Անկախութեան Եւ Ինքնուրոյնութեան Հպարտութիւնը…
ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Գրականութիւնը անկախութիւն է, եւ անկախութիւններէն ամէնէն մեծը, ամէնէն թանկագինը»: ԳԵՂԱՄ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Շատ հետաքրքրական է, երբ բառարան կը գործածես, բացատրական թէ հոմանշային, որպէսզի բառերուն նշանակութիւնը եւ բացատրութիւնը ստանաս: Բառերու նշանակութիւնը քեզի առիթ կու տայ ո՛չ միայն հասկնալու, այլ նոյնքան նաեւ ընկալելու եւ իմաստ կերտելու քու հասկացողութեանդ համար: «Անկախութիւն» բառին բացատրութեան մէջ տեսայ «ինքնավարութիւն», «ազատութիւն», «պետական իշխանութիւն ունեցող» իմաստները:...

















