Անդրադարձ

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Ինքնակերտում,Վերականգնում Եւ Ապագայ Միասնաբար Մտածել

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեր ժողովուրդը, Հայաստան եւ սփիւռքներ, միայն ներկան կը տեսնէ անմիջականի եւ իրարու հակադրուող մրցակցութիւններու լոյսին տակ, չի փորձեր պատկերացնել յիսուն կամ հարիւր տարի վերջ ստեղծուելիք կացութիւնները եւ անոնց մէջ մեր ունենալիք տեղը: Անմիջականը եւ մրցակցութիւնները կը ծանծաղին անհատականի եւ հատուածականի ճահիճին մէջ, կը խափանեն  համազգայինը եւ ազգայինի ռազմավարութիւնը: Ըսի` ճահիճ, քանի որ այլ կերպ կարելի չէ բնորոշել բանգիտութիւնները...

101 Տարիքին Շիջեցաւ Չերչեան Ընտանիքի Նահապետ Տիգրան Չերչեանը

101 Տարիքին Շիջեցաւ Չերչեան Ընտանիքի Նահապետ Տիգրան Չերչեանը

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Տարիներ առաջ Պէյրութ այցելած թուրք արուեստագիտուհիի մը փորձած էի համոզել, որ հայ մը բնաւ պէտք չունի 1915-ի դէպքերու մասին ընթերցում կատարելու, պարզ այն պատճառով, որ ան անպայմանօրէն ունի այդ թուականին առնչուող ընտանեկան պատում մը` փոխանցուած մեծ մօր մը կողմէ: Աւելի՛ն. այդ պատմութիւններուն մէջ անպայմանօրէն ալ կային, զոհերու կողքին, անհետ կորած ընտանեկան անդամներու անուններ: Անուններ, որոնք կը մնային անդիմագիծ...

Հաղորդագրութիւն

Հաղորդագրութիւն

Հայկազեան համալսարանը կը յիշատակէ իր համանուն անուանակիրին` Արմենակ Հայկազեանի նահատակութեան հարիւրամեակը: 7 յուլիս 2021-ին կը նշուի Հայկազեան համալսարանի անուանակիրին` վեր. փրոֆ. Արմենակ Հայկազեանի (ծ. Հաճըն, 22 սեպտեմբեր 1870) նահատակութեան 100-ամեակը: Հայկազեան մահացաւ Խարբերդի մէջ 7 յուլիս, 1921: Աստուածաբան, մանկավարժ, գիտնական, լեզուաբան եւ երաժիշտ, «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի կողմէ «Մերձաւոր Արեւելքի ամէնէն ականաւոր հայ մանկավարժը» նկատուած Հայկազեան, 1889-ին` 19 տարեկանին կը ստանայ...

Մենատիրութեան  «Պողպատեայ Լիազօրագիր»-ը

Մենատիրութեան «Պողպատեայ Լիազօրագիր»-ը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Նախորդ յօդուածիս մէջ գրած էի.«Լիբանանի չափ տարածքի մը, 5000 կեանքերու, 30-ամեայ պատմական ձեռքբերումի մը կորուստին պատճառ դարձած, սակայն վերընտրութեամբ «վարձատրուած» քաղաքագէտէ մը, մանաւանդ Փաշինեանի հոգեբարոյական խառնուածքի տէր անձէ մը, կարելի չէ ընթացքի փոփոխութիւն կամ բարելաւում ակնկալել: Այդ «շնորհակալագիր»-ը միայն կ՛ամրապնդէ, կը խորացնէ եւ առաւել եւս կ՛աճեցնէ անոր ամենաթողութեան զգացումը, մեծամտութիւնն ու նկարագրի բոլոր յոռի գիծերը, ինչպէս նաեւ` անցնող...

Ինչո՞ւ.  Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

Ինչո՞ւ. Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ Պարսելոնա, 1 հոկտեմբեր 2001 Հրաւիրուած էինք մասնակցելու Պարսելոնայի «Եուրօ արթ» միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ՛ունենար «Ռամպլա» նշանաւոր պողոտայի վերջաւորութեան, ծովափնեայ հինաւուրց շէնքի մը մէջ: Երբ կը պատրաստուէինք պաշտօնական բացումը կատարել, յանկարծ  ամբոխ մը խուժեց գոռում գոչումներով... Նախ փորձեցին ներկաները դուրս հրաւիրել ցոյցի, ապա, երբ անտարբեր վերաբերմունքի  հանդիպեցան, սկսան տաղաւարներն ու նոյնիսկ արուեստի գործերը ջարդուփշուր ընել: Յայտնի չէր, թէ...

