ՍՈՒՐԷՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Ընկերուհիիս` Սիլվային հետ, շաբաթավերջերուն Թորոնթոյի մօտակայ փոքր քաղաքները կամ գիւղերը կ՛այցելէինք, ան կը սիրէր գիւղական շուկաներէ բանջարեղէն, պտուղ եւ մեղր գնել: Այս պտոյտներէն մէկուն ընթացքին Փորթ Հոփ կոչուած փոքրիկ քաղաքը այցելեցինք, որ շատ սիրուն քաղաքապետարան մը ունէր: Օնթարիօ նահանգի հազուագիւտ վայրերէն էր, որ տափարակ չէր. քաղաքին կեդրոնէն Կանարասքա գետը կը հոսէր, որուն եզերքէն մարդիկ ձուկ կ՛որսային: Քաղաքը շատ սիրեցինք, եւ երբ անշարժ գոյքի գրասենեակ մը տեսանք, որուն ցուցափեղկին վրայ ծախու տուներու նկարներ կային, հետաքրքրուեցանք, սակայն օրը կիրակի էր, եւ գրասենեակը` գոց: Դրան մօտ զամբիւղի մը մէջ իրենց ամսաթերթը դրած էին, ուր ծախու տուներուն նկարները եւ անոնց մասին տեղեկութիւններ կային: Հատ մը առի, եւ երբ ճամբայ ելանք դէպի Թորոնթօ, փորձեցի Սիլվան համոզել, որ այնտեղէն հին տուն մը գնենք եւ նորոգենք, ան շատ խանդավառուեցաւ:

Իրիկունը գործակալութեան ամսաթերթը թերթատելով անցուցի եւ տուներուն մասին տեղեկութիւններ քաղեցի, հետաքրքրական տուն մը գտայ եւ որոշեցի անպայման յաջորդ օրը գործակալին հեռաձայնել, քանի որ տան գինը շատ աժան թուեցաւ ինծի:
– Էջ քսանեօթի վրայ տուն մը կայ, վերէն չորրորդը, Վիքթորիա փողոցի թիւ 14-ը, այդտեղ գրուած գինը ճի՞շդ է:
– Այո՛, – պատասխանեց անվրդով:
– Մէջը ոգինե՞ր կան,- հարցուցի: Տուն ծախող գործակալները մեծ համբերութիւն ունեցող մարդիկ են, եթէ ուրիշ ոեւէ մէկը ըլլար, հեռաձայնը երեսիս պիտի գոցէր, բայց ան հանդարտօրէն պատասխանեց.
– Ո՛չ, ոգիներ չկան, բայց ինչո՞ւ այդ հարցումը ըրիք:
– Որովհետեւ տան նկարը գեղեցիկ է, ու գինը աժան:
– Այո՛, արտաքնապէս գեղեցիկ տուն մըն է, բայց շատ փոքր է եւ հիմնական նորոգութիւններու կը կարօտի:
– Կրնա՞մ տեսնել:
– Անշո՛ւշտ, ե՞րբ կ՛ուզէիք գալ:
– Ես Թորոնթօ կը բնակիմ եւ միայն շաբաթավերջին կրնամ գալ:
– Շա՛տ լաւ:
Ժամադրուեցանք, որ յաջորդ շաբաթ առտու, քաղաքի մուտքին գտնուող «Հարվիզ» հեմպըրկըրի ճաշարանին մէջ իրարու հանդիպինք: Նոյն իրիկունը Սիլվային հեռաձայնեցի ուրախ լուրը հաղորդելու համար:
– Այդ գրքոյկին մէջէն շատ աղուոր տուն մը գտայ:
– Ո՞ր գրքոյկին,- հարցուց անմեղ ձեւանալով: Ակնթարթի մը մէջ կռահեցի, որ ան Փորթ Հոփէն տուն գնելու գաղափարէն քիչ մը պաղած էր:
– Չեմ գիտեր, թէ երէկ նկատեցի՞ր, որ եթէ չեմ սխալիր… Փորթ Հոփ քաղաքէն տուներու առուծախի ամսաթերթ մը առի, անոր մասին էր խօսքս:
– Վրա՞ս կը խնդաս կոր:
