Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՓԹԻԹ-ի Կայքին Բարեփոխումն Ու Փթթումը

Յունիս 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա» համավարակի պարտադրած նոր ապրելակերպը եւ առցանց ուսուցումի կիրարկումը ապացուցեցին, որ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի (ԳԿՀ-ՀԲ) որդեգրած ուղղութիւնը` արեւմտահայերէնի զարգացումը իրականացնել զանազան առցանց նորարար ծրագիրներով, տեղին ու իրաւացի էր: Կրթական նոր ծրագիրներու եւ մանաւանդ երիտասարդներու նորարար մօտեցումներու արեւմտահայերէնով ստեղծագործելու ջանքերը քաջալերելու քաղաքականութեան մէջ ներառուեցաւ նաեւ ՓԹԻԹ մանկապատանեկան կայքի վերանորոգումն ու աշխուժացումը:

2010 թուականին թիւ 0 փորձառական համարով հրապարակ իջած ՓԹԻԹ մանկապատանեկան պարբերաթերթը 2015-ի վերջաւորութեան ունեցաւ իր ելեկտրոնային առաջին տարբերակը` կայքը, իսկ 2016-ին երկրորդը` բջջային հեռախօսներու յաւելուածը, շնորհիւ ԳԿՀ-ՀԲ-ի պատասխանատուներուն ամբողջական նեցուկին: Եռամսեայ հերթականութեամբ եւ անվճար` հայ մանուկին ու պատանիին հասանելի կը դառնայ ՓԹԻԹ-ի կայքը www.e-ptit.com եւ յաւելուածը PTIT-ՓԹԻԹ:

ՓԹԻԹ իր փորձառական համարին լոյս տեսած օրէն նպատակադրած էր սփիւռքահայ նոր սերունդին մէջ քաջալերել հայերէն ընթերցասիրութիւնը եւ հարստացնել անոր առօրեայ խօսակցութեան բառամթերքը` մատուցելով բարոյական բովանդակութեամբ պատմութիւններ, առակներ, առողջապահական գիտելիքներ, իրենց տարիքին յարմար ժպիտներ, հանելուկներ եւ մանաւանդ`  լեզուական, թուաբանական եւ այլ բնոյթի խաղեր:

Ելեկտրոնային ՓԹԻԹ-ը, տպագիր տարբերակին առընթեր, շարունակեց փթթիլ կիրարկումովը փոխներգործուն խաղերու` լսատեսողական յաւելեալ հնարքներով: ԳԿՀ-ՀԲ-ի շարունակական նիւթաբարոյական քաջալերանքով բազմացան հերթական թարմացումները, եւ ՓԹԻԹ վերածուեցաւ զոյգ Ամերիկաներէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք փնտռուած կայք մը: Ըստ համակարգչային վիճակագրական տուեալներու, ՓԹԻԹ-ի կայքի այցելուներու թիւը հասած է շուրջ 122.000-ի, իսկ ՓԹԻԹ-ի յաւելուածի ներբեռնողներու թիւը` շուրջ 48.000-ի: Համավարակի առցանց ուսուցումի ժամանակամիջոցին ՓԹԻԹ-ի կայքը եւ մանաւանդ լեզուական խաղերն ու պատմուածքները յաճախ օգտագործուեցան բազմաթիւ սփիւռքահայ վարժարաններու հայրենաւանդ ուսուցիչներուն կողմէ` իբրեւ առցանց ուսուցումի յարմար միջոց:

Համավարակի տարածումին ու շարունակումին առընթեր, ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը եւ ԳԿՀ-ՀԲ-ի պատասխանատուները, յարմարելու համար նոր զարգացումներուն, նախաձեռնեցին ՓԹԻԹ-ի կայքի աշխուժացումին` ծրագրելով հիմնական բարեփոխումներ, գլխաւորաբար  պարունակական (երեք նոր բաժիններու յաւելում), որակային եւ ձեւաւորումի բարեփոխումներ, որոնք մեկնարկեցին 5 մայիս 2022-ին: Այսուհետեւ ՓԹԻԹ-ի կայքի իւրաքանչիւր թարմացում պիտի ունենայ յատուկ թեմա մը եւ այդ թեմային առնչուած ամբողջական գիտելիքներ պիտի պարգեւէ իր այցելուներուն:

Մինչ այդ ՓԹԻԹ-ի տպագիր  տարբերակը, որ դադրած էր 2020-ին թիւ 17 համարի հրատարակումով, նոր շունչ մը ստացաւ Հայաստանի  կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն ստացուած պաշտօնական հրաւէրով` Երեւանի մէջ լոյս ընծայելու յատուկ համար մը` հայրենիք հաստատուած եւ արեւմտահայերէնով արտայայտուող մասնաւորաբար հալէպահայ եւ պէյրութահայ պատանիներուն ուղղուած: Խանդավառութեամբ եւ ոգեւորումով սկսած աշխատանքը զուգահեռ ընթացաւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմին հետ:  Հայաստանի կրթութեան գիտութեան մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ եւ Յովհաննէս Թումանեանի անուան տուն-թանգարանի տնօրէնութեան գործակցութեամբ հրատարակուած ՓԹԻԹ-ի այդ յատուկ համարը լոյս տեսաւ 2020 նոյեմբերին` տխուր ու ճնշիչ մթնոլորտի մը մէջ: Ո՛չ ծանուցում, ո՛չ ալ արժանի շնորհահանդէս կատարուեցաւ: Սակայն մնաց յոյսը` շարունակելու կատարուած յաջող այս փորձը:

ՓԹԻԹ-ի խմբագրութիւնը կը հաւատայ ազնիւ նախաձեռնութիւններու յարատեւումի ջանադրութեան: Կը յուսանք, որ ՓԹԻԹ պարբերաթերթը կարելիութիւնը պիտի ունենայ շարունակելու իր առաքելութիւնը սփիւռքի թէ Հայաստանի մէջ: Նաեւ կը մաղթենք, որ ԳԿՀ-ՀԲ-ի ամբողջական հովանաւորութեամբ հրապարակուած ելեկտրոնային յաւելուածը եւ բարեփոխուած կայքը կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը` իբրեւ փոքրիկ օղակ մը այն մեծ շղթային, որ ԳԿՀ-ՀԲ-ը, իր այլազան ծրագիրներով կազմած է ի խնդիր արեւմտահայերէնի պահպանումին ու զարգացումին:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Անդրադարձ. Կոչ` Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պայտընի, Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի, Անգլիոյ Վարչապետ Ճոնսընի Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Միշէլի

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?