ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Պարսելոնա, 1 հոկտեմբեր 2001
Հրաւիրուած էինք մասնակցելու Պարսելոնայի «Եուրօ արթ» միջազգային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ՛ունենար «Ռամպլա» նշանաւոր պողոտայի վերջաւորութեան, ծովափնեայ հինաւուրց շէնքի մը մէջ:
Երբ կը պատրաստուէինք պաշտօնական բացումը կատարել, յանկարծ ամբոխ մը խուժեց գոռում գոչումներով… Նախ փորձեցին ներկաները դուրս հրաւիրել ցոյցի, ապա, երբ անտարբեր վերաբերմունքի հանդիպեցան, սկսան տաղաւարներն ու նոյնիսկ արուեստի գործերը ջարդուփշուր ընել: Յայտնի չէր, թէ ի՞նչ կը կատարուէր եւ ոչ ալ յստակ էր, թէ իրենց ուզածը ի՛նչ է: Ես բնազդաբար ջարդուած շրջանակի մը մէկ փայտը ձեռքս առի, եւ ուրիշներու հետ դիմադրեցինք ու սկսանք դուրս վռնտել զանոնք: Քաշկռտուք ու ծեծկռտուք սկսաւ մեր եւ ցուցարարներուն միջեւ: Մինչ այդ ոստիկանները հասան ու ցուցարարներէն քանի մը հոգի ձերբակալեցին, իսկ մնացեալները դուրս հանեցին: Պարզուեցաւ, որ նոյն օրը Աֆղանիստանի վրայ ամերիկեան յարձակումը սկսած է, եւ քաղաքական կարգ մը կազմակերպութիւններ ցոյցի ելած են Միացեալ Նահանգներուն դէմ: Լրատուամիջոցները ուրիշներու շարքին զիս եւս «հարցաքննեցին» ու լայնօրէն անդրադարձան դէպքին…
Սիրելի՛ ընթերցող, խնդիրը այս չէ, այլ այն, որ այս միջադէպին պատճառով յաջորդ օրը անձնաւորութիւն մը ուղիղ քովս եկաւ եւ հաստատելէ ետք, որ դէպքին մասնակցած հայը ես եմ, առաջարկեց, որ ցուցահանդէսէն ետք հանդիպինք: Տարաւ զիս նոյն հրապարակին վրայ գտնուող ծովափնեայ ճաշարան մը: Կը կարծէի, որ խօսքը արուեստի մասին պիտի դառնայ: Բայց ծանօթացման կարճ զրոյցէ մը ետք ան ուղղակի նիւթին անցաւ.
— Ես քաթալան գործիչ ղեկավարներէն եմ: Դուք ինքնուրոյն ու բարձր մշակոյթի տէր ազգ էք: Մենք նոյնպէս, սակայն տարբերութիւնը այն է, որ մենք գիտենք ձեր մասին, իսկ դուք ոչ: Վստահ եմ` բոլորին նման դուք ալ կը կարծէք, որ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին, Խուան Միրոն, Անթոնի Կաուտին եւ շատ շատեր սպանացիներ են: Մինչդեռ անոնք բոլորն ալ քաթալաններ են: Իբրեւ նոյն ճակատագիրը կրող ազգ` փորձած ենք գործակցիլ ձեզի հետ, բայց` ի զուր: Մենք գիտենք ձեր պատմութիւնը ու կը կիսենք ձեր ցաւը: Իմ եւ ընդհարապէս մեր առաջարկը այն է, որ ստեղծենք քաթալանահայկական մշակութային միութիւն մը ու հետապնդենք մեր եւ ձեր ազգային իրաւունքները… միասնաբար: Այստեղի հայկական գաղութը նոր սկսած է կազմակերպուիլ: Մենք արդէն իսկ սկսած ենք պասքերու հետ կապ հաստատել ու գործակցիլ… Եթէ կամեցողութիւն ըլլայ, կրնանք ուրիշներ եւս ներգրաւել շարժման մէջ:Դուք միջազգային մեծ փորձառութիւն ունիք: Ինչո՞ւ դուք մեզմով ու մեր նմաններով չէք հետաքրքրուած ու պատրաստ չէք գործակցելու…
Ինչո՞ւ…
………………………………………………………………………………………………………………….
