Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Եղբ. Գառնիկին

January 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐԱ

Տարի մը անցա՞ւ արդէն: Այդքան արա՞գ:

Այո՛, արագ, բայց ճնշող: Ճնշող` Գառնիկ Մկրտիչեանը ճանչցող, յարգող, սիրող բոլոր անհատներուն համար:

Մահուանդ Ա. տարելիցն է այսօր, եղբա՛յր Գառնիկ: Հոգեհանգստեան արարողութիւն կը կատարուի քու պատկանած շրջանիդ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ: Այդ շրջանը, որուն համար քու անձէդ եւ ընտանեկան պահերէդ զոհած ես յաճախ: Պատմական պահեր ապրած ես Պուրճ Համուտի մէջ: Սորված եւ գործած ես լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ իրենց դրոշմը ձգած անձերու հետ: Դաստիարակած ես քանի մը սերունդ` նոյն հաւատքով եւ նուիրումով ծառայելու ազգին, հայրենիքին եւ Դաշնակցութեան:

Եկեղեցին եւ բակը կը տողանցեն դէմքեր, որոնց տխուր աչքերը կ՛երեւին միայն, «Քորոնա»-էն պաշտպանուելու համար անոնց կրած դիմակներուն պատճառով: Կը նայիմ շուրջս: Իւրաքանչիւր դէմք պատմութիւն մը ունի կապուած քեզի: Այս անձին օժանդակած ես, որպէսզի զաւակները դպրոց արձանագրէ: Միւս աղջկան օժանդակած ես, որպէսզի անձնաթուղթ ունենայ: Ուրիշներու օժանդակած ես, որպէսզի ընտանեկան անլուծելի հարցերը լուծեն: Միւսին գործ դասաւորած ես: Դիմացը կանգնած անձին օժանդակութեան կտրօն փոխանցած ես ուրիշներու ճամբով, որպէսզի արժանապատուութիւնը չվիրաւորես: Ո՞ր մէկը թուեմ: Աչքերը, որոնք կը սեւեռին վերեւ, շնորհակալութիւն եւ ցաւ կը պարունակեն: Գործակից մը, ընկեր մը, աւագ եղբայր մը կորսնցնելու ցաւ: Եւ 1 տարին ալ աւելի շեշտած է բացակայութեանդ դառնութիւնը:

Պատահական չէ նաեւ, որ քու հոգեհանգստեան արարողութեանդ զուգահեռ եղբ. Պատրիկ Կիւլպէնկեանին մահուան Ա. տարելիցի հոգեհանգստեան արարողութիւնն է: Երէց եղբօրդ հանդէպ քու հոգածութեանդ մանրամասնութիւնները քիչեր գիտեն: «Քորոնա»-ի առաջին օրերէն մինչեւ եղբ. Պատրիկին մահը քու լուռ, անյայտ հետապնդումդ եւ դասաւորումներդ օգնեցին, որ ՀՄԸՄ-ին իր կեանքը նուիրած մեր երէց եղբայրը առանձին չմնայ: Նախախնամութի՞ւն էր, որ, քու սովորութեանդ հակառակ, եղբ. Պատրիկին մահագրութիւն մը գրած էիր իր թաղման օրը: Միշտ կը հետապնդէիր, որ նուիրեալներու մասին մահագրութիւն մը լոյս տեսնէ «Ազդակ»-ին մէջ, բայց այդ հետապնդումը ընդհանրապէս թերթը տպագրութեան յանձնուած օրը կ՛ըլլար: Արդեօք նախազգացիր եւ կանուխ գրեցի՞ր: Իմ հարցումներու երկար շարանիս լոկ մէկ մասնիկն է այս հարցման նշանը:

Եղբա՛յր Գառնիկ, այսօր ՀՄԸՄ-ի բանակավայրը քու անունդ կը կրէ` ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան արդար եւ ազնիւ որոշումով: Բիւրականի այդ բանակավայրին համար ջիղ եւ համբերութիւն զոհած ես տարիներ շարունակ: Հիմնական վերանորոգութիւններ կատարուած նոյնիսկ ելեկտրական սիւներ տեղափոխուած են բանակավայրի ընդարձակման համար: Նախագահներ, նախարարներ, հոգեւոր պետեր ընդունած ես հոն` հպարտութեամբ իրենց ներկայացնելու միութենական մեր «բանակ»-ները: Յաճախ փափաքած ես անուանում մը տալ բանակավայրին, բայց կարելի եղած չէ: Վստա՛հ եմ, որ բնաւ չէիր երեւակայեր, որ Բիւրականի բանակավայրը քո՛ւ անունովդ պիտի մկրտուի: Յուզիչ էր պահը: Ալ աւելի յուզիչ էր քու բացակայութեանդ ծանրութիւնը…

Անցնող տարուան ընթացքին զանազան երկիրներէ Լիբանան այցելող ՀՄԸՄ-ականներ անպայմանօրէն փափաքեցան այցելել քու շիրիմդ: Զարմացած չեմ, որովհետեւ կը գիտակցիմ, որ դրական դրոշմ ձգած ես ընդհանրապէս քեզի ծանօթացած կրտսեր կամ երէց միութենականներուն մօտ: Այսօր, ընտանիքիդ դասաւորումով, քու պաշտած հայրենիքէդ` Հայաստանէն, դէպի Լիբանան փոխադրուած եւ շիրիմիդ վրայ տեղադրուած է քու դիմանկարդ, որ անձայն, բայց խօսուն կը հետեւի քու յիշատակիդ համար երկինք բարձրացող խունկերուն եւ վառած մոմերու լոյսերուն:

Եղբա՛յր Գառնիկ, ֆիզիքական բացակայութիւնդ շատ զգալի է, իսկ քու ձգած յիշատակներդ կ՛ապրին եւ պիտի շարունակեն ապրիլ բոլորիս հետ:

Սաւառնէ խաղաղութեամբ:

 

 

Նախորդը

Որքա՜ն Դժուար Է Առանց Քեզի

Յաջորդը

Մահուանդ Տարելիցին` Սիրելի՛ Գառնիկ, Միշտ Մեզի Հետ Ես

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Դաշինքներ Եւ Միասնութիւն Ընդհանուր Նպատակի Շուրջ

February 3, 2026
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Առաջին Թիւը

February 3, 2026
Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը
Անդրադարձ

Փարիզի Հայկական Սփիւռքի Ժառանգութիւնը Կը Վերածուի Թուային Քարտէսի Մը

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.