ՀՌԻՓՍԻՄԷ ԿՏՈՅԵԱՆ
Մինչեւ ե՞րբ այսպէս պիտի նստիք անփոյթ,
Ահա թշնամին հասած է մեր դուռը,
Ցնծացէ՛ք, ելէ՛ք, երգ ու ծիծաղով դիմաւորեցէք,
Տեսէք, թէ վաղուան ի՞նչ պատուհաս մտքին կը բերէ:
Միթէ դուք խո՞ւլ էք կամ` խելագարած,
Միթէ չէ՞ք լսած հայուն կոտորած,
Հարիւր ամեակներ մոլորած նստած
Իրար կը գոռաք անգիտակցաբար:
Արդեօք ձեր սրտին չի՞ խօսիր Շիրազ
Կամ` Չարենց, Մալխաս, կամ` Պարոյր Սեւակ,
Պիտի կորսուի մատենադարան,
Պիտի կորսուին հայ գիր մեսրոպեան:
Միթէ ձեզի համար աւելի քա՞ղցր է թշնամիին լեզուն
Կամ պիտի որդեգրէք ռուսական լեզուն,
Դարեր շարունակ պահպանեցիք զայն,
Ու տեսաք այսօր ի՛նչ օրի հասանք:
Մատաղ սերունդ մը նահատակուեցաւ,
Նորակառոյց զօրքը` անփորձ, անպաշտպան,
Գրոհ տուաւ թշնամիին` ի սէր հայութեան,
Ապրելու համար անկախ` իր հողին վրայ:
Մայիս 2022