Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

101 Տարիքին Շիջեցաւ Չերչեան Ընտանիքի Նահապետ Տիգրան Չերչեանը

July 3, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Տարիներ առաջ Պէյրութ այցելած թուրք արուեստագիտուհիի մը փորձած էի համոզել, որ հայ մը բնաւ պէտք չունի 1915-ի դէպքերու մասին ընթերցում կատարելու, պարզ այն պատճառով, որ ան անպայմանօրէն ունի այդ թուականին առնչուող ընտանեկան պատում մը` փոխանցուած մեծ մօր մը կողմէ: Աւելի՛ն. այդ պատմութիւններուն մէջ անպայմանօրէն ալ կային, զոհերու կողքին, անհետ կորած ընտանեկան անդամներու անուններ: Անուններ, որոնք կը մնային անդիմագիծ եւ հազուադէպօրէն ալ փնտռուած եւ գտնուած մը:

Վերի մտորումները ունեցանք, երբ ստացանք ալեւոր տարիքին` 101 տարեկանին շիջած Նիւ Եորքի հայութեան նահապետը նկատուող Տիգրան Չերչեանի մահուան գուժը: Տիգրան Չերչեան որդին է պոլսեցիներուն ծանօթ դաստիարակ, համայնքային գործիչ, կեսարացի արմատներով Յակոբ Վահրամ Չերչեանին (1888-1975): «Ռոպերթ» քոլեճի (ներկայիս` Պօղազիչի համալսարան) եւ բազմաթիւ այլ տեղական թէ հայկական վարժարաններու թուաբանութեան եւ գեղագրութեան ուսուցիչ Վահրամ Չերչեանի անունը կ՛առնչուի ընդհանրապէս Աթաթիւրքի եւ մեծանուն Յակոբ Մարթայեան Տիլաչարի գլխաւորած լատինական տառերու որդեգրումի շարժումին: Նոյն տարիներուն ան պատրաստած է նաեւ Աթաթիւրքի ստորագրութիւնը:

Տիգրան Չերչեան ծնած է 1920-ին, Նիւ Եորքի մէջ եւ փոքր տարիքին ընտանեօք փոխադրուած է Պոլիս: Ստացած բարձր ուսումը եւ լեզուական հմտութիւնը բարձր պաշտօններ ապահոված էին իրեն ամերիկեան «Ունիրոյալ» ընկերութեան մէջ, եւ ան բարձրացած է մինչեւ Միջին Արեւելքի երկիրներու ընդհանուր ներկայացուցիչի պաշտօնին: 1967-1970 տարիներուն ապրած է Պէյրութ, եւ հօրը այցելութիւնը պատճառ դարձած է, որ վերագտնէ հարազատ զարմիկ մը` յանձինս Օննիկ Չերչեանի: Հաստատուած ջերմ կապերը դժբախտաբար կը փրթին 1975-ին Լիբանանի չարաղէտ պատերազմի սկզբնաւորումով, ինչպէս նաեւ անոր հօր` Վահրամի մահուան պատճառով: Պաշտօնի բերմամբ անցած է այլ երկիրներ եւ 1990-ին վերջնական կայք հաստատած` Նիւ Եորք, ուր կ՛ապրէր իր երկու զաւակներուն` Րաֆֆիի, Շանթի եւ միակ թոռնիկին` Անթուան Անդրանիկին հետ: Ան Նիւ Եորք հաստատուելէն ի վեր եղած է Սրբոց Նահատակաց վարժարանի, եկեղեցւոյ դպրաց դասին եւ «Կոմիտաս» երգչախումբին սիւներէն, միշտ ներկայ գտնուած` վարժարանի հանդէսներուն եւ «Կոմիտաս» երգչախումբի փորձերուն ու բոլորին կողմէ սիրուած «մեծ հայրիկ»-ը եղած է:

2017 թուականին Նիւ Եորքի Սրբոց Նահատակաց վարժարանի նախկին տնօրէնուհի Զարմինէ Պօղոսեանին գրած «Դպրաց դասի մեր եկեղեցւոյ նահապետը` հպարտ կոմիտասականը» խորագրեալ յօդուածը ուշադրութիւնը կը գրաւէ իր հօր պէյրութաբնակ զարմիկին` Օննիկ Չերչեանի դստեր` Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի: Այս անգամ հակառակ կողմէն կատարուած փնտռտուքը սկիզբը կը դառնայ իր վերջալոյսի տարիներու երկայնքին կատարուած թղթակցութեան եւ հեռաձայնային զրոյցներու: Հաճելի եւ նոյնքան ալ ցաւ պատճառող իմացական եւ հոգեկան երկխօսութիւն մը կը կատարուէր երկուստեք, ներկայէն դէպի անցեալ: Փորձ մը կը կատարուէր վերյիշելու անցեալը, երբ գլխաւոր դերակատարները արդէն մեկնած էին եւ հասած էին հոն, ուր անցեալը փրթած էր ներկայէն, կամ ալ` հակառակը: Կարօտը զարմանալիօրէն կը վերածուէր կարօտաբաղձութեան, երէկուան անծանօթը կը վերածուէր ընտանիքի վերագտնուած հարազատ անդամին: Հայրենակիցի, արիւնակիցի եւ հարազատի գիտակցութիւնը մասամբ մը կը վերադարձնէր անցեալը:

Այս պատմութիւնը, փոխան տխուր վերջաբանի մը,  ունեցաւ գեղեցիկ եւ իւրայատուկ գունաւորում մը: 2019-ին Տիգրան Չերչեանի հօրը զարմիկին` Օննիկ Չերչեանի թոռնուհին` Արաքս Չերչեանը բախտաւորուեցաւ համալսարանական մասնագիտութեամբ Նիւ Եորք մեկնելու: Իր հօրաքրոջ թելադրութեամբ ան կապ հաստատեց հազիւ անունը լսած անծանօթ հարազատին` Տիգրան Չերչեանին հետ: Անհաւատալի հանդիպում մը տեղի ունեցաւ իրարմէ 80 տարիներով բաժնուած եւ միայն անունով ծանօթ, անծանօթ հարազատներու միջեւ: Տիգրան Չերչեան գերագոյն հրճուանքը ապրեցաւ Պէյրութի իր հարազատը ծանօթացնելով Նիւ Եորքի ընտանեկան անդամներուն: 99-ամեայ Տիգրանը գրեթէ օրական կը զրուցէր 20-ամեայ Արաքսին հետ եւ շատ ուրախ էր, որ Արաքսը կը տիրապետէր հայոց լեզուին: Կարօտը չէր կրնար յագեցնել տեւաբար ԸՆՏՈ՞Ր ԵՍ-ով սկսող զրոյցներով: Հազիւ Արաքսին հետ վերջացուցած` կրկին կ՛անցնէր հեռաձայնին գլուխը, զրոյցը շարունակելու անոր ծնողներուն` Վիգէն եւ Յասմիկ Չերչեաններուն հետ: Կը փափաքէր Պէյրութ գալ եւ ծանօթանալ իր բոլոր հարազատներուն: Դժբախտաբար իր փափաքը չկատարուեցաւ, սակայն իր Պէյրութի հարազատները գոհունակութիւնը ունին, որ իր կեանքի մայրամուտին կրցան ուրախութիւն պատճառել իրեն` յաճախակի նամակներով եւ հեռաձայնային զրոյցներով:

Խունկ եւ աղօթք իր անթառամ յիշատակին:

 

 

Նախորդը

Հաղորդագրութիւն

Յաջորդը

Ինքնակերտում,Վերականգնում Եւ Ապագայ Միասնաբար Մտածել

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.