Մոնաքօ, 2010, Մարտ-Ապրիլ
Առիթը դարձեալ կերպարուեստի միջազգային ցուցահանդէս մըն էր, որ տեղի կ՛ունենար «Կրիմալտի ֆորում»-ին մէջ: Իջեւանած էինք «Մերիտիըն սիւր մեր» պանդոկը, որուն եւ ցուցահանդէսի սրահին միջեւ, մեր ամէնօրեայ ճամբուն վրայ կար ծովափնեայ ճաշարան մը, որմէ յաճախ կ՛օգտուէինք: Առաջին օրն իսկ նշմարեցի, որ բազմաթիւ դրօշակներով զարդարուած էին ճաշարանի մուտքն ու ելքը, սակայն զարմանալիօրէն մեր եռագոյնը կը բացակայէր: Քանի մը անգամ յաճախելէ ետք, երբ ծանօթութիւն ստեղծուեցաւ ճաշարանի տիրոջ հետ, հարցուցի.
– Ինչո՞ւ հայկական եռագոյնը կը պակսի դրօշակներուն մէջ:
– Այս բոլոր դրօշակները տարբեր երկիրներէ այցելուներ բերած են, եթէ դուք ալ բերէք, ձեր եռագոյնն ալ հաճոյքով կը կախեմ… :
Քաջալերուած այդ տարուան յաջողութենէն` յաջորդ տարին մենք դարձեալ մասնակցեցանք Մոնաքոյի միջազգային ցուցահանդէսին: Ես չէի մոռցած հետս տանելու մեր դրօշակը, բայց նկատի ունենալով, որ այդ օր տէրը հոն չէր, յանձնեցի զայն կնոջը` խնդրելով, որ զայն կարելի եղածին չափ հեռու դնէ թրքական դրօշակէն: Օրեր ետք, երբ երեկոյ մը դարձեալ հոն կը ճաշէինք, տէրը եկաւ ու շնորհակալութիւն յայտնեց եռագոյնին համար եւ իբրեւ յաւելեալ հիւրասիրութիւն` փիծծա մը դրաւ սեղանին ու աւելցուց.
— Ասիկա «Քորսիքա» կը կոչուի, մեր սփեշըլիթին է, անուշ ըլլայ:
Ես իմ հերթիս շնորհակալութիւն յայտնեցի, յատկապէս անոր համար, որ մեր դրօշակը աչքառու եւ լաւ տեղ մը դրած էր, իսկ թրքականը` հանած ու աննշան անկիւն մը զետեղած: Ապա հրաւիրեցի, որ նստի… Անմիջապէս հարցուցի.
— Եթէ այս փիծծան ձեր սփեշըլիթին է, ապա ինչո՛ւ «Քորսիքա» կը կոչուի:
— Ես գիտեմ, որ դուք` հայերդ թուրքերը չէք սիրեր, եւ գիտեմ, թէ ինչո՞ւ: Իսկ դուք չէք գիտեր, որ մենք ֆրասացիները շատ աւելի կ՛ատենք, քան դուք` թուրքերը…
— Ներողութիւն, դուք Մոնոգէ՞ս (Monegasque) էք, թէ՞ իտալացի…
— Ո՛չ մէկը եւ ո՛չ ալ միւսը…
— Այն ատեն ինչո՞ւ կ՛ատէք ֆրանսացիները:
— Որովհետեւ ես քորսիքացի եմ: Կը տեսնէ՛ք, դուք մեր մասին գաղափար իսկ չունիք: Ո՛չ ֆրանսացի ենք մենք եւ ո՛չ ալ իտալացի: Մենք քորսիքացի ենք, առանձին մշակոյթով ու իւրայատուկ լեզուով ազգ ենք: Ոչ միայն Մոնաքոն, այլ նաեւ ողջ Քոթ տ՛Ազիւրը իտալական հողեր են: Ֆրանսացիները գրաւած են զանոնք, որոնց շարքին նաեւ` Քորսիքան: Այս երաժշտութիւնը, զոր կը լսես, քորսիքական է, ոչ մէկ կապ ունի ո՛չ իտալական, ո՛չ ֆրանսական եւ ո՛չ ալ որեւէ եւրոպական մշակոյթներու հետ: Ես երբ կը լսեմ ձեր` հայերու կամ պասքերու երաժշտութիւնը, հարազատութիւն մը կը զգամ անոնց հետ: Ասիկա ինծի նշմարել տուաւ պասք զբօսաշրջիկ մը, որ ձեր պատմութիւնը շատ լաւ գիտէր: Անոր ցանկութիւնն էր, որ այս երեք անիրաւուած ու ճնշուած ազգերը միանային ու միասնաբար իրենց ազատագրական պայքարը շարունակէին… Ես կը զարմանամ, ինչո՞ւ մենք ձեր մասին գիտենք ու կը հետաքրքրուինք ձեզմով, իսկ ոչ միայն դուք, այլեւ ողջ աշխարհը մեր ազգին մասին գրեթէ գաղափար չունի: Փարիզ կ՛երթան, կ՛այցելեն Նափոլէոնի դամբարանը ու իբրեւ ֆրանսացի հերոսի` նաեւ կը խոնարհին անոր դիմաց: Հիմա կը հասկնա՞ս, թէ ինչո՛ւ մեր սփեշըլիթիին անունը «Քորսիքա» է եւ ոչ թէ Մոնաքօ կամ ուրիշ բան մը… Մենք որոշ փորձեր ըրած ենք, սակայն դուք մէկ ճամբայ բռնած էք ու կ՛երթաք առանց չորս կողմ նայելու: Ինչո՞ւ…
………………………………………………………………………………………………………………….
