Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Կոչ` Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պայտընի, Ֆրանսայի Նախագահ Մաքրոնի, Անգլիոյ Վարչապետ Ճոնսընի Եւ Եւրոպական Խորհուրդի Նախագահ Միշէլի

Յունիս 16, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

27 յուլիս 2021-ին «Ռուսիոյ նախագահ Փութինի «Պատմութեան վերադառնալու շահեկան ելոյթները եւ հայկական դիւանագիտութեան ու մամուլին անհաւատալի անտարբերութիւնը» (1) խորագիրով «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած յօդուածիս միտք բանին շատ ճիշդ էր, քանի որ մի՛այն «Սփութնիք Արմենիա»-ն անդրադարձած էր նախագահ Փութինի նշեալ շահեկան յօդուածին եւ ելոյթին, իսկ «Հայրենիք»-ը (Պոսթըն) եւ «Լուսաւոր Աւետիս» կայքէջը օրին վերահրատարակեցին այս յօդուածս, մնացեալը, ցարդ, տարի մը անցած «անհաւատալի անտարբերութեամբ» տակաւին լուռ կը մնան նախագահ Փութինի շատ կարեւոր պատմական եւ հողային-սահմանային հաստատումներուն եւ կեցուածքին մասին (թող ներեն այլոք, որոնք համացանցի մէջ պրպտումէս վրիպած են, կամ համացանցին մէջ չեն զետեղեր իրենց յօդուածները):

1. Նախագահ Փութին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Ծիծեռնակաբերդի մէջ 2015:

Նախ կ՛անդրադառնամ նախագահ Փութինի 12 յուլիս 2021-ի յօդուածին, «On the Historical Unity of Russians and Ukrainians», որ տակաւին նախագահական կայքէջին մէջ կը գտնուի (2), ապա` իր ելոյթներուն: Նախ յօդուածէն կը մէջբերեմ.

«… Անշուշտ ԽՍՀՄ-ին մէջ հանրապետութիւններուն սահմանները երբեք չէին նկատուած իբրեւ պետական սահմաններ. անոնք անուանական էին, մէ՛կ երկրի մը ներսը, որ հակառակ դաշնակցային բոլոր յատկանիշներուն` խիստ կեդրոնացուած էր եւ ապահովուած` ԽՄԿԿ-ի գլխաւոր դերին շնորհիւ: Սակայն 1991-ին այդ բոլոր հողերը, աւելի կարեւորը` նաեւ մարդիկ, մէկ գիշերուան ընթացքին ինքզինքնին արտասահմանի մէջ գտան, այս անգամ իսկապէս` իրենց պատմական հայրենիքէն վտարուած վիճակի մէջ: (Նոյնը` Նախիջեւանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ախալքալաքի հայերը, նաեւ 1923-ին*):

«… Դուք կ՛ուզէք ստեղծել ձեր սեփական պետութիւնը` հրամեցէք: Բայց որո՞նք են պայմանները: Ես կ՛ուզեմ նշել նոր Ռուսիոյ ամէնէն երեւելի քաղաքական գործիչներէն մէկուն` Ս. Փեթերսպուրկի առաջին քաղաքապետ Անաթոլի Սոպչակի այս մասին գնահատականը: Իբրեւ իրաւաբանութեան մասնագէտ, որ կը կարծէր, թէ իւրաքանչիւր որոշում պէտք է օրինական ըլլայ, 1992-ին ան հետեւեալ կարծիքը յայտնեց. «Այս միութեան հիմնադիր հանրապետութիւնները, որոնք դատապարտած են 1922-ի միութեան դաշնագիրը, պէտք է վերադառնան այն սահմաններուն, որոնք ունեցած էին Խորհրդային Միութիւն մտնելէն առաջ: Մնացեալ բոլոր տարածքային ձեռքբերումները ենթակայ են քննարկման, բանակցութիւններու, հաշուի առնելով, որ անոնց հիմքը ջնջուած է»:

