Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անորոշ Ժամանակ, Յստակ Նպատակ

January 11, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼՈՌԻ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Ամանորը Սիտնիի մէջ նշուեցաւ, ինը ժամ ետք հասաւ Պէյրութ, եօթը ժամ ետք` Թորոնթօ: Նոյնպէս, արեւմտեան երկիրները Սուրբ Ծնունդը 25 դեկտեմբերին նշեցին, հայերը 6 յունուարին, իսկ ռուսերը` 7-ին: Հետաքրքրական է, թէ ինչպէ՛ս երկու տօները, իրենց նշման թուականէն ու միջավայրէն անկախ, յատուկ յոյս մը կը սերմանեն բոլորին սրտերուն մէջ: Ուժ մը, որ մեզ կը մղէ ինքնաքննութեան: Ի վերջոյ, մէկը կեանքի նոր փուլ մը կը խոստանայ` նորանոր առիթներով լեցուն, իսկ միւսը նոր ապրելակերպի կ՛առաջնորդէ մարդկութեան Փրկիչին ծնունդով: Ամէն բան կարելի է այս տօնական շրջանին, որովհետեւ հրաշքներու բաղադրիչները բոլորը ներկայ են` յոյս, հաւատք եւ Աստուծոյ կամքը:

Մեզմէ շատեր տարեվերջին փորձեցին լաւապէս կատարել իւրաքանչիւր գործ, որպէսզի գոհացած բարեւենք եկող տարին: Ըսինք. «Այս վերջին պարտականութիւնս է 2021 թուականին, այս վերջին խօսակցութիւնս է այս տարուան, այս վերջին աղօթքս է»: Որքան ալ տարբեր էր իւրաքանչիւրիս ամավերջի աւանդութիւնները վերոյիշեալէն, կարծեմ բոլորս կրնանք համաձայնիլ, որ կ՛ուզենք անցած տարին ըլլայ վերջին անգամը, որ մեր վատ սովորութիւնները կը կիրարկենք: Օրինակ, լաւ չըլլա՞ր եթէ նախկին տարին ըլլայ վերջին անգամը, որ աւելորդ մտածելով` մենք մեզ կը մտահոգենք: Վերջին անգամը, որ կ՛արտօնենք, որ վախը մեզ անդամալուծէ: Վերջին անգամը, որ նախկին ձախողութիւններու վրայ կեդրոնացած` նոր փորձեր չենք նախաձեռնէր: Ինչպէս նաեւ` վերջին անգամը, որ կը հպարտանանք, կը նախանձինք, կը քննադատենք ու կը դառնանանք:

Այս տարի կրնանք արձակել այն բոլոր սովորութիւնները, որոնցմէ շատոնց պէտք էր ձերբազատէինք, իսկ նոր տարին սկսինք առաջիններով: Ի վերջոյ, այս տարի արտասովոր պայմաններու մէջ կ՛ապրինք, կարգ մը դէպքեր արդէն առաջին անգամ ըլլալով տեղի ունեցան: Այդ իրականութիւնը եւ նորութիւններու հանդէպ մեր ընդլայնացած ընդունելութիւնը օգտագործելով` կրնանք նոր սովորութիւններ որդեգրել մեր կեանքերուն մէջ: Օրինակ, այս տարի առաջին անգամը թող ըլլայ, որ իսկապէս մտիկ կ՛ընենք ուրիշները: Առաջին անգամ, որ ամբողջ էութեամբ կը ջանանք աւելի ազնիւ անձ դառնալ: Առաջին անգամ, որ Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան պատգամը մեր հոգիներուն մէջ վառ կը պահենք ամբողջ տարուան ընթացքին: Եւ յատկապէս` առաջին անգամը, որ Աստուծոյ կը յանձնենք այն բանը, որ մենք չենք կրնար փոխել:

Համաձայն եմ. ըսելը աւելի դիւրին է, քան ընելը: Մանաւանդ` ներկայիս, երբ ամէն օր նոր սահմանափակումներ ու հիւանդութեան տարբերակներ կը յայտնուին մեր առջեւ` իրենց ընկերացող դժուարութեան ու ջղայնութեան նոր աղբիւրներով: Սակայն այս հսկայ մարտահրաւէրը յաղթահարելու համար կրնանք վերանորոգուելու մեր փորձերը անփոփոխ Յիսուսի անսասան ուժին վրայ հիմնել: Այսպիսով, գործին յաջողութիւնը ապահովուած է: Երանի բաց մտքով ընդունինք նորութիւններ, որովհետեւ սքանչելի բաներ մեզ կը սպասեն: Ինչպէս Աստուած կ՛ըսէ. «Առաջուանները մի՛ յիշէք ու հին բաները մտքերնիդ մի՛ բերէք: Ահա ես նոր բան մը պիտի ընեմ, որ հիմա պիտի յայտնուի: Միթէ զանիկա պիտի չգիտնա՞ք: Ես անապատի մէջ ալ ճամբայ պիտի բանամ ու անջրդի երկրի մէջ գետեր պիտի բխեցնեմ» (Եսայի 43:18-19):

Չէ՞ որ ընթացք մը կը փոխենք միայն, երբ անոր վնասները այլեւս չենք կրնար անտեսել. կ՛աղօթեմ, որ վերջապէս տեսնենք անտանելի հետեւանքները մեր վատ որոշումներուն ու նոր տարին սկսինք յառաջդիմութիւն հետապնդելով:

 

 

Նախորդը

Դեսպան Աթաբեկեան Այցելեց Հռիփսիմեանց Վարժարան

Յաջորդը

Ամէն Մի Հայ Հայաստան Է… (Խորը Մտածում Այս Օրերի Համար)

RelatedPosts

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի. Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը

November 7, 2026
Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է
Անդրադարձ

Թշնամիները Դուրսէն, Փաշինեանը Ներսէն. Հայաստան Երկու Ճակատի Վրայ Սպառնալիքներու Դէմ Յանդիման Է

November 7, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Համազգային Համախմբում

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.