Գահիրէ, 1988, փետրուար
«Յուսաբեր» ակումբին կողմէ հրաւիրուած էի շարք մը դասախօսութիւններ տալու: Պարտաւորութիւններս կատարելէ ետք ճամբայ ելայ դէպի հարաւ` հասնելու համար մինչեւ Ասուան ու Ապու Սիմպել: Ճանապարհին կարգ մը հնավայրեր (Ամարնա, Ապիտոս, Տենտերա…) այցելելէ ետք, երրորդ օրը հասայ Լիւքսոր, ուր զիս կը սպասէր հնագէտ-եգիպտաբան դոկտ. Հուրիկ Սուրուզեանը: Հուրիկը չափազանց յարգուած մասնագէտ էր Եգիպտոսի մէջ, բոլոր արգիլուած դռները կը բացուէին անոր առջեւ: Նմանօրինակ մասնագէտ առաջնորդ մը ունենալը մեծ բախտաւորութիւն էր ինծի համար, մանաւանդ որ գեղեցիկ էր ու համակրելի: Մինչ այդ բազմակողմանիօրէն օժտուած արուեստագիտուհի Շաքէ Յովակիմեանը ծանօթացուցած էր մեզ, ու մենք բաւական մտերմացած էինք: Օդակայանէն ինք դիմաւորեց զիս, բոլոր դասախօսութիւններուս ներկայ եղաւ ու օրեր տրամադրեց ինծի հետ այցելելու համար Գահիրէի թանգարանը, որուն բազմալեզու պատկերագիրքի մասնագիտական բաժինը իրեն վստահուած էր: Լիւքսորի մէջ շաբաթ մը մնալէ եւ կարեւորագոյն հնավայրերը (Թագաւորներու հովիտի, ինչպէս նաեւ Քառնաքի եւ Ռամսէս Բ.ի նման տաճարներ) այցելելէ ետք, յաջորդ օրը պէտք էր, որ մեկնէի Ասուան` Էլեֆանթին կղզիի հնավայրերը ուսումնասիրելու համար:
Ի դժբախտութիւն ինծի, Հուրիկը տեղեկացուց, որ պիտի չկրնայ հետս գալ, որովհետեւ Գերմանիայէն հնագէտներ պիտի գային, ու ինք պարտաւոր էր ուղեկցիլ անոնց: Տրամադրութիւնս քանդուեցաւ այն պատճառով, որ իրեն պէս նեկայանալի, ուշիմ ու հաղորդական առաջնորդէ մը կը զրկուէի: Այնուամենայնիւ, ան որոշ գրականութիւն տրամադրեց ինծի, բացատրութիւններ տուաւ ու յատուկ պատուիրեց, որ զգուշ ըլլամ, որ չխաբեն զիս իբրեւ օտար, յատկապէս` «Ֆալուքա» (նաւակ) վարձելու պարագային…
Սիրելի՛ ընթերցող, երբ Էլեֆանթին կղզիի հանդիպակաց կողմի գետափը հասայ, քանի մը նաւաստիներ մօտեցան ու անհամեմատ աւելի բարձր գիներ պահանջեցին: Առանձնացայ ու ժայռի վրայ նստայ: Երկու լուծում ունէի` կա՛մ պահանջուած գինը պիտի վճարէի եւ հնարաւորութիւն պիտի ունենայի ուսումնասիրելու կղզիի յուշարձանները, կամ ալ պիտի միանայի զբօսաշրջիկներու խումբի մը եւ հարեւանցիօրէն պիտի տեսնէի զանոնք: Ընթացքին թխամորթ երիտասարդ մը մօտեցաւ ու իր նաւակը հրաւիրեց` աւելցնելով.