– Խնդալիք բան չկայ, ընդհակառակը, պատահածը տխուր բան մըն է, որ դուն յարաբերաբար երիտասարդ տարիքիդ արդէն ցնդած ես եւ երէկուան պատահածները յիշելու դժուարութիւն ունիս:
– Ցնդածը դուն ես, որ շունին սատկած տեղէն տուն առնելու նպատակ ունիս, հոն ի՞նչ պիտի ընես առանձին, ճգնաւո՞ր պիտի դառնաս:
– Այո՛, որպէս պատիժ` քեզի պէս ամբարիշտի մը հետ ժամանակ անցընելուս համար:
– Ամբարի՞շտ մը, դուն գիտե՞ս, որ դուն ի՞նչ ես…- ըսաւ բարկացած, բայց յետոյ շփոթած հարցուց,- ի՞նչ ըսել է ամբարիշտ:
– Չեմ գիտեր, բայց քեզի կրնամ վստահեցնել, որ լաւ բան մը չէ, Յիսուս ըսաւ, որ ամբարիշտին նստած տեղը մի՛ նստիք:
– Կեանքիս մէջ այսպիսի յիմարութիւն չէի լսած,- ըսաւ ան բարկացած:
– Շնորհաւորութիւններս, հիմա լսեցիր,- պատասխանեցի:
Մենք` հայերս, շատ բարկացկոտ ժողովուրդ ենք, որուն համար շատ մը պատճառներ կան. նախ եւ առաջ մեր երկիրը սխալ տեղ մը դրուած է, մեր դրացիները անտանելի ազգեր են. երկրորդ` ափ մը ժողովուրդ ենք, երկու լեզու ունինք, երկու ուղղագրութիւն եւ երկու կաթողիկոս. հիմա պիտի ըսէք, որ կաթողիկոսները այս բոլորին հետ ի՞նչ կապ ունին, ես ալ չեմ գիտեր, բայց ամէն յիշելուս կը ջղայնանամ:
– Շնորհակալ եմ,- ըսաւ, ակռաներուն արանքէն:
– Լա՛ւ, ես շաբաթ օրը պիտի երթամ տունը տեսնելու, կ՛ուզե՞ս գալ:
– Ո՛չ, շաբաթ օրը մազերս պէտք է լուամ,- ըսաւ հեգնական թոնով մը, այս խօսքը ընդհանրապէս քանատացի աղջիկները կ՛ըսեն, եթէ հրաւէրով մը հետաքրքրուած չըլլան: Ես տունով այնքան խանդավառուած էի, որ իր հեգնանքը ոչ մէկ ազդեցութիւն ունեցաւ վրաս:
Շաբաթ օրը հանդիպեցայ Փոլին, որ տունի առուծախով զբաղող գործակալն էր, ծագումով հոլանտացի եւ Վան Կոկին նման նարնջագոյնի զարնող մազեր ունէր: Այն տունը, որ հաւնած էի, իրապէս փոքր էր, եւ դուրսի պատերէն զատ` ամէն ինչ պէտք էր փոխուէր կամ նորոգուէր, ինչ որ շատ մեծ ծախսի պիտի նայէր: Տան գլխաւոր հմայքը կլոր փոքր աշտարակ մըն էր սուր գմբէթով. շատ ցաւեցայ, որ այդ տունը անյարմար էր ինծի համար: Փոլին հետ ուրիշ տուներու նայեցանք եւ դարձեալ ժամադրուեցանք յաջորդ շաբթուան համար:
Քանատահայ պատմաբան Իզապէլ Գաբրիէլեան- Չըրչիլ, իր գիրքերէն մէկուն մէջ կը նշէ, որ Քանատա գաղթող առաջին պաշտօնապէս գրանցուած հայը Կարապետ Ներկարարեանն էր, որ տասնիններորդ դարու վերջաւորութեան Փորթ Հոփ քաղաքին մէջ հաստատուած էր: Այս տեղեկութիւնը նաեւ իր դերը ունեցաւ այդ քաղաքէն տուն մը գնելու որոշումիս մէջ: Գլխաւոր պատճառը անշուշտ Թորոնթոյի մէջ տուներու անհասանելի գիներն էին: Ես ամբողջ կեանքս վարձու յարկաբաժիններու մէջ անցուցած էի եւ համակերպած` այն գաղափարին, որ կեանքիս մնացեալ մասն ալ այդ ձեւով պիտի անցընէի: Բայց երկու պատահարներ այդ պատկերը փոխեցին:
Տարիներ առաջ, օր մը Մայքըլը հեռաձայնեց: Ան ժամանակին իմ աշխատած դպրոցիս փոխադրակառքի վարորդներէն մէկն էր, այն օրերուն, երբ տակաւին կ՛երազէի ժապաւէնի բեմադրիչ ըլլալ, ինքն ալ կ՛երազէր երաժիշտ ըլլալ եւ ինծի համար երաժշտութիւն մը յօրինած էր, ժապաւէնի ծրագիրի մը համար, որ չիրականացաւ: Ըսաւ, որ կ՛ուզէր այցելել ինծի:
Յաջորդ օրը, երբ քովս եկաւ, իր արտաքինը տեսնելով` շատ զարմացայ, ան շատ լուրջ, վայելուչ հագուստներ հագած էր եւ ձեռքը կաշիէ պայուսակ մը ունէր, այն տեսակէն, որ ընդհանրապէս «պիզնեսմեն»-ները կը գործածեն:
– Աստուա՛ծ իմ, քեզի ի՞նչ պատահեցաւ,- ըսի մտահոգուած, քանի որ երկուքս ալ շատ «տերվիշ» մարդիկ էինք եւ երբեք պաշտօնական հագուստներ չէինք հագուեր:
– Ոչ մէկ բան,- ըսաւ եւ յետոյ շարունակեց.- իրականութեան մէջ շատ բան փոխուած է:
– Լա՛ւ, ըսէ նայինք:
– Նոր գործի մը սկսած եմ, բաժնեթուղթերու առուծախով կը զբաղիմ,- ըսաւ,- եւ այս «տարազ»-ը պարտադիր է այդ գործին համար:
– Բայց ուրկէ՞ ո՛ւր այդպիսի գործի մը ձեռնարկելու որոշում առիր, երաժշտութիւնը ի՞նչ եղաւ:
– Ես եւ կինս կ՛աշխատինք եւ ծայրը ծայրին հազիւ կը հասցնէինք, մտածեցի, որ այս վիճակը տանելի չէ այլեւս:
– Բայց, Աստուծոյ սիրոյն, ուրիշ գործ մը չէի՞ր կրնար գտնել:
– Մեզի ծանօթ անձ մը կայ, որ այս գործով կը զբաղի, ան ալ ինծի պէս նորվեկիացի է, բաժնեթուղթերու առուծախով զբաղող փոքր ընկերութիւն մը ունի. առաջարկեց, որ իրեն հետ աշխատիմ, եւ քանի որ ուրիշ առաջարկներ չունէի, համաձայնեցայ: Եթէ իմ կարծիքս կ՛ուզես իմանալ, կը ցաւիմ, որ աւելի կանուխ չսկսայ այս գործին:
– Հապա երաժշտութի՞ւնը… բանաստեղծութի՞ւնը …
– Անոնցմէ հաց չ՛ելլեր, տարիներով այդ երազը հետապնդեցի, ի վերջոյ ապրուստի լուծում մը պէտք էր գտնէի:
Երկու գաւաթ ուիսքի լեցուցի եւ սկսանք խմել: Ան պայուսակը բացաւ եւ սկսաւ զանազան թուղթեր հանել: Մարդը ինծի բաժնեթուղթ ծախելու եկած էր:
– Այդ թուղթերը ինչո՞ւ հանեցիր,- ըսի` միտքէս խնդալով իր ապարդիւն ճիգերուն վրայ:
– Կ՛ուզեմ քեզի ներկայացնել ծրագիր մը, որուն միջոցով կրնաս դրամ խնայել:
– Մայքը՛լ, խելքդ թռցուցի՞ր, ես վերջին անձն եմ, որ կրնայ նման բանով մը հետաքրքրուած ըլլալ:
Ինչ որ է, չերկարեմ, կէս ժամ դասախօսութիւն լսելէ ետք, պարզապէս զինքը լռեցնելու համար համաձայնեցայ, որ ամիսը հարիւր տոլարի ներդրում մը ընեմ իր առաջարկած ընկերութեան խնայողութեան ծրագրին մէջ:
Տարիներ ետք այդ կուտակուած դրամը եւ ճարտարարուեստի համար պատրաստած ժապաւէնէ մը ստացած եկամուտս պատճառ դարձան, որ կարելիութիւնը ունենամ Փորթ Հոփի նման փոքր քաղաքէ մը տուն գնելու մասին մտածելու:
Փոլին հետ երբ դարձեալ տունի մը կը նայէինք, շոգեկառք մը անցաւ մեծ դղրդոցով, իրեն նայեցայ հարցական:
– Նայէ,- ըսաւ,- այս քաղաքը այնքան փոքր է, որ ուրկէ ալ տուն գնես, շոգեկառքին ձայնը պիտի լսես:
– Ատոր ալ համակերպեցայ,- ըսի Փոլին: Թէպէտ նախապէս ինծի համար տունի նայիլը պարզ հետաքրքրութիւն մըն էր, հիմա կարծես պահանջ մը դարձած էր:
Ամէն շաբաթավերջ Փորթ Հոփ կ՛երթայի, եւ Փոլին հետ տուներու կը նայէինք: Շատերու համար տուն փնտռելը հաւանաբար տաժանակիր աշխատանք թուի, իսկ ինծի համար հաճոյք է, որովհետեւ շատ հետաքրքիր անձ մըն եմ եւ այս միջոցաւ եօթն օտար մարդոց տունը կը մտնէի եւ ամէն սենեակները, մինչեւ նկուղը եւ պահարանները տեսնելու իրաւասութիւն ունէի:
Վերջապէս տուն մը այցելեցինք, որ հարիւր յիսուն տարեկան էր: Տանտէրը նորոգութիւն ընելու սկսած էր, բայց չէր կրցած ամբողջացնել, եւ դրամատունը վերջնագիր տուած էր, որ եթէ տունը չծախէ, իրենք պիտի գրաւէին եւ ծախէին: Չորս ննջասենեակ ունէր, որոնցմէ մէկը տան ետեւը աւելցուած ըլլալով` բոլորովին նոր էր, բայց` կիսատ մնացած: Նկուղին գետինը հողէ էր, իսկ գլխաւոր բաղնիքը սոսկալի գէշ վիճակի մէջ էր, անկարելի էր, որ ոեւէ կին այդ տունը գնելու համաձայն ըլլար, շատ հաւանական է, որ այդ պատճառով գնորդներ չկային:
Գինը բաւական յարմար էր, եւ եթէ կարենայի նորոգութիւնները ամբողջացնել, բաւական ներկայանալի տուն մը պիտի ըլլար: Փոլին հետ գին մը առաջարկեցինք, եւ Թորոնթօ վերադարձայ: Յաջորդ օրը իրենք իմ առաջարկած գինէս աւելի բարձր գին մը պահանջեցին, Փոլին խորհուրդով ես իմ առաջարկիս վրայ գումար մը աւելցուցի, քիչ ետք գործակալը հեռաձայնեց եւ ըսաւ, որ դարձեալ աւելի բարձր գին կը պահանջեն: Ըսի, որ շատ շնորհակալ ենք, մենք ուրիշ տունի պիտի նայինք: Կէս ժամ ետք հեռաձայնեց եւ զիս շնորհաւորեց, որովհետեւ իմ տուած գինիս համաձայնած էին: Շատ ուրախացայ, չէի կրնար համբերել, որ տունը իմս ըլլար: Քանատայի մէջ տուն մը գնելէ երկու ամիս ետք միայն գնորդը կրնայ տիրանալ իր գնած տան, այդ ժամանակի ընթացքին երկու կողմերու փաստաբանները թուղթերը կը ձեւակերպեն, որպէսզի ամէն ինչ օրինաւոր ըլլայ:
Մինչեւ այս գործընթացը աւարտի, երկու անգամ տունը այցելելու իրաւունք ունէի, անմիջապէս Սիլվային հետ ժամադրուեցայ, որ միասին երթանք տունը տեսնելու:
– Շատ աղուոր տուն մըն է, երկու մեծ եւ երկու փոքր ննջարաններով:
– Կ՛ըսէիր, որ տունը բաւական հին է:
– Այո՛, հարիւր յիսուն տարուան է. կրնա՞ս երեւակայել, որ շինուած է 1844 թուականին:
– Դուն խե՞նթ ես, այդքան հին տունը ահագին աշխատանքի եւ նորոգութեան կը կարօտի:
– Հիմակուընէ ըսեմ, որ բաղնիքն ալ սոսկալի գէշ վիճակի մէջ է:
– Ջեռուցումը ինչպէ՞ս է:
– Ան ալ պզտիկ հարց մը ունի, ելեկտրական ջեռուցիչներ կան ամէն սենեակի մէջ, կեդրոնական ջեռուցում չունի:
– Ելեկտրական ջեռուցումը շատ սուղի կը նայի, մինչեւ հիմա ըսածներէդ դատելով` կարծեմ մեծ սխալ մը ըրած ես, եթէ ես հետդ ըլլայի, թոյլ չէի տար, որ նման որոշում մը առնես:
– Նախ` առանց տունը տեսնելու արդէն գէշ տրամադրուած ես, եւ երկրորդ` քեզի առաջարկեցի, որ միասին գանք նայելու, մերժեցիր:
– Ես չէի գիտեր, որ լուրջ ես, կարծեցի, որ ժամանցի համար կը նայիս կոր:
– Ըսել կ՛ուզես, որ այնքան ծանծաղ մէկն եմ, որ զբաղելու համար տունի՞ պիտի նայիմ …
– Ես այդպէս բան չըսի, դուն խոստովանեցար,- ըսաւ գոհունակ արտայայտութիւն մը դէմքին:
Ճամբու ընթացքին համոզուեցայ, որ մեծ սխալ մը ըրի ոչ թէ տունը գնելուս, այլ զինք հետս բերելուս համար. շատ ցաւեցայ, որ տունս տեսնող առաջին անձը ինք պիտի ըլլար, «հապը կլլեցինք» ըսի ես ինծի: Ճամբան բաւական երկար թուեցաւ, որովհետեւ իրարու հետ շատ չխօսեցանք:
Երբ հոն հասանք, Փոլը մեզ կը սպասէր, որ դուռը բանայ, իրարու ծանօթացուցի, եւ ներս մտանք: Մուտքի փոքր սենեակը եւ խոհանոցը շատ ներկայանալի էին, որովհետեւ տանտէրը կրցած էր այդ բաժինները լրիւ նորոգել: Սիլվան թթուած դէմքով մը կը նայէր ամէն ինչի, հակառակ որ առաջին յարկը բաւական լաւ վիճակի մէջ էր:
Երկրորդ յարկի ննջարանները տեսնելէ ետք կիսատ մնացած ննջարանը մտանք, եւ Սիլվան, որպէս կին, անմիջապէս հագուստներու պահարանը բացաւ եւ սարսափահար ճչաց, երբ երեք չղջիկներ դուրս սլացան եւ սկսան սենեակէ սենեակ թռչիլ:
– Անմիջապէս այս տեղէն դուրս ելլենք,- պոռաց Սիլվան եւ վախով սկսաւ յառաջանալ դէպի վարի յարկ տանող աստիճանները:
– Բայց, Սիլվա՛, դեռ բաղնիքը չտեսար,- ըսի:
– Բաղնիքը գլուխդ անցնի, վախէս լեղիս պատռեցաւ,- պոռաց ան:
Փոլը, որ շատ քանատացի է, սկսաւ հանդարտօրէն բացատրել, թէ կրնար ըլլալ, որ չղջիկները նկուղի օդանցքէն ներս մտած էին եւ անկէ վեր բարձրացած: Երբ վերջապէս դուրս ելանք, Սիլվային ըսի, որ օթոյին մէջ մնայ, մինչեւ որ ես պատուհաններուն չափերը առնեմ վարագոյր գնելու համար:
– Դեռ այս տունին մէջ ապրելու մասի՞ն կը մտածես կոր, չեմ հաւատար, ե՛տ տուր իրենց, Աստուած գիտէ, թէ դեռ ուրիշ ինչե՜ր կան այս տան մէջ:
Չափերը առի եւ ճամբայ ելանք:
– Սիլվա՛, կրնա՞ս երեւակայել, որ նորոգութեան ընթացքին փաստաթուղթ մը գտնեմ, որ Կարապետ Ներկարարեանը այս տան մէջ ապրած է: Անկարելի չէ, գիտե՞ս, քանի որ այս տունը անոր հոս ապրած ատեն գոյութիւն ունեցած է:
– Կը ներես տգիտութեանս, բայց Կարապետ Ներկարարեանը ո՞վ է:
– Ըստ Քանատայի պետական Վիճակագրական կեդրոնին, ան առաջին հայն է, որ Քանատա գաղթած է, եւ գիտցիր` ո՞ւր ապրած է:
– Մի՛ ըսեր, որ Փորթ Հոփ ապրած է:
– Այո՛, Փորթ Հոփ ապրած է:
– Քեզմէ խնդրեցի, որ ատիկա չըսես,- պատասխանեց Սիլվան,- յամենայն դէպս բան մըն ալ պիտի չգտնես:
– Ի՞նչ հաճոյք կ՛առնես ուրիշներու երազները քանդելէն:
– Այս տան մէջ միայն մղձաւանջ պիտի գտնես:
– Շատ կ՛ուզէի գիտնալ, թէ ի՛նչ բանը այդ մարդուն մղած է, որ Քանատա գաղթէ: Մէյ մը երեւակայէ, որ 1895-ին հայ մը, Աստուած գիտէ թէ ուրկէ, ճամբորդական գրասենեակ մը ներկայացած է եւ ըսած է, որ ինք Քանատա կ՛ուզէ երթալ: Այդ օրերուն հաւանաբար իր ապրած երկրին անգլիական դեսպանատունը պէտք էր երթար, որպէսզի վիզա ստանար:
– Ի՞նչ տարբերութիւն կ՛ընէ, հարիւր տարի անցած է, այդ… այդ մարդուն Քանատա գալէն:
– Հետաքրքրական է նաեւ իր մականունը` «Ներկարարեան». նկատեցի՞ր, որ թրքերէն չէ, այսինքն Պոյաճեան կրնար ըլլալ, բայց Ներկարարեան է, ուրեմն հաւանաբար Արեւմտեան Հայաստանէն չէր այս մարդը:
– Յետո՞յ ինչ (ինքը «եանի ի՞նչ» ըսաւ, բայց ես ուզեցի մաքուր հայերէնով պատմել այս պատմութիւնը) այդ մարդը ապրած եւ գացած է, անհետացած, պարապ բաներու վրայ ինչո՞ւ կը խորհիս:
– Բայց չե՞ս մտածեր, թէ կրնայ ըլլալ, որ իբրեւ ազգ` թափառական աստղի մը տակ ծնած ենք, եւ նոյնիսկ այդ օրերուն գաղթողներ եղած են:
– Ես այդ տեսակ բաներու մասին մտածելու ժամանակ չունիմ, նոյնիսկ եթէ ըսածդ ճիշդ է, այդ միտքը ոչ մէկուն համար օգտակարութիւն ունի: Ջուր ծեծելու պէս բան մըն է:
Մտածեցի, որ շատ լաւ եղաւ, որ չղջիկները զինք վախցուցին, բարձրաձայն խնդացի:
– Ինչո՞ւ կը խնդաս կոր,- հարցուց:
– Պէտք էր դէմքիդ արտայայտութիւնը տեսնէիր, երբ որ չղջիկները դուրս եկան, մե՛ղք, որ քամերաս հետս չէր:
– Դուն աննորմալ «սատիսթ» մըն ես,- ըսաւ Սիլվան եւ մինչեւ զինք տուն տանիմ, հետս չխօսեցաւ. երբ իր տունը հասանք, ըսաւ, որ ժամանակի մը համար իրարու հետ չտեսնուինք: Քաղաքավար ձեւով ճամբու դրուեցայ:
Տունին վրայ բաւական ծախս ըրի եւ աշխատանք թափեցի: Երկրորդ յարկի տախտակամածէն հինգ խաւ ներկ քերթեցի, մինչեւ որ մայրիի գեղեցիկ փայտին գոյնը դուրս եկաւ: Այդ տան շատ կապուեցայ, քանի որ իմ առաջին տունս էր: Կ՛ըսեն, որ մէկու մը նկարագիրը հասկնալու համար կամ պէտք է միասին ճամբորդես եւ կամ փոքեր խաղաս, ես ասոնց վրայ պիտի աւելցնէի` «կամ միասին տունի նայիս»: Սիլվան անհետ կորսուեցաւ, բայց տակաւին յոյսս չեմ կտրած, որ Կարապետ Ներկարարեանէն հետք մը պիտի գտնեմ:
Սեպտեմբեր 2010
Թորոնթօ