Անդրադարձ

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Բանալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսին Ամանորեայ Պատգամը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Յաւակնութիւն չունիմ բացատրելու կամ մեկնաբանելու հայոց հայրապետին խօսքը: Անոր ընթերցումը զիս կը կանգնեցնէ քանի մը հիմնահարցերու դիմաց: Ըսուած է. «2022 տարին հռչակած ենք «Սփիւռքի տարի»: Կը հրաւիրեմ մեր բոլոր կառոյցները, մամուլը, մտաւորականները եւ գաղութները` իրապաշտ մօտեցումով ու համապարփակ հայեացքով եւ այս առիթով հրապարակած մեր հայրապետական գիրը ունենալով իբրեւ ուղեցոյց` նախ ինքնարժեւորումի ենթարկելու եւ ապա վերակազմակերպումի առաջնորդելու սփիւռքը: Սա...

Հարցազրոյց Սան Ֆրանսիսքոյի Հոգեւոր Հովիւ Սմբատ Վրդ. Սապունճեանի Հետ

Չկայ, Չէ Եղած Երբեք Գրիգոր Զօհրապ Գրագէտը

ՆՈՒՊԱՐ ՏԵՄԻՐՃԵԱՆ Տաղանդաւոր գրագէտ Յակոբ Օշականի զաւակը` Վահէ Օշական, աններելի մեղք մը գործած էր` «Բագին»-ի մէջ հրատարակելով յօդուած մը գրագէտ, նորավէպերու անմրցելի վարպետ եւ մեծանուն նահատակ Գրիգոր Զօհրապին դէմ: Չգտնուեցաւ ընթերցող մը, մտաւորական կամ ոչ մտաւորական խաւերէն մէկը, որ գայթակղած չըլլար` կարդալով այդ յօդուածին մէջ տեղ գտած արտառոց, ծանրօրէն վիրաւորական եւ տրամաբանութեան հետ կապ չունեցող դատաստանը Գրիգոր Զօհրապի մասին: Մանաւանդ...

Շողիկին «Երազ»-ը

Մարդկային Վեհ Արժանիքներու Տէր Շողիկ Ակոբեանի Յիշատակին

ՍԻԼՎԱ ՍՈՂՈՄՈՆԵԱՆ «Աղուորներուն համար կ՛ուզեմ ապրիլ, ինչպէս մեռնիմ, Աղուորներուն համար կ՛ուզեմ մեռնիլ, ինչպէս ապրիմ»: Վ. ԹԷՔԷԵԱՆ Շողիկը այն աղուորն է, որ սիրուեցաւ բոլորին կողմէ, ու ինք սիրեց իր շուրջինները` անսակարկ նուիրումով ու մեծ հոգածութեամբ: 40 օրեր առաջ ան բաժնուեցաւ մեզմէ` իրմէ մաս մը ձգելով մեր սրտերուն մէջ: Սիրելի՛ Շողիկ, Դժուար է հրաժեշտի խօսք ըսել քեզի, երբ կը գիտակցիմ, որ այդ...

Բարի Շողիկը` Արդէն Բարի Հրեշտակ Մը Դարձաւ

Բարի Շողիկը` Արդէն Բարի Հրեշտակ Մը Դարձաւ

ՆՈՐԱ ՎԱՐԴԻՎԱՌԵԱՆ-ՊԱԼԸՔՃԻ 40 օրեր առաջ մեծ ցաւով ու տխրութեամբ վերջին հրաժեշտ տուինք ազնիւ հոգիի տէր, անձնազոհ, մաքուր նկարագիրով յատկանշուած, համեստ ու խոնարհ քրոջս` Շողիկին, մեր բոլորին Շողիկին: Սիրելի՛ Շողիկ, Կեանքիդ ամբողջ տեւողութեան սիրուեցար բոլորէն` ընտանիքէդ, հարազատներէդ, բարեկամներէդ, գործակիցներէդ, միութենական ընկերներէդ: Արուեստագիտուհիի քու տաղանդդ գործնականացուցիր` ստեղծելով «Երազ» վաճառանիշով նախաձեռնութիւնդ, որուն ճամբով հայկական արուեստով յատկանշուած  իւրայատուկ արտադրութիւններ տարածեցիր աշխարհով մէկ` Լիբանանէն Միացեալ...