Գարեգին Վեհափառի Կեանքի Վերջին Օրերից

Գարեգին Վեհափառի Կեանքի Վերջին Օրերից

Յունիսի 29-ին Գարեգին Բ. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ (1977-1995), ապա Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի (1995-1999) վախճանման 22-րդ տարելիցն էր: Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի վերջին գրաւոր խօսքը, որ գրուել է վախճանումից օրեր առաջ Մայր Աթոռի միաբանների ներկայութեամբ. 18 յունիս Սիրելի՛ միաբաններ, Հոգեկան խորը յուզումով կը բաժնուիմ ձեզմէ, կը միանամ Աստծոյ` յարուցեալ Տիրոջս: Փափաքս է, որ դուք երկար ժամանակ մնաք Աստուծոյ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Սլաքներ. Չոր ու Դաժան Իրականութիւններու Դիմաց` Չնաշխարհիկ Վարքագիծ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհն ու մեր թշնամիները` իրենց ճամբով, Հայաստանն ու «վերանորոգուելու» պատրաստուող իշխանութիւնները` իրե՛նց ճամբով: Կը ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ մասնակի կամ լիակատար խզում կայ ասոնց միջեւ: Խօսինք օրինակներով: Ա.- Ազրպէյճանի մէջ գերի բռնուած հայորդիներ դատավարութեան կ՛ենթարկուին, տասնեակ տարիներու բանտարկութեան վճիռներ կը ստանան: Հայաստանի մէջ «թող երկու ամիս ալ համբերեն»-ի տրամաբանութիւնը (չըսելու համար անկարողութիւն, անտարբերութիւն եւ... համբակութիւն մատնող կրաւորականութիւնը) կը...

Ստացանք Աւետիսը, Տարոսը Բոլոր Հայ Աշակերտներուն

Ստացանք Աւետիսը, Տարոսը Բոլոր Հայ Աշակերտներուն

- Ի՞նչ լուր արդիւնքներէն: - Տակաւին նորութիւն չկայ... Այսպէս երկու օրեր անցան` նոյն հարցումները տալով եւ կրկնելով: Յանկարծ կէս գիշերին, ժամը 11-էն ետք, «ուաթսափ»-ային հաղորդումներով տեղեկացանք, որ արդիւնքները ելած են: Տնօրէնուհի եւ քարտուղար ուղղուեր են Ճեմարան: Ուսուցչական կազմը եւ աշակերտութիւնը արթուն կը սպասեն: Եւ վերջապէս ելաւ աւետիսը` ամբողջական յաջողութիւն, զանազան գնահատականներով: Այո՛, Լիբանանի ճգնաժամային այս օրերուն, երբ բոլորս վայրկեանը վայրկեանին...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

«Յուշարարները»

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Միշտ կը մտածեմ, որ «երիտասարդ» մնալու գրաւականը մարդու ներքին լոյսն է: Իմ պարագայիս` սենեակս: Աշխատասեղանս: Համակարգիչիս ճերմակ պաստառին եւ անոր հայերէն տառերուն դիմաց: Այս է ընդհանրապէս եւ մանաւանդ այս օրերուս փոքրիկ աշխարհս եւ անկիւնս, ուր կը կտրուիմ դուրսէն, աշխարհէն եւ կ՛ապրիմ իմ մտքերուս հետ: Ահա գաղտնիքներէս մէկը... Հոս է, որ երկար եւ անժամանակ, քիչ-շատ կը կարդամ: Քիչ-շատ ալ...

Պաղեստինա-Իսրայէլեան Թնճուկը Կրկին Մերձաւորարեւելեան Եւ Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերում

Պաղեստինա-Իսրայէլեան Թնճուկը Կրկին Մերձաւորարեւելեան Եւ Աշխարհաքաղաքական Օրակարգերում

ԱՐՄԷՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Մերձաւոր Արեւելքի «քրոնիկ» հակամարտութիւնը` պաղեստինա-իսրայէլական հիմնախնդիրը, ռազմական լարուածութեան հերթական շրջափուլն արձանագրեց ս.թ. մայիս ամսուայ ընթացքում: Ապրիլի կէսերից Իսրայէլի տարածքում, յատկապէս Արեւելեան Երուսաղէմում, տարբեր պատճառներով արձանագրուած պաղեստինա-իսրայէլական բախումներն մագլցումի աւելի լայն ծաւալներ ընդգրկեցին` մայիսի 6-ից սկսած` միաժամանակ առաւել խարխլելով Իսրայէլ պետութեան ներքին կայունութիւնը, իսկ մայիսի 10-21-ին վերաճելով վերջին 15 տարուայ կտրուածքով Իսրայէլ-Կազայի հատուածում ամենամասշտաբային օդային դիմակայութեան: Պատմական ակնարկ Պաղեստինա-իսրայէլեան...

