Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տունս Քանդել Կ՛ուզեն Պարիսպ Կը Շինեմ

Յունիս 20, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ

Եղեռնը յարութիւն առած մոմիայի նման կը շրջագայի:

Այս ցեղերը ձրձիտ` չղջիկներու նման խաւար փչելով
Մթագներ են ներկաս,  Տո՛ւնս քանդել կ՛ուզեն:
Իսկ ես կանգնած
Ներքնաբերդիս դարախարիսխ շեմին,
Ապաւինած` զէնքիս բազմակառոյց թեմին,
Ննջեցեալներուս եւ որդիներուս շունչին
Բարի բառեր մի՜ սպասեր ինձմէ, դարձաւ հոգիս
Աղէտակիր, աղէտահար, աղէտատեաց,
Արարա՛տ, աչքերդ բաց:

Ճառակտուր ճահուկներ իրենց խօսքի ճանկերով
Պատմութեանս դարահիւս դիմագիծը կը քերծեն:
Պատմութիւնս փոշի չէ որ հանգուցեալ ննջէ.
Յիշողութի՛ւն է, ճանապա՜րհ:
Օ ճահուկներ ճարահատ, նենգութեան ձեր զրահը
թող ծակծկեմ բարձրագոռ
Որ սեղանս պահպանեմ, պահեմ ճեղանը ծառիս.
Խնկաշունչ չեն աղօթքներս, ոչ ալ խորանս` խաղաղ,
Խրտուիլակներ եկեր են, շղթայ նետեր արեւիս,
Աչքերդ բա՜ց,  Արարատ:

Իժալեզու մարդիկ ձգռտալով լկտի
Արեանս քամքէն ետք` սահմաններուս պլլուած
Կ՛ուզեն հաշտութիւն կնքեմ: Հարեւանավարի:
Իժալեզու այրերն այդ` Երկրէս ներս թէ դուրս
Չեն ուզեր տեսնել թէ իրե՛նց իսկ ստեղծած
Տանջարանին գամուած խաչափայտ եմ արդէն:
Կը խօսին լուծումիս մասին ոսկի պաղպաղակներ ուտելով
Բառէ պղպջակներով կը ծածկեն օրերուս եռքը:

Գերեզմաններուս լո՛յսը կը խափանեն հիմա
Ժանտասերմերը` պերճասոսորդ սողոսկումով.
Յենած ժողովրդավարութեան սրբանկարին
Սուտ առաջնորդներու ուռած ոտքերուն մէջ
Միայն թարախներ կ՛եփին:

Փայլփլուն սեղաններու շուրջ ծրագրեր են բզկտել
կամքի ցնցուղներս,
Որոտընդոստ ներբաններս այրել:
Գերի բռնել ու յօշոտել կեանքը կամքի ու պայքարի,
Կայծքա՛ր են ձեռքերը այդ ոսոխի, իսկ բառերը` թուք են նեխած,
Օ՛ձ կայ անոնց աչքերուն մէջ, իսկ սրտի տեղ` թոյնի սրուակ:

Ես ո՛ր մէկը մոռնամ ուղարկուած բիւր-բիւր
մարախներէն մաղձի.
Թալան, աւեր, մղձաւանջ, տարտղնում ու ահագաղթ
Ողջ աշխարհս պատե՜ր են,
Աչքերդ բա՛ց, Արարատ:

Վերադառնա՞լ լեռէ լեռ գաղթած երգերուս գոգին,
Երգեր որոնք մայրերուս օրօրի քաղցրը ունին,
Երգեր որոնք հայրերուս փամփուշտի հոտը կը կրեն.
Երգեր առանց մանկութեան, հիմա արդէն վերածուած
Առասպելի, յաղթերգի, գնդացիրի, դիցութեան.
Երգեր որոնք մանկութենէս ձեռքս բռնած քալեցին
Մեծհօր նման որ գիտէ՜ր ճակտիս օրէնքը դաժան:

Երկիր ցաւահագագ:
Ո՞վ կը լսէ խեղդուող հեւքը անմեղներու
Որոնք պարան պարան անցան քուրաներէն բոլոր.
Մայրեր որդեկորոյս, հայրեր գլխիկոր:
Ու ոճիրի բազէն`
Բազուկներու վրայ եւ աչքերու մէջէն
Քաշած հանած է կեանքի տարածութիւնը ցնծուն
որ շինուած էր ձեռամբ մաքրամաքուր ազգի:
Մաքրազարդեալ տուներ, դուռեր դարաճռինչ
Բա՜ց մնացին յանկարծ,  անտերունչ ու անխօս.
Փախստական մարդիկ` աչքերը մնացին ետ
դէպի պատանութեան փողոցները փոշոտ
Որ ապրեցան ձայնով Դաւթածնունդ ազգի:

Ինչո՞ւ պիտի տունս ձգած` ապաստանարան որոնէի,
Ինչո՞ւ պիտի բազմաձայն հնձաններս ցամքէին
Ու ողկոյզները ծիծղուն` սարսափէին արեւէն.
Գարունը ձմե՜ռ մնար, եւ ծիծեռնակը այլեւս
Տեղ չգտնէր, շիւղ չգտնէր իր նոր բոյնը շինելու:
Ինչո՞ւ պիտի զսպէի բառերուս հոսքը բերրի,
Վայրի բառեր հասնէին,  սլքտային Երկրիս մէջ:

Թունաժետ սարդերու ոստայնին մէջ ինկած
Երկի՜ր ցաւահագագ,
Գրկած անապատներ արհամարհանքի
եւ բազում հրդեհներ մահուան,
Լուսահագ աչքերս կը յիշեն ինչպէս
Դարահալած ծոցիդ մէջ ինկած աղբիւրներս
ցնծացին ափերուդ խանդէն:
Թորգոմածիլ ցնցումէն
Լոյսիս ծիրը ծլթելով ծաղկեալ ոստեր ընծայեց քեզ,
Եւ մեր տան մէջ նորածին
Քաղցրահունչ ձայներ թռվռացին ընդմիշտ:

Կը յիշե՞ս ինչպէս հորիզոնիդ դէմ հրաշէկ
երգեց Նարեկացիս,
Լոխումի պէս բառեր բաշխեց Շահնուրս շէկ,
Խորհրդագեղ աչքեր` զողորմութիւնդ վերին
Հայցեցին որ ծնիմ լո՜յսն արեգնակէզ:

Եւ հիմա ոչ թէ ողբս է անցամաքելի
Այլ` զայրոյթիս մշտահոսքը:
Յոգներ եմ մենամարտէ, մեներգներէ խորին,
Յոգներ եմ քաղցրերգութեան սրբատուփէն արբշիռ,
Անօգուտ է մաղտել մարմինը աղաղակի,
Զոհարեան բարձրահասակ ջրվէժներու ընդդէմ
Ձայնիս վերջին վարակն անգամ
Որպէս ցցապատնէշ
հաներ եմ որ խրե՛մ:

Խրեմ իբրեւ խորհուրդ խորին,
Իբրեւ մահաբեր դաշոյն,
Կանգնած դարերու խարիսխին
Ահա՛ պարիսպը բառերուս.
Թող զօրութեամբ հայ քերթողի
Տզրուկներու ցեղը կքի՜,
Թող բարձրանայ դրօշի պէս
Լոյսէ հոգին արեգակի
Հայաստանի ե՛ւ Արցախի ե՛ւ Սփիւռքի
Սուրբ եւ անմահ  երրորդութեան:

 

 

Նախորդը

Իրանի Կրօններու Ու Մշակոյթներու Երկխօսութեան Կեդրոնի Ներկայացուցիչը` Անթիլիասի Մէջ

Յաջորդը

Պայքարը Պիտի Շարունակուի Եւ Ընդարձակուի Նոր Ոճով Ու Միջոցներով

RelatedPosts

Մտորում` Դիպուածէն, Տեղեկութենէն  Եւ Յուզումէն Տարբեր Ալիքներու Վրայ.  Այս Է Մեր Ճակատագիրը: Դիմանալ Է Պէտք: Յետո՞յ…
Անդրադարձ

Մեր Սերունդը Եւ Մեր Նախորդները Երազեցին «Միութիւն» Եւ Չգտան. Կը Գտնե՞նք

Յունիս 27, 2022
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իշխանութիւն Եւ Բարոյականութիւն

Յունիս 27, 2022
Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը
Անդրադարձ

Անդրադարձ. «Թաւշեայ Յեղափոխութիւնը», «Արաբական Գարուն»-ը Եւ «Գունաւոր Յեղափոխութիւններ»-ը, Ինչպէ՞ս Կազմակերպուեցան – Ա.

Յունիս 27, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In