Մահազդ

Մէկ Տարի Անց. Հրայր Սողոմոնեանի Անմեռ Յիշատակին

ԱՐՇԱԿՈՒՀԻ Սիրելի՛ Հրայր, Մահուանդ տարելիցին առիթով ստացայ քու յիշատակիդ նուիրուած «Յիշողութիւն, ուղեւորութիւն` ի յիշատակ Հրայր Սողոմոնեանի» խորագրեալ հատորը: Կողքի նկարը իրապէս կը յուշէր քու սրտիդ եւ հոգիիդ անսահման սէրն ու գոհունակութիւնը` կատարած բազում բարեսիրութիւններուդ եւ ազգօգուտ նուիրատուութիւններուդ զգացողութիւնը: Սիրելի՛ Հրայր, Ծնար համեստ ու ազնիւ ընտանիքի մը յարկին տակ, ուր դաստիարակուեցար քրիստոնէական, մարդկային եւ ազգային բիւրեղ զգացումներով: Ծնողքիդ շնորհիւ ստացար համալսարանական...

2022-ի Լաւագոյն Նուէրը

2022-ի Լաւագոյն Նուէրը

Ա. ԼԷՔԵԱՆ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութիւնը այս տարի եւս, հակառակ տիրող դժուար պայմաններուն մէջ, քաջութիւնը ունեցաւ հայ ընտանիքը օժտելու հայադրոշմ օրացոյցով: Քաջ գիտնալով,  որ ամէն մէկ հայ անհատ կարիքը ունի գիտնալու հայկական տօներու եւ աւանդութիւններու թուականները եւ հաղորդուելու օրուան խորհուրդով, վարչութիւնը շարունակեց այս աւանդութիւնը եւ լիբանանահայութեան տրամադրութեան տակ դրաւ ԼՕԽ-ի օրացոյցը: Այս տարուան օրացոյցը, որ մեր տուները հասած է արդէն, նկարազարդուած...

Պատառիկներ «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» Կուսակցութեան Ծածկանուններու բառարան»-ից

ՀՅԴ Կուսակցութեան Գաղափարախօսութիւնը Մարմնաւորող Քայլերգը՝ «Մշակ, Բանուոր, Ռենչպէր Աղբէր»-ը

ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն բնականաբար կ’ունենայ իր ծրագիրն ու կանոնագիրը: Ծրագիրը՝ կուսակցութեան անդամներուն գաղափարական առաջնորդն է, կուսակցութեան հիմնական առաջադրանքներուն եւ հետապնդած նպատակներուն տեսական եւ պատճառաբանուած բանաձեւումը: Իսկ Կանոնագիրը՝ կը ճշդէ կուսակցութեան անդամներու պարտաւորութիւններն ու իրաւունքները, ընդհանուր կերպով՝ գործելու եւ վարուելու եղանակը, անհատ անդամներու եւ անոնցմէ ընտրուած մարմիններու փոխյարաբերութիւնները, ժողովական կարգ-կանոնը եւ այլն: Կուսակցութիւնը կ’ունենայ նաեւ իր զինանշանը, դրօշը, քայլերգը, որոնք...

Լեզուական Կատակերգութիւն

Փող-Փողոց

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ Փող կը նշանակէ խողովակ, նեղ անցք։ Յիշենք «Վահագնի ծնունդ»ի նշանաւոր տողերը. «Ընդ եղեգան փող ծուխ ելանէր/ընդ եղեգան փող բոց ելանէր», ու ահա այդ բոցին ընդմէջէն Վահագնը պիտի ծնէր որպէս ռազմի, քաջութեան, յաղթանակի եւ ամպրոպի աստուած, որ ծնելուն պէս պիտի կռուէր սեւ ու ամեհի վիշապներուն դէմ, պիտի սպանէր բոլորը ու ազատէր տիեզերքը կործանման սպառնալիքէն։ Նոյն այս իմաստով ալ շարք...