Ակնարկ.  Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

Ակնարկ. Բանակը Կը Վերահսկէ Քաոսին

Լիբանանի դէմ շարունակուող ֆինանսական շրջափակումի հետեւանքները թեւակոխած են նոր փուլ: Ճանապարհներ փակելու անհնազանդութեան շարժումները կը տարածուին լիբանանեան տարբեր շրջաններու մէջ: Կը նկատուի սակայն ոճային փոփոխութիւն: Սակաւաթիւ խումբեր յանկարծակի կը գրաւեն հիմնական պողոտաներու խաչմերուկներ, կ՛անդամալուծեն երթեւեկը: Շարժումը չի ստանար զանգուածային տեսք, այլ ճամբայ փակել-բանալու գործողութիւններով կը ստեղծէ պարագայական իրավիճակներ` քաղաքացիին միտքին մէջ տեղաւորելով յառաջիկայ ժամերուն ճամբայ փակելու գործողութեան հնարաւորութիւնը: Բողոքի այս...

Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

«Կովկասի Մէջ Միացեալ Նահանգներուն Համար Գետնի Ականներ կը Վխտան – Ազրպէյճանը Հարուստ Է Դիւանագիտական Կարելիութիւններով, Հայաստանը Կը Կնճռոտէ Խնդիրը» (1)

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Այս է խորագիրը Ուոլթըր Ռասըլ Միիտի (2) Պաքուէն ղրկած 21 յունիս 2021-ի «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի «Համաշխարհային դիտակէտ» սիւնակին, որ կը վերլուծէ արտաքին քաղաքականութեան ընթացիկ զարգացումները` կիզակէտ ունենալով ամերիկեան ռազմավարութիւնը եւ աշխարհաքաղաքականութիւնը: Սիւնակը կայքէջին մէջ լոյս կը տեսնէ ամէն երկուշաբթի երեկոյ եւ թերթին մէջ կը տպուի երեքշաբթի: Ստորեւ` թարգմանութիւնը: 1.- Յօդուածին նկարը` Պաքու: «Ազրպէյճան շաբաթ օր 15 հայ ռազմագերիներ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տօնացոյցի Խախտում

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Ընդհանրապէս ժողովուրդներու պատմութեան, պետութեան, ազգային, կրօնական եւ միջազգային տօները ազգի մը գոյատեւման եւ ամրապնդման, սերունդներու դաստիարակութեան եւ բարգաւաճման վրայ իրենց ազդեցութիւնը կ՛ունենան, մանաւանդ երբ այդ ազգը հին եւ նոր պատմութիւն կերտած է եւ ունի պղտոր ապագայ կամ քաղաքական ու աշխարհաքաղաքական անկայուն իրավիճակ: Փաստօրէն, 27 սեպտեմբերէն ետք ազգովին մեր ալ տօնացոյցի օրերը խախտեցան: Սեպտեմբեր 27 եւ նոյեմբեր 9 աւելցաւ:...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ընտրութիւններ Եւ Հորիզոններ – Բ. – Ո՞վ Պիտի Լուսաւորէ Հորիզոնը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Դէպի ապագայ, դէպի յուսատու հորիզոններ սեւեռելէ առաջ կ՛արժէ, որ պահ մը կանգ առնենք այն իրականութիւններուն առջեւ, որոնք կը կազմեն 20 յունիսէն ետք կազմաւորուող պատկերը, եւ այդ մեկնակէտով հարց տանք, թէ ո՞վ պիտի լուսաւորէ, ո՞վ կրնայ լուսաւորել մեր մթագնած հորիզոնները: Ներքին Տուեալներ Ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած ըլլալը յայտարարող Նիկոլ Փաշինեան (զինք պէտք է կոչել հրաժարեա՞լ վարչապետ, պաշտօնակատա՞ր, թէ՞ վերադառնալու...

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Վերածուած Է Գոմի

Վանի Սուրբ Թովմաս Հայկական Լքուած Վանքը Վերածուած Է Գոմի

Վանի Սուրբ Թովմաս հայկական վանական համալիրը կիսաւեր, լքուած եւ անմխիթար վիճակի մէջ է: Գանձախոյզներու եւ կլիմայական վատ պայմաններու պատճառով մեծապէս վնասուած համալիրը այսօր կարիքը ունի վերականգնման ու խնամքի: Վանքը ամրան ընթացքին կը վերածուի անասուններու ժամանակաւոր գոմի: Թովմաս առաքեալի մասունքները ամփոփելու նպատակով 11-րդ դարուն կառուցուած եկեղեցին կը գտնուի Վանայ լիճին մօտ, 2000 մեթր բարձրութեամբ բլուրի մը գագաթին: Վանի Ոստան շրջանին մէջ...

