Խոհեր` Գիրք Նուիրելու Օրուան Առիթով. Երբ Ձրի Տրուած Գիրքն Անգամ Կը Մերժուի… (19 Փետրուար)
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Յոյսով եմ մի օր բոլորը կը հասնեն մտքի այն հասունութեան, որ գիրք նուէր ստանալուց մեզ պէս կ՛ուրախանան: ԱԼԵՆ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ (44-օրեայ պատերազմի նահատակ) Հայ ժողովուրդի ընտիր, եզակի եւ անկրկնելի զաւակներէն մէկուն` Ալեն Մարգարեանի վերոնշեալ գրառումը խորքին մէջ մարդու տեսակի պայծառ ու գիտակցական բարձր մակարդակի արտայայտութիւն է: Գերազանցապէս հայաշունչ արտայայտութիւն մը, որ իր մէջ կը պարփակէ, կը խտացնէ շատ ու...
















