Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարուստ Էշեր Ենք

Յունուար 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Կը մաղթեմ, որ այս Նոր տարուան մթնոլորտին մէջ ամէ՛ն մանուկ առաւել կամ նուազ չափով նուէր մը ստացած ըլլայ իր ծնողներէն ու սիրելիներէն, որովհետեւ նուէրին ներկայացուցած արժէքէն աւելի անոր պատճառած հոգեկան ու բարոյական հրճուանքն ու ցնծութիւնն է, որ առ յաւէտ կը մնայ մանուկին ներաշխարհին մէջ:

Նուէրը մանուկի մը համար կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ յաճախ ան կարողութիւնը չ՛ունենար ընտանիքի տնտեսական պարագաները հասկնալու, հետեւաբար, իր ծնողքին սիրոյ արտայայտութիւնը կը փորձէ գտնել նուէրներու ճամբով: Այդ իսկ պատճառով շատ մը մանուկներ երբ նուէր չեն ստանար, այն կարծիքը կ՛ունենան, որ իրենք սիրուած մանուկներ չեն: Նոյնիսկ անջնջելի սպի մը կը մնայ մանուկին մէջ երբ կը տեսնէ ուրիշներուն նուէրները, իսկ ինք կը մնայ առանց նուէրի. այդ սպին, հակառակ տարիներուն, միշտ ալ թարմ կը մնայ անոր յիշողութեան մէջ:

Մենք` մեծերս, որքան ալ ըսենք «մեր տարիքը անցաւ» ու ձեւացնենք, թէ նուէրներէ չենք ախորժիր… սուտ է: Նուէրը միշտ ալ յատուկ զգալու, սիրուած զգալու, աւելի յառաջացած տարիքին յիշուած ըլլալու լաւագոյն մէկ առիթն ու օրինակն է: Հաւանաբար սիրուն տոպրակներով փաթթուած նուէրներ չենք ստանար մենք` մեծերս, սակայն կ՛անգիտանանք, որ իւրաքանչիւրս ամէ՛ն օր կը ստանանք շատ շատ աւելի մեծ նուէրներ, որոնց արժէքին ու յարգին կ՛անգիտանանք:

Պահ մը պատկերացուցէք ամէ՛ն առաւօտ անձի մը կողմէ նուէր ստանաք ծրար մը, որուն մէջ մեծ գումար մը կայ. այս նուէրը ստանաք ամէ՛ն օր` առանց դադարի մինչեւ ձեր կեանքին վերջ: Նման նուէր մը ո՞վ պիտի չուզէր: Երանելի մըն ալ դուք կը դառնայիք, չէ՞: Սակայն մենք օրական դրութեամբ կը ստանանք այնպիսի նուէրներ, որոնք փոխանցուած նիւթականով լեցուն ծրարէն շա՜տ շատ աւելին կ՛արժեն, սակայն մենք կ՛անգիտանանք անոնց կարեւորութեան:

Ա.- ՏԵՍՆԵԼ.- Երբեք մտածեցի՞ր, թէ շնորհք մըն էր տրուած քեզի, որպէսզի կարենաս տեսնել Նոր տարուան զարդարանքները, երկինքն ու թռչունները, ծաղիկներն ու անոնց գոյները, փողոցները. տեսնել մինչեւ իսկ փողոցներու ամէնէն աննկատ մանրամասնութիւնները` ճամբան, մայթը, խանութները եւ ամէն ինչ: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, աշխարհի վրայ 43 միլիոն մարդ կոյր վիճակի մէջ կը փորձէ իր կեանքին ընթացքը շարունակել. 43 միլիոն անձի համար ինչքա՜ն երանելի ես դուն, որ առիթը կ՛ունենաս տեսնելու այն բոլորը, որ քեզի անկարեւոր կը թուի. 43 միլիոն մարդոց համար քու աչքերդ շա՜տ աւելին կ՛արժեն, քան աշխարհի բոլոր հարստութիւնները, մինչ ես ու դուն ունինք այդ աչքը` սակայն շնորհակալ ըլլալու, անոր արժէքը գիտնալու գիտակցութիւնը չունինք: Եթէ աչք ունիս` հարուստ ես դուն:

Բ.- ԼՍԵԼ.- Նոր տարուան այս օրերուն եթէ բախտաւորութիւնը ունեցար լսելու մանուկներու զուարճութեան կանչերը, երգերն ու ասմունքները` երանելի՜ մըն ես դուն: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն,  աւելի քան 476 միլիոն մարդ զրկուած է այդ շնորհքէն: Աւելի քան 476 միլիոն մարդ Նոր տարին դիմաւորեց լռութեան մէջ` խլութեամբ: Այսօր դուն եւ ես շատ անգամ փոքր աղմուկէ մը նեղութիւն կը զգանք, կ՛ուզենք չլսել. կ՛ուզենք հեռանալ քաղաքէն, որպէսզի լռութիւնը վայելենք, մինչ միլիոնաւորներ երանի՜ պիտի տան մեզի` մեր տեղ լսելու համար այն բոլորը, որ մեզի համար անկարեւոր կը թուին: Խլութեամբ տառապողներու համար ականջդ շա՜տ աւելին կ՛արժէ, քան օրական տրուող նիւթականով լեցուն ծրարները: Եթէ ականջ ունիս` հարուստ ես դուն:

Գ.- ԽՕՍԻԼ.- Նոր տարուան այս օրերուն առիթը ունեցա՞ր հեռաձայնել հարազատներու եւ կամ այցելել ու շնորհաւորել Նոր տարին եւ աւետել Քրիստոսի ծնունդը: Առիթը ունեցա՞ր Նոր տարուան սեղանի շուրջ խօսակցելու ընտանիքի անդամներու եւ բարեկամներու հետ: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն,  աւելի քան 3 միլիոն մարդ զրկուած է այդ շնորհքէն: Այսօր շատ անգամ դուն եւ ես խօսելու տրամադրութիւն չենք ունենար, կ՛ուզենք լուռ մնալ, սակայն աւելի քան 3 միլիոն մարդ երանի՜ կու տայ մեզի, երանի՜ մը` ըլլալու մեր տեղ ու կարենալ խօսիլ: Համր մարդոց համար մեր լեզուն ու շուրթերը շա՜տ աւելին կ՛արժեն, քան նիւթականով լեցուն ծրարները. եթէ կրնաս խօսիլ, կրնաս երգել ու ազատօրէն արտայայտուիլ` հարուստ մըն ես դուն:

Դ.- ՔԱԼԵԼ.- Նոր տարուան այս օրերուն հաւանաբար զաւակիդ եւ կամ ընկերներուդ հետ տունէն կամ նոյնիսկ քաղաքէն դուրս ելար` փոփոխութիւն մը ըրած ըլլալու համար: Հաւանաբար զաւակիդ հետ ձիւներուն մէջ վազեցիր կամ անոր ձեռքէն բռնելով անհոգ քալեցիր: Վիճակագրական տուեալներու համաձայն, աւելի քան 6 միլիոն մարդ զրկուած է այսօր այդ շնորհքէն: Շատ անգամ դուն եւ ես քալելէ կը յոգնինք, կ՛ուզենք այլեւս տեղ չերթալ ու չքալել, մինչ աւելի քան 6 միլիոն մարդ երանի՜ կու տան մեզի եւ կ՛ուզէ մեր տեղը ըլլալ, կ՛ուզէ յոգնիլ` սակայն շարունակել քալել: Մեր ունեցած ոտքերը չէ՞ք կարծեր դարձեալ աւելի կ՛արժեն, քան նիւթականով փոխանցուած ծրարները… եթէ ունիս ոտքեր ու կրնաս քալել` հարուստ մըն ես դուն:

Հետեւաբար, եթէ դո՛ւն ալ, ե՛ս ալ ունինք այսքան հարստութիւն, որ քառապատիկ աւելին կ՛արժեն, քան օրական դրութեամբ ծրարով փոխանցուած դրամները, ինչո՞ւ կը շարունակենք դժգոհիլ: Եթէ տէ՛ր ես վերոյիշեալ չորս արժէքներուն` դուն արդէն աշխարհի ամէնէն մեծ նուէրներուն տէրն ես այսօր:

Պէտք է գիտակցիլ, որ մենք այսօր ունինք շատ մը արժէքներ, որոնք աւելի կ՛արժեն, քան հարստութիւնները, սակայն անոր արժէքը չենք գիտեր: Կը նմանինք այն էշերուն, որոնք իրենց կռնակին վրայ ոսկի կը շալկեն, սակայն ոսկիին արժէքին ինչ ըլլալը չեն գիտեր:

«Ժամանակ»
3 յունուար  2022

Նախորդը

Քաղաքակրթութիւններու Բախման Ենթադրեալ Կամ Իրաւ Վտանգին Դիմաց

Յաջորդը

Մէկ Տարի` Առանց Քեզի, Պա՛պ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?