Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ո՞վ Է Վախցողը»… Արփի Տատոյեան Աստղը Մարեցաւ

June 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ե. Ա.

Էտուըրտ Ալպիի գերազդեցիկ` «Ո՞վ է վախցողը Վիրճինիա Վուլֆէն» թատերական գործին  մէջ, Մարթայի կերպարին ուժեղ մարմնաւորումով պիտի յիշուի այդ օրերուն բեմական իր առաջին ներկայութիւնը փաստող Արփի Տատոյեանը: Այդ յանդուգն եւ «խնդրայարոյց» գործը բեմ հանած էր Վարուժան Խտըշեան, որ Լիբանանի հայ թատրոնին նոր շունչ բերած էր ուշ 60-ականներէն սկսեալ` ստեղծած փոթորիկը տարածելով բեմէն անդին, հասնելով մամուլ եւ վիճաբանական ասուլիսներ…

Օրին այս գործն ալ մեծ աղմուկ ստեղծեց:

Ինքնավստահ եւ համարձակ` անոր տիպարը շատերու յիշողութեան մէջ կը մնայ դրոշմուած անմոռանալի եւ անկրկնելի: Անտեղի չէր, երբ շատեր զինք հեռաւոր մրցակից մը նկատեցին Լիզ Թէյլըրի, որ խաղացած էր նոյն դերը:

Վարուժան Խտըշեանի «Թատրոն 67»-ին հետ բեմ բարձրացաւ Արփին: Նախապէս ան մաս կազմած էր Համազգայինի «Լեւոն Շանթ» թատերախումբին: Այդ օրերուն Պէյրութի մէջ գեղարուեստական ձեռնարկները կը գերազանցէին «փոքր պատերազմներ»-ը: 50-ական տարիները մոռցուած էին, իսկ «քաղաքացիական պատերազմին» (պայթած` 1975-ին) նշոյլն իսկ չկար:

Գեղարուեստի տարբեր կալուածներու մէջ իր գագաթի օրերը կ՛ապրէր Պէյրութը, իսկ հայկական արուեստը կը կանգնէր առաջին գիծերու վրայ:

Գագաթի օրերն էին նաեւ Արփիին, որ նոյնքան տպաւորիչ եւ հարազատ ներկայութիւն եղաւ այլ գործերու մէջ կարեւոր դերեր ստանձնելով, անոնց կարգին` «Իտալական յարդէ գլխարկը», «Մարա Սատ»…

Լիբանանեան դժուարահաճ եւ բծախնդիր մամուլն ալ տեղ տրամադրեց այս երիտասարդ եւ «ապագայ խոստացող» աստղին: Այդ օրերուն եռքի եւ պոռթկումի մէջ էր երիտասարդութիւնը:

Ցոյցեր, հաւաքներ, «Հայտ փարք»-եր:

Արփին այդ սերունդին արտացոլացումն էր, բռունցք ու թափանցիկութիւն պարտադրողը… բեմին վրայ:

Քանի մը տարի ե՞տք… Փոքր ու մանր պատերազմները գլուխը առին-գացին եւ վերածուեցան ո՛չ միայն մեծ պատերազմի, այլեւ` պատերազմներու:

Արփին ալ, պատերազմէն հալածական շատերու պէս, ոտք դրաւ Նոր աշխարհ… «Ազատութեան արձան»-ին մօտակայքը, անոր հսկողութեան տակ` Նիւ Ճըրզի:

Սփիւռքեան արուեստի աշխարհին մէջ իրողական  պարապութիւն մը ստեղծուած էր: Սփիւռքահայ թատերական աշխարհը, պայմաններու բերմամբ, ամուլ վիճակ մը կը մատնէր:

Արփին չվհատեցաւ: Կրկին բարձրացաւ բեմ: Բեմը անոր համար շունչ տուող աշխարհ մըն էր, եւ ան ցոյց պիտի տար գործնապէս` ո՞վ էր չվախցողը… բեմէն:

Տարբեր ձեւ ու հարթակ: Չկար գէթ փոքր ընտրանի մը, որպէսզի թատրերգութիւններ ներկայացնէին այդ օրերուն համեմատաբար նօսր ու ցանցառ ամերիկահայ գաղութներուն:

Արփին շարունակեց բեմ բարձրանալ: Մենախօսական ելոյթներ` Պէյրութի Ուաթ-Ուաթ թաղամասին մէջ ապրած իր մանկութեան օրերէն հաճելի յուշեր, համով պատմուածքներ եւ դրուագներ… խմորեղէն բուրող փուռէն մինչեւ թափթփածութեան մէջ մասնագիտացած նպարավաճառը, որուն մօտ կարելի էր գտնել ամէն տեսակի անկապ բան` գամ, շողգամ… պատգամ:

Իր նախահայրերէն ժառանգած Տիգրանակերտի բարբառը ամենայն հարազատութեամբ եւ առանց կմկմալու կը խօսէր` մեծ հետաքրքրութիւն ստեղծելով ունկնդիրին եւ հանդիսատեսին մօտ:  1997-ին, քանի մը վայրկեանով, ան եղաւ պատկերասփիւռի հանրածանօթ խօսնակ Տէյվիտ Լեթըրմանի անակնկալ հիւրը (https://www.youtube.com/watch?v=k052Vla-o-I)` մեծ տպաւորութիւն ձգելով:

Նաեւ, իբրեւ երգիչ բեմ բարձրացաւ Արփին. ան այդ ձիրքն ալ ունէր եւ կը կատարէր իր երիտասարդութեան օրերուն… «էր երբեմն»-ի Պէյրութի մէջ:

Քանի մը ժապաւէններու մէջ դեր ստանձնեց եւ գեղանկարչութիւն ալ կիրարկեց Արփին, մինչեւ որ օր մըն ալ` ուրբաթ 21 մայիս, 2021-ին անխնայ քաղցկեղը «որսաց» զինք:

Վերջին տարիներուն Արիզոնա փոխադրուած էր. հոն էր, որ կեանքին հրաժեշտ տուաւ Արփին:

Երբեմնի աստղազարդ սփիւռքահայ թատրոնը սուգի մէջ է դարձեալ: Դիմակները տխուր են:

Արփիին վերջին արարը աւարտեցաւ: Վարուժանն ու այլ աստղեր եւս շիջած են արդէն…

Կեանքէն հեռացաւ բեմին վրայ ինքնավստահ, համակրելի, ինքզինք պարտադրող եւ տպաւորող, ժպտուն, դիմակազուրկ «դիմակ» մը` Արփի Տատոյեանը:

Պոսթըն – Մասաչուսէց

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Հայրենի Յուշեր (12)

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.