւ: Շնորհակալութիւն յայտնելով` Վահանդուխտ տատիկը խնդրեց բարեկարգել դէպի գիւղ տանող ճամբան` նկատի ունենալով անոր կարեւորութիւնը: Պարգեւը...

Անձեռնմխելիութեան Սահմանադրաիրաւական Հաստատութիւնն Արցախում

Արցախի Սահմանների Պատմական Շարժընթացը

ՎԼԱԴԻՄԻՐ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ Արցախի Հանրապետութեան վաստակաւոր իրաւաբան «Քաջերի սահմանը նրանց զէնքն է, որքան կտրում է, այնքան էլ տիրում է»:                                                                            ՄՈՎՍԷՍ ԽՈՐԵՆԱՑԻ Չնայած պատմահայրը չի պարզաբանել մեր նախնիների պատգամը, բայց պատմութիւնը յուշում է, որ զէնքով յաջողութեան հասնելու համար զէնքին տիրապետելու ունակութիւնը բաւարար չէ. դրա հետ մէկտեղ զինակիրը պէտք է ունենայ ազգային ոգի եւ կեանքը հայրենիքին զոհաբերելու պատրաստակամութիւն, իսկ երկիրը` հմուտ եւ...

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

Տ. ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Լիբանանի մէջ քաղաքական տագնապը ունէր ի սկզբանէ քաղաքական դրդապատճառ: Տագնապը նոր չէ, ատիկա երկար ատենէ ի վեր կը խմորուէր ու առիթ մը կը փնտռէր պոռթկալու համար: Թաէֆի համաձայնութիւնն ու անոր յաջորդած սահմանադրական փոփոխութիւնները ծնունդ տուին ինքնուրոյն վարչաձեւի մը, որ յատուկ է միայն Լիբանանին: Համախոհական ժողովրդավարութեան պիտակով, համայնքներու պատասխանատուներ եւ քաղաքական հեղինակութիւններ ստեղծեցին տնտեսական բաժնեկցութեան ուրոյն միջավայր մը, ուր...

Անդրադարձ.  «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

Անդրադարձ. «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Հակառակ Լիբանանը բոլոր մակարդակներու վրայ հարուածող ներկայ ծանր տագնապին ու անոր ստեղծած բարոյահոգեբանական ժխտական մթնոլորտին` լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին եւ խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին: Ռատիոթոնի ժամկէտը պաշտօնապէս աւարտած է, սակայն անիկա կը շարունակուի, անկէ գոյացած 137.573.000 լ.ո. պատուաբեր գումարը կը շարունակէ աճիլ: Բոլորը շտապեցին ու կը շտապեն մաս կազմել այս...

Չարաբաստիկ Նորացուած Մատրիտեան Սկզբունքները

Փաշինեանի Մտահոգիչ Յայտարարութիւնները

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ «... կատարուող բոլոր յաջողութիւնները  եւ փոփոխութիւնները կը կատարուին` ի հեճուկս պետական համակարգի կառավարման»: Ն. ՓԱՇԻՆԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, ըստ իր սովորութեան, հերթական անգամ անակնկալի բերաւ բոլորը` թէ՛ իր քաղաքական ընդդիմադիրները, թէ՛ հայ ժողովուրդը եւ թէ՛ ալ իր կառավարութեան անդամները, երբ վերջերս կառավարութեան ընթացիկ նիստի մը ընթացքին յայտարարեց, որ երկրին «կատարուող բոլոր յաջողութիւնները եւ փոփոխութիւնները կը կատարուին`...

Page 422 of 807 1 … 421 422 423 … 807

Արխիւներ