Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Կելափ»-ի Հարցախոյզը Ցոյց Կու Տայ, Որ Հայերու 89 Տոկոսը Դէմ Է Արցախը Ազրպէյճանի Տիրապետութեան Տակ Տեսնելուն

Յունիս 24, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

. «Կելափ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ 26-28 մայիս 2022-ին կատարուած հարցախոյզի մը համաձայն, Հայաստանի հարցուած քաղաքացիներու 89,3 տոկոսը ներկայացնողները ըսած են, որ իրենց համար անընդունելի է, որ` «Արցախի բնակչութեան տրամադրուի ազգային փոքրամասնութեան կարգավիճակ Ազրպէյճանի կազմին մէջ»: Հարցուածներուն միայն 4,4 տոկոսը զայն նկատած է ընդունելի:

Հարցուածներուն 51 տոկոսը բացասաբար վերաբերած է 22 մայիսին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Եւրոմիութեան նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցած եռակողմ բանակցութիւններու արդիւնքներուն: Հարցուածներուն միայն 34,7 տոկոսը դրական գնահատած է բանակցութիւնները: Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարները համաձայնած են ապաշրջափակել երկու երկիրներու միջեւ երթեւեկութեան կապերը եւ կառուցել Հայաստանի տարածքով անցնող ցամաքային ճամբայ` Ազրպէյճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ:

Հարցուածները կը կարծեն, որ Հայաստան կրնայ զէնք ստանալ Ռուսաստանէն (48,1 տոկոս),  Ֆրանսայէն (13,9 տոկոս), Միացեալ Նահանգներէն (6,4 տոկոս), Իրանէն (1,7 տոկոս), ՀԱՊԿ-էն` Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութենէն (1,1 տոկոս), ՕԹԱՆ-էն` (0,5 տոկոս) եւ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդէն (0,1 տոկոս):

Աւելի կանուխ, «Կելափ» միջազգային ընկերակցութեան կողմէ 2-6 ապրիլ 2022-ին կատարուած հարցումին համաձայն, հարցուածներու 57,2 տոկոսը չի կարծեր, որ` «Հայաստանի ներկայ իշխանութիւնները ատակ են Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի շահերէն բխող եւ ընդունելի պայմաններով խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ազրպէյճանի հետ»: 30,4 տոկոսը կը կարծէր, որ այդ կարելի է:

Հարցումին, թէ ո՞վ է մեղաւոր Արցախի մէջ եւ անոր շուրջ ստեղծուած լարուածութեան համար, 43,8 տոկոսը նշած է` Ազրպէյճանը, 27 տոկոսը պատասխանատուութիւնը դրած  է Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ, 14,1 տոկոսը` ռուս խաղաղապահները, 6,1 տոկոսը` Արցախի իշխանութիւնները, 3,5 տոկոսը մեղքը բարդած է Թուրքիոյ վրայ:

Հարցուածներուն 47,7 տոկոսը բացասական գնահատած է վարչապետ Փաշինեանի աշխատանքը, մինչդեռ 38,8 տոկոսը` դրական:

Հարցուածները գրեթէ հաւասարապէս բաժնուած են երկու մասի, մէկ մասը ըսած է, որ Փաշինեան պէտք է հրաժարական տայ (41,7 տոկոս), իսկ միւս մասը` պէտք չէ հրաժարական տայ (38,7 տոկոս):

Հարցումին, թէ ո՞ր կուսակցութեան օգտին կը քուէարկէին, եթէ ընտրութիւնները տեղի ունենային մեր օրերուն, 20,4 տոկոսը պատասխանած է, որ կը սատարէր իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութեան, 12 տոկոսը աջակցութիւն յայտնած է խորհրդարանական երկու ընդդիմադիր կուսակցութիւններուն, իսկ 1,7 տոկոսը` «Բարգաւաճ Հայաստան»-ին: Այսուամենայնիւ, հարցուածներուն 28,8 տոկոսը ըսած է, որ չէր քուէարկեր որեւէ կուսակցութեան օգտին: Իշխող կուսակցութեան վարկանիշը կտրուկ անկում ապրած է` 70,4 տոկոսէն, երբ 2018-ին Փաշինեան առաջին անգամ իշխանութեան եկաւ, եւ ա՛լ աւելի նուազած` 20 յունիս 2021-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն անոր կուսակցութեան ստացած ձայներու 53,9 տոկոսէն:

Հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը գնահատեն Հայաստանի քաղաքական ներկայ իրավիճակը, հարցուածներուն 66,5 տոկոսը (երկու երրորդը) տուած է բացասական պատասխան, մինչդեռ միայն 22,3 տոկոսը դրական կարծիք յայտնած է:

Հարցումին, թէ երկրին մէջ ստեղծուած քաղաքական իրավիճակին համար ինչպիսի՞ լուծում կը տեսնեն, հարցուածներուն 27,6 տոկոսը փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չի տեսներ, 26,6 տոկոսը առաջարկած է խորհրդարանական նոր ընտրութիւններ կատարել, 21,8 տոկոսը կողմ եղած է անցումային կառավարութեան ձեւաւորման, իսկ 11,4 տոկոսը փափաք յայտնած է, որ աւելի մեծ ճնշում գործադրուի ընդդիմութեան վրայ:

45,6 տոկոսը դէմ արտայայտուած է ընդդիմութեան բողոքի վերջին ցոյցերուն, իսկ 32,5 տոկոսը նշած է, որ կողմ է:

46,1 տոկոսը կողմ արտայայտուած է Հայաստանի ոստիկանութեան` ցուցարարներու հետ առճակատման, մինչ 37,2 տոկոսը քննադատած է:

Ի պատասխան այն հարցումին, թէ հարցուածները կո՞ղմ են Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման 68 տոկոսը ըսած է, որ դէմ է, մինչդեռ միայն 26,3 տոկոսը կողմ արտայայտուած է:

Եզրափակելով` պէտք է նշել, որ հայ հանրութիւնը շատ պառակտուած է երկրի ներքին հարցերուն առնչութեամբ: Կան վարչապետ Փաշինեանին սատարողներ, եւ կան անոր  փոխարինումը նախընտրողներ: Այսուամենայնիւ, Փաշինեանի ժողովրդականութիւնը զգալիօրէն վատացած է Հայաստանի մէջ եւ, ամենայն հաւանականութեամբ, սփիւռքի մէջ` 2018-ին ունեցած նախնական արտասովոր ժողովրդականութեան համեմատ:

Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ առնչութեամբ Հայաստանի առջեւ ծառացած կարեւորագոյն հարցերուն մէջ հայերուն մեծ մասը շատ բացասաբար տրամադրուած է որեւէ զիջման` իրենց երկու թշնամի դրացի երկիրներու հետ յարաբերութիւնները բարելաւելու համար:

Վերոնշեալ հարցերէն  քանի մը հատին պատասխանողները ոչ մէկ կասկած կը ձգեն, որ վարչապետին յաճախակի պնդումը, որ ինք ունի «ժողովուրդի մանտաթը», այլեւս չի համապատասխաներ իրականութեան: Փաշինեանի եւ անոր  կուսակցութեան վարկանիշը զգալիօրէն նուազած է, յատկապէս` 2020 թուականի պատերազմին մէջ Հայաստանի ջախջախիչ պարտութենէն ետք: Անոր  կուսակցութիւնը յաղթած է անցեալ տարուան խորհրդարանական ընտրութիւններուն արձանագրուած ընտրողներու մօտաւորապէս 25 տոկոսով, ինչ որ Հայաստանի ընդհանուր բնակչութեան փոքր տոկոսն է:

Քանի որ ամբողջ սփիւռքի մէջ նման հարցախոյզեր տեղի չեն ունենար, ապա ոչ ոք գիտէ Փաշինեանի ստոյգ վարկանիշը սփիւռքահայերու մէջ: Ամէն բան կը վկայէ այն մասին, որ անոր վարկանիշը սփիւռքի մէջ եւս կտրուկ անկում արձանագրած է, ինչպէս որ Հայաստանի մէջ: Ուստի, հակառակ վարչապետին չափազանց բարձր վարկանիշին, երբ ան 2018-ին առաջին անգամ եկաւ իշխանութեան, ներկայիս անոր հետեւորդները  կը կազմեն հայերու շատ աւելի փոքր մասը` Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Յունիս 2022)

Յաջորդը

Մանրապատումներ

RelatedPosts

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան,  Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը
Անդրադարձ

Վոսփորէն Պայքալ Եւ Թուրան, Լռած Եւրոպան, Ռուսը, Արաբը, Ամերիկան Եւ… Հայաստանը

Օգոստոս 19, 2022
Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը
Անդրադարձ

Խոնարհութիւնը` Մեծութեան Միակ Գրաւականը

Օգոստոս 19, 2022
Ուշացած   Շնորհակալութիւն
Անդրադարձ

Գրախօսական. Պատմագիտական Լուրջ Ուսումնասիրութիւն Մը Հայ Ժողովուրդի Ազատագրական Պայքարի Ոսկեայ Էջերէն

Օգոստոս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In