Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Գերիներու Ամբոխահաճ Առեւտուր…

June 15, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մինչեւ ընտրարշաւի աւարտը ի՞նչ նորելուկ գաղափարներ եւ մտայղացումներ հրապարակ պիտի նետեն Նիկոլ Փաշինեանն ու իր ընտրական մեքենան:

Օրը նոր, ոճը` նոր:

Շաբաթասկիզբի «նորութիւնը», բոլոր հայ գերիներու վերադարձին դիմաց, իր զաւակին` Աշոտին պատանդի կարգավիճակով Ազրպէյճանին յանձնելու պատրաստակամութիւնն էր: Աստուածաշունչէն ներշնչուած, հայր Աբրահամի օրինակով, «հայր Նիկոլ»-ը առաջարկեց իր զաւակը տրամադրել իբրեւ մատաղ:

Այսպէս, «իմքայլական» կամ «Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի քարոզչական մեքենան, առցանց արդի

աշխարհին կողքին, յայտնապէս վերադարձած է նաեւ արմատներուն` Աստուածաշունչին:

Յիշեալ յայտարարութիւնը զգալիօրէն եւ արագօրէն նօսրացող ամբոխին առջեւ կատարելով, Փաշինեան կարծեց, թէ զոհաբերութիւն էր ըրածը: Մինչդեռ, եղածը պարզ ու մեկին` անձնասիրութենէ բխող ազդեցիկ առաջարկ մըն էր. զայն կարելի է պարզ բառերով որակել «գերիներու ամբոխահաճ առեւտուր»:

Պատմութիւնը կը յուշէ, որ Ֆրանսայի Լուի 15-րդ թագաւորը եւս աստուածաշնչական ներշնում մը ունեցած է 1700-ական տարիներուն եւ քաղաքակրթութեան պատմութեան մէջ թողած է այլանդակ ժառանգութիւն մը, յայտարարելով` «Ինձմէ ետք ջրհեղեղ»: Այս «փիլիսոփայութիւնն» ալ, կարծէք թէ, որդեգրուած է Հայաստանի այժմու (հրաժարեալներու) ղեկավարութեան կողմէ:

Նոյնքան տարօրինակ պաղարիւնութեամբ, Փաշինեան, Շիրակի մարզի Մեծ Մանթաշ համայնքին հետ հանդիպման ընթացքին, յաւելեալ մանրամասնութիւններ հաղորդեց հայ զինուորի մը գերեվարութեան նորագոյն դէպքին մասին` ըսելով, թէ հայոց բանակի զինուոր մը, թանձր մառախուղի պատճառով, մոլորուած եւ Ազրպէյճանի բանակի վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքէն ներս մուտք գործած է, ապա, յետ կարճատեւ խորհրդակցութիւններու, ազատ արձակուած է եւ վերադարձած` Ստեփանակերտ:

Անշուշտ, պաշտօնաթող վարչապետը յաւելեալ մանրամասնութիւններ չէ հաղորդած, թէ դէպքը արդեօք պատահած է միայն վերջե՞րս բռնագրաւուած հողատարածքի մը վրայ, կամ` արդեօք մառախուղը այնքան մը խի՞տ եղած է, որ զինուորը մոլորուէր: Փաշինեան պատահածը շատ դրական քայլ կը համարէ, յատկապէս` հայ-ազրպէյճանական սահմանին լարուածութեան թուլացման առումով: Մարդս մինչեւ իսկ կը տարուի մտածելով, որ այս զինուորին դէպքը արդեօք սարքովի՞ էր, որպէսզի ծառայէր հրաժարեալին ընտրապայքարին, որովհետեւ, նոյն տրամաբանութեամբ, մարդս իրաւունք ունի հարցնելու, թէ շուրջ երկու շաբաթ առաջ գերեվարուածնե՞րը ինչո՞ւ չեն վերադարձուիր…

Ընդվզեցուցիչ է գերիներու նիւթը գերի դարձնել ընտրական բեմահարթակին:

Ընդունելի չէ այդ գծով ալ առեւտուր կատարել` քաջատեղեակ ըլլալով, որ Ալիեւի պատասխանը պիտի ըլլայ նոյնքան լիրբ եւ ամբարտաւան:

Իսկ Աբովեանի մէկ հիւանդանոցի (արդեօք դիահերձարա՞ն, թէ՞ պարզապէս մթերանոց) խուցերուն մէջ մէկդի դրուած եւ իրարու վրայ ցիր ու ցան նետուած հայ զոհուած զինուորներու մարմիններ պարունակող պարկերուն մասին ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տայ Փաշինեան: Իր հրաժարեալ նախարարուհին կէս-բերան ներողութիւն մը խնդրեց ու… քանի մը պաշտօնեայ քաւութեան նոխազ դարձուց` կարծելով, որ կարելի է այդպիսով մարդոց աչքին փոշի ցանել: Հոս ալ կարելի է Աստուածաշունչէն օրինակ մը փնտռել-գտնել, յարմարցնել եւ ամբոխահաճութեան ոգիով «քալեցնել»:

Դիւրին է խոր եւ լուրջ կացութիւնը «աժանցնել»-ն ու ծուղակի մէջ ձգելը: Շատ աւելի մտահոգիչ եւ շօշափելի հարցեր կան` թափանցում, հողերու նուիրում եւ դեռ շրջանային եւ միջազգային գաղտնի դասաւորումներ, որոնց մասին երբեք չի խօսուիր` առիթ տալով, որ այս ձախողածները մնան իշխանութեան վրայ:

Արդէն կը խօսուի աւելի քան 100 քառ. քմ գրաւուած ըլլալուն մասին, եւ դեռ սա միայն սկիզբն է:

Ուստի, այս ահազանգային վիճակին, տեղին է կրկնել «Հայաստան» դաշինքի լայնածաւալ ծրագրէն հետեւեալ պատգամը.

«Մի՛ տրուէք որեւէ սադրանքի: Ակնյայտ է, որ գործող իշխանութեան մի նեղ խումբ ցանկանում է անել ամէն ինչ` ներքին լարուածութիւն ու նոյնիսկ բախումներ հրահրելու համար: Սա այդ մարդու միակ կարողութիւնն է, իսկ անխուսափելի պարտութեան հեռանկարը նրանց դրդում է գնալ անօրինականութիւնների:

«Մոռացէ՛ք գործող իշխանութիւնը, այն չկայ մեր օրակարգում, կեդրոնացէ՛ք անելիքների վրայ, ապագայի վրայ»:

 

Նախորդը

Խօսք Իմ Բարեկամին

Յաջորդը

Ուրկէ՞ Կու Գանք, Ո՞ւր Կ՛երթանք – Ա.

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.