Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Հաքի Պի-Հաքի՞… (Խօսք Եւ Խօսք)

Նոյեմբեր 8, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Աշխարհի տնտեսական հզօրագոյնները, թիւով` 20, անցեալ շաբաթավերջին Հռոմի մէջ գումարեցին գերաստիճան մը, որուն գլխաւոր խորագիրներէն մէկն էր կենսոլորտի վտանգաւոր ջերմացումը: Գերաստիճանին զուգահեռ, տեղի ունեցան երկկողմանի հանդիպումներ, փորձեր կատարուեցան վերջին ամիսներուն բացուած վէրքեր դարմանելու (Ֆրանսա,Միացեալ Նահանգներ…), հրապարակուեցան «դրական նշաններ», սակայն գերաստիճանի լեռնէն յայտնապէս մուկ մ՛իսկ չծնաւ:

Ու մինչ Հռոմի մէջ իրենց գործն ու ԴԵՐ-երը աւարտած` աշխարհի մեծերը, իրենց փէշերը հաւաքած, Կլասքօ (Սկովտիա) փութացին` մասնակցելու համար աշխարհը տառապեցնող մեծ հարցերու յատկացուած ՄԱԿ-ի խորհրդաժողովին (պիտի տեւէ երկու շաբաթ), յստակ եղաւ, որ հոն ալ կենսոլորտի ու Պսակաւորին պատճառած համավարակին տագնապները «գլխաւոր ճաշացուցակ»-ին կեդրոնը բազմած են:

20-ի գերաստիճանին կարգ մը մասնակիցներ անձամբ, նաեւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը հաստատեցին, որ Հռոմի գերաստիճանը չէ տուած սպասուած արդիւնքը: ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին մէկ կարճ արտայայտութիւնը կարծէք թէ կը բացատրէ ամէն բան. «Սպասուածը չեղաւ, յոյսերը չարդարացան, սակայն գոհ եմ, որ յոյսը չմեռաւ ու չթաղուեցաւ»… Այսինքն  Պայտըն մը, Մերքել մը, Մաքրոն մը կամ նմաններ որքան ալ փորձեն մեղմել տխուր արդիւնքը, կարելի չէ ջայլամին հետ մրցումի ելլել:

Կլասքոյի խորհրդաժողովը եւս, տուեալ պայմաններուն մէջ, մուկի մը ծնունդը նախատեսել չի տար: Նախագահներ, վարչապետներ, պետական առաջատար դէմքեր սքանչելի ճառեր կ՛արտասանեն, մատները կը դնեն վէրքին ճի՛շդ կեդրոնին վրայ, գիտեն եւ կը խոստովանին, որ կենսոլորտի ապականումը եւ վնասաբեր ջերմացումը երկնատուր պատիժներ չեն, այլ կերտուած են ու կը կերտուին ՄԱՐԴՈՒՆ ձեռքով: Գերաստիճանին ու խորհրդաժողովին զուգահեռ, կենսոլորտի պաշտպաններ աշխարհի տարածքին անգամ մը եւս գործի լծուած են, ծովածաւալ ցոյցերով եւ արդար պահանջներ հնչեցնելով` կը յուշեն ղեկավարի դիրքեր գրաւողներուն, ժողովուրդին կողմէ ընտրեալներուն, որ պէտք է աճապարել ու ԲԱՆ ՄԸ ԸՆԵԼ, որպէսզի բնական յարաճուն աղէտներու պատճառ դարձող կենսոլորտի տագնապը քայլ առ քայլ առնուի հակակշիռի տակ, բարի տրամադրութիւններէն եւ յուսատու խոստումներէն անդին` ԳՈՐԾ կատարուի:

Փաստօրէն ո՛չ ոքի համար գաղտնիք է, որ աշխարհն ու մարդուն համար այնքան կարեւոր կենսոլորտը հիւանդ են: Եւ ինչպէս ոեւէ հիւանդի պարագային, կենսոլորտի հիւանդութիւնն ալ տասնամեակներէ ի վեր ի յայտ կը բերէ հետզհետէ սաստկացող ախտանիշներ` հսկայածաւալ հրդեհներ, քանդիչ փոթորիկներ, ողողումներ եւ նմանօրինակ բնական աղէտներ: Անոնք այլանդակ մրցումի մէջ են ՄԱՐԴԱԿԵՐՏ այլ աղէտներու հետ, որոնք կը կոչուին պատերազմ, այլոց ներքին գործերուն մահասփիւռ միջամտութիւն, թշնամանքերու հրահրում (եւ շահագործում)…

Արաբները ունին կարճ արտայայտութիւն մը. երբ ամէն մարդ լաւ բաներ կը խօսի եւ գործնական արդիւնքի չի հասնիր, կ՛ըսեն. «Հաքի պի-հաքի», այսինքն` խօսք եւ խօսք, աւելի դիպուկ բացատրութեամբ` խօսքի անիմաստ աճուրդ:

Կենսոլորտի եւ այլ համաճարակի տագնապները ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ հիմք չունին, հետեւաբար անընդունելի է զայն քաղաքական ջաղացքներու լծել: Օրինակի համար, խօսք կը դառնայ, որ Գերմանիոյ մէջ, արդիւնք` վերջին ընտրութիւններուն, «Կանաչներ» կուսակցութիւնը (ծանօթ` մասնաւորաբար կենսոլորտի հարցերուն լուծումներ բերելու իր ձգտումով) շուտով մաս պիտի կազմէ կառավարութեան եւ գործնապէս պիտի իրականացնէ իրենց ծրագիրները (ո՞վ չ՛ուզեր,  որ անոնք ու նմաններ յաջողին): Աշխարհը չէ մոռցած, որ անցեալ տասնամեակներուն, սկսելով այն օրերէն երբ «Օզոնի խաւը վտանգուած է» ահազանգը հնչեց (այսօր օզոնը մոռցուած է` առանց դարմանուած կամ կարկտանի ենթարկուած ըլլալու…): Բազում գերաստիճաններ, խորհրդաժողովներ եւ գիտաժողովներ տեղի ունեցած են, շատ գեղեցիկ ծրագիրներ մշակուած, ջերմութեան աստիճանի բարձացումը հակակշիռի տակ պահելու յանձնառութիւններ ալ յայտարարուած են, եւ սակայն տագնապները կը շարունակեն խորանալ: Բացայայտ գաղտնիք է, որ նման խոստումներ չեն իրականանար, որովհետեւ նման պատկառելի ժողովներէ կը բացակային…. բուն դերակատարները, որոնց կամակատարներն են բեմ վազող ղեկավարները: Չէ՛, մեր խօսքը միայն բացականերուն` Չինաստանի ու Ռուսիոյ չ՛երթար (Փութին հեռավար մասնակցեցաւ), այլ` աշխարհակուլ այն հսկաներուն, որոնք տրամադիր չեն իրենց շահերը մազաչափ նուազեցնելու, հոգ չէ թէ մարդիկ ճարտարարուեստի քաղաքներու մէջ աւելի՛ ու աւելի՛ շնչահեղձ դառնան, սաստկացող բնական աղէտները շէներ եւ անտառային տարածքներ փճացնեն…

Իսկ թէ ի՛նչ կը պատահի համաճարակին զսպումին ծիրին մէջ, այդ ալ` ուրիշ խեղկատակութիւն, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` ողբերգութիւն: (Ի դէպ, մեր հայրենիքին մէջ ալ համաճարակը վերջին շաբաթներուն վերականգնած է աղէտալի երթը, կիսամիջոցները մէկ կողմէ, հանրութեան կողմէ սխալ ըմբռնումն ու կիրարկումը` միւս կողմէ, կացութիւնը կը տանին դէպի վատը. վարակակիրներու եւ զոհերու թիւը դարձեալ կը բարձրանայ):

***

Կլասքոյի խորհրդաժողովին կը մասնակցի Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահը: Հաւասատիք կայ, որ ան հանդիպումներ պիտի ունենայ բազմաթիւ հեղինակաւոր ու ազդեցիկ պետական առաջնորդներու հետ: Խօսակցութեան նիւթերը վստահաբար պիտի անցնին կենսոլորտի, համաճարակի եւ աշխարհի տնտեսութիւնը վտանգող հարցերէն անդին, պիտի ընդգրկեն Հայաստանն ու Արցախը: Սքանչելի առիթ մը մեր դիւանագիտութեան համար` կարճ ժամանակի մէջ բազմակողմանի կերպով մեր հարցերը քննարկելու եւ Արցախի տագնապին իսկութիւնը շատերու հաղորդելու համար. առիթ մը` չմնալու Մինսքի խմբակին շրջագիծին մէջ (ի հարկին գործնապէս յիշեցնելու այդ խմբակին առաքելութիւնը, անկէ հայութեան ու մարդկութեան արդար ակնկալութիւնները, թուրք-ազերիական ոճիրներուն բացայայտման եւ մեր կորուստներուն արդար հատուցման դիտանկիւնէն):

Արդեօք նման հանդիպումներ ի՞նչ հայեցակէտով տեղի կ՛ունենան. «Խաղաղութեան դարաշրջան, Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ գործակցութեան էջ, ճամբաներ բանալո՞ւ» տրամաբանութեամբ, թէ՞ համաթուրանականութեան վտանգները վեր առնելու, Ցեղասպանութիւնը եւ անոր տարբեր դրսեւորումները «պէտք չէ կրկնուին»-ի, 6 տարի առաջ խորհրդանիշ դարձած` անմոռուկը… չմոռնալու կամքով:

Կ՛ապրինք` կը տեսնենք:

1 նոյեմբեր 2021                          

Նախորդը

Trauma-Informed Կարգավիճակէ` Trauma- Responsive Գործընթաց

Յաջորդը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը` Հիւսիս- Հարաւ Եւ Արեւմուտք-Արեւելք Առանցքներուն Միջեւ

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?