Հաղորդագրութիւն. «Մինաս Եւ Գոհար Թէօլէօլեան» Ժամանակակից Գրականութեան Մրցանակ 2021
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Շրջանային վարչութիւնը կը յայտարարէ «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան 2021 տարեշրջանի մրցոյթի արդիւնքը: «Թէօլէօլեան» մրցանակի մասնակից բազմազան գրութիւններու ընդմէջէն անդամներու մեծամասնութեան ձայնով դատական կազմը, երկար խորհդակցութիւններէ ետք` մեծ դժուարութեամբ յանգած է հետեւեալ որոշումին. հայերէնի մրցանակը կը յատկացուի Քարեն Չթճեան- Պրեստի` «Աստղիկը կ՛ուզէ արագ մեծնալ» մանուկներու համար պատրաստուած գեղանկարազարդ գիրքին, իսկ...



















