Անդրադարձ

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Յիշելով Անիծեալ Նոյեմբեր 9-ը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Տեսանելի է: Ուրախ չենք, որովհետեւ... անէ՛ծք չար սատանային... ազգովին տխուր ենք: Նախապէս ամէն առիթներով այս մասին խօսած եւ արտայայտուած եմ: Բացառութիւններու մասին չէ խօսքս: Թերեւս, շատերու նման, դուք ալ նկատած էք, որ երկար ամիսներէ ի վեր բոլորիս դէմքերուն վրայ չորցած է ժպիտ ըսուածը: Չկա՛յ: Բոլորս ալ տխուր ենք: Որո՛ւ որ հանդիպիս, նոյն պատասխանը կը ստանաս. - Ինչպէ՞ս խնդամ,...

Բանաստեղծին, Որ Փառաւորեց Հայ Գրականութիւնը Եւ Աստուած Փառաւորուեցաւ Իրմով

Հանգիստ Ես, Չէ՞, Նոյեմբեր Ինը Նորէն Պիտի Գայ

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Հանգիստ ես չէ՞ քեզմէ հեռու են անոնք քեզմէ դուրս են, պատճառ մը չունիս անհանգստանալու: Նոյնիսկ եթէ տեսնես անորոշութեան ծանր մառախուղը որ աչքերէդ կը ծածկէ անէացման վիհը: Նոյնիսկ եթէ տեսնես այս ջղագար մահաբեմը ուր մարդեր հոգեպէս կը փլին, կը հալին քու շուրջդ, քեզմէ ներս եւ քեզմէ դուրս` ապրող բաներ կ՛իյնան: Տեղահան մարդեր խեղդուած ձայներու մէջ, զանգակները լեզուէն խզուած անձայնութեան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արցախին

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ Անհաւատալի էր լսել Արծրուն Յովհաննիսեանին յայտարարութիւնները` սեպտեմբեր 27-ին ծայր առած Արցախի պատերազմի օրերու, եւ ի վերջոյ, ճիշդ 44 օր ետք 9 նոյեմբերի պարտութեան բօթը առնել: «Յաղթելու ենք». հաստատական այս կարգախօսը տարածուեցաւ ամէնուր: Լսեցինք անօդաչու թռչող սարքերու, սմերչներու, բոլոնէզներու վար առնելու տասնեակ լուրեր, եւ ո՛չ մէկ լուր` թշնամիի կողմէ հայկական ռազմավարական դիրքերու գրաւման մասին: 44 օր ետք թշնամին գործածեց...

Փրփուր – Մասարա – Պսակաւոր Ժահր

Նամականի

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ Պատուարժան խմբագիր «Ազդակ» օրաթերթի, Պէյրութ Այսօր վերստին կարդացի ձեր 23 հոկտեմբեր 2021-ի խմբագրականը` «Մամլոյ խորհրդաժողովին ուղենշային կէտերը» խորագիրով: Յաջող խորհրդաժողով մը եղած է անկասկած, ձեր խմբագրականը այդ տպաւորութիւնը կու տայ, սակայն կարծէք պարուրուած է դժգոհութեան շղարշով մը, որ զիս կ՛ուրախացնէ: Կ՛ուրախացնէ, որովհետեւ այդ կը նշանակէ, որ ընելիք կայ եւ ըլլալիք, եւ դուք տեղեակ էք, թէ ի՛նչ է այդ...

Եռաբլուր…  Նահատակներու  Բնակավայր

Եռաբլուր… Նահատակներու Բնակավայր

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան եւ զայն կանխող արիւնալի տարիներուն տեղահանուած ու տարագրուած աշխարհասփիւռ հայութեան համար ներկայ Հայաստանը, Արցախն ու բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանը համարուած են ոչ միայն հայրենիքի տարածքներ, այլեւ` սրբավայրեր: Սփիւռքի մէջ մեր հայորդիները, զրկուած հայրենիքէն, իրենց տուները, վարժարանները, ակումբներն ու եկեղեցիները համարած են իրենց կորսնցուցած հայրենիքը, հետեւաբար սփիւռքահայը խորին երկիւղածութիւն ցուցաբերած է անոնց նկատմամբ` զանոնք սրբավայրեր համարելով: Յաճախ...

