Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութային Մտահոգութիւն. Ոչ Բանաւոր Բացակայութիւններ

November 6, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

«Քորոնա» Ժահրի համավարակին եւ երկրին մէջ ստեղծուած ճգնաժամին պատճառով, անցնող երկու տարիներուն գաղութի հաւաքական կեանքի աշխուժութիւնը հասկնալի պատճառներով նահանջ արձանագրեց: Կազմակերպութիւններ, միութիւններ եւ կառոյցներ փորձեցին առցանց հարթակի վրայ իրենց ձեռնարկները եւ նախաձեռնութիւնները կազմակերպել:

Այսօր, առողջապահական պայմաններու համեմատական բարելաւումով, կրթական տարեշրջանի բացման հետ առընթեր, մարզական, մշակութային եւ միութենական կեանքը նաեւ աստիճանական կերպով սկսած է վերադառնալ սրահներ, ակումբներ եւ կեդրոններ: Անշուշտ այսօր ալ առկայ են այլ դժուարութիւններ, յատկապէս տնտեսական առումով, սակայն հոս եւս վերականգնումի եւ վերաշխուժացման իմաստով բարեբախտաբար կայ զօրակցութեան եւ քաջալերանքի երեւոյթ, որ սակայն պէտք է վարակիչ դառնայ ու ծաւալի:

Սակայն ձեռնարկներու եւ հաւաքներու ընթացքին նշմարելի է երեւոյթ մը, որ օրէ օր տակաւ կը զարգանայ եւ սկսած է այլեւս մտահոգութիւն պատճառել: Անշուշտ այս մտահոգութիւնը ոչ մէկ ձեւով աղերս ունի այսօրուան ճգնաժամին հետ, որովհետեւ փաստօրէն արդէն համավարակէն առաջ նաեւ սկսած էր բոյն դնել մեր հաւաքական կեանքին մէջ: Հետեւաբար ճիշդ չէ այս երեւոյթին արագ արդարացումներ գտնել, պարզացումներ կատարել եւ կացութիւնը տեսնել բնական, ընդունիլ եւ նուիրականացնել զայն:

Հարցը կը վերաբերի մեր միութիւններու եւ կառոյցներու պատասխանատուներուն ձեռնարկներէն բացակայելու եւ հաւաքական կեանքի գործունէութեան այս կարեւոր բնագաւառին հանդէպ ցուցաբերած անտարբերութեան: Որպէսզի հարցը աւելի մասնաւորուի, պէտք է արձանագրել, որ հոկտեմբերի սկիզբը Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ նշուեցաւ Թարգմանչաց տօնը, իսկ քանի մը օրեր առաջ ժողովրդային հանդիպումի մը ընթացքին Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեան եւ Արթուր Խաչատրեան զեկուցեցին Հայաստանի ու Արցախի ճգնաժամային ներկայ կացութեան մասին: Երկու նախաձեռնութիւններն ալ ժամանակակից պատգամներ ու մտածումներ փոխանցող կարեւոր առիթներ էին եւ երկու պարագաներուն ալ հանրութիւնը իր ներկայութեամբ արժեւորեց նախաձեռնութիւնները եւ ունեցաւ լիցքաւորման կարեւոր կարելիութիւն:

Երկու նախաձեռնութիւններուն պարագային սակայն, յարգելով շատ փոքր թիւով բացառութիւններ, ակներեւ էր պատասխանատուներու բացակայութիւնը, երբ կազմակերպողները յարգած էին բոլորը, կապի մէջ մտած իրենց հետ, ուղարկած հրաւէրները եւ ներկայացուցած ձեռնարկներուն մանրամասնութիւնները: Այո՛, այստեղ արդարացումի ոչ մէկ տուեալ կայ, որովհետեւ կրթական մշակը, մտաւորականը եւ խմբագիրը չեն կրնար իրենք իրենց իրաւունք տալ բացակայելու Թարգմանչաց տօնի նշումէն, ինչպէս նաեւ մեր ազգային մարմիններու, կազմակերպութիւններու, միութիւններու պատասխանատուները եւ վարչութիւններու անդամները չեն կրնար բացակայիլ հայութեան ամէնէն թէժ օրակարգի քննարկման յատկացուած զեկուցական հաւաքէն: Իրենց առաքելութեան մաս կը կազմէ այսպիսի նախաձեռնութիւններու ներկայութիւնը, որովհետեւ իրենք իրենց ջամբած դաստիարակութեամբ, իրենց առաջնորդող յօդուածներով, ինչպէս նաեւ կազմակերպչական ու վարչական գործունէութեամբ նորահաս սերունդներու կազմաւորման ու համայնքի կեանքի կազմակերպման եւ յառաջընթացին մէջ յստակ պարտականութիւններ ու պարտաւորութիւններ ունին եւ իրենց վարած պաշտօնները պարտաւորեցնող են, որ  անձնական օրինակով հայ կեանքին մէջ ստեղծեն մթնոլորտ եւ շարժում: Հետեւաբար այս պարագային իրենց բացակայութիւնը տեղ մը իրենց առաքելութենէն բան մը կը պակսեցնէ:

Այո՛, խորապէս կ՛ըմբռնենք, որ հաւաքական կեանքին մէջ ծառայութիւնն ալ այս օրերուն այդքան դիւրին չէ, եւ միշտ ժողովուրդը պէտք է մնայ երախտապարտ բոլորին, որոնք ժողովուրդին նման նոյն դժուարութիւնները ունենալով, դրուած են  կրկնակ պարտաւորութեան դիմաց` հաւաքական կեանքի բոլոր տագնապներով եւ մտահոգութիւններով գործելու: Սակայն այստեղ նոյն այդ պատասխանատուները, որոնք հաւատացած են եւ հաւատարիմ են իրենց առաքելութեան ու կոչումին, բնական մղումով եւ  պատասխանատու վերաբերմունքով ու վարակիչ օրինակով պէտք է դառնան մղիչ ուժ` մեր հաւաքական կեանքի աշխուժութեան:

Բոլորին վարձքը կատա՛ր, սակայն խնդրանքս է, որ այս մտահոգութիւնը նկատի առնուի աչալրջութեամբ եւ ոչ բանաւոր բացակայութիւններու երեւոյթը չդառնայ ինքզինք պարտադրող կացութիւն ամէնուրեք:

 

 

 

 

Նախորդը

Իրանեան Գործօնն Ու «Զանգեզուրի Միջանցք»-ը

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Նամակ Մը Յղեց Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
Խաւարէն Դէպի Լոյս
Անդրադարձ

Խաւարէն Դէպի Լոյս

January 6, 2026
Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը
Անդրադարձ

Սուրբծննդեան Տօնը Եւ Յոյսի Պարգեւը

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.