Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Տարի` Առանց Քեզի, Պա՛պ

Յունուար 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԺԴԵՀ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

1 տարին արդէն անցաւ, պա՛պ:

1 տարին շատ արագ անցաւ:

1 տարին չեմ գիտեր ինչպէ՛ս անցաւ…

Եւ այսօր կը մտածեմ, թէ ի՞նչ կրնամ գրել կամ ի՞նչ կրնամ ըսել այս 1 տարուան մասին…

Մեր զգացումները նկարագրելը, բնականաբար,  բաւական դժուար պիտի ըլլայ, որովհետեւ երբեք չէինք պատկերացներ, որ մեր կեանքը այսքան շուտ եւ այսքան զօրաւոր ու ծանր փոփոխութեան պիտի ենթարկուի…

Երբեք չէինք պատկերացներ, որ դուն այսքան շուտ եւ այսքան անակնկալ պիտի մեկնէիր այս աշխարհէն…

Գիտեմ, եթէ չըլլար «Քորոնա»-ն, եթէ պատրաստ ըլլար պատուաստը, եթէ… եթէ… եթէ…

Պատրաստ չէինք, պա՛պ:

Իրականութիւնը` երբեք պատրաստ պիտի չըլլայինք, բայց… արդէն անցաւ առաջին տարին:

Այս տարին առաջին տարին էր, որ ապրեցանք առանց քու ֆիզիքական ներկայութիւնդ վայելելու, առանց քու ձայնդ լսելու, առանց քեզի:

Այս տարին առաջին տարին էր, որ ապրեցանք ամէն օր, ամէն ուրախ կամ տխուր պահու` քեզ յիշելով:

Ամէն մէկ մանրամասնութիւն քեզի կապելով…

Այս 1 տարուան ընթացքին շատ բան փոխուեցաւ, վստահաբար դուն ալ տեսար, դուն ալ ուրախացար, տխրեցար կամ հպարտացար… հիմա մէկ-մէկ չթուեմ, բայց այսօր, կ՛արժէ թուեմ կարգ մը դասեր ու պատգամներ, զորս դուն յաջողեցար լաւապէս փոխանցել քու ապրած 58 տարուան կեանքովդ եւ աւելի՛ն` քու վաղաժամ մահովդ:

– Կեանքը կարճ է, ուստի պէտք է լաւապէս ապրիլ եւ արժեւորել ամէն մէկ վայրկեան:

– Բարիք ընել, օգնել, լսել, բոլորին հասնիլ… առանց ակնկալութեան, առանց պայմաններու:

– Համեստ ըլլալ, ընկերային, կազմակերպուած եւ կոկիկ:

– Լաւ մարդ ըլլալն է հարստութիւնը, եւ ոչ` դրամը: Մարդոց բարձրացնողը` հոգին եւ միտքն են, եւ ոչ` դիրքերն ու վկայականները:

– Համբերութիւնը անհրաժեշտ է: Գիտնալ ե՛րբ խօսիլ, ե՛րբ լռել, ե՛րբ պատասխանել, ե՛րբ հակազդել…

– Արդար ըլլալ եւ անկեղծ` թերեւս յաճախ տուժելով:

– Հաւատք ունենալ եւ չյուսահատիլ:

– Պահպանել մեր պատիւն ու արժանապատուութիւնը, ամէն գնով:

– Աշխատիլ եւ ծառայել ի նպաստ հաւաքական շահերուն:

– Պատուով ապրիլ` փորձելով պահել լաւ անուն եւ համբաւ, որուն հպարտութիւնը թերեւս դուն չհասնիս վայելելու, բայց ընտանիքդ, ընկերներդ եւ հարազատներդ վստահաբար կը վայելեն ամէն օր:

***

Այս բոլորը սորվեցանք, ժամանակի ընթացքին աւելին կը սորվինք ու պիտի սորվինք, բայց մէկ բան երբեք պիտի չյաջողինք սորվիլ, այդ ալ` ապրիլ առանց քեզի…

Տակաւին շատ են հարցումներս, շատ են ըսելիքներս, շատ են պատմելիքներս եւ օրէ օր աւելի կը շատնան:

Բայց վստահ եմ, որ ամէն բան լաւ կը տեսնես, ամէն ինչ կը լսես եւ միշտ մեզի հետ ես:

1 տարին արդէն անցաւ, պա՛պ, եւ կարօտը աւելի շատցաւ:

Աստուած հոգիդ լուսաւորէ:

 

 

Նախորդը

Հարուստ Էշեր Ենք

Յաջորդը

Որքա՜ն Դժուար Է Առանց Քեզի

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?