Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Արցախին

Նոյեմբեր 9, 2021
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԻԳՐԱՆ ՊԷՕՃԷՔԵԱՆ

Անհաւատալի էր լսել Արծրուն Յովհաննիսեանին յայտարարութիւնները` սեպտեմբեր 27-ին ծայր առած Արցախի պատերազմի օրերու, եւ ի վերջոյ, ճիշդ 44 օր ետք 9 նոյեմբերի պարտութեան բօթը առնել:

«Յաղթելու ենք». հաստատական այս կարգախօսը տարածուեցաւ ամէնուր: Լսեցինք անօդաչու թռչող սարքերու, սմերչներու, բոլոնէզներու վար առնելու տասնեակ լուրեր, եւ ո՛չ մէկ լուր` թշնամիի կողմէ հայկական ռազմավարական դիրքերու գրաւման մասին:

44 օր ետք թշնամին գործածեց իր հզօրագոյն զէնքը` «Յուդայի համբոյր»-ը, որուն արդիւնքն եղաւ հազարաւոր նահատակներու խաչվերացը եւ Շուշիի ու այլ շրջաններու յանձնումը:

Հին կամ նոր նահատակները քաջ գիտէին, որ նահատակը կ՛արժանանայ երկնքի արքայութեան եւ կը մնայ դրախտի մէջ, բայց հոն հասնելէ ետք է, որ պիտի տեսնեն, թէ հայրենիքը աւելի թանկ է, քան դրախտը: Ի՛նչ կ՛արժէ դրախտի մէջ ըլլալը, երբ անոնք կը տեսնեն, թէ այն ժողովուրդը, որուն համար զոհուեցան, հայրենի հողին վրայ կանգնած` հայրենիք կը փնտռէ: Ի՛նչ կ՛արժէ ըլլալ դրախտի մէջ, երբ անոնք կը տեսնեն, թէ հայրենիքը օրէ օր կը կրծուի թշնամիին կողմէ: Ի՛նչ արժէ ըլլալ դրախտի մէջ եւ լսել, թէ պատրանքալից «ապագայ» մը կայ վարը: Այդ կանչերը սուտ են եւ ունայն: Ապագայ չկայ մինչեւ Շուշին չազատագրուի, ապագայ չկայ մինչեւ Ղազանչեցոցի զանգերը չղօղանջեն, ապագայ չկայ մինչեւ Արցախը չազատագրուի, ապագայ չկայ մինչեւ զիջումներ ընող տխրահռչակ համաձայնագիրներ ստորագրող գրիչները չցամքին:

Տարիներ ետք համոզուեցայ, որ ո՛չ միայն մարդիկ կը գաղթեն իրենց հայրենիքէն, այլ հայրենիքը եւս կը գաղթէ անոնց մէջէն: Հայրենիքը գաղթած էր 9 նոյեմբերին կարգ մը մարդոց հոգիներէն եւ շարունակեց գաղթել մեր զանգուածէն որոշ խաւի մը մարդոց հոգիներէն, երբ տակաւին հայ զինուորին ու հայ կամաւորին արիւնը չէր ցամքած, եւ անոնք ընտրեցին նոյն վարչակարգը:

Վստա՛հ եղէք, ոեւէ դաւաճանի մայր,- ըլլայ ան այսդի աշխարհ կամ անդի,- կ՛անիծէ այն արգանդը, որ ծնած է այդ զաւակը:

Հերոսները պիտի փառաբանուին մեր պատմութեան մէջ, իսկ դաւաճանները պիտի նետուին պատմութեան աղբամանը: Վստա՛հ եղէք, որ Արցախը վերստին պիտի դառնայ հայկական, եւ պիտի լսուին Ղազանչեցոցի զանգերու ղօղանջը: Այն ատեն միայն պիտի հանգչին մեր բոլոր նահատակներու հոգիները եւ հանգիստ քուն առնեն հայրենի հողին տակ:

 

 

Նախորդը

Նամականի

Յաջորդը

Հանգիստ Ես, Չէ՞, Նոյեմբեր Ինը Նորէն Պիտի Գայ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?