«… Այլ խօսքով, եթէ կ՛ուզես դուրս գալ, դո՛ւրս ել անով, որ հետդ բերիր: Այս տրամաբանութիւնը դժուար է հերքել: Պարզապէս կ’ըսեմ, որ պոլշեւիկները սկսած էին փոփոխութեան ենթարկել սահմանները Խորհրդային Միութենէն առաջ` ըստ իրենց քմահաճոյքին, խարդախելով տարածքներ, անտեսելով մարդոց տեսակէտը»:

Փութին այս յօդուածին մէջ քանիցս տարբերութիւն կը դնէ Խորհրդային Միութեան եւ պոլշեւիկներուն միջեւ` իբրեւ անջատ միաւորներ, մեղքը բեռցնելով պոլշեւիկներուն վրայ, որոնք` «… կ՛երազէին համաշխարհային յեղափոխութեան մը մասին, որ պիտի վերցնէր, ջնջէր ազգային պետութիւնները: Այդ պատճառով անոնք այնքա՜ն առատաձեռն էին սահմաններ գծելու եւ տարածքային նուէրներ շնորհելու հարցին մէջ»: Այս նուէրներէն էին նաեւ Հայաստանէն տարածքներ նուիրելը. Արցախն ու Նախիջեւանը` նորաստեղծ Ազրպէյճանին, Ախալքալաքը` Վրաստանին, եւ նոյնիսկ պարտուած Թուրքիոյ նուիրեցին Կարսը, Արտահանը եւ Սուրմալուն` Արարատ լեռով ու Անիով:

Երկրորդը` արցախեան վերջին պատերազմին ընթացքին. 22 հոկտեմբեր 2020-ին տեղի ունեցաւ «Վալտայ» միջազգային քննարկումի ակումբին 17-րդ տարեկան հանդիպումը նախագահ Փութինի հետ` հեռատեսակապով: Այդ տարուան նիւթն էր համաճարակի դասերը եւ նոր օրակարգը` ինչպէ՛ս համաշխարհային ճգնաժամը աշխարհի համար հնարաւորութեան վերածել: Հանդիպման աւանդաբար կը մասնակցէին քաղաքական գործիչներ, մասնագէտներ, լրագրողներ եւ հասարակական գործիչներ` Ռուսիայէն եւ այլ երկիրներէ: Լիագումար նիստը կը վարէր Ֆէոտոր Լուկեանովը` «Վալտայ» միջազգային քննարկման ակումբի հետազօտութեան տնօրէնը (կրկին նախագահական կայքէջէն (3)):

Յայտնի վեթերան լրագրող, մասնագէտ Անաթոլ Լիեւէն, օրուան նիւթէն դուրս, Փութինին հետեւեալ հարցումը ուղղեց.

«Հարցումս, սակայն, կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերջին բռնկումին: Ռուսիան, ինչպէս` միջազգային հանրութեան միւս անդամները, շատ կը ջանայ հասնիլ այս հակամարտութեան խաղաղ լուծման, սակայն ցարդ այդ ջանքերը ձախողած են: Եթէ անոնք շարունակեն ձախողիլ` հաշուի առնելով Ռուսիոյ հին պատմական կապերը եւ հաշուի առնելով Ռուսիոյ ռազմական դաշինքը Հայաստանի հետ, ի վերջոյ անհրաժեշտ պիտի ըլլա՞յ, որ Ռուսիան կողմ դառնայ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ դէմ:

2. Փութին «Վալտայ» խորհրդաժողովին կը զրուցէ:   3. Հայաստանի Հանրապետութեան այն քարտէսը, որով միացաւ Խորհրդային Միութեան, 2 դեկտեմբեր 1920 (կարմիր ուրուագիծ):

Փութինի պատասխանէն հատուածներ.

