Անդրադարձ

Ապագայ Բժիշկը` Աւետիս Պուլուզեան Զոհուած Է Վիրաւոր Զինակիցին Օգնելու Ատեն

Ապագայ Բժիշկը` Աւետիս Պուլուզեան Զոհուած Է Վիրաւոր Զինակիցին Օգնելու Ատեն

Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի ղեկավար Արմէն Մուրադեանը «Դիմատետր»-ի իր էջին վրայ գրառում կատարեց ուսանող Աւետիս Պուլուզեանի մասին` ներկայացնելով անոր անձնուէր կերպարն ու հերոսական նահատակութիւնը. «Մերօրեայ հերոսները». Աւետիս Պուլուզեան Յանուն հայրենիքի կեանքը զոհած քաջորդիների թւում է նաեւ ապագայ բժիշկ Աւետիս Պուլուզեանը: Մերօրեայ հերոսը ծնուել է 2000թ. հոկտեմբերի 15-ին, Ստեփանակերտում: Աւարտելով Ստեփանակերտի Խաչատուր Աբովեանի անուան դպրոցը` ուսումը շարունակել է Թամարա Քամալեանի անուան...

Մեր Կայմը Կանգուն Է Տակաւին

Մեր Կայմը Կանգուն Է Տակաւին

ՍԵՒԱՆ Ա. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Բախտը Մանուշն ու Մանուկը միացուցած էր Քեսապի մէջ: Անոնք խօսք տուած էին իրարու իրենց կեանքին երջանիկ ու դժուար օրերը աներկբայօրէն միասին շարունակել: Ընտանիք կազմեցին ու իրենց ուժեղ կամքով ու բազուկներով նաւարկեցին դէպի առաջ` բոլոր դժուարութիւնները յաղթահարելով: Անոնք կը հաւատային, որ խաղաղ մտքով եւ ուրախ սրտով իրենց կեանքի օրերը վայելելու են միասին` հակառակ ծփացող ալիքներուն: Մանուկ ու Մանուշ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Բանակի Հրամանատարութեան Ուշացած Ահազանգը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի քաղաքական բեմին վրայ հինգշաբթի, 25 փետրուարին արձանագրուեցաւ զգայացունց իրադարձութիւն մը, որ աննախընթաց է ո՛չ միայն 9 նոյեմբերի համաձայնագիրէն ասդին, այլ նաեւ նոյնինքն վերանկախացած մեր հայրենիքի պատմութեան մէջ: Բանակի սպայակոյտը պաշտօնական յայտարարութեամբ մը միացաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը պահանջող շարժումին` միաժամանակ իշխանութիւնը զգուշացնելով վտանգաւոր  քայլերու դիմելէ: Բանակին քայլը առնուազն երեք ամիս ուշացած է, բայց` «աւելի լաւ է ուշ,...

Ակնարկ.   Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը

Ակնարկ. Գլխաւոր Շտաբի Սահմանադրական Իրաւասութեան Առաջին Կէտը

Հայաստանի Հանրապետութեան զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութեան յայտարարութիւնը իբրեւ ռազմական յեղաշրջման փորձ մեկնաբանելը չի համապատասխաներ իրականութեան։ Զինուորական յեղաշրջումը ընդհանրապէս կը կատարուի յանկարծակի, պետական շէնքերու համապատասխան գերատեսչութիւններու կեդրոններու գրաւումով եւ ապա այդ բոլորին բացատրութիւնը փոխանցող յայտարարութիւններով։ Երբ որեւէ գործողութիւն չէ արձանագրուած, որեւէ զինուորական տեղաշարժ չէ կատարուած, ապա ռազմական յեղաշրջումի փորձի ամբաստանութիւն կատարելը առնուազն հեռու է իրականութենէ եւ բնականաբար այլ նպատակ կը հետապնդէ։...

Սերունդներու Ընդմէջէն Ապրող Ուսուցիչը` Վիգէն Ստեփանեան

Սերունդներու Ընդմէջէն Ապրող Ուսուցիչը` Վիգէն Ստեփանեան

ՆՈՐԱ Թ. Վերջին անգամ զինք տեսայ հեռատեսիլէն, «Ազատութեան» հրապարակը, օփերայի կողքին, հայութեան ցաւի եւ պոռթկումի մէկ պահուն: Բեմ բարձրացաւ` խաղալու համար իր դերը «Ազգային արժանապատուութիւն» կոչուող թատերակին մէջ, բեմ բարձրացաւ` վերջին անգամ յիշեցնելու համար, որ «ես դեռ հո՛ս եմ», որ հայ մտաւորականութիւնը ներկա՛յ է: Ձայնը խրոխտ էր, կեցուածքը` ամուր, բայց ուղեղը յոգնած էր, ուղեղը կը տառապէր հայ ժողովուրդը կաթուածի ենթարկած...

