Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Սփիւռքի Տարի 2022 – Ե. Ինչու Երկրորդ Սերունդին` Իմ Սփիւռքս Վտանգուած Չէր

Յունիս 14, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Յօդուածաշարքիս Ա., Գ., եւ Դ. մասով անդրադարձ կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան պատճառով զանգուածային սփիւռք դարձած առաջին սերունդին մասին, որ շուրջ 600 տարի առանց հայկական պետականութեան, թէ՛ իր հողին վրայ եւ թէ՛ ալ մայր հողէն հեռու, մեծ ու փոքր գաղութներու մէջ հայ մնացած էր եւ հայկական մշակոյթ ծաւալած:

Ցեղասպանութեան տարիներուն, երկրէն դուրս, հայկական մեծ, աշխոյժ, ու մշակոյթով հարուստ գաղութները կը գտնուէին Հայաստան աշխարհի դրացի` Ռուսիոյ եւ Պարսկաստանի ու հեռաւոր Հնդկաստանի մէջ, ուր հայերէն առաջին թերթը լոյս տեսած էր:

1.- Մանճուլիի (Manzhouli, Չինաստան-Ռուսիա սահմանին` Մոնկոլիոյ մէջ, Երեւանէն 5600 քմ հեռու) հայկական գաղութը. նկարին մէջ` շուրջ 170 հոգի, որոնց 35-ը` փոքրեր, 1919-ին: Նկարը` Ֆրեզնօ պետական համալսարանի Մելթիքեան հաւաքածոյէն (1):

Երկիր ծնած եւ գաղթական դարձած հօրս սերունդին յաջորդեց սփիւռքի մէջ ծնած առաջին սերունդը` իմ սերունդս, եւ ինձմէ շուրջ 25 տարի աւելի մեծերը: Հօրս սերունդը երկրին մէջ նահապետական, ընտանեկան տոհմային շրջապատով եւ համախմբուած, աւելի ընդարձակ գերդաստանով, մեծ-մեծ հայրէն եւ մեծ-մեծ մայրէն սկսեալ, երբեմն մինչեւ հարիւրաւոր զարմիկներով եւ հարազատներով ապրած են, քով-քովի: Իմ պարագայիս` երկու հօրեղբայրէ, վեց հօրաքոյրէ եւ մէկ մօրաքոյրէ 42 առաջին զարմիկներ ունեցած եմ, սակայն ոչ համախմբուած` իրարմէ հեռու, տարբեր երկիրներու մէջ եւ ոմանց բնաւ չեմ ալ տեսած:

Ցեղասպանութիւնը թէ՛ հայրենազուրկ դարձուց մեզ եւ թէ՛ ալ քանդեց տոհմերը, ընտանիքները` երբեմն բոլորովին ոչնչացնելով գերդաստաններ, որոնք սերունդէ սերունդ օղակուած` տոհմային ու հայապահպանման աւանդական ամրոցներ էին, զորս կորսնցուցինք: Ուրեմն նահապետական տոհմային ապրելակերպը նա՛եւ հայապահպանման ազդակներէն էր, որ չքացաւ: Սփիւռքի պայմաններուն մէջ այսպիսի տոհմային ապրելակերպ դժուար է պահելը, թերեւս ալ` անկարելի: Այլ խօսքով, իւրաքանչիւր տոհմ-ընտանիք ինքնի՛ն հայկական համայնք մըն էր, որ բնականաբար ձուլումի ենթակայ չէր, վտանգուած չէր, ՏԵԴԱ-ին Տ-ն` տունը իր նուիրապետական կարգով, շատ զօրաւոր ու ապահով գործօն էր: Ընդհանրապէս, ընտանիքներու մէջ, ուր աւագ մեծ հայր ու մեծ մայր ողջ մնացած էին, տոհմիկ աւանդութիւններն ու սովորութիւնները պահպանուեցան:

2.- Նահապետական ընտանիք մը Կարինէն, Կարանեան, 1913: 3.- Գարակէօզեան գորգի գործարանին հայ պատասխանատուները, Չինաստան, 1920-ին (1):

Հայապահպանման երկրորդ հիմնական միջոցը հայկական դպրոցն է: Լիբանանի պարագային ճիգ չէ խնայուած բոլոր շրջաններուն մէջ, ուր հայեր հաստատուած են, դպրոց բանալու: Այստեղ կը մէջբերեմ «Լիբանանի երբեմնի հայկական վարժարանները» խորագիրով 2016-ի յօդուածէս (2) հետեւեալը.

«Սկզբնական օրերէն, 1920-էն սկսեալ, գերմարդկային ճիգերով, տարբեր ժամանակներու, հաւանաբար հարիւրէ աւելի դպրոցներ հիմնուած են Լիբանանի 32 քաղաքներու, գիւղերու եւ արուարձաններու մէջ: Այսպէս` Պէյրութի, Թրիփոլիի, Անթիլիասի, Ճիւնիի, Մաամըլթէյնի, Ղազիրի, Նահր Իպրահիմի, Ժիպէյլի, Պաթրունի, Պուրճ Համուտի, Ֆանարի, Սին էլ Ֆիլի, Տըպայայի, Նաքքաշի, Պիքֆայայի, Հատեթի, Քրէյայի (Քլէյաա՞թ Քեսրուանի), Հազմիէի, Պաապտայի, Շեմլանի, Ալէյի, Ճիւտէտայի (հաւանաբար Ըժտիթա), Զահլէի, Համմանայի, Շթորայի, Այնճարի, Ռայաքի, Պաալպեքի, Սայտայի, Նապաթիէի, Սուրի եւ Մերժաունի մէջ, երբեմն` յարանուանական ու մշակութային-բարեսիրական բաժանումով նոյն շրջանին մէջ մէկէ աւելի վարժարաններով, որոնք որոշ ժամանակ գոյատեւած են տեղւոյն համայնքի թիւին համեմատութեամբ, եւ այժմ գոյութիւն չունին» (3):

Լիբանանահայ յարանուանական վարժարանները 1953-1954 տարեշրջանին, ըստ «Ամէնուն տարեգիրքը 1955»-ին (4), հետեւեալ պատկերը կը ներկայացնեն: Ինչպէս կը տեսնենք, Ազգային առաջնորդարանն է, որ տուած է լման տեղեկութիւն:

Ա. Ազգային վարժարաններ (Հայ առաքելական համայնքին պատկանող).

Բ.- Հայ կաթողիկէ վարժարաններ 1954-1955, նախ` տղոց:

1.- Մխիթարեան երկրորդական վարժարան (վիեննական), Պէյրութ, 150 աշակերտ, տնօրէնը` հայր Համազասպ վրդ. Ոսկեան:

2.- Ս. Պօղոս Ճեմարան, հիմնուած` Զմմառի միաբանութեան մեծաւոր եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ հայր Պօղոս Արիսի կողմէ, Պուրճ Համուտի մերձակայ մայրիներու անտառին մէջ: Երկրորդական վարժարանը ունի 225 աշակերտ, որոնց 30-է աւելին հայ են:

4.- Հայ Աւետարանական մանկապարտէզ, փայտաշէն ու թիթեղածածկ, Նոր Ատանա, 1922: 5.- Ազգային Սահակ-Մեսրոպեան Վարժարան, քարաշէն եւ թիթեղածածկ, Նոր Հաճըն, 1922:

3.- Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարան, միջնակարգ, Էշրեֆիէ, Պէյրութ, 420 աշակերտ, տնօրէնը` Ալոզիոս վրդ. Մալոյեան:
4.- Մեսրոպեան հայ կաթողիկէ նախակրթարան, Պուրճ Համուտ, 525 աշակերտ, տնօրէնը` Մեսրոպ վրդ. Թերզեան:

Աղջկանց վարժարաններ`

5.- Անարատ յղութեան Հռիփսիմեանց երկրորդական վարժարան, 425 աշակերտ, տնօրէնը` քոյր Ատրինէ Փեէշտիմալճեան:
6.- Ս. Ընտանիքի միջնակարգ վարժարան, Էշրեֆիէ, Պէյրութ, 400 աշակերտ:
7.- Անարատ յղութեան հայ քոյրերու Ս. Ագնէս նախակրթարան, Պուրճ Համուտ, 600 աշակերտ:
8.- Անարատ յղութեան հայ քոյրերու մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, Այնճար, 75 աշակերտ:
9.- Անարատ յղութեան հայ քոյրերու մանկապարտէզ եւ նախակրթարան, Զահլէ, 90 աշակերտ:
Հայ կաթողիկէ վարժարաններու աշակերտներու ընդհանուր թիւ` 2715:

Գ.- Հայ աւետարանական վարժարաններ, 108 ուսուցիչ եւ 2025 երկսեռ աշակերտ:

Դ.- «Նշան Փալանճեան» ճեմարան (մանկապարտէզէն երկրորդական) 380 երկսեռ աշակերտ եւ 33 ուսուցիչ:

Ուրեմն 1954-1955 տարեշրջանին շուրջ (աւետարանականները ընդհանուր թիւ տուած են` առանց նշելու դպրոցները) 46 հայկական վարժարաններուն աշակերտութեան ընդհանուր թիւն էր 10.458, առաւել` ՀԲԸՄ-ի «Դարուհի Յակոբեան» ու «Յովակիմեան Մանուկեան» վարժարաններուն թիւերը: Իսկ 10 տարի ետք գրեթէ մէկուկէս անգամով աշակերտներուն թիւը աւելցած եւ 18 դպրոց աւելցած է, այսպէս`

6.- Ազգային Ս. Նշան վարժարանի աշակերտութիւնը եւ ուսուցչական կազմը 1928-ին (5):

«Ազդակ»  22 յունուար 1965-ի թիւով կը գրէր. «1964-1965 ուսումնական տարեշրջանին լիբանանահայ 64 կրթական հաստատութիւններուն մէջ կ՛ուսանէին 16910 երկսեռ աշակերտներ, որոնց միայն 132-ը` օտար, իսկ կը պաշտօնավարէին 1129 երկսեռ տնօրէն եւ ուսուցիչներ` պիւտճէ ունենալով շուրջ 4.500.000 լ. ոսկի:

«64 կրթական հաստատութիւններէն 12-ը լրիւ երկրորդական վարժարաններ էին, մէկ մասը` Բ. պաքալորէայի ծրագիրով, 8 դպրոցներ (երեքը նորաբաց) թերի երկրորդական վարժարաններ էին, 5 վարժարաններ նախակրթարաններ էին` պըրըվէի ծրագիրով, 31 դպրոցներ նախակրթարաններ էին` սերթիֆիքայի ծրագիրով, 8 դպրոցներ` թերի նախակրթարաններ:

«Կրթական 62 հաստատութիւններ համայնքային դպրոցներ էին` պատկանելով մշակութային, կրօնական եւ բարեսիրական հաստատութիւններու: Միայն երկու դպրոցներ անհատական էին. 35-ը կը պատկանէին հայ առաքելական համայնքին, 18-ը` հայ աւետարանական համայնքին, 11-ը` հայ կաթողիկէ համայնքին» (6): 1974-1975 տարեշրջանին հայկական վարժարաններուն աշակերտութեան թիւը հասած է 21 հազարի (7):

Ահա հոս է լիբանանահայութեան ազգային զօրաւոր դիմագիծ պահպանելուն գաղտնիքը եւ պատճառը, որուն շնորհիւ լիբանանահայութիւնը իրօք սփիւռքի առաջնորդողի դերին մէջ կը գտնուի: Լիբանանը համայնքային երկիր ըլլալուն շնորհիւ` կրօնական եւ կրթական ազատութիւն ունեցած ենք տեղացի միւս համայնքներուն նման, եւ իրերայաջորդ սերունդներ կարեւորութիւն տուած են հայ դպրոցին:

7.- Ծովեզերեայ դասարան, աւազին վրայ, Անթիլիաս, 1923-ին, Յուշամատեան (8):

Վերեւ նշուած ազգային վարժարաններու ցանկը պերճախօս է: Ազգային իշխանութիւնը Սայտայի մէջ նո՛յնիսկ 8 աշակերտով դպրոց պահած է, Ռայաքի մէջ` 21 աշակերտ եւ 2 ուսուցիչ, Ալէյի մէջ` 21 աշակերտ եւ 3 ուսուցիչ եւ այլն: Մինչեւ 1975-ի քաղաքացիական պատերազմը թէեւ կարգ մը դպրոցներ փակուած են, սակայն հայկական վարժարաններ յաճախող աշակերտներուն թիւը յարատեւ աւելցած ու գագաթնակէտին հասած է` 21 հազար աշակերտով:

8 յունիս 2022
(Շար. 5)

haroutchekijian.wordpress.com

 

* Լուսաբանութիւնները հեղինակին

(1).- https://www.agos.com.tr/en/article/19035/china-as-refuge-for-armenian-genocide-survivors
(2).- https://www.aztagdaily.com/archives/304664
(3).- «Հայերը Լիբանանի Մէջ» Հատոր Բ., Սիսակ Վարժապետեան, Պէյրութ, 1981, տպարան «Սեւան», էջ 389-515:
(4).- «Ամէնուն Տարեգիրքը», Կարօ Գէորգեան, Բ. Տարի, Պէյրութ, 1955, «Մշակ» տպարան, էջ 335-344:
(5).-https://www.houshamadyan.org/oda/americas/ashekianiynedjianbakalianbohdjelian-2-usa.html
(6).- https://www.aztagdaily.com/archives/176112
(7).- «Լիբանանի հայերը Բ.», խմբագիր` Անդրանիկ Տագէսեան, Հայկազեան համալսարանի հրատարակութիւն, Պէյրութ, 2017, էջ 270:
(8).- https://www.houshamadyan.org/oda/middle-east/simonian-collection-lb.html

Նախորդը

«Եռաբլուրէն… Դէպի Ապագայ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?