«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. Այսպիսի Մայիս Մը Վայել Չէ Հայ Ժողովուրդին
Հայաստանի Հանրապետութեան հռչակումին 103-րդ տարեդարձը ամբողջ հայաշխարհը կը գտնէ ծանրօրէն վիրաւոր կացութեան մէջ: Հայոց պատմութեան ամէնէն փառապանծ եւ հայ ժողովուրդի գերազանցապէս տօներուն տօնը նկատուող մեր թանկագին անկախութեան նշումը այս անգամ ծածկուած է սուգի քողով, որ գրեթէ եօթը ամիսէ ի վեր պատած է Հայաստան աշխարհը` իր Արցախով ու սփիւռքով: Առաջին անգամն է մեր երեսնամեայ վերանկախացեալ հայրենիքին պատմութեան մէջ, որ անկախութեան իտէալի...




