Ընտրութիւններուն Հանդուրժուող Ատելութեան Խօսքը` Ազատութեան Մահն Է

Կազաբոցում

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Երեւանէն մինչեւ Լոս Անճելըս, Արցախէն մինչեւ Պրիւքսել, Պէյրութէն մինչեւ Կապան բոլորս գազաբոցուած ենք. թերեւս ոչ շատերը գիտեն կեզլայթինկ բառը եւ անոր իմաստը: Այս բառը  կու գայ ֆիլմաշխարհէն. Gaslight-ը 1944 թուականի ամերիկեան հոգեբանական թրիլլեր է (բեմադրիչ` Ճորճ Քիւքոր, գլխաւոր դերեր ունին Չարլզ Պուայէն եւ Ինկրիտ Պերգմանը), ֆիլմը հիմնուած է Փաթրիք Հեմիլթընի թատրերագրութեան վրայ: Նիւթը կը  վերաբերի ամուսինի մը, որ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

Նորը Եկաւ, Բայց Հինը Մնաց

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հին տարին անցաւ, գնաց: Այլեւս նորութիւն մը չէ: Սակայն նորութիւնը այն է, որ իրեն հետ նաեւ գացին մեր բոլոր յոյսերն ու ակնկալութիւնները, սակայն` ո՛չ մեր  դժբախտութիւնները: Հինը գնաց, ըսինք: Այո՛... մեզի, մեր մօտ ձգեց մեր բոլոր հարցերն ու խնդիրները: Տարին գնաց` առանց լուծում-դարման գտնելու մեր հայրենի եւ սփիւռքի հին ու նոր ցաւերուն, մեր հարցերուն, մանաւանդ որ տակաւին տեսանելի...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. Հայաստան Նոր Մարզպան Ունի…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քանի մը ամիս առաջ, երբ Նիկոլ Փաշինեան Ազգային ժողովի բեմէն ճակատաբաց յայտարարեց, որ Գորիս-Կապան ճամբուն` ազերիներուն կողմէ խլուած ծանօթ հատուածը ազերիներուն կը պատկանի (եւ ՔՊ-ական «երգչախումբ»-ը անմիջապէս ձայնակցեցաւ անոր), սրտցաւ սիւնակ մը արձանագրած էինք` նախատեսելով, որ Փաշինեան (եւ Պապիկեան ու ուրիշներ) կրնան Հայաստանի մէջ Ազրպէյճանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի ու այլ պաշտօններու կոչուիլ, որովհետեւ լիովին կը պաշտպանեն Ալիեւի...

«Կամաւորական Շարժում» Կազմակերպութեան Նախագահ Հրանդ Մարգարեանի Խօսքը` Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած ՀՅԴ-ի 131-Ամեակին Հանդիսութեան

«Կամաւորական Շարժում» Կազմակերպութեան Նախագահ Հրանդ Մարգարեանի Խօսքը` Թեհրանի Մէջ Տեղի Ունեցած ՀՅԴ-ի 131-Ամեակին Հանդիսութեան

Դաշնակցութեան օրը, հաշուետուութեան օր լինելով, յաճախ նաեւ տօն է համարուել, սակայն այսօր, մեր երկրի ու ազգի վիճակը նկատի ունենալով, ի՞նչ տօնի մասին կարելի է խօսել: Եթէ երկրիդ կարեւոր մասը գերեվարուած է, հայրենիքդ` վտանգուած, յաղթանակդ` հարամուած, ազգդ` բզքտուած, ապագադ` անորոշ, արժանապատուութիւնդ` ոտնահարուած, հպարտութիւնդ` տիղմի մէջ թաղուած, համատարած ամօթի այս պայմաններում ի՞նչ տօն: Պարտուած երկրի ու ազգի կուսակցութիւնը նոյնպէս պարտուած է: Իսկ...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Տարուան Հաշուեփակը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Տարուան Հաշուեփակը