Սթափելու Ժամանակը

Դիմադրութիւն Յանուն Ազգային Նպատակներու

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Այսօր, 44-օրեայ պատերազմի անձնատուական աւարտի տարելիցի նախօրեակին, «Հայաստան» դաշինքը հրաւիրած է Համազգային հանրահաւաքի: Այս հանրահաւաքով «Հայաստան» դաշինքը կ՛ուզէ սկիզբ դնել համազգային Դիմադրութեան: Դիմադրութիւն ինչի՞ դէմ: Հարցը ո՛չ տնտեսական-ընկերային դժգոհութեան (որ առկայ է), ո՛չ ոստիկանութեան, քննչական մարմիններու ու դատախազութեան վարուելակերպին (որ շատ յոռի երեւոյթներ կը պարզէ), ո՛չ ալ նոյնիսկ ընդդիմութեան կողմէ շարունակ շեփորուող իշխանափոխութեան պահանջին (որ արդարացի է) կը...

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Հիւսիս- Հարաւ Եւ Արեւմուտք-Արեւելք Առանցքներուն Միջեւ

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Հիւսիս- Հարաւ Եւ Արեւմուտք-Արեւելք Առանցքներուն Միջեւ

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Արդէն մէկ տարի անցած է ժամանակակից հայոց պատմութեան ամէնէն աղէտալի իրադարձութիւններէն մէկուն` արցախեան Բ. պատերազմի սկզբնաւորութենէն եւ զինուորական գործողութիւններէն, որոնց պատճառով Հայաստանն ու Արցախը կրեցին ծանր պարտութիւն` քաղաքական թէ զինուորական մակարդակներու վրայ: Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին մասին վստահաբար տակաւին շատ պիտի խօսուի ու գրուի: Յայտնաբերուելիք շատ բան կայ պատերազմի բուն պատճառներուն մասին: Մէկ բան յստակ է սակայն, որ արցախեան...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Ակնարկ. Հաքի Պի-Հաքի՞… (Խօսք Եւ Խօսք)

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի տնտեսական հզօրագոյնները, թիւով` 20, անցեալ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ գումարեցին գերաստիճան մը, որուն գլխաւոր խորագիրներէն մէկն էր կենսոլորտի վտանգաւոր ջերմացումը: Գերաստիճանին զուգահեռ, տեղի ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ, փորձեր կատարուեցան վերջին ամիսներուն բացուած վէրքեր դարմանելու (Ֆրանսա,Միացեալ Նահանգներ...), հրապարակուեցան «դրական նշաններ», սակայն գերաստիճանի լեռնէն յայտնապէս մուկ մ՛իսկ չծնաւ: Ու մինչ Հռոմի մէջ իրենց գործն ու ԴԵՐ-երը աւարտած` աշխարհի մեծերը, իրենց փէշերը...

Trauma-Informed Կարգավիճակէ` Trauma- Responsive Գործընթաց

Trauma-Informed Կարգավիճակէ` Trauma- Responsive Գործընթաց

ՇԱՂԻԿ Գ. Խ. Հաւաքականութիւններու գոյութենական պահպանումը, արդիւնաւէտութիւնն ու յառաջընթացը կ՛երաշխաւորուին անոնց բաղադրիչ տարրերու պարզած առողջ կենսակերպով եւ գործունէութեան բեղուն կարգավիճակով: Այսպէս, հաւաքական կեանքը կազմող եւ զայն հունաւորող անհատներ, կազմակերպութիւններ եւ կառոյցներ պէտք է օժտուած ըլլան կենսունակութիւն արտացոլացնող նախապայմաններով, որպէսզի կարենան ունենալ հեզասահ կեանք եւ առողջ գոյավիճակ. այս ձեւով է, որ այն ընկերութիւնը, որուն կը պատկանին իրենք, կ՛ամրապնդուի եւ կը զարգանայ:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովին Նշաձողերը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. ՀՅԴ Մամլոյ Խորհրդաժողովին Նշաձողերը

17-18 հոկտեմբեր 2021-ին Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ մամլոյ խորհրդաժողովը, որ ի մի բերաւ Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գործող խմբագիրներն ու մամլոյ պատասխանատուները` քննարկումներ կատարելու, կարծիքներ փոխանակելու եւ նոր առաջարկներով ներկայ ժամանակներուն համապատասխան աշխատելաոճ որդեգրելու: Խորհրդաժողովը քննեց մամուլի արդի հասկացողութիւնն ու ընթերցող գրող փոխազդեցութեան ժամանակակից միջոցները: Լուսարձակի տակ առնուեցան ազգային արժէքներու պահպանման եւ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեան ու...

