Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համբիկ Սասունեանը Հա՛յ Ազատամարտիկ Է, Եւ Ո՛չ Թէ Միայն Հատուածի Մը Պարծանքը

Նոյեմբեր 5, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԺԱՆ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ       

Համբիկ Սասունեանի նման հայ արդարադատ մարտիկներու  տեսակը ինքնասիրութենէ չի տառապիր: Նմաններուն անձնուրացութիւնը պիտի չարտօնէր իրենց, որ պճնանքի եւ նարսիսականութեան վերածէին ամէն մէկ կենաց, ամէն մէկ լուսանկար, ամէն մէկ լորձնաշուրթն դիմատետրեան գովասանք:

Անոնք հաստատապէս կը գիտակցին, որ իրենք անքակտելի ամրակուռ շղթային երեւելի այն մարտունակ օղակն են, որոնք «Նեմէսիս»-ը ընդունեցին որպէս դաստիարակիչ օրինակ, եւ Հայ դատի համար պայքարի ամէն եղանակ ու գործելաոճ դարձաւ կենսական նշանաձող: Հետեւաբար տարօրինակ չէ այն տարերային խնդութիւնը, զոր կ՛ապրինք ամէնուրէք` հերոսներ ներբողելով եւ գովքը հիւսելով անոնց սխրագործութեան: Ասիկա արդիւնք է գերհրճուածութեան, երկա՜ր տարիներու սպասումի եւ կարօտախտի ցայտաղբիւրի ուժեղ ժայթքումին` կազմելով անբասիր սրտակցութեան մը խօսուն պատկեր: Ճիշդ ասոր համար է, որ Համբիկին արարքին օրը տակաւին չծնած  այսօրուան սերունդը նոյն խանդով ու ոգեւորութեամբ ամուր գրկեց զինք` որպէս իր էութեան հարազատ մասնիկը:

Պատի՛ւ բոլորին` պատկերազարդ կաւիճէ մատիտով հերոս մարմնաւորող փոքրիկին, դողդոջուն մատներով զօրակցական նամակ գրող պատանի-պարմանուհիին, իր լումայով սատարող բարերարին, պաշտպան կամաւոր յանձնախումբերուն եւ փաստաբաններուն ազնիւ ճիգերուն ու անխտիր բոլոր հայորդիներուն, որոնք 38 տարիներ անդուլ եւ հետեւողական յարաբերական առօրեայ գործ տարին` քաղաքական բանտարկեալ Սասունեանի ազատ արձակման համար:

Գալով «վարկ շահելու» դիտարկման աժան փորձերուն, անոնք մեր ներքին ճակատը պառակտելու հաշուոյն հնչող անտեղի զգօնութեան յորդորներ են միայն: Վերջին հաշուով ամէն հայորդի իր գիտցած ձեւով ու հասունութեան մակարդակով կ՛արտայայտէ իր խնդութեան զգացումները` չափաւոր կամ զեղուն պատկերներով: Վարկ շահողը համայն ազգն է եւ պատիւը կը պատկանի անտարակոյս բոլոր արի մարտնչողներուն, որոնք զուլալ ջուրով ոռոգեցին «Ծիրանի ծառը»: Իսկ «տպաւորութիւն ձգելու շահարկումները» անյարիր են գաղափարական արմատներէ սնանած հայուն, որ գիտէ ի պահանջել հարկին ցուցաբերել սառնասրտութիւն ու խոհականութիւն, իսկ ի հարկին ծառանալ` յանուն գաղափարի անաղարտութեան:

Աջ ու ահեակէն հնչած թելադրաքներու հասցէատէրերը թող խնայեն իրենց յորդորները,  եւ բոլոր` անոնց, որոնք հանդէս կու գան «խոնարհ հոգածութեամբ վարուելու» Համբիկի օրինակին հետ, պիտի յարենք, որ հայ հասարակութեան գիտակից զանգուածը` իր առողջ բնազդով շատ լաւ գիտէ` ո՛վ ի՞նչ է, եւ յարդը ցորենէն լաւ գիտէ զանազանել: Հետեւաբար Համբիկի ազատ արձակման վերնագիրին տակ այսպէս ըսուած,  շահարկումները սեփական կեանքի գնով ճամբայ կտրողներուն վարքը չեն: Պէտք է յստակ դիտարկենք, որ միակ մտահոգուողները դրածոներն են, որոնք կը մերժեն դրական որեւէ յառաջխաղացք եւ իրենց ժխտական վարքով ուղղակի ջուր կը լեցնեն Թուրքիոյ անհանգստութեան ջաղացքին: «Քաւոր Պետրոս»-ի հետնորդներ, հայանուն քաղաքական փերեզակներ են ու ազգի տզրուկներ: Անոնց համար, որոնք նախատիպարն են Վեստ Սարգիսին, ո՛չ ազգը, ո՛չ հայրենիքը, ո՛չ ալ բարոյական արժէք գոյութիւն ունին: Այս օրերու խաչագողներու տրամաչափի մակարդը, այդ օրինակներուն մէջ կ՛ապրի ու կ՛ուրճանայ` դառնալով հողատու եւ հայրենիքի դաւաճան:

Հայրենի հողին ջերմութիւնը չվայելելով ոտքերնուն տակ, սփիւռքեան հարթիչ յորձանուտին մէջ, պաղ մայթերու վրայ «բուքին-բորանին եւ մութ գիշերին» հասակ առած Համբիկի սերունդին իրանը նուազագոյնը պէտք է հայրենասիրական անկեղծ ջերմութեամբ ամրօրէն փաթթել, եթէ նոյնի՛սկ ա՜յն հարազատութիւնը, որ մենք կը փորձենք ապրիլ` պանծացնելու իրենց բազուկներու սխրագործութիւնը, միջազգային քաղաքակիրթ հանրութեան արժեհամակարգին համար «քաղաքական անյարիր քայլ» կը դասուի:

Համբիկ իր խուցին մէջ առանձին չէր եւ «դուրսի խենթերուն» անձնդիր նեցուկով, արդարութեան ոդիսականը հալածող յարալէզներու յորդարատ լորձունքներով քակտեցին քաղաքական բռնազբօսիկ շղթան, խոհականութեամբ իր պայծառ աւարտին հասցնելով շատ նուրբ կացութիւն մը, ի հեճուկս թրքական ՄԻԹ-ի հետեւողական արգելակիչ սադրանքներուն:

Աւելի՛ն. նողկանք կ՛ապրինք` ականտեսը ըլլալով զանգուածի մը, երբ հայ մարդիկ կը համարձակին ըսելու` «Թքած ունենք Համբիկ Սասունեանի կորսուած կեանքի վրայ»: Վահագն Դաւթեան նմանները նզովելու իրաւունքը ունի, երբ կ՛ըսէ.

«Ողջ լինես, Գուսա՛ն,
Որ քո շանթակերպ, ճշմարիտ խօսքով
Շանթես յաւիտեան այդ Վեստ Սարգիսին
Ու մնացեալին… Մեղա, տէր, մեղա…»:

Համբիկներու երեւոյթը արգասիքն է 70-80 թուականներու ՅԵՂԱՓՈԽԱԿԱՆԱՑՈՒՄ – ՔԱՂԱՔԱԿԱՆԱՑՈՒՄ-ին, որուն սաղմնատունէն ծնունդ առաւ գաղափարական մարտիկներու փաղանգ մը` յանձն առնելով գրիչով, ցուցական աքթերով փշրել լռութեան շղթան, ստեղծելով Հայ դատի պահանջատիրութեան իրաւացիութեան շուրջ միջազգային հանրային կարծիքի ուշագրաւ հետաքրքրութիւն: Աւելի ուշ այդ հետաքրքրութեան առանցքը միս ու ոսկոր ստացաւ եւ իրաւական զանազան դրսեւորումներով եկաւ հաստատելու հայ ժողովուրդին հանդէպ շղթայազերծուած մշակութային ու ֆիզիքական ցեղասպանութեան արհաւիրքի տարողութիւնը, որուն միակ պատասխանատուն թրքական պետութիւնն է:

Այսպէս, իրերայաջորդ օտարազգի կառավարութիւններ, պետութիւններ եւ քաղաքական ու միջազգային ականաւոր անձնաւորութիւններ` իմա թուրք հասարակական գործիչներ, հերձելով ուրացումի քողը, ընթացք տուին պատմական անհերքելի իրողութեան: Մնաց թրքական պետութիւնը, որ իր կարգին հրաժարելով ուրացման քաղաքականութենէն` քաջութիւնը պէտք է ունենայ առերեսուելու պատմական պահին եւ  ճշմարտութեան հետ, եւ որպէս ժառանգորդը երիտթուրքերու գահին, ընդունի հայ ժողովուրդի իրաւունքներու անժամանցելիութիւնը` հաստատելով արդար վնասուց հատուցման ճանապարհի քարտէս` հայապատկան հայրենի հողերու վերադարձով: Միայն այն ատեն նաե՛ւ պիտի հանգչին Լիզպոնի նահատակներուն աճիւնները եւ ոգին` բոլոր անյայտ մեծ փաղանգի գաղափարական մարտիկներուն, որոնք ծաւալեցին նորօրեայ ասպետականութիւն` դրոշմելով նոր ժամանակներու աներկբայ արդարահատոյցը: Անոնց գաղափարական արժանաւոր արիութիւնը միայն այդ ձեւով պիտի յագենայ եւ բաւարարութիւն ստանայ:

Հոս թէեւ ճիշդ չէ յիշատակել Ռամիլ Սաֆարով մարդասպանին օրինակը, մէկը, որ սոսկական ոճրագործ է, որ յանդգնեցաւ անպաշտպան ննջող հայ սպան վատաբար սպաննել: Այդ գձուձը բարացուցական արարքին որպէս հատուցում` արժանացաւ Ազրպէյճանի պետութեան հերոսի տիտղոսին, նիւթական վարձատրութեան եւ կառավարութեան հոգատարութեան, մինչ մեր քաղաքական բանտարկեալին զլացուեցաւ պետական «հանրային ողջագուրում», երբ նահատակ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի արիւնը տակաւին չորցած չէ:

Այսօր թրքական կառավարութիւնը անակնկալի եկած Համբիկ Սասունեանի ազատ արձակման լախտի հարուածէն` իր վրդովմունքը կ՛արձանագրէ, «սխալ» որակելով որոշումը եւ հաստատելով, որ ան «ահաբեկչութեան ի նպաստ զիջում համարուող վտանգ է» ու կը ծառայէ «ահաբեկչութեան քաղաքական նպատակներու»` մոռնալով, որ ինք յականէ անուանէ պետական ահաբեկչական շարժում հովանաւորող է ու հարեւան երկիրներու անդորրը խանգարող սադրիչ պետութիւն:

Համբիկին բանտային 38 տարուան պահուածքը, անոր աներեր համբերատարութիւնը եւ անկոտրում կամքը ներշնչման աղբիւր եւ ներուժ դարձան վտարանդի սերունդներուն, որոնք սասունեաններու օրինակը դարձուցին իրենց վէմը:

Թեհլիրեանները եւ անոնց հետնորդները կը յամենան մնալ ազգային հերոսներ եւ պէտք չէ սահմանել իրենց սխրագործութիւնը` հատուածի մը կամ սոսկ խմբակի մը արգասիքը ու պարծանքը:

Հասկցողներուն շա՜տ բարեւ:

Թորոնթօ, 2 Նոյեմբեր 2021

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Դպրոցական Օրերէն Լաւ Յիշատակ Մը

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?