Ապրօ Սոմունճեանի Յիշատակին

Ապրօ Սոմունճեանի Յիշատակին

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէի դամբանականը` արտասանուած Ապրօ Սոմունճեանի յուղարկաւորութեան: Դաժան մահը մեզմէ  մէկիկ-մէկիկ կը խլէ մեր սիրելիները: Այսօր ցաւով լսեցինք «Աղբալեան» կոմիտէութեան հաւատաւոր  ընկերներէն Ապրօ Սոմունճեանի մահուան բօթը: Ան իր կուսակցական գործունէութեան երկար տարիներուն ընթացքին օրինապահ եւ բծախնդիր մօտեցումով վարեց իրեն վստահուած մեծ ու փոքր բոլոր գործերը: Անշահախնդիր եւ անձնուրաց մօտեցումով կը փութար բոլորին: Սկզբունքային եւ կարգապահ դաշնակցական...

Մի՛շտ Կը Յիշենք  (Սարգիս Արմէնեանի Ա. Տարելիցին Առիթով)

Մի՛շտ Կը Յիշենք (Սարգիս Արմէնեանի Ա. Տարելիցին Առիթով)

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Արդէն տարի մը անցաւ Սարգիս Արմէնեանի` կեանքի բաժանումէն: Անցնող տարուան ընթացքին մեր ապրած առողջապահական, ընկերատնտեսական, ապահովական տագնապներուն, ինչպէս նաեւ հայութեան համար բախտորոշ այս փուլին անոր բացակայութիւնը զգալի եղաւ ամէնուրէք: Առաւօտները իր հեռաձայնները չստացանք, իր մտահոգ հարցումներուն չհանդիպեցանք, հաւաքական կեանքին գծով իր ապրած տագնապներուն իրազեկ չդարձանք, ինչպէս նաեւ ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ անոր կարեւոր ներդրումը չտեսանք: Սագոյի ներկայութիւնը ամէն տեղ...

Հօրս Հետ (Սարգիս Արմէնեանի Յիշատակին)

Հօրս Հետ (Սարգիս Արմէնեանի Յիշատակին)

ՍԵՒԱԿ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Վերջին տարիներուն, երբ արդէն հօրս բոլոր հարազատները Լիբանան չէին ապրեր, միակ անձը ես էի, որ իրեն հետ շարունակեցի մնալ մինչեւ իր մահը: Ահաւասիկ տարի մը անցաւ եւ ամէն օր իր յիշատակներով կ՛ապրիմ եւ կը յիշեմ բազմաթիւ պահեր: Հօրս վերջին տարեդարձը 26 հոկտեմբեր 2019-ին էր, այդ օր ցոյցերու պատճառով ճամբաները փակ մնացին, եւ գիշերը շատ ուշ կրցայ տուն հասնիլ:...

ՀՄԸՄ-ին Անունը Բարձր Պահած Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին

ՀՄԸՄ-ին Անունը Բարձր Պահած Յովսէփ Մարգարեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ «Քորոնա» ժահրը չխնայեց նաեւ  վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական Յովսէփ Մարգարեանին ու պատճառ դարձաւ իր հարազատներէն եւ սիրած միութենէն անոր առյաւէտ բաժանման: Եղբ. Յովսէփը օժտուած էր ազգային բարձր ոգիով, ծառայասէր էր եւ ընկերային, բոլորին կողմէ սիրուած եւ  յարգուած, մարդամօտ եւ կատակասէր` այն աստիճան, որ բոլորը զինք կը ճանչնային իբրեւ Զուզ Մարգարեան: Նոյն այս նկարագիրի յատկութիւնները զինք մղած էին ըլլալու ՀՄԸՄ-ական...

Հուրիկ Թուխանեանի Յիշատակին

Անշահախնդիր Ու Առաքինի ՀՄԸՄ-ականի Յիշատակին (Յովսէփ Մարգարեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Կարօ Պէրպէրեանի դամբանական խօսքը` ՀՄԸՄ-ական Յովսէփ Մարգարեանի յուղարկաւորութեան ընթացքին արտասանուած: Ծանր ու դժուար պարտականութիւն է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանել Յովսէփ Մարգարեանին մասին, որ, 65 տարուան ՀՄԸՄ-ական ծառայութեամբ բեռնաւորուած, անակնկալօրէն հրաժեշտ կու տայ իր հարազատներուն եւ իր սիրած միութեան: Կ՛ըսեն անփոխարինելի մարդ չկայ. իսկ ո՛վ պիտի փոխարինէ եղբայր Յովսէփը եւ իր...