Համբերութիւն…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Խօսքս սփիւռքեան համբերութեան մասին է, որուն բաժակը այս օրերուն արդէն իսկ լեցուած է:  Անկեղծօրէն այս մասին գրելու շատ բան կայ: Նաեւ կ’ուզեմ խօսիլ շատ մը այլ «բաներու» մասին: Չեմ գիտեր` ուրկէ՞ սկսիմ, ի՞նչ բանի վրայ կեդրոնանամ: Արդէն կրկնութիւն պիտի սեպուի: Կրկնութիւն մը, որուն հետ արդէն երկար ատենէ ի վեր հաշտ սկսած ենք ապրիլ: Բայց այդ «բաները» յաճախ լռութեամբ...

Մոսկուայի Աճող Տագնապը.  Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

Մոսկուայի Աճող Տագնապը. Կեդրոնական Ասիա` Միջազգային Քաղաքականութեան Նոր Ուղղութիւնը

ԳԷՈՐԳ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ Կեդրոնական Ասիան դարեր շարունակ կը գտնուէր Ռուսիոյ տիրապետութեան տակ: Կեդրոնական Ասիոյ ներկայ հինգ հանրապետութիւնները տակաւին 30 տարի առաջ մաս կը կազմէին Խորհրդային Միութեան: Մինչեւ օրս Մոսկուա տակաւին հսկայական ազդեցութիւն ունի ամբողջ շրջանին վրայ: Ռուսերը կը կազմեն Ղազախստանի բնակչութեան 23,7 առ հարիւրը, Խըրխըզստանի` 5,6 առ հարիւրը, Թիւրքմենստանի` 5,1 առ հարիւրը, Ուզպեքստանի` 2 առ հարիւրը եւ Տաճիկիստանի` բնակչութեան 0,5 առ...

Գաղութային Մտահոգութիւն.  Ոչ Բանաւոր Բացակայութիւններ

Գաղութային Մտահոգութիւն. Ոչ Բանաւոր Բացակայութիւններ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ «Քորոնա» Ժահրի համավարակին եւ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամին պատճառով, անցնող երկու տարիներուն գաղութի հաւաքական կեանքի աշխուժութիւնը հասկնալի պատճառներով նահանջ արձանագրեց: Կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ կառոյցներ փորձեցին առցանց հարթակի վրայ իրենց ձեռնարկները եւ նախաձեռնութիւնները կազմակերպել: Այսօր, առողջապահական պայմաններու համեմատական բարելաւումով, կրթական տարեշրջանի բացման հետ առընթեր, մարզական, մշակութային եւ միութենական կեանքը նաեւ աստիճանական կերպով սկսած է վերադառնալ սրահներ, ակումբներ եւ կեդրոններ:...

Իրանեան Գործօնն Ու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը

Իրանեան Գործօնն Ու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի միջեւ ստեղծուած լարուածութիւնը իր վրայ կեդրոնացուց լուսարձակները` նկատի ունենալով ուժանիւթի եւ ապրանքներու տարանցման համար Հարաւային Կովկասի ներկայ հանգուցային կարեւոր դիրքն ու ռուս-թրքական եւ ռուս-պարսկական շահերու բախման ու պատերազմներու պատմական թատերաբեմը ըլլալուն իրողութիւնը: Հարկ է նշել, որ տարածաշրջանի մեծամասնութեամբ շիի բնակչութիւն ունեցող երկու պետութիւններուն միջեւ փոխադարձ կասկածները գոյութիւն ունին 1991-էն` Ազրպէյճանի անկախութենէն ի վեր,...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Քաղաքակիրթ Աշխարհը Ոճիրները Պատժելու Անկարող Եղած Է, Ուստի` Մեղսակից, Երէկ Եւ Այսօր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Մարդ մը սպաննելը ոճիր է, ժողովուրդ մը սպաննելը հարց մըն է» ՎԻՔԹՈՐ ՀԻՒԿՕ Պատմաբան չեմ: Պատահմամբ հանդիպեցայ Վիքթոր Հիւկոյի` Ֆրանսայի խորհրդարանին առջեւ ընդվզումով ունեցած մէկ արտայայտութեան, 1876-ին, ազգերու ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար թուրքերու կողմէ կատարուած պուլկարական Պաթաք քաղաքի ջարդերուն վրայ: Վիքթոր Հիւկօ շահախնդրուած եւ նենգ միջազգային դիւանագիտութեան ուղղելով իր խօսքը` ըսած է. «Մեզի կ’ըսեն` կը մոռնաք, որ հարցեր կան:...

