Խմբագրական «Գանձասար»-ի. ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Միջմասնաճիւղային Տողանցքը Վերածաղկումի Շեփորը Հնչեցուց
ՀՄԸՄ-ի միջմասնաճիւղային տողանցքները նշանակալից դեր ունեցած են միութեան ծաւալուն գործունէութեան մէջ ու երկրի տարբեր նահանգներու հայութիւնը կամրջող ազդակներ հանդիսացած են: 1927-ին, քանի մը հարիւր հանդիսականներու ներկայութեան, Հալէպ-Պէյրութ ֆութպոլի խումբերու հանդիպումով մը սկսած միջմասնաճիւղային խաղերը տարիներու ընթացքին վերածուած են մարզական-սկաուտական փառատօներու, որոնց ներկայ եղած են տասնեակ հազարաւոր հանդիսականներ, Հալէպ այցելող մտաւորականներ եւ հանրային գործիչներ, ինչպէս` Սիմոն Վրացեան, Շաւարշ Միսաքեան, Դրօ եւ...



















