ԱՆԻ
Արդէն իսկ տարի մը անցաւ Գառնի՛կ, քու ֆիզիքապէս բացակայութեանդ. չեմ կրնար բառերով արտայայտել, թէ որքա՛ն դժուար է շնչել առանց քեզի, ապրիլ առանց քեզ տեսնելու եւ հետդ զրուցելու, շարունակել` գիտնալով, թէ դուն այս աշխարհին վրայ մեզի հետ չես այլեւս, պիտի չհանդիպինք քեզի կրկին®
Քու կանխահաս մահովդ կեանքիս ընթացքը ամբողջովին փոխուեցաւ, ապրելակերպս այլ ձեւ ստացաւ, որովհետեւ անոր համ ու հոտ տուող եղբայրս առյաւէտ հեռացաւ մեզմէ անակնկալ կերպով: Կարծես ամէն ինչ փոխուեցաւ ակնթարթի մը մէջ, տխրութիւնը դարձաւ տիրական, քու հեռանալովդ ստեղծուած բացը ոչ մէկ ձեւով կարելի եղաւ եւ պիտի ըլլայ լեցնել:
Տակաւին չեմ կրնար հաւատալ, որ չկաս մեր կեանքին մէջ, ամէն օր կը սպասեմ քու հեռաձայնիդ, քու անկեղծ խնդուքիդ, քու համբերող մօտեցումիդ` մեր զրոյցներուն ընթացքին քննարկուած նիւթերուն. իմ արտայայտած մտահոգութիւններուս, զիս խռովեցնող հարցերուն ունէիր մէկ պատասխան` «Հանդարտէ՛»: Այդպէս` հանդարտութեամբ ալ կը մօտենայիր դիմացդ ցցուող բոլոր հարցերուն, միութենական խնդիրներուն եւ աշխատանքներուն, այդ պատճառով ալ կարողութիւնը ունեցար զանոնք յաջողութեամբ գլուխ հանել, կազմակերպել եւ իրականացնել տարբեր ծրագիրներ ՀՄԸՄ-ի եւ ընդհանրապէս մեր ազգային կեանքին մէջ` ներկայութիւն ըլլալով հոն, ուր դիմուեցաւ քեզի:
Թէեւ մենք բոլորս` ընտանիքդ, ընկերներդ, ազգականներդ, ՀՄԸՄ-ական քոյրերդ եւ եղբայրներդ միասնաբար քեզ յանձնեցինք հողին, բայց ես տակաւին չեմ հաւատար, որ դուն հոն ես, այդ պաղ եւ անշունչ վայրին մէջ, այդ պատճառով ալ հոն այցելութիւններս եղան համրուած: Սիրելի՛ ընկերս, անգին եղբա՛յրս,
Շատ դժուար է Պուրճ Համուտը տեսնել առանց քեզի, շատ դժուար է Արաքս թաղէն քալել` գիտնալով, թէ երբեք իրարու պիտի չհանդիպինք կրկին, իսկ ա՛լ աւելի դժուար է «Սարդարապատ» ակումբ մտնել եւ քեզ հոն չտեսնել ու քու հաւասարակշռուած մատնանշումներդ չլսել:
Ա՜խ Գառնիկ, ա՜խ, ինչո՞ւ այսքան կանուխ բաժնուեցար մեզմէ, տակաւին շատ գործեր ունէինք միասին կատարելիք, խօսելիքները բազում են, բայց գացիր առանց նախազգուշացնելու, չկրցանք տեսնուիլ, ո՛չ ալ կրցար բան մը ըսել: Հիմա` մէկ տարի ետք մեր բաժանումէն, ըսելիքներս բազմապատկուեցան, թէեւ կը խօսիմ հետդ ամէն օր` նկարիդ դիմաց, եւ վստահ եմ, որ կը լսես ինծի, բայց բոլոր հարցումներս կը մնան անպատասխան: Շարքը երկար է ըսելիքներուս, բայց կը խոստանամ մնալ ինչպէս որ դուն դաստիարակած ես զիս եւ շարունակել գործադրել քու յարգած ու պաշտած բոլոր օրէնքներդ` Մարալին, Բիւզանդին, Նժդեհին, Սիմոնին եւ Քրիստափորին հետ միասին:
Քեզ միշտ սիրող եւ յարգող քոյրդ`