«… Սակայն, վստահաբար, մենք չենք կրնար մոռնալ Ա. Համաշխարհային պատերազմի տարիներուն հայ ժողովուրդին ապրած ողբերգութեան մասին, որ հայ ժողովուրդին համար հսկայական ողբերգութիւն է: Այս մէկը (հարցումիդ պատասխան) երկրորդ մասն է: (Այսինքն իբրեւ ցեղասպանութեան ենթարկուած ժողովուրդի` մենք յատուկ կեցուածք ունինք*):

«… Երրորդ մասը հիմնուած է այն փաստին վրայ, որ այս հակամարտութիւնը բռնկեցաւ ոչ միայն իբրեւ միջպետական հակամարտութիւն կամ տարածքներու համար պայքար: Ան սկսաւ իբրեւ ցեղային հակամարտութիւն: Ցաւալիօրէն փաստ է նաեւ, որ վայրագ ոճիրներ գործադրուեցան հայ ժողովուրդին դէմ (Ազրպէյճանի կողմէ*) նախ Սումկայիթի մէջ եւ ետքը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Այս բոլորը պէտք է հիմք ընդունինք մէկ պարունակի մէջ:

Ահա նախագահ Փութինի պարզ ու յստակ, հրապարակային հաստատումները Արցախի հարցի էութեան, թէ՛ հողային եւ թէ՛ ալ ազերիներուն ցեղասպան վարքագիծին մասին: Տարօրինակ կերպով այս ելոյթին հանդէպ Հայաստանի իշխանութիւնները խուլ, կոյր եւ համր կը ձեւանան, նոյնպէս նաեւ մեր զանգուածային լրատուամիջոցները` թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ ալ սփիւռքի մէջ: Եթէ միլիառներ ծախսէինք, Հայաստանի համար այսքան կարեւոր, ռազմավարական բարձրագոյն կշիռ ունեցող մեր բնական դաշնակիցէն այսպիսի դրական կեցուածք չէինք կրնար ունենալ: Եւ այս` հակառակ անոր որ այսպէս կոչուած «թաւշեայ յեղափոխութեան» թիրախը Ռուսիա՛ն էր եւ է՛ տակաւին:

Իմ կոչս մեր վերջին չորս տարիներու տագնապին մեղսակից, վերոնշեալ նախագահներուն, վարչապետներուն, ՕԹԱՆ-ին եւ այլոց այն է, որ փոխանակ նշաձողի մասին անորոշ ու անիմաստ յայտարարութիւններու, ի շահ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի ճանապարհ բանալու եւ այլն, իրենցմէ ամէն մէկը քաջ թող ըլլայ եւ նախագահ Փութինի նման հրապարակաւ, առանց բառերը ծամծմելու, իրականութիւնը թող յայտարարէ այսպէս.

  1. Նախկին խորհրդային երկիրները Խորհրդային Միութեան միանալէն առաջուան իրենց սահմաններուն պէտք է վերադառնան: Արցախը երբե՛ք Ազրպէյճանին մաս չէ կազմած: Ազրպէյճանը 1918-ին ստեղծուած երկիր է:
  2. Արցախի հակամարտութիւնը ազերիներուն կողմէ Սումկայիթի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերուն դէմ ցեղային մաքրագործումին պատճառով սկսաւ:

Հեգնօրէն, նախ մե՛ր կառավարութիւնը ի՛նք պէտք է այս յայտարարութիւնը կատարէ` պաշտպանելով հայութեան իրաւունքները եւ ո՛չ թէ թշնամիին անհիմն պահանջներուն գոհացում տայ` անդադար զիջումներ կատարելով եւ, պոլշեւիկներուն նման, Արցախէն ու Հայաստանէն տարածքներ նուիրելով թշնամիին:

Վերջապէս, տխմար ու յիմար պէտք է ըլլան անոնք, որոնք տակաւին «հին ու նոր»-ի սուտին կը հաւատան, կամ այսպէս կոչուած ստապատիր «թաւշեայ յեղափոխութենէն» որեւէ բարիք կ՛ակնկալեն: Ափսո՜ս…

2018-ին ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱՐԿՈՒԵՑԱՒ, Ռուսիոյ դէմ ուղղուած, Թուրքիոյ եւ «Արեւմուտքին» կողմէ, անոնց գործակալներուն միջոցով (որոնց ղեկավարները Օսլոյի, Փրակայի եւ Երեւանի մէջ մարզուեցան), այնպէս` ինչպէս հիւսիսային Ափրիկէի արաբական աշխարհը, Լիբանանը, Սուրիան, մեր դրացի Վրաստանը, Ուքրանիան եւ այլն: Այս երկիրները մի՛այն քանդում ու աւեր տեսան եւ պիտի շարունակեն տեսնել:

Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Հայաստանի պարագային հողեր կորսնցուցին եւ դէպի կատարեալ անկում` լիբանանեան վիճակին պիտի ենթարկուին, ամբողջական տնտեսական աւեր, այնքան ատեն որ կը ղեկավարուին այս նոյն թուրք-ՕԹԱՆ-եան գործակալներուն կողմէ:

Գունաւոր յեղափոխութիւն տեսած երկիրներէն Սուրիան տակաւին հերոսաբար կը պայքարի, ուր ՕԹԱՆ-ը` Ամերիկան եւ Թուրքիան զինուորապէս Սուրիա մտած են եւ կը փորձեն «յեղափոխութիւն» յաջողցնել, պարտադրել: Այս երկիրներէն միայն Եգիպտոսն է, որ շրջեց իրավիճակը` տապալելով «գունաւոր յեղափոխութիւնը»: Հայաստանի փրկութիւնը, Եգիպտոսի նման, Արեւմուտքին եւ Թուրքիոյ կողմէ պարտադրուած եւ հրահրուած ստապատիր «գունաւոր-թաւշեայ յեղափոխութիւն»-ը վերացնելու, շրջելու եւ տապալելու մէջ կը կայանայ: Օր առաջ պէտք է ձերբազատիլ Հայաստանի իշխանութիւնը գողցած այս թրքական հրոսախումբէն:

Ինչպէս ՕԹԱՆ-ի քարտուղարը վերջերս հաստատեց, Թուրքիան ՕԹԱՆ-ի ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ անդամն է: Հետեւաբար Թուրքիոյ կողմէ բոլոր զինուորական գործողութիւնները ծրագրուած եւ ՕԹԱՆ-ին (Ամերիկային) օրհնութիւնը ստացած են, ինչպէս` Թուրքիա-Ազրպէյճան միացեալ ռազմափորձերը եւ Արցախի վրայ յարձակումը:

Յիմարութիւն է Թուրքիայէն եւ Ազրպէյճանէն տնտեսական բարիք ակնկալելը: Վրաստանը վկայ: Վրաստանի տնտեսութիւնը քայլ առ քայլ կը գրաւուի թուրքերուն եւ ազերիներուն կողմէ: Վրաստանէն վրացիներուն արտագաղթը ահազանգային վիճակի հասած է: 2019-ին 105.107 անձ վերջնականապէս գաղթած է, 2018-էն 6,2 տոկոս աւելի` անգործութեան պատճառով… Եւ Հայաստանի իշխանութիւնը յամառօրէն եւ յիմարօրէն Վրաստանի ու Լիբանանի գահավիժող ճամբան բռնած է…

Կ՛ըսուի, թէ յաջորդ գունաւոր յեղափոխութիւնը Թայլանտի մէջ տեղի պիտի ունենայ: Պատճառը` քանի որ Չինաստանի հետ շատ լաւ յարաբերութեան մէջ է… Այս մասին յաջորդիւ:

12 յունիս 2022

haroutchekijian.wordpress.com

 

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

  1. https://www.aztagdaily.com/archives/516918
  2. http://en.kremlin.ru/events/president/news/66181
  3. http://en.kremlin.ru/events/president/news/64261
Նախորդը

ՓԹԻԹ-ի Կայքին Բարեփոխումն Ու Փթթումը

Յաջորդը

Ապտուլլայեւա Մեկնաբանած Է Արցախի Պետական Նախարարին Հետ Հարցազրոյցէն Ետք Ազրպէյճանի Մէջ «Ռիա Նովոսթի»-ի Կայքի Անհասանելի Դառնալը

RelatedPosts

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ
Անդրադարձ

Ընդդիմութիւնը Պէտք Է Նուազագոյն Ազգային Համաձայնութիւնը Ձեւակերպէ

Յուլիս 14, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Լուրջ… Երգիծանք. Ուղեղի Բորբոսը Դարմանելու Ձեւ Կա՞յ

Յուլիս 14, 2025
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Լինել Նախաձեռնող, Չգնալ Թելադրուած Օրակարգերի Ետեւից

Յուլիս 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?