Հարաւային Կովկասի Մէջ` Ռուսեւթրքական Պարանաձգութիւն
Ա. Ա. Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան, ապահովութեան եւ կայունութեան գլխաւոր երաշխաւորը ըլլալու Թուրքիոյ յաւակնութիւնը վստահաբար բնաւ ողջունելի չէ Ռուսիոյ քաղաքական ղեկավարութեան եւ յատկապէս նախագահ Վլատիմիր Փութինի ներքին շրջանակին ազդեցիկ գործիչներուն կողմէ: Սակայն ներկայիս Մոսկուա թէեւ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Անգարայի դիրքորոշումներուն եւ նախագահ Ռեճեփ Էրտողանի հարաւկովկասեան քաղաքական ուղեգիծին, սակայն ռուսական հակազդեցութիւնը շատ մեղմ եւ յաճախ ալ պէտք եղածէն աւելի կրաւորական է,...


