— Ըստ երեւոյթին դուք առանձին էք: Ես ձեզ կ՛առաջնորդեմ, ամէն տեղ կը տանիմ ու ամէն ինչ կը բացատրեմ… ես մասնագէտ եմ:
— Լա՛ւ, բայց նկատի առէք, որ կղզիի ամբողջ շրջանը պիտի ընենք ու որոշ տեղեր երկար պիտի մնանք: Ժամական որքա՞ն կ՛ուզէք…
— Կարեւոր չէ, եթէ կ՛ուզէք, բնաւ մի՛ վճարէք..
— Չեմ հասկնար, ինչո՞ւ…
— Դուք հայ էք, չէ՞…
— Նախ` ինչէ՞ն գիտցաք, որ հայ եմ: Յետոյ իմ հայ ըլլալս ի՞նչ նշանակութիւն ունի ձեզի համար:
— «Ֆալուքա» ելէք, ճամբան կը բացատրեմ: Վստահեցէք ինծի, ես «ասոնցմէ» չեմ:
Յուզուեցայ` ենթադրելով, որ Հապեշիստանի սեւամորթ հայերէն է, որոնցմէ ոմանց ծանօթ էի Հայաստանի ուսանողական տարիներէն: Մտայ նաւակ ու հազիւ ուղղուեցանք դէպի կղզի, ան ըսաւ.
— Նայիր վեր…
Նայեցայ… նաւակի կայմին ծայրը մեր եռագոյնը կը ծածանէր: Ան բացատրեց.
— Գահիրէէն հայ պատանիներ եկած էին, անոնք նուիրեցին: Ես նուպիացի եմ, մեր եռագոյնը հանեցի, փոխարէնը կախեցի ձեր դրօշակը:
Ես յուզուած էի… ան շարունակեց.
— Անունս Պիպի Պանա է: Ես ձեր պատմութիւնը գիտեմ, գիտեմ, որ թուրքերը ձեզ կոտորած են եւ ուզած են ոչնչացնել… Մենք ալ ձեզի նման մեր դատը ունինք: Ճիշդ է, որ մենք իսլամ ենք, սակայն արաբ չենք: Ինքնուրոյն ազգ ենք մենք ու մեր մշակոյթով բոլորովին կը տարբերինք ուրիշներէ: Հարաւային Եգիպտոսը մեր հայրենիքն է: Ժամանակին մենք ալ թագաւորութիւն ունէինք: Ուզած ենք ազատ ու խաղաղ ապրիլ հոս` մեր սեփական հողերուն վրայ: Սակայն բռնագրաւեցին մեր երկիրը, տեղահան ըրին ու ցրուեցին մեզ… այնպէս` ինչպէս ձեզի հետ վարուեցան…
— Ինչպէ՞ս…
— Երբ որ ռուսերը Ասուանի ամբարտակը կառուցեցին ութսուն մէկ Նուպիական գիւղեր ու գիւղաքաղաքներ ջուրին տակ թաղեցին, բայց պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ միայն չորս գիւղեր մնացած են ջուրերուն տակ: Մենք` նուպիացիներս դէմ էինք եւ չէինք ուզեր լքել մեր պապենական հողերը: Նոյնիսկ շատեր իրենք զիրենք կապեցին իրենց տան սիւներուն, խեղդամահ եղան ու հոն մնացին, անոնց աճիւնները իբրեւ «վկաներ» մինչեւ հիմա ջուրերուն տակն են: Իշխանութիւնները կրնային փոխել ամբարտակին տեղն ու ձեւը, եւ մեր հայրենիքը կը փրկուէր: Չըրին, որովհետեւ լաւ պատրուակ էր իրենց համար նուպիական հարցը ընդմիշտ թաղելու… Ճիշդ է, որ շատերու տրամադրուեցան կացարաններ, ու որոշ գիւղեր պահեցին իբրեւ թանգարանային նմուշ: Սակայն մենք` իբրեւ ազգ, ցրուած ու վտանգուած ենք, այնպէս` ինչպէս դուք` հայերդ:
Ես լռեցի, ինք շարունակեց.
