Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սլաք. Մեր «Տժվժիկ»-ները

December 27, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ

Ընդհանրապէս տհաճ եւ խրտչեցնող է երախտիք մը յիշեցնելու երեւոյթը: Ատրպետի «Տժվժիկ»-ը հրաշալի մեղադրական կամ դատապարտում է այդ ախտին: Մեր ամէնօրեայ գործածութեան մէջ մտած բառերէն, արաբական ծագումով եւ թրքական ածանցաւորումով «միննեթճի» բառն ալ նոյնքան կը դատապարտէ այդ թերութիւնը:

Բայց հարցում մը. ո՞րն է աւելի ընդվզեցուցիչը` երախտագիտութիւն պահանջե՞լը, թէ՞ ապերախտութիւնը:

Այս առնչութեամբ բոլոր տեսակէտները յարգելով հանդերձ, անգամուան մը համար ես ինծի թոյլ պիտի տամ երախտագիտութիւն պահանջել, թէկուզ շատեր դատապարտեն, մեղադրեն, «միննեթճի» կոչեն եւ բարոյախօսութիւններ ընեն:

Ես կը պահանջեմ ողջ հայութեան երախտագիտութիւնը, աւելի՛ն այդ երախտագիտութեան գործնական եւ շօշափելի արտայայտութիւնը` լիբանանահայութեան:

Այո՛, այսօր լիբանանահայութիւնը կարիքն ունի ողջ հայութեան` «ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի», երախտագիտութեան գործնական արտայայտութեան:

Բայց անոնց «միննեթն» ալ ընդունելի չէ, քանի որ այդպիսի նախաձեռնութիւններ նոյնքան անշահախնդիր պիտի ըլլան, ինչքան ինքն իր սիրտը բուժելու համար դեղեր առնող հիւանդը:

Բացատրեմ:

Առաջին հերթին, առանց երկար-բարակ հաշուելու եւ կրկնելու յիշեցնեմ հազար անգամ լիբանանահայութեան շռայլուած գնահատական խօսքերը, թէ` սփիւռքահայութեան սիրտը իր առաւելագոյնը տուաւ պահպանելու սփիւռքը, պահպանելու արեւմտահայերէնը, գիրն ու գրականութիւնը, մշակոյթը, երաշխաւորելու անոր անվտանգութիւնը. ամբողջ սփիւռքին տուաւ հայերէնի ուսուցիչն ու ազգային գործիչը. հուրի եւ սուրի դիմաց պաշտպանեց Եռագոյնն ու ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի գաղափարը. վճարեց Հայ դատի արեան տուրքը. առաջին ահազանգին փութաց Արցախ ու Հայաստան եւ անմնացորդ նուիրումով թեւ ու թիկունք կանգնեցաւ անոնց եւ այլ, եւ այլն…

Միայն այս հազար անգամ կրկնուած բաներուն վրայ աւելցնեմ, ձեր ուշադրութեան յանձնեմ, որ անոնք կախարդական ցպիկով կամ արարչական կարողութիւններով չիրականացան:

Անոնք իրականացան կառոյցներու եւ կառոյցներու մէջ նուիրումով ծառայած անհատներու շնորհիւ. այն` ինչ որ քեզի տուաւ լիբանանահայութիւնը, եկաւ դպրոցներէն, ակումբներէն, բարեսիրական, ընկերային, առողջապահական, մարմնակրթական, մշակութային, կրօնական եւ ազգային կառոյցներէն, ինչպէս նաեւ անոնց մէջ ծառայողներէն: Իսկ այդ բոլորը կը գործէին, կ՛արդիւնաւորուէին, եւ կու տային շնորհիւ միջին դասակարգի մը, առաւելաբար տեղացի` լիբանանահայ ազգայիններու խաւի մը, որ իր արդար վաստակէն, ոչ թէ այրիի լուման, այլ շատ աւելին անթարթ ու հաւատքով կը նուիրէր այդ կառոյցներու կեանքն ու աշխատանքը, նաեւ` Հայաստանի ու Արցախի ապագան երաշխաւորելու համար:

Այսօր լիբանանահայութեան այդ դասակարգը արիւնաքամ եղած է, եւ այդ դժուարութեան վրայ եկաւ աւելնալու լիբանանեան համընդհանուր տնտեսական ճգնաժամը:

Ուստի, սիրելի՛ հայութիւն, այսօր, լիբանանահայութիւնը շնորհակալական բանահիւսութիւններու, դրուատիքի շռայլ արտայայտութիւններու, մեծարանքի եւ բանաւոր շքանշաններուդ կարիքը չունի:

Այսօր ան կարիքն ունի գործնակա՛ն նեցուկիդ, գործնական ու շօշափելի այնպէս` ինչպէս ի՛նք տասնամեակներ շարունակ առանց խնդրելուդ, առանց շնորհակալութիւնդ սպասելու, իր պարտքն ու պարտականութիւնը համարելով ըրաւ ու տուաւ:

Եւ մի՛ սպասեր ինձմէ շնորհակալութիւն կամ երախտագտութիւն: Բարեգործութիւն չէ որ կ՛ընես: Հայութեան 80 տոկոսը հաշուող սփիւռքի սիրտն է, որ պիտի բուժես, որպէսզի այդ սիրտը շարունակէ բաբախել…

 

 

Նախորդը

«Ուսանողութեան Պէտք Է Տրուի Յատուկ Ուշադրութիւն Եւ Վստահութիւն, Որպէսզի Մեր Միութիւններուն, Թատերախումբերուն, Երգչախումբերուն Եւ Պարախումբերուն Կազմակերպական Ղեկավարումին Մէջ Իր Երիտասարդական Նոր Խօսքը Եւ Գործը Կիրարկէ» Ըսաւ Զաքար Քէշիշեան

Յաջորդը

Նշմար. Թրքամէտ Եւ Հակաթուրք Ուժերու Հակամարտութիւնը

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.