«Երկիրը Արտերկրէն»

«Երկիրը Արտերկրէն»

ՄԱՐԻ ՄԵՐՏԽԱՆԵԱՆ «2002-ի աշնան, առաջին անգամ ըլլալով, առիթը ունեցայ Հայաստան այցելելու քանի մը շաբաթով: Իբրեւ սփիւռք ծնած-մեծցած դաշնակցական մամուլի գործիչ` ես այսպէս նկարագրած եմ այցելութիւնս ու տպաւորութիւններս, օրին, այցելութենէս քանի մը շաբաթ վերջ: Մէկը, որուն մանկութեան թէ գիտակցական կեանքին առանցքը եղած է (ու կը մնայ) Հայաստանը. ա՛յն Հայաստանը, զոր տեսած էի միայն դասագիրքերուս, լուսանկարներու, «Նահապետ»-ին ու նման ժապաւէններու կամ վաւերագրական...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ  Ա՞յս Կացութեան Մէջ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Արցախի Նախագահի Հրաժարականի Պահանջ Ա՞յս Կացութեան Մէջ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի պահանջին ժամկէտը մտահոգութիւններու տեղիք կու տայ քանի մը տուեալներով: Բողոքը մտածել կու տայ, թէ արդեօ՞ք ան կազմակերպուած է ժողովրդային ինքնաբուխ պոռթկումով, թէ՞ քաղաքական որոշ ուժերու մասնակցութեամբ: Փաստերը ցոյց կու տան, որ ժողովրդային բողոք է տեղի ունեցածը: Բողոքին օրն ու ժամը մտածել կու տան նաեւ, թէ ինչո՛ւ ժողովուրդը ուշացած, ճիշդ այս օրերուն կը դիմէ բողոքի, մինչդեռ պատերազմէն...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկութիւնը Նեցուկ Կը Կանգնի Լիբանանի Մէջ Ուսուցիչներու Վերաորակաւորման Ծրագիրին

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքը Լիբանանի մէջ ուսուցչական վերաորակաւորման նոր ծրագիրի մը նախաձեռնած է: Լիբանանի ամերիկեան համալսարանին (Էլ.Էյ.Եու.) հետ գործակցաբար, հիմնարկութիւնը նեցուկ կը կանգնի հայկական դպրոցներուն մէջ հայերէնով դասաւանդող ուսուցիչներու վերաբերող վերաորակաւորման ծրագիրին: 2019-ին հիմնարկութիւնը Լիբանանի համար նախատեսուած համընդհանուր ռազմավարութիւն մը մշակած էր` կիզակէտ ունենալով դպրոցները, դաստիարակչական զարգացումը եւ հայերէնի ամրապնդումը: Այդ ռազմավարութեան կարեւոր բաղադրիչներէն մէկն է ուսուցիչներուն վերաբերող յատուկ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ընտրութիւններ Եւ Հորիզոններ – Ա.- Ինչպէ՞ս Հոս Հասանք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Հայաստանի մէջ 20 յունիսին տեղի ունեցած ընտրութիւններէն ետք, յստակացումէ աւելի, նոր հարցականներ ծագեցան հազար ու մէկ պատճառով, որոնք նիւթ դարձան (եւ նիւթ կը մնան) տասը հազար եւ մէկ մեկնաբանութիւններու: Գլխաւոր հարցումները եւ անոնց պատասխաններ գտնելու փորձերը, ըստ «աւանդութեան», հակադիր տեղեկութիւններով եւ տեսութիւններով ողողած են դաշտերը. եթէ իշխանութիւնը կը պնդէ, որ ընտրութիւնները վճռած են ամէն բան, ինք անառարկելի յաղթանակ...

Ընտանիք Մը Տուն Կ՛ուզէ

Ընտանիք Մը Տուն Կ՛ուզէ

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Տուն... Եւ «տուն» ըսելով` նկատի չունիմ քարեղէն այն քանի մը սենեակէ բաղկացած կառոյցը, որուն ամէն մէկ սենեակը մարդուս առօրեայ պահանջները յագեցնելու դեր կը կատարէ: Մարդը կար նաեւ այդ տունէն առաջ, եւ ինք տուաւ այդ տունին իմաստ, ինք կազմեց տունին ամբողջական այն պատկերը, որ այսօր ձեր միտքը կու գայ, երբ կը կարդաք «տուն» բառը: Մարդը չունէր այսօրուան տունը, բայց...

Page 319 of 807 1 … 318 319 320 … 807

Արխիւներ