Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանգիստ Ես, Չէ՞, Նոյեմբեր Ինը Նորէն Պիտի Գայ

November 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Հանգիստ ես չէ՞
քեզմէ հեռու են անոնք
քեզմէ դուրս են,
պատճառ մը չունիս անհանգստանալու:
Նոյնիսկ եթէ տեսնես
անորոշութեան ծանր մառախուղը
որ աչքերէդ կը ծածկէ անէացման վիհը:

Նոյնիսկ եթէ տեսնես
այս ջղագար մահաբեմը
ուր մարդեր հոգեպէս կը փլին, կը հալին
քու շուրջդ, քեզմէ ներս
եւ քեզմէ դուրս` ապրող բաներ կ՛իյնան:
Տեղահան մարդեր խեղդուած ձայներու մէջ,
զանգակները լեզուէն խզուած անձայնութեան մէջ,
իսկ մարտնչող մարդեր շնչող հնոցի մէջ
կը կանչեն որ ժամանակը փոփոխութիւն ընէ
չէզոքացնէ թո՜յնը:
Ըմբոստ մարդերը հզօր հնոցին մէջ
դեռ կը տոկան լափլիզող կորուստին:
Եւ ուշակորոյս պատանքումի մը մէջ
կը մխայ հիածորան ծիածանը:
Մագաղաթեայ ծուխ կայ ու հառաչանք
Անձայն ճաքճաքող նուռի արձագանգ:

Սրտաբզիկ պատկերները ձգեց Երկրին մէջ
Ու փախա՜ւ Բանը, աստուածարեալ Բանը
Յաւերժահոս Բանը
փախաւ զարհուրած` զազրելի Լռութենէն,
որ անարգանքի ու զուարճանքի միջեւ
քարտէսները մկրատելով
ծխանի ծուխը մարելով
քառասունչորս օրերու մեղքը անդին հրած,
իր իսկ բեկուած ու երկփեղկուած ժայռերուն
բեկորները քաշքշելով
դարահմայ Հայաստանի պատմութեան
շիրմաքարեր կը պատրաստէ,
… հայութեան լաւ ապագայի մը մասին ճառեր խօսելով:

Այսքան կորուստ քաջարի մարտիկներու
ու մայրերու եւ այրիներու,
իրենց դեռատի որդին կորսնցուցած հայրերու
Ու հայրազուրկ անմեղունակ որբուկներու,
Ապականած, չարաշահող, ջղագրգիռ մթնոլորտի,
Մեզ դարեր պաշտպանած հայրենի հողի գերութեա՛ն տրուելուն
Եւ ռազմագերիներու անվերջանալի խոցահարութեան համար
Չարաբաստիկ նոր Նոյեմբեր Իննի դուռը
դարձեա՛լ բացուի պիտի.
Պահուըտած ուրուականները պիտի կանգնին ոտքի
Սեւ պայմանագրերով, փորձելով բռնի այլացնել,
Ուրանալ ցեղին սրբազան ցաւը
եւ այլանդակել մեր Երկիրը սրբազնագոյն:

Արդարազօր, դարադղիրդ քայլեր կու գան:
Միշտ գոյութիւն ունին անոնք:

Օրհասական այս ժամուն Հանգի՜ստ չե՜ս յուսա՜մ:

 

 

Նախորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արցախին

Յաջորդը

Յիշելով Անիծեալ Նոյեմբեր 9-ը

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.