Լուսապաշտութիւնը, Այվազովսկին Եւ Իր Ազգային Պատկանելիութեան Հարցը (Այվազովսկիի Ծննդեան 200-ամեակին Առիթով)

Սուտը, Ստախօսը Եւ Միւսները

Մ. Ս. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ «Մարդիկ սուտ չեն խօսիր այնքան շատ, որքան` որսորդութենէ ետք, պատերազմի ընթացքին ու ընտրութիւններէն առաջ»: Օ. Վ. ՊԻՍՄԱՐՔ Թէ որքա՛ն եւ ի՛նչ բովանդակութեամբ սուտեր կը խօսուին աշխարհի տարածքին, պատերազմներու ընթացքին եւ ընտրութիւններէն առաջ, այնքան ալ ծանօթ չեն մեզի, սակայն Լիբանանի եւ Հայաստանի պարագային կրնանք վկայել, որ այդ «սուտերը» ոչ միայն եղած են առատ ու բազմատեսակ, այլ նաեւ «մասնագիտական»...

Երեւան Քաղաքի Հիմնադրութեան Պատմականը – Բ. –

Արամ Մանուկեան. Քաղաքական Եւ Հասարակական Գործիչ

ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Բուն անունով` Սարգիս կամ Սերգէյ Յովհաննիսեան, Վանի մէջ կը դառնայ Արամ Մանուկեան: Ան ծնած է 1879-ին, Ղափանի Դաւիթ Բէկ գիւղի, արհեստաւոր համեստ ընտանիքի մը մէջ: Ծնողներուն չքաւորութեան պատճառով դառն մանկութիւն մը կ՛ունենայ ան: Շուշիի մէջ դերձակութիւն ընող մեծ եղբօր օգնութեամբ ան կ՛աւարտէ Ագուլեաց ծխական ուսումնարանը եւ 1890-ին կը մտնէ Շուշիի թեմական դպրոցը: Աշխատասէր, ուշիմ եւ ընդունակ պատանի մը...

Անդրադարձ Յայտնիներու Դիւանագիտութեան Եւ Սփիւռքի Քաղաքացիական Հասարակութեան

Այսօրուան Ընդդիմութիւնը Միայն «Նախկինները» Չեն. Հայեր Միացէ՛ք

ՐԱՖՖԻ ԱՐՏԱԼՃԵԱՆ Սիրելիներ եւ ընկերներ Այսօրուան գլխակարգուած (capitulant), անհեռատես եւ արժեզրկուած ՆՓ-ի քաղաքական խմբակցութեան դէմ ընդդիմութիւնը օրէ օր կը մեծնայ։ Ան շերտաւորուած է եւ կը ներառէ մեր զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատարութիւնն ու սպայակոյտը, խորհրդարանական ընդդիմութեան ֆրակցիան, 22 կուսակցութիւններ (եւ ոչ թէ 17), մեր նախագահը, մեր հոգեւոր հայրերը, սփիուռքեան հիմնական հաստատութիւնները, հայ քաղաքական մտքի վերնախաւը, Հայաստանի համալսարանականներ եւ դասախօսներու հիմնական մասը,...

Նկատումներ Մինսքի Խմբակի Աշխատանքի Վերականգնման Մասին

Նկատումներ Մինսքի Խմբակի Աշխատանքի Վերականգնման Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի հարիւր անդամներ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց եւ պաշտպանութեան նախարարներուն իրենց ուղղած նամակին մէջ ամերիկեան վարչակազմին կոչ ուղղեցին` վերստին մասնակցելու Արցախի ինքորոշման իրաւունքի վրայ հիմնուած, Արցախի անվտանգութիւնը պաշտպանող եւ մէկ այլ պատերազմի չծագիլը երաշխաւորող շրջանային կայուն լուծման որոնումներուն, ճանչնալու Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը եւ այդ ժողովուրդին դերը` իբրեւ այդ հակամարտութեան լուծման օրինական բանակցային կողմ, ինչպէս նաեւ`...

Մեր Պետականութեան Լինել-Չլինելու Մեծ Փորձաքննութիւնը

Անին Ծախուեցաւ, Շուշին Ալ Ծախուեցաւ. Իսկ Հիմա… Լիլիթ Մակունցը Ուաշինկթընի Մէջ Դեսպա՞ն

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Եռեւեփումի մէջ է ոչ միայն Հայաստանը, այլ նաեւ` ամբողջ հայութիւնը, Ազգը: Եռեւեփումի մէջ է ամբողջ Հարաւային Կովկասը, ուր Արեւմուտքի (Մ. Նահանգներ եւ Եւրոպական Միութիւն), Իրանի, Ռուսիոյ (ներառեալ` ԵԱՏՄ-ի), Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի աշխարհաքաղաքական շահերը բախումնային կացութեան մէջ են: Թէեւ տակաւին կանուխ է Պայտընի վարչակազմին հարաւկովկասեան քաղաքականութիւնը բնորոշելու, սակայն յստակ է մէկ բան, որ ան էապէս պիտի...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

9/10նոյեմբերէն Ի Վեր Եւ Անկէ Ետքի Համար

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Միջազգային հանրութեան համար Արցախի հակամարտութիւնը վերջ գտած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ կնքուած համաձայնութեամբ: Բառը մեկնաբանութեան կը կարօտի: Պարտուածին հետ կնքուած համաձայնութիւնը այդպէս ալ չէ, անոր ուրիշ անուն պէտք է տալ: Պարտուած Հայաստանը կատարուած իրողութիւնը ընդունած է: Հայ ժողովուրդը պարտութիւնը վերջնական կը համարէ՞: Արցախի հարցը խորհրդային տնտեսական զարգացման  հարիւր տարի առաջուան ծրագրումի հետեւանք է: Արցախի տնտեսութիւնը, աշխարհագրութեան պարտադրանքով,...

Բեմի Առիւծը

Բեմի Առիւծը

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ 1996-ի վերամուտին ստանձնեցի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը: Այդ տարի դպրոցին ճիշդ դիմացը, միայարկանի տան մը մէջ կ՛ապրէին Վիգէնը, Նարինէն եւ Թամարը: Վիգէն հրաւիրուած էր Լիբանան` իբրեւ բեմադրիչ ՀԲԸՄ-ի «Վահրամ Փափազեան» թատերախումբին, Նարինէն պետական երաժշտանոցի եւ Համազգայինին «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի թաւջութակի ուսուցչուհի էր, իսկ Թամարն ալ` Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի աշակերտուհի: Առտու մը Վիգէն գրասենեակս ներկայացաւ, «Բարեւ, Աստուծոյ...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Հայաստանի Փառքը, Հայաստանի Ողբը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Վերանկախացած Հայաստանը փառքի հայրենիք էր, բայց դարձաւ ողբի երկիր: Այսօր կատարեալ ողբերգութիւն` պետական եւ կառավարման մակարդակներու վրայ: Երեսուն տարի հայրենի ժողովուրդը փորձեց կառուցել Հայաստանի փառքը: Երեսուն տարի ղեկավարութիւնը հիւսեց Հայաստանի ողբը: Փառքը սկսաւ վերանկախացումէն անմիջապէս առաջ` Արցախի ազատագրութեան պայքարով եւ Արցախի ազատագրումով: Ողբը սկսաւ վերանկախացումէն անմիջապէս ետք` Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախագահ ընտրութեամբ: Ողբը յաջողելու համար պէտք էր քանդուեր...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

«Մարդասէրների» Խարանուած Ճակատը…

ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի Գլխաւոր Խմբագիր Արտաքին ճակատում.- -44-օրեայ պատերազմի ողջ ընթացքում բազմաթիւ էին Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքացիների բողոք-պահանջի այն ցոյցերը, որոնք կատարւում էին ՄԱԿ-ի, Եւրոմիութեան, ԱՄՆ-ի, Անգլիայի եւ այլ երկրների դեսպանատների առջեւ: Հայ ցուցարարները պահանջում էին այդ ներկայացուցչութիւններից, որպէսզի վերջիններս ինչ-որ կերպ սաստեն կամ նուազագոյնը բողոքարկեն ու դատապարտեն ազրպէյճան-թուրքական պատերազմական տարատեսակ ոճիրները՝ յատկապէս խաղաղ բնակչութեան նկատմամբ: Վերոգրեալ դեսպան-ներկայացուցիչները ինչպէս...

Ճանչնանք Մեր Հերոսներն Ու Նահատակները,  Մեր Անցեալն Ու Ներկան, Անոնց Կտակով Կերտենք Ապագան*

Առանց Նիկոլ Հայաստան

ՄԵԼԻՔ ԳԱՐԱԳԱՒՈՐԵԱՆ Անպայման, առանց նիկոլի Հայաստան, որովհետեւ մինչեւ 2018  համայն հայութեան ուշադրութեան կիզակէտը, արժանապատուութիւնը, երիտասարդութեան երազը եւ շատ շատերու կեանքի իմաստը հանդիսացող այն Հայաստանը այսօր իրողապէս, անճանաչելի դարձած է իր վարքով ու բարքով, անհայրենիք իշխանութիւններով եւ մանաւանդ հողատու նիկոլներու պատճառած դաւադրական պատերազմի բերումով կրած ահաւոր հետեւանքներով: Այդ իսկ պատճառով` անպայմա՛ն առանց նիկոլի Հայաստան, որովհետեւ տուեալ ապազգային մտածողութիւնը, սորոսականութիւնը եւ թրքաբարոյ...

Page 343 of 807 1 … 342 343 344 … 807

Արխիւներ