— Աշխարհը անտարբեր է մեզի հանդեպ: Զբօսաշրջիկները կու գան, կ՛այցելեն մեր գիւղերը, ոչ միայն կը հիանան, այլեւ կապ մը կը տեսնեն մեր եւ հին եգիպտական մշակոյթներուն միջեւ: Չեմ զարմացած, թէ ինչո՛ւ աշխարհը տեղեակ չէ մեր ողբերգական վիճակէն, սակայն կը զարմանամ, թէ ինչո՞ւ մեր եւ ձեզի նման տառապած ու անիրաւուած ժողովուրդները քով քովի չենք գար, չենք օգներ իրարու, որպէսզի միասնաբար պայքարինք մեր ազգային ու համամարդկային իրաւունքներու ձեռքբերման համար: Ինչո՞ւ մեծապետական երկիրներուն վերապահուած պիտի ըլլայ համախմբուիլ ու որոշել երկրագունդի, ինչպէս նաեւ մեր եւ ձեր նման ազգերու ճակատագիրը… Եւ այն ալ` առանց մեր կարծիքը առնելու: Համամարդկային ո՞ր օրէնքը կը թոյլատրէ անոնց… Ի վերջոյ ինչո՞ւ մենք բոլորս` ճնշուած ու անիրաւուած ժողովուրդներս պիտի չկարողանանք համախմբուիլ եւ միասնական ու համակարգուած ուժերով շարունակել պահանջատիրական մեր առաքելութիւնը: Ի վերջոյ, ինչո՞ւ պիտի շարունակենք համակերպիլ… երբ երկրի տէրերը կը խօսին մարդասիրական օրէնքներու ուժի մասին, սակայն կը գործեն անտառային ուժի օրէնքներով…
Ինչո՞ւ…
Յաջորդ օրը, երբ վերադարձայ Լիւքսոր ու Հուրիկին պատմեցի այս բոլորը, ան պահ մը լռեց, ապա խոնաւ աչքերով աչքերուս նայեցաւ ու ըսաւ.
— Կը ճանչնամ այդ երիտասարդը: Մասնագիտութեամբ հնագէտ է: Հակառակ անոր որ փայլուն կերպով աւարտած է Գահիրէի համալսարանը, մինչեւ հիմա շնորհքով գործ մը չունի… ան նաեւ չէ ըսած քեզի, որ ամբարտակին տակը մնացածներէն մէկն ալ իր պապն է… Քանի մը անգամ փորձած է կապ ստեղծել մեր գաղութին հետ…
Սիրելի՛ ընթերցող,
Իբրեւ հայ ազգի ներկայացուցիչ` երեք «Ինչո՞ւ»-ներուն դիմաց ես յանցաւորի նման գլուխս կախ, անճրկած մնացի… Փաստօրէն ես չկրցայ պատասխանել… Դուն կրնա՞ս…
Մանաւա՛նդ որ վերջերս, այս խիստ ստորնացուցիչ պարտութենէն ետք,ոչ միայն անգամ մը եւս դաժանօրէն տրորեցին մեր ազգային ու մարդկային ինքնասիրութիւնը, այլեւ աներեսաբար կը շարունակեն խօսիլ մարդասիրական օրէնքներու ուժի մասին, սակայն կը գործեն անտառային ուժի օրէնքներու հիման վրայ… Այո՛, ինչո՞ւ կարեկցանք մուրալ նմանօրինակ մեծապետական իշխանութիւններէն, երբ անոնցմէ իւրաքանչիւրը նախ եւ առաջկը պաշտպանէ պետական ի՛ր շահերը… անշուշտ` արդարօրէն: Նոյն տրամաբանութեամբ, սակայն, ինչո՞ւ չենք պաշտպաներ մեր ազգային ու մարդկային շահերը, որ մեր անառարկելի իրաւունքն է: Թէ ի՛նչ ըրինք մինչեւ հիմա, ո՞ւր հասած ենք եւ կամ Ի՞նչ կ՛ընենք, բացայայտ է ու մեկին…
Այո՛, ինչո՞ւ… եւ անգամ մը եւս` ինչո՞ւ… ու բազմաթիւ ինչո՞ւներ…, որոնք պատասխանի կը սպասեն: