Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. «Հանրաքուէ»-ն Ու Անոր Արդիւնքը

December 21, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Հակառակ Լիբանանը բոլոր մակարդակներու վրայ հարուածող ներկայ ծանր տագնապին ու անոր ստեղծած բարոյահոգեբանական ժխտական մթնոլորտին` լիբանանահայութիւնը ընդառաջեց Հայկական երեսփոխանական պլոքի կոչին եւ խուռներամ մասնակցութիւն բերաւ «Միասնաբար ուրախացնե՛նք հայ ընտանիք մը» թեմայով ռատիոթոնին:

Ռատիոթոնի ժամկէտը պաշտօնապէս աւարտած է, սակայն անիկա կը շարունակուի, անկէ գոյացած 137.573.000 լ.ո. պատուաբեր գումարը կը շարունակէ աճիլ:

Բոլորը շտապեցին ու կը շտապեն մաս կազմել այս խիստ ողջունելի արշաւին, այս հանրաքուէին, եւ մեծ ու փոքր նուիրատուութիւններով իրենց ձայնը միացնել հաւաքական «ոչ»-ին, որ կտրուկ կերպով հնչեց ամանորեան տօներու նախօրեակին:

Տագնապները իրենց մէջ թէ՛ վտանգ կը պարունակեն, թէ՛ ալ առիթ: Անոնք երեւան կը բերեն իւրաքանչիւր անհատի եւ հաւաքականութեան նկարագիրը: Եւ ահա լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս «ոչ» կ՛ըսէ յուսահատութեան ու ընկրկումին, պարտուողականութեան ու երկչոտութեան, որովհետեւ ունի իր պատմութեան ընթացքին մղած պայքարներուն մէջ կոփուած կուր ու առնական նկարագիր մը, վերապրելու պողպատեայ կամք մը, որմէ ոչինչ փոխուած է, վկայ` ստեղծուած ներկայ առարկայական պայմաններուն դէմ անոր քաջարի ու միահամուր ըմբոստացումը, որուն մարմնաւորումն է ռատիոթոնի արդիւնքն ու անոր ընդհանուր պատկերը:

Լիբանանահայութիւնը իւրաքանչիւր անհատի վրայ ճնշող ներկայ տագնապի վտանգաւոր պայմաններուն մէջ տեղի ունեցող ռատիոթոնը վերափոխեց հանրաքուէի` իր զօրակցութիւնը յայտնելով եւ հաւատքը արտայայտելով հաւաքական աշխատանքին ու պայքարին նկատմամբ: Լիբանանահայութիւնը յստակ ու աներկբայելի կերպով յայտարարեց, որ տէրն է իր ճակատագիրին եւ պայքարի բարձր ոգիով մուտք կը գործէ Նոր տարին:

 

 

Նախորդը

«Միասնաբար Ուրախացնե՛նք Հայ Ընտանիք Մը» Նախաձեռնութեան Ցարդ Կատարուած Է 143.023.000 Լ. Ո.-ի Նուիրատուութիւն

Յաջորդը

Ուրախանանք Եւ Ուրախացնենք

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.