Ինչո՞ւ.  Երեք Պատմութիւն, Մէկ Հարց

Եդուարդ Պոյաճեան Ե. «… Ուղղելու Ծուռը…»

 ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ     Այն, ինչ որ այսօր թուղթին պիտի յանձնեմ, ոեւէ մէկուն չեմ պատմած, որովհետեւ եղածը պատանիներու յատուկ, շատ անձնական «որոշում» մըն էր... Սակայն, նկատի առած մեր ազգի ու առհասարակ մարդկութեան ոգեղէն արժէքներու հետեւողական նսեմացումը, նաեւ` անոր անտեսումն ու նոյնիսկ կորուստը, կը կարծեմ, թէ ճի՛շդ ժամանակն է զայն պատմելու, ցոյց տալու համար, թէ ինչպէ՛ս եւ ինչո՛ւ իմ սերունդս ջրդեղուած էր ազգային...

Ընտրական Հետազօտութիւնները Գիտական Հիմքով Որոնումնե՞ր Են, Թէ՞ Բախտագուշակութիւն

Համբիկ Սասունեանը Հա՛յ Ազատամարտիկ Է, Եւ Ո՛չ Թէ Միայն Հատուածի Մը Պարծանքը

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ        Համբիկ Սասունեանի նման հայ արդարադատ մարտիկներու  տեսակը ինքնասիրութենէ չի տառապիր: Նմաններուն անձնուրացութիւնը պիտի չարտօնէր իրենց, որ պճնանքի եւ նարսիսականութեան վերածէին ամէն մէկ կենաց, ամէն մէկ լուսանկար, ամէն մէկ լորձնաշուրթն դիմատետրեան գովասանք: Անոնք հաստատապէս կը գիտակցին, որ իրենք անքակտելի ամրակուռ շղթային երեւելի այն մարտունակ օղակն են, որոնք «Նեմէսիս»-ը ընդունեցին որպէս դաստիարակիչ օրինակ, եւ Հայ դատի համար պայքարի ամէն...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

ՏՈՔԹ. ՎԱՐԴԳԷՍ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն էր: Ֆրանսական Յիսուսեան միաբանութեան Ժումհուր վարժարանը կը յաճախէի: Տասնմէկերորդ դասարան: Լիբանանի պատմութեան դասապահն էր, երբ յանկարծ 30 հոգինոց դասարանին հանդարտութիւնը խանգարուեցաւ ճիչովը ուսուցիչին, որ կ՛ըսէր. «Հո՛ս նայէ, դո՛ւն` պարոն Դաւիթեան, եթէ դուն հետաքրքրուած չես Լիբանանի պատմութեամբ, մենք ալ երբեք հետաքրքրուած չենք Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի պատմութեամբ»: Կարծես ռումբ մը պայթեցաւ դասարանին մէջ. աշակերտները...

Լիբանանահայութեան Առաջին Հայկական Վարժարանէն` Ազգային Միացեալ Վարժարան

Լիբանանահայութեան Առաջին Հայկական Վարժարանէն` Ազգային Միացեալ Վարժարան

Հայկական վարժարանին դերակատարութեան, յատկապէս ազգային վարժարանին առաքելութեան մասին տասնամեակներ շարունակ շատ բան գրուած ու շատ բան ըսուած է: Ազգային արժէքներն ու գաղափարախօսութիւնները կուլ տուող այս 21-րդ դարու համաշխարհայնացման հսկայ հոսանքին դէմ տակաւին կը շարունակենք շեշտը դնել հայ դպրոցին ունեցած իւրայատուկ դերին վրայ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնենք ազգային վարժարանին եզակի կոչումը` սերունդներ դաստիարակելու, եւ հիացումով կը դիտենք անոր սրբազան նուիրումը` սերունդներու...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Հայ Մասնագէտները, Հրթիռները Եւ Անջրպետը ԺԲ. Հայկազեանի Հրթիռները

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ուսումնական տարեշրջանի աւարտէն (16 յունիս) քանի մը օրեր առաջ, 5-10 յունիս 1967-ին, տեղի ունեցաւ արաբ-իսրայէլեան պատերազմը, որուն Լիբանանը  թէեւ պաշտօնապէս մասնակից չէր, սակայն պաղեստինեան դիմադրութեան զինեալ ներկայութիւնը («Գահիրէի համաձայնագիր»-ով որոշուած) ներքին կեանքին վրայ վատ հետեւանք ունեցաւ: Յաճախակի ցոյցեր, գործադուլներ, զինեալներու անցարգելներ, լիբանանեան բանակին դէմ խռովութիւններ եւ այլն: 1. Հայկազեանի ելեկտրոնային գիտաշխատանոցի դասապահ մը: Կռնակը դարձած` Յարութ Չէքիճեան ճօճացոյցին...

Page 295 of 807 1 … 294 295 296 … 807

Արխիւներ