Ահազանգը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին 21 փետրուարին, Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի արտակարգ նիստէն ետք, պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին «Լուկանսքի եւ Տոնեցքի` իբրեւ Ուքրանիայէն անկախ հանրապետութիւններ Ռուսիոյ ճանաչումը» յայտարարեց, ինչպէս նաեւ Տումայէն պահանջեց անմիջապէս ճանչնալ այդ հանրապետութիւններուն անկախութիւնը: Ռուսիոյ նախագահը իր ուղերձին ընթացքին ուշադրութեան արժանի մէկ այլ յայտարարութիւն մըն ալ կատարեց. «Խորհրդային Միութեան պետութիւններուն միութենէն դուրս գալու իրաւունք տալը մեծ...




















