ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Մարդկութիւնը կը գտնուի մեծ անորոշութեան եւ յուսաբեկութեան կացութեան մը մէջ:
Աւելի քան երկու տարիէ ի վեր «Քորոնա» ժահրի համավարակը կը շարունակէ կեանքեր հնձել, վարակուողներուն թիւերը օրէ օր նոր նշաձողեր կ՛արձանագրեն, եւ յստակ չէ, թէ վերջ ի վերջոյ ե՛րբ եւ ինչպէ՛ս մարդկութիւնը պիտի կարենայ իր վերահսկողութեան տակ առնել համավարակը: Միեւնոյն ժամանակ ժահրին կազմուածքին մէջ ներքին փոփոխութիւններու պատճառով նոյն ժահրէն տարբեր տեսակներ ի յայտ կու գան` աւելի արագ տարածուող, աւելի մահացու, աւելի դժուար վերահսկելի: Կան պատուաստները, բայց հարցականի տակ կ՛առնուի անոնց արդիւնաւէտութիւնը այս վարակին դէմ, գիտական շրջանակներ կը խօսին պատուաստի երրորդ կամ չորրորդ չափաբաժինի օգտագործման մասին` առանց կարենալ երաշխաւորելու, որ պատուաստի տուեալ չափաբաժինները կրնան վերջապէս արգելք հանդիսանալ վարակումին: Ընկերային փոխյարաբերութիւնները մեծ մասամբ փոփոխութիւններու ենթարկուեցան, այլեւս առաջուան մտերմութիւնն ու մօտիկութիւնը չկայ մարդոց միջեւ, մեծապէս խախտած են նաեւ համագործակցութեան սկզբունքները ընկերային հեռաւորութեան եւ մեկուսացումի ու ընդհանուր փակման որոշումներուն պատճառով:
Աշխարհի տարածքին քաղաքական տագնապները աւելի վտանգաւոր դրսեւորումներ կը ստանան: Արեւմուտքի երկիրներ ընդդէմ Ռուսիա, հարուստ հիւսիսի երկիրներ ընդդէմ աղքատ հարաւ շարունակ ծագող ճգնաժամերը կը սպառնան զինուորական հակամարտութեան բնոյթ ստանալ: Յաճախակիօրէն սկսած է խօսուիլ հաւանական նոր պատերազմներու մասին, որոնց հիմնական յատկանիշներէն մէկը կրնայ ըլլալ գերարդիական արհեստագիտութեան կիրարկումը բաւական լայն շրջագիծի մէջ: Աւելի լայն, քան` մեր վկայած նախորդ բոլոր պատերազմները իրարու գումարած: Մարդկութիւնը սկսած է տառապիլ յաւելեալ արիւնահեղութեան ականատես ըլլալու յաճախանքէն:
Բայց նաեւ ներկայիս մարդկութիւնը կը տառապի ուրիշ տեսակի պատերազմներէ` ընկերային-տնտեսական բնոյթի պատերազմներէն, որոնց կործանարար էութիւնը հետզհետէ աւելի ցայտուն կերպով կ՛երեւի: «Ագահութիւն»-ը կը մղէ մարդիկը, որ անոնք հետզհետէ աւելի կուտակեն ուժանիւթի ընդերկրեայ աղբիւրները, նաեւ անհեռատեսօրէն մսխեն զանոնք` փոխանակ դիմելու ուժանիւթի այլընտրանքային, վերանորոգուող աղբիւրներու գործածութեան: Մարդիկ նաեւ ամէնօրեայ խելացնոր վազքի մը մէջ կը գտնուին` երկրագունդի աղբիւրները անխնայ օգտագործելով աւելի արտադրելու եւ աւելի սպառելու: Հիմա կարծես սպառողական տնտեսութեան ամէնէն ծաղկուն ժամանակաշրջանն է: Ասոր զուգահեռ ալ հետզհետէ նաեւ աւելի ցայտուն կը դառնայ բեւեռացումը ընկերային զանազան խաւերուն միջեւ: Այսօր ընկերային անարդարութիւնը տիրական երեւոյթ է մարդկային կեանքին մէջ, այդ պատճառով ալ, հակառակ համավարակին նաեւ, մենք կը տեսնենք այս անարդարութեան դէմ ծառանալու, ընդվզելու բազմաթիւ դրսեւորումներ: Ընկերային-տնտեսական անողոք պատերազմի ամէնէն բարացուցական օրինակներէն մէկը անցնող երկու տարիներուն ընթացքին Լիբանանի մէջ մեր վկայածն է:
«Քորոնա» ժահրի համավարակին պատճառով անորոշութեան եւ յուսաբեկումի մատնուած մարդիկ, անհեռանկար եւ անյստակ ապագայ, յաւելեալ արիւնահեղութեան յաճախանքը իրենց աչքերուն մէջ ունեցողներ, հետզհետէ աւելի ու աւելի թշուառութեան ու աղքատութեան գիրկը նետուող խլեակներ` ամբողջ երկրագունդի տարածքին, մանկութիւն չունեցող մարդոց հետզհետէ ահագնացող բազմութիւններ: Ահաւասիկ` մարդկութեան ներկայացուցած ընդհանուր պատկերը ներկայիս:
Բայց նաեւ կայ ամէն տարի այս օրերուն Բեթղեհէմէն երեւցող յոյսի ու լոյսի նշոյլը, որ կոչուած է լուսաւորելու իւրաքանչիւր յուսահատի, թշուառի, աղքատի եւ անիրաւուածի ճամբան, որովհետեւ Բեթղեհէմի Մանուկ Յիսուսը ինք` իր երկրային ծնողներուն հետ, հալածուածն էր, անիրաւուածն էր, աղքատն էր, որ ծնաւ համեստ պայմաններու մէջ, որպէսզի թշուառութիւն տեսած մարդկութեան համար մխիթարութիւն եւ ուրախութիւն դառնայ, յուսահատութեան եւ անորոշութեան գիրկը գտնուող մարդոց համար յոյս ներշնչող աւետիսը դառնայ…


