Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահուանդ Տարելիցին` Սիրելի՛ Գառնիկ, Միշտ Մեզի Հետ Ես

Յունուար 10, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ

Նոր Տարուան գիշերը շա՜տ սպասեցի:

Բազմաթիւ շնորհաւորական հեռաձայններուն եւ մեսեճներուն մէջ, սպասեցի քու հեռաձայնիդ:

Սովորութիւն դարձուցած էիր տարեմուտի զանգէն առաջ` ժամը 11:45-ին անպայման հեռաձայնել եւ յատուկ ոճով շնորհաւորել, բարեմաղթութիւններ կատարել եւ ժամադրուիլ յաջորդ օրն իսկ տեսնուելու:

Արդէն մէկ տարի է Գառնիկ, մեկնեցար ու առանձին ձգեցիր քու ընտանիքդ, ընկերներդ, ակումբդ, ՀՄԸՄ-ի հսկայ ընտանիքը, Ազգային առաջնորդարանը, Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին, եւ դեռ` ամբողջ Պուրճ Համուտը:

Ամէն առաւօտ, ժամը 10:30-ի շուրջ, կը շարունակեմ սպասել, որ պիտի հանդիպիս գրասենեակ: Կրնայիր ուշանալ երբեմն, բայց երբեք չբացակայիլ: Երկար ատեն այն աթոռը, որուն վրայ կը նստէիր եւ օրուան տեղական, կուսակցական եւ համահայկական հարցերը կ՛արծարծէիր գաւաթ մը սուրճի շուրջ, գրասենեակէս դուրս հանած էի:

Ս. Ծննդեան պատարագին դուն ներկայ չէիր այս տարի: Մէկ տարի առաջ, նոյն առաւօտուն, առանց աղմուկի մեկնեցար: Բայց ոչ իսկ մէկ վայրկեան բացակայ էիր պատարագէն:

Այդ առաւօտ վերադարձայ բջիջայինիս եւ կարդացի 5 յունուար 2021-ին քեզի ուղղած մեսեճս. «Բարի՛ կէսօր ընկերս, յուսամ աւելի լաւ ես, պինդ եւ ամուր»: Չեմ գիտեր, եթէ կարդացիր այս գրութիւնը, բայց կ՛ենթադրեմ, որ եթէ կարդացիր, բարի ժպիտով մտածեցիր` «պինդ եմ, գամ` կը խօսինք»:

Բայց չեկար:

«Բարի, գեղեցիկ, առաքինի ընկերը մարդուն»,

Սիրելի՛ Գառնիկ,

Դժուար, շատ դժուար տարի մը անցուցինք 2021-ին: Ամէն կողմ ցաւ, յուզում, սուգ, մտահոգութիւն, տագնապ, կարիք եւ տառապանք:

Բայց միաժամանակ աշխուժութիւն եւ գործելու կորով:

Շատ սիրելի ընկերներ միացան քեզի, իսկ ուրիշներու հետ շարունակեցինք միասնաբար տոկալ:

Ու միշտ ներկայ էիր մեր մէջ:

Ժողովներու ընթացքին, թէ ձեռնարկներու: Եկեղեցական արարողութեանց, թէ այցելութիւններու, նպաստաբաշխումի, թէ Վերականգնումի մարմինի գործերուն, համա-ՀՄԸՄ-ական, թէ մշակութային նախաձեռնութեանց մէջ, հոս` Լիբանան, թէ Հայաստան, ամէն օր մեզի հետ էիր:

Եւ ամէն անգամ կը յիշէինք ու կ՛ըսէինք, որ եթէ Գառնիկը ըլլար, ի՞նչ պիտի ընէր կամ ըսէր:

Ու դեռ, անզգալաբար յաճախ կ՛ըսէինք` Գառնիկին հարցնենք:

Ու վստա՛հ եղիր, քու յաւերժական հանգիստդ դեռ կը խանգարենք ու միշտ պիտի հարցնենք կարծիքդ:

Եւ քու բանաւոր բացակայութիւնդ մեր անմիջական առօրեան, շատ ծանր ըլլալու կողքին, յաւելեալ բեռ կը դնէ քու գաղափարակից ընկերներուդ վրայ, որ աւելիով շարունակեն աշխատիլ, իրենց ուսերուն բաժնեկցիլ քու պատասխանատուութիւններդ եւ փորձել գէթ մասամբ ներկայութիւն-բացակայութիւնդ եւ թողած բացդ լեցնել:

Հանգի՛ստ ննջէ, Գառնի՛կ:

Մի՛շտ ընտանիքիդ հետն ես:

Մի՛շտ մեր մտքերուն մէջ ես:

Ու մի՛շտ կը յիշենք քեզ:

 

 

 

Նախորդը

Նամակ Եղբ. Գառնիկին

Յաջորդը

Փշրուած Ծնունդը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?