Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամականի

Նոյեմբեր 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

Պատուարժան խմբագիր
«Ազդակ» օրաթերթի,
Պէյրութ

Այսօր վերստին կարդացի ձեր 23 հոկտեմբեր 2021-ի խմբագրականը` «Մամլոյ խորհրդաժողովին ուղենշային կէտերը» խորագիրով:

Յաջող խորհրդաժողով մը եղած է անկասկած, ձեր խմբագրականը այդ տպաւորութիւնը կու տայ, սակայն կարծէք պարուրուած է դժգոհութեան շղարշով մը, որ զիս կ՛ուրախացնէ: Կ՛ուրախացնէ, որովհետեւ այդ կը նշանակէ, որ ընելիք կայ եւ ըլլալիք, եւ դուք տեղեակ էք, թէ ի՛նչ է այդ ընելիքը…

Զայս ասած,

Առաջին հերթին պիտի համաձայն չըլլայի ձեզի, որ այսպիսի կարեւոր խորհրդաժողովներ «քանի մը տարին անգամ մը» գումարուէին: Կը կարծեմ եւ կ՛առաջարկեմ, որ ամէն տարի մէկ անգամ տեղի ունենայ ան: Այսօր արհեստագիտութիւնն ալ կ՛արտօնէ այդ: Եւ որովհետեւ կը բաժնեմ ձեր այն միտքը, թէ` «Նորարարութիւնը ներկայ տեղեկագիտական աշխարհին մէջ անվերջ նորացուող մեթոտաբանութիւն է: Մամուլը բոլորէն առաջ ի՛նք պարտաւոր է քայլ պահել անվերջ փոփոխուող այս համակարգերուն հետ», այս անգամ կը պնդեմ առաջարկիս վրայ:

Ձեր խմբագրականին մէջ լուրջ, իմա՛, շատ լուրջ մտահոգութիւն մը կայ. «Խնդիրը այն է, թէ ինչո՞ւ երիտասարդութիւնը ի՛նք չի հրատարակեր, թողարկեր, մատուցեր, տարածեր իր մամուլը: Այստեղ «հրատարակել» եւ «մամուլ» հասկացողութիւնները անշուշտ դուրս են ընկալեալ շրջագծերէ: Մեր խորհրդաժողովները չեն, որ պիտի ուղենշեն երիտասարդութեան ընելիքը»: Ես ոչ մէկ անպատեհութիւն կը գտնեմ, որ այս խորհրդաժողովները ներառեն նաեւ երիտասարդներ եւ ուղենշեն: Կ՛ընդունիմ, որ ուղենշելը մեծ եւ տաղտկալի գործ է. նիւթերու առատութիւնը կը յոգնեցնէ ուղենշողը, կը սպառէ զայն, որովհետեւ միայն ուղենշելով հարցը չի լուծուիր, անոր կը յաջորդէ հետեւիլը եւ այդ ճիգ, մե՛ծ ճիգ կը պահանջէ:

Խիստ կարեւոր միտք մը արտայայտած էք, պարո՛ն խմբագիր, ձեր խմբագրականին հինգերորդ պարբերութեան մէջ. «[մամուլը] տեղ պիտի տայ կառուցողական բանավէճին եւ բազմակարծութեան»: Այստեղ դիմատետրեան հարեւանցի բազմակարծութիւնը չէ, որ կ՛առաջարկուի վստահաբար, այլ հարցերու մասին մտքերու բախում` հետեւելով ֆրանսական առածին, ուր կ՛ըսուի` «Բանավէճէն կը ծնի լոյսը» (de la discussion nait la Lumiere): Կը կարծեմ, թէ երիտասարդութիւնը հետամուտ կ՛ըլլայ եւ կը ներառուի, եթէ առիթն ու ուղենշումը ձեռք ձեռքի ընթանան: Ընկերային հարցերը մեծ կարեւորութիւն ունեցած են բոլոր ժամանակներու մէջ` մեծին թէ փոքրին: Գիտակից եւ զարգացած երիտասարդութիւնը այսօր, ծանօթ ընկերային բազմաբնոյթ հարցերու, որքան տալիք ունի եւ որքան ըսելիք` երիտասարդութեան թէ երէցներու փաղանգին: Եւ որքան լսելիք` անոնցմէ: Եւ որպէսզի խօսքիս գործնականացման մասին երկար չխօսիմ, անցեալէն պատմեմ: «Զաւարեանական» էջը, կը կարծեմ, թէ մեկնարկուեցաւ 1968-ին: Ունէր խմբագրական կազմ եւ աշխատակիցներ: Կը յիշեմ` ընկերներ Յարութիւն Քիւրքճեանը, Տիգրան Ճինպաշեանը եւ Շաղիկ Փափազեանը Համազգայինի քաղաքի ակումբին մէջ ժողովի հրաւիրեցին երեք կրտսեր ընկերներ յանձինս` Դերենիկ Թերճանեանի, Նազարէթ Պէրպէրեանի եւ նուաստիս, որպէս աշխատակիցներ: Բացատրեցին, թէ ինչո՛ւ էր «Զաւարեանական էջ»-ը: Նիւթեր բաժնեցին մեզի` աշխատակիցներուս, որ ուսումնասիրենք: Ինծի տուին երկու նիւթ` «Կուսակրօնութիւն» եւ «Պոռնկութիւն»: Ընկերային շատ լուրջ, բայց երկուքն ալ «հասակէս բարձր» նիւթեր: Խօսքը չերկարեմ, ես կարողացայ 112 անձի հետ հարցազրոյց ընել կուսակրօնութեան մասին եւ գրել այդ մասին: Միւս նիւթը աւելի զգայուն էր, սակայն իրենց «ուղենշումով» հետաքրքրական յօդուած դուրս եկաւ: Ալ չըսեմ, թէ Դերենիկն ու Նազարէթը ինչպիսի՛ հետաքրքրական նիւթեր արծարծեցին ազգային տեսակէտէն: «Պրաւօ՛»-ներ առինք, «այս ինչ նիւթեր տուեր են այս երեխաներուն» ալ լսեցինք: Իր գործը տեսաւ «Զաւարեանական»-ը եւ, վստահ եմ, կը տեսնէ ցայսօր: Մինչեւ օրս ես հայ մամուլին առնչուած եմ` տանելով խմբագրական աշխատանք, ստորագրելով յօդուածներ եւ այլն: Ատիկա կը պարտիմ զաւարեանական այդ երէց ընկերներուս, որոնք ուղենշեցին եւ վստահեցան: Անոնք միշտ համաձայն չեղան ինծի, բայց յարգեցին կարծիքս:

Արդ, անգամ մը եւս կու գամ շնորհաւորելու ձեր խորհրդաժողովը ընդհանրապէս, իսկ բազմակարծութեան եւ կառուցողական բանավէճի մասին դրական կեցուածքին համար` մասնաւորապէս:

Յարգանօք`
ՆՇԱՆ ՊԱՍՄԱՃԵԱՆ

Օքլանտ – Նոր Զելանտա     

Նախորդը

Արթուր Խաչատրեան Այնճարի Մէջ Ներկայացուց Հայաստանեան-Արցախեան Վերջին Զարգացումները

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արցախին

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?