Ինչպէ՞ս, կամ ճիշդ ուրկէ՞ սկսիլ: Հապա՞ աւարտը: Խօսքը փոքր ընկերութեան մը, կամ հիմնարկի մը չի վերաբերիր, այլ երկրի մը` Հայաստանի Հանրապետութեան եւ անշուշտ` Արցախին, առանց մոռնալու անոնց սեւեռող հայաշխարհը: Ոչ ոք կրնար երեւակայել, թէ ծանր պարտութենէ մը ցնցուած եւ շլմորած հայորդիներս ա՛յսքան փոթորկոտ եւ պղտոր տարեշրջան մը պիտի բոլորէինք, սակայն արդէն...բոլորած ենք: Ամբողջ տարի մը, երբ քաղաքական բեմը ապրեցաւ ցոյցեր,...

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական.  Եթէ Ի Սպառ Մենք Հանենք Փոքրոգութիւն Մեր Սրտէն

«Ապառաժ»-ի Խմբագրական. Եթէ Ի Սպառ Մենք Հանենք Փոքրոգութիւն Մեր Սրտէն

Ամփոփում ենք 2021 թուականը. անցեալ տարում հայ ժողովրդի համար շարունակուեց 2020թ. աղէտալի պարտութիւնը: 2021թ. պարտուեցինք դիւանագիտական ճակատում, որը ռազմաճակատում կրած պարտութեան հետեւութիւնն էր: Ազրպէյճանն ու Թուրքիան օրէցօր ամրապնդում են իրենց յաղթանակը դիւանագիտական ճակատում: Իսկ պարտութեանը զուգահեռ շարունակւում է հայ ժողովրդի ազգային արժանապատուութեան ոտնահարումը: Այս ամէնը տեղի է ունենում այն պայմաններում, երբ հայկական պետութիւնը ներկայացնող անձը դարձել է Արցախում անցած դարում...

«Յուսաբեր»-ի Խմբագրական.  Բարի Դարձնենք Մեր Նոր Տարին

«Յուսաբեր»-ի Խմբագրական. Բարի Դարձնենք Մեր Նոր Տարին

Վաղը նոր տարի կը բացուի. հայ մարդն ալ կ’ըսէ` բարին ալ հետը: Բայց նոր օրուան բարիին հեղինակը, բեմադիրը եւ դերակատարը հայ մարդն ինք է: Ինք կը ծրագրէ ու կը գործէ, որ բարի ըլլայ նոր օրը, նոր տարին: Հայոց նոր տարին ալ, նոր ամիսն ալ, նոր շաբաթն ու օրը հայ մարդիկ բարի պիտի դարձնեն, որ այն բարի եւ արգասաբեր ըլլայ: Անգործ...

Սուրբ Զատիկ Եւ Յարութեան Գաղափար

2022 Վագրի Տարի. Ի՞նչ Կ՛ըսեն 2022 Տարուան Աստղերը

Համադրեց եւ պատրաստեց ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Աստղագէտներու եւ աստղաբաններու 2022 տարուան յատուկ կայքերու գուշակութիւններն ու զանազան կարծիք-տեսակէտները համադրելէ ետք, մեր ընթերցողներուն կը հրամցնենք անոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը, ընդհանրականն ու յատկանշականը: Այսպէս, կը հաւատամ, որ մէկ կողմէ մայր բնութիւնը իր երկրաշարժերով, հեղեղներով, հրդեհներով եւ փոթորիկներով պիտի շարունակէ աւերներ գործել, իսկ միւս կողմէ ալ մարդիկ պիտի չդադրին իրենց մահացու եւ չարագործ զէնքերը, դաւադրութիւններն ու...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Բարի Արագիլներու Նամակը` Կաղանդ Պապուկին (Հեքիաթներու Աշխարհէն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ ... Ի՞նչ էին ասում իրար ականջի արագիլները չուելու պահին:  - Տագնապում  էին: ՀԱՄՕ ՍԱՀԵԱՆ Ընդունուած է ըսել, որ հայ ժողովուրդի ամէնէն մօտիկ եւ հաւատարիմ թռչուններէն են եղած արագիլները, որոնք, իրաւամբ, կոչուած են հայոց աշխարհի եզակի բնակիչներ: Կը պատմուի, որ հազարամեակներ շարունակ եւ անընդմիջաբար, բարի արագիլներ իւրաքանչիւր գարնան եկած են յատկապէս Արարատեան դաշտ եւ հոն շինած իրենց բոյնը: Իրողութիւն...

Ամբողջ Հայութիւնն Է Հայ Դատի Իրաւատէրը

Ամբողջ Հայութիւնն Է Հայ Դատի Իրաւատէրը

Ա. Ա. Երկու անկախ եւ գերիշխան պետութիւններու միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատումը շատ բնական է: Միջպետական կապերը, համաձայնագրերը, փոխադարձ գործակցութեան ծրագրերը, ինչպէս նաեւ ռազմավարական գործընկերութիւնները տուեալ պետութիւններուն շահերու պաշտպանութեան ընդհանուր ենթահողին վրայ կը ձեւաւորեն կապերու եւ յարաբերութիւններու բնոյթը եւ տարողութիւնը: Երկիրներու միջեւ պատերազմները, տագնապները եւ տարակարծութիւնները մէկ օրէն միւսը կրնան այլ խորք եւ բովանդակութիւն ստանալ ու վերածուիլ սերտ գործակցութեան: Ասիկա քաղաքականութիւն...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան, Ազգային Ռազմավարութեան Հիմք Ու Նպատակակէտ»

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական. «Հզօր Սփիւռք՝ Հզօր Հայաստան, Ազգային Ռազմավարութեան Հիմք Ու Նպատակակէտ»

  Ար­դէն թե­ւա­կո­խած ենք նոր տա­րին եւ իւ­րա­քան­չիւր նոր սկիզ­բի պա­րա­գա­յին, մեր առ­ջեւ կը դրո­ւին խորհր­դա­ծու­թիւն­ներ եւ մտա­հո­գու­թիւն­ներ, ո­րոնք նախ որ­պէս բեռ կ­՚ա­ւել­նան անց­նող տա­րո­ւան հոս­քէն, ա­պա ե­կող նոր օ­րե­րուն հա­մար կը սահ­մա­նեն այն մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը, որ մարդ էա­կը ան­հա­տա­բար եւ մարդ­կա­յին հա­ւա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րը միաս­նա­բար՝ կո­չո­ւած են դի­մագ­րա­ւե­լու։ 2021-էն ետք հա­յու­թեան ճա­կա­տա­գի­րին վրայ սահ­մա­նո­ւած դառն ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը շա­րու­նա­կեն ծանր կշռել ­Հա­յաս­տան ու...

Միասի՛ն Երաշխաւորենք  Ապագայի Մեր Հաւաքական Երթը

Միասի՛ն Երաշխաւորենք Ապագայի Մեր Հաւաքական Երթը

Սիրելի՛ լիբանանահայութիւն, Ժամեր ետք վարագոյրը կ՛իջնէ 2021 տարուան վրայ, ու կը դիմաւորենք Նոր տարին: Անցնող տարին ինչպէս համայն հայութեան, նոյնպէս ալ լիբանանահայութեան համար եղաւ մարտահրաւէրներու դիմագրաւման դժուար տարի մը: Մենք ՄԻԱՍԻՆ դիմագրաւեցինք մեծ մարտահրաւէրներ ու յաղթահարեցինք ճգնաժամային կացութիւններ` ցուցաբերելով ապրելու, գոյատեւելու, վերականգնելու եւ արարելու հզօր կամք ու վճռակամութիւն: Նոր տարուան առիթով դարձեա՛լ նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման ենք: Մեր համայնքի կենսունակութիւնը,...

Page 284 of 807 1 … 283 284 285 